Առ որ անկէ – Այդ բոլորը պարզապէս ինձ հարկաւոր էր որպէսզի անոնց ճամբով ես հասնիմ Հայաստան – Զարեհ Եահնիեան

Historical Armenia, according to Encyclopedia Britannica. The territory of Greater Armenia is highlighted in orange, Byzantine Armenia, or Lesser Armenia, in green, Cilician Armenia in purple, and the Republic of Armenia in yellow Photo by

Առ որ անկէ – Այդ բոլորը պարզապէս ինձ հարկաւոր էր որպէսզի անոնց ճամբով ես հասնիմ Հայաստան – Զարեհ Եահնիեան

29 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2022 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – Բարեւս տուի անցայ գնացի – ԶԱՐԵՀ ԵԱՀՆԻԵԱՆ – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

Ախ՝ Հայրենիք

Ատիս Հարմանտեան, Լեւոն Քաթրճեան, Ճորճ Թիւթիւնճեան, Հովիկ Գրիգորեան եւ շատ շատեր․․․

Ոսպով ապուր, միջուկով քէօֆթա, հարիսա, թապուլլէ, համմուս, մութապալ եւ այլք․․․

Հայ, Հայերէն, Եկեղեցի, Ակումբ, Գայլիկ Սկաուտ, Կրտսեր Պատանի Վարդապետ Քահանայ, Մեսրոպ մաշտոց, Տուն, Մայր, Հայր, Քոյր, Եղբայր, Ընկեր, Հայ Հայ եւ Հայ․․․

Ախ՝ Հայրենիք

Զարմանալիօրէն վերջերս (youtube)-ի մէջ կը փնտռեմ, կը գտնեմ եւ կը լսեմ այն երգերը որոնք ինձ դաստիարակած են, որոնցմով անցած է իմ ամբողջ մանկութիւնը, պատանեկութիւնը եւ երիտասարդութիւնը, այդ երգերու ընդմէջէն միտքս կը ճամբորդէ դէպի հետ եւ եւս կապրիմ յիշողութեան անվերջ ճանապարհով, ընտանիքիս հետ, ընկերներուս հետ, ամէն քայլափոխի միայն Հայերէն, միայն Հայկական, միայն Հայ եւ Հայ յանուն Հայրենիքի Յանուն Հայաստանի…

Ախ՝ Հայրենիք

եւ ահա Գեղեցիկ օր մը 20 տարիներ առաջ հասայ Հայրենիք երբ արդէն այդ նոյն հայրենիքի սիրոյն համար չկար Իմ եղբայրը, հասայ Հայրենիք որպէսզի իմանամ ծանրութիւնը թէ ինչու ամբողջ կեանք մը ապրած եմ յանուն հայրենիքի, եկայ սակայն չիմացայ գաղտնիքը այդ սիրոյ, չիմացայ եւ չկրցայ մինչ օրս գաղտնազերծել այն փաստը թէ ինչու ամէն անգամ, ամէն տեղ, ամէն առիթներու եւ ամէն ինչի մէջ հայրենիքի նժարը աւելի ծանր կը կշռէ․․․

Եկայ Հայրենիք եւ ահա այսօր արդէն 20 տարի ետք ես ինքս ինձ ունիմ բազմաթիւ հարցեր, ինքս ինձ հետ ունիմ խօսակցութիւն․․․

Ատիսի ու Ճորճի փոխարէն թաթա ու ֆորշ, Թապուլէի ու քէօֆթայի փոխարէն պիլմանի ու պորշ, մի խօսքով այն ամէնը ինչ ունէի, այն ամենը ինչ ապրած էի, ամէնը ինչ ամբարած էի ինձ այլեւս հարկաւոր չէր, բայց ինչու՞․․․

Միթէ սխալ էր այդ ամբողջ ընթացքը, միթէ՞ սխալ էր այդ ամբողջ հայրենասիրական դասերը, զգացումները, միթէ՞ սխալ էր եղբօրս նահատակուիլը, միթէ, միթէ, միթէ եւ հազար միթէներ կը պղտորէն միտքս հոգիս ու սիրտս, միթէ՞ այդ բոլորը ինձ պէտք չէր այլեւս․

Ոչ եւ հազար ոչ, եթէ այդ բոլորը չըլլային ես այսօր այստեղ չէի ըլլար․

Այդ բոլորը պարզապէս ինձ հարկաւոր էր որպէսզի անոնց ճամբով ես հասնիմ Հայաստան այսինքն այդ բոլորը իմ հանրակառքն էր ով յարմար պահի ինձ կը բերէր Հայրենիք, որտեղ կայ ուրիշ Հայ, ուրիշ Ճաշ, ուրիշ երգ, ուրիշ մշակոյթ, ուրիշ ուղղագրութիւն, ուրիշ բառապաշար, ամէն ամէն ինչ ուրիշ միակ կապող օղակը «Հայրենիք» հասկացողութիւնը որուն նժարը այնքան ծանր է որ միւս կողմը ինչ որ ալ դնես դժուար թէ կարողանայ հաւասարիլ․
«Ախ Հայրենիք երբ պիտի տեսնեմ քեզի լաւ ուրախ զուարթ ապահովուած առանց ցաւ․․․»

Բարեւս տուի անցայ գնացի

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail