ՍԼԱՔ – ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ «ՀՊԱՐՏԱՌԻԹ» ՆՈՒԱՃՈՒՄ ՄԸ ԵՒՍ – ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Map of Armenia - Historical Armenia and future Armenia – Carte de l'Arménie - Arménie historique et future Arménie

ՍԼԱՔ – ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ «ՀՊԱՐՏԱՌԻԹ» ՆՈՒԱՃՈՒՄ ՄԸ ԵՒՍ – ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

05 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2022 – ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ – ՍԼԱՔ – ՆՇՄԱՐ – ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՈՒՈՅ ՊԱՐՏՔՆ Է – lousavor-avedis.org

– Գիշերը որքան էլ երկարի, առաւոտը գալու է: – lousavor-avedis.org

 

Հա՛յ ժողովուրդ, իմացի՜ր. Երեւանի իշխանութիւնները դիւանագիտական նորագոյն ու  հպարտառի՜թ նուաճում մը արձանագրեցին Հինգշաբթի, 1 Դեկտեմբերին: Մինչ ֆութպոլի խումբեր ազնիւ մրցակցութեան մէջ էին Քաթարի մէջ, մէկզմէկու բերդերը խորտակելու համար, Հայաստան նուաճեց Հունգարիոյ բերդը եւ որոշեց դիւանագիտական յարաբերութիւնները վերահաստատել Պուտափէշթի հետ:

Այս նուաճումին հերոսը նոյնինքն արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանն է, Փաշինեան կառավարութեան «աստղ»-երէն մէկը: Ան Լեհաստանի մէջ, ԵԱՀԿ-ի խորհրդաժողովին քուլիսներուն մէջ հանդիպում ունեցած է իր հունգար պաշտօնակիցին հետ եւ միասնաբար որոշած են առնել յարաբերութեանց վերհաստատման քայլը: Այս հանդիպումը աւելի՛ ծանր կշռեց բաղդատմամբ այն հանդիպումին, որ Միրզոյեան ունեցած է ազերի իր պաշտօնակիցին հետ, «ոտքի վրայ», ինչպէս հաղորդուեցաւ հպանցիկ լրատուութեամբ մը: (Իսկ Լաւրովի այն յայտարարութիւնը, թէ Փաշինեան պաշտօնապէս ընդունած է Արցախը Ատրպէյճանի կազմին մէջ տեսնելու ընտրանքը՝ արդէն դիւանագիտական «շնորհի՛ հարուած» մըն է… Արցախի կռնակէն):

Միրզոնեանի քայլը «դիւանագիտական վարպետութեան» նորագոյն վկայութիւն մըն է, նաեւ փաստ՝ թէ Հայաստանի իշխանութիւնները որքա՛ն նախանձախնդիր են հայութեան շահերու պաշտպանութեամբ: Սա նաեւ նախաճաշակ մըն է այն «տեսութիւններուն», որոնք հայութեան կը ներարկուին մերթ Ուաշինկթընէն, երբեմն ալ Եւրոպական համայնքէն, թէ՝ այսօրուան աշխարհին մէջ, Հայաստանը չի կրնար, ու պէտք  չէ պատանդը մնայ պատմութենէն եկած կարծրատիպերու, հոգ չէ թէ այդ «կարծրատիպերը» կապ ունին մեր ամէնէն էական պահանջներուն, իրաւունքներուն եւ հետապնդած նպատակներուն հետ: Խօսքը կը վերաբերի, անշուշտ, կրկին ու կրկին հնչող այն խրատներուն, թէ պէտք է յետին բեմ ղրկել Ցեղասպանութիւնը, դրացիներուն հետ յարաբերութիւնները բարելաւել միայն ու միայն նիւթական շահերու դիտանկիւնէն, մինչեւ իսկ եթէ այդ շահերը… Հայաստանին ոչ մէկ շահ ապահովեն, աւելի՛ն՝ մեր հողերէն նոր նուէրներ բաժին հանեն ցեղասպան Թուրքիոյ հովանաւորեալին՝ Ատրպէյճանին:

***

Վերադառնանք «նախաճաշակ»-ին եւ յիշեցնենք, որ Հայաստան Հունգարիոյ հետ խզման գացած էր 10 տարի առաջ, երբ Պութափէշթի իշխանութիւնը Ատրպէյճանին յանձնած էր Սաֆարով անունով ոճրագործ մը. եթէ յիշողութեան կորուստէ տառապողներ կան (եւ սա նորաձեւութիւն է հայութեան իշխանասէր հատուածին մէջ), Սաֆարով այն զինուորականն էր, որ 2004-ին, գիշեր մը Հունգարիոյ մէջ կացինահար սպաննած էր հայ սպայ մը, դատուած, դատապարտուած էր Հունգարիոյ մէջ, որ սակայն քանի մը տարի ետք, ոճրագործը յանձնած էր Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն (ըստ որոշ տեղեկութիւններու՝ գանձելով հսկայական գումարներ), իսկ Սաֆարով իր երկիրը վերադարձած էր իբրեւ ազգային հերոս, անոր հայասպան արարքը ներկայացուած էր իբրեւ օրինակելի սխրանք: (Չէ՞ որ Թալէաթներն ալ Թուրքիոյ մէջ փառքով դուրս բերուած են պատմութեան աղբանոցէն, իսկ Երեւան աչքերը տնկած է Թուրքիոյ հետ նոր դարաշրջանի մը բացման):

***

Եթէ հիմա Երեւանի իշխանութիւններուն հարց տանք, թէ յարաբերութեանց վերահաստատման առիթով, Հունգարիա արդեօք իր յանցապարտ արարքին համար ներողութիւն խնդրա՞ծ է Հայաստանէն ու սպանեալ զինուորին ընտանիքէն, եւ եթէ ոչ՝ մեր ժողովուրդը պիտի ներէ՞ ձեր այս «դիւանագիտական վարպետութիւնը»՝ անոնք հաւանաբար պատասխանեն. «Կ’արժէ՞ 18 տարի առաջ սպաննուած մէկ զինուորի համար խզուած մնալ Հունգարիոյ հետ: Չէ՞ որ խզումը տեղի ունեցած է չարագործ նախկիններուն օրով, չէ՞ որ 44-օրեայ պատերազմին տուինք շուրջ հինգ հազար զոհ, ազերիներուն նուիրեցինք Արցախի մեծագոյն բաժինը, մեր ժողովուրդը կլլե՛ց այդ բոլորը, դարձեալ իր քուէն տուաւ մեզի,  ունինք երկաթէ, պողպատէ՛ մանտաթ: Վաղը Ցեղասպանութեան գծով պահանջատիրութիւնն ալ դուրս կը նետենք օրակարգէն եւ մարդիկ դարձեալ կուլ կու տան մեր դեղահատը, որովհետեւ կը տեսնեն, որ մենք խաղաղութեան դրօշակիրներն ենք, խաղաղութեան եւ բարօրութեան դարաշրջան կը հետապնդենք ամէ՛ն գնով: Կացինահար սպայի մը կամ բազմահազար զինուորներու մահը ի՞նչ արժէք ունի մեր այս նպատակներուն դիտանկիւնէն: Թուրքիա եւ Ատրպէյճան մեզմէ դրական նշաններ կը սպասեն խաղաղութեան դարաշրջանը բանալու համար, հոգ չէ թէ մենք ալ կը տեսնենք, թէ անոնք Արցախի մէջ նոր ցեղասպանութիւն կը նախապատրաստեն»: (Ականջը խօսի անմահ Փանջունիին):

***

Ժողովուրդը, մինչեւ իսկ այս իշխանութեան քուէ տուողը իրաւունք չունի կուլ տալու նման «վարպետի հարուածներ», որոնք կը մատուցուին մեղրապատ թոյնի ձեւերով: (Մեր խօսքը չի վերաբերիր այն փոքրամասնութեան, որ ուխտած է կոյր ու խուլ ձեւանալ այս իշխանութիւններուն ԲՈԼՈՐ կորստաբեր քայլերուն դիմաց, կը նախընտրէ հայկական հողերէ եւ իրաւունքներէ նոր-նոր կորուստներ, որովհետեւ չէ կրցած ձերբազատիլ ստալինեան օրերէն ժառանգուած՝ անձի պաշտամունքի եպերելի աւանդութենէն):

hairenikweekly.com/սլաք-դիւանագիտական-հպարտառիթ-նուա/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail