Ազրպէյճանի Խորհրդարանը Դատապարտած Է Ֆրանսայի Օրէնսդիր Մարմինի Բանաձեւերը
03 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2022 – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Ազրպէճանի խորհրդարանը Փարիզին կոչ կ՛ուղղէ հրաժարելու քայլերէ, որոնք կրնան խաթարել հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը: Միլլի մեճլիսը դատապարտած է Ֆրանսայի օրէնսդիր մարմինի երկու պալատներուն կողմէ ընդունուած հակաազրպէյճանական բանաձեւերը` զանոնք որակելով «կողմնակալ, ոչ առարկայական եւ անարդար»:
Ազրպէյճանցի օրէնսդիրները յատուկ յայտարարութեամբ ընդգծած են, որ «կտրականապէս կը հերքեն Ազգային ժողովի այդ բանաձեւը»` գնահատելով զայն իբրեւ «քաղաքական երկերեսանիութիւն»:
«Ցաւով կը նշենք, որ այսօր Ֆրանսայի պետական մարմիններուն, ներառեալ խորհրդարանի երկու պալատներու սադրիչ քայլերը կը հարուածեն խաղաղութեան օրակարգը կեանքի կոչելու եւ Ազրպէյճանի ու Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնները կարգաւորելու բոլոր փորձերը», կը նշուի Ազրպէյճանի խորհրդարանի յայտարարութեան մէջ: