Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Ասլանդուզի Եւ Լենքորանի Ճակատամարտերը Եւ Գիւլիստանի Դաշնագիրը – ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Historical Armenia, according to Encyclopedia Britannica. The territory of Greater Armenia is highlighted in orange, Byzantine Armenia, or Lesser Armenia, in green, Cilician Armenia in purple, and the Republic of Armenia in yellow Photo by

ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ – Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Ասլանդուզի Եւ Լենքորանի Ճակատամարտերը Եւ Գիւլիստանի Դաշնագիրը – ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

04 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2023 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ:

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

Ռուս–Պարսկական Պատերազմներ

Ասլանդուզի ճակատամարտը

Կովկասի կառավարչապետ եւ զինուորական հրամանատար զօրավար Նիկոլայ Ռտիշչեւ զօրավար Փիոթր Կոտլեարեւսկիի ամէն իրաւասութիւն տուած էր Ղարաբաղի խանութեան սահմաններէն ներս ինքնուրոյն գործելու պարսիկներուն եւ տեղացի թուրք իշխանաւորներուն դէմ:

Ղարաբաղի Մեհտի Ղուլի խան համոզուած էր որ ռուսերուն դիրքերը սկսած են տկարանալ եւ պարսիկներուն հետ գործակցելով կարելի է չէզոքացնել ռուսական տիրապետութիւնը: Ան սկսաւ հալածել ռուսերուն կողմնակից թուրք բէկերը եւ չէզոքացնել զանոնք:

Մեհտի Ղուլի խան Ղարաբաղէն Թիֆլիս վերադարձող զօրավար Ռտիշչեւի ողջերթ մաղթելու արարողութեան ներկայ չէր գտնուած:

Ռուսական կայսրութեան բարձրաստիճան ներկայացուցիչին նկատմամբ նման արհամարհական վերաբերմունքը վիրաւորական էր բանակին համար, եւ Կոտլեարեւսկի որոշեց դաս տալ Ղարաբաղի գոռոզ խանին:

Ռտիշչեւ տակաւին նոր մեկնած էր Ղարաբաղէն, երբ Կոտլեարեւսկի ձին հեծնելով եւ հետը կոզակ մը առնելով սրարշաւ կտրեց ամբողջ Շուշին եւ հասաւ խանական պալատին բակը, ուր Մեհտի Ղուլի խան իր դրանիկներով շրջապատուած եւ ջուրի աւազանին շուրջ բոլորուած, ղայլան կը ծխէր:

Կոտլեարեւսկի ձիուն վրայէն խօսքը ուղղեց խանին. «Պիտի կախեմ քեզ»: Ապա, ձիէն իջնելով եւ մտրակը շարժելով բարձրաձայն յանդիմանեց զայն: Երբ Մեհտի Ղուլի խան հարցուց թէ ինչու համար է այս բարկութիւնը, Կոտլեարեւսկի ըսաւ. «Ինչպէ՞ս համարձակեցար ճամբու չդնել ռուսաց սարտարը»…

Մեհտի Ղուլի խան ներողութիւն խնդրեց եւ հրամայեց քանի մը ջորի քաղցրաւենիներով եւ նուէրներով բեռցնել: Քաղցրաւենիներով ու նուէրներով ծանրաբեռնուած ջորիները ան քշեց զօրավար Ռտիշչեւի ետեւէն եւ անոր հասաւ Թարթառ կայարանին մէջ: Խանը իր յարգանքներն ու ընծաները մատուցեց զօրավարին եւ ողջերթ մաղթեց անոր:

* * *

Աբաս Միրզա, ամէն գնով Կովկասը կրկին պարսկական գահին ենթարկելու նպատակով որոշեց նոր արշաւանք կազմակերպել: Ժամանակը աւելի քան յարմար կը նկատուէր: Ռուսաստան Նափոլէոնի ֆրանսական բանակին ներխուժումը կը դիմագրաւէր եւ պիտի չկարենար մեծ ուժեր կեդրոնացնել Կովկասի մէջ, պարսիկներուն դէմ:

Աբաս Միրզա մեծ պատրաստութիւն տեսած էր: 1812¬ի աշնան սկիզբը Արաքսի աջ ափին պարսկական երեսուն հազարնոց սպառազէն բանակ մը կեդրոնացած էր: Բանակի կեդրոնատեղին, գլխաւոր ճամբարը Ասլանդուզի բերդն էր Արաքսի ափէն շուրջ երկու քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ: Գետի ձախ ափին, Ասլանդուզի դիմաց Հորադիզ գիւղն էր:

Ծրագրուած էր յարձակումը սկսիլ քանի մը ուղղութիւններով: Պարսկական յառաջապահ զօրքերը պիտի անցնէին Կուր գետը եւ Շաքիի խանութենէն յառաջանալով պիտի բանային դէպի Թիֆլիս ճանապարհը:

Մինչ այդ պարսկական բանակը մտաւ Թալիշի խանութեան սահմաններ եւ գրաւեց Լենքորանը:

Զօրավար Փիոթր Կոտլեարեւսկի, պարսկական զինուորական կեդրոնացումներուն ի տես, որոշեց կռուի նախաձեռնութիւնը իր ձեռքը առնել: Ան արտօնութիւն չունէր ինքնագլուխ Արաքսի աջ ափը անցնելու եւ զինուորական գործողութիւններ շղթայազերծելու, բայց յարմար նկատեց առանց արտօնութիւն խնդրելու ինքնուրոյն շարժիլ: Մանրամասն ուսումնասիրելէ ետք իր կատարելիք քայլերու մասին, ան 1812 հոկտեմբերին Ամարասէն իր զօրաբանակով ճամբայ ելաւ դէպի Արաքսի ափը:

Կոտլեարեւսկի, երկու հազարնոց ջոկատով եւ վեց թնդանօթներով, եւ իր կողքին ունենալով Վանի իւզպաշի Աթաբէկեանի հայկական ձիաւորներու խումբը, արագ անցում կատարելով հասաւ Արաքսի ափը:

Պարսկական երեսուն հազարնոց բանակը, տասներկու թնդանօթներով, դիրքաւորուած էր Արաքսի աջ ափը:

Կոտլեարեւսկի զօրքը աննկատ անցուց Արաքսը Ասլանդուզի ծանծաղուտէն հոսանքն ի վեր եւ պարսիկներուն համար անսպասելի 19 հոկտեմբեր 1812¬ի առաւօտեան գրոհի անցաւ:

Պարսկական հեծելազօրքը գերիշխող դիրք ունեցող բլուրի մը վրայ կանգնած էր, իսկ հետեւակը Արաքսի աջ վտակ Դարաւուտ¬չայ գետի հովիտին մէջ ճամբար դրած էր:

Ռուսեր արագ հարուածով գրաւեցին բլուրը եւ իրենց հրետանին հոն տեղադրելով կրակի տակ առին պարսկական զօրքերը:

Պարսիկներ փորձեցին շրջանցել բլուրը եւ ռուսական զօրքերը կտրել Արաքսէն, սակայն Կոտլեարեւսկի, զօրքերուն մէկ մասը բլուրին վրայ ձգելով, թիկունքէն գրոհեց պարսիկներուն վրայ եւ փախուստի մատնեց զանոնք` ստիպելով նահանջել դէպի Դարաւուտ-չայ գետի աջ ափին գտնուող ամրութիւնները:

Կոտլեարեւսկի այնուհետեւ հանգիստ տուաւ իր զօրքին, ապա հոկտեմբեր 20¬ի գիշերը յանկարծակի հարուածով գրոհեց պարսկական դիրքերը: Պարսկական զօրքերուն մէկ մասը փախուստի դիմեց, իսկ մնացեալ մասը փորձեց դիրքաւորուիլ ամրութիւններուն մէջ, բայց ռուսական զօրքերը վճռական գրոհով գրաւեցին ամրութիւնները:

Ռուսերուն յաղթանակը լիակատար էր: Պարսիկներ տուին շուրջ 1200 սպաննուած եւ 537 գերի: Ռուսերուն ձեռքը անցան անգլիական տասնմէկ թնդանօթներ: Աբաս Միրզա քսան ձիաւորներու հետ հազիւ յաջողեցաւ փախուստ տալ եւ փրկուեցաւ գերի իյնալէ: Ռուսերը տուին 28 հոգի սպաննուած եւ 99 վիրաւոր:

Պարտուած պարսիկներուն դրօշները Պետերբուրգ տարուեցան եւ նորակառոյց Կազանի Աստուածամօր տաճարին մէջ տեղադրուեցան:

Կոտլեարեւսկի յաղթականօրէն վերադարձաւ Ամարաս եւ իր քաջագործութեան համար Սուրբ Գէորգի երրորդ աստիճանի շքանշան ստացաւ:

* * *

Ասլանդուզի մէջ Կոտլեարեւսկիի փայլուն յաղթանակը փրկեց Կովկասը պարսկական ներխուժումէն:

Միւս կողմէ, Ռուսաստան ներխուժած եւ Մոսկուան գրաւած Նափոլէոնի ֆրանսական բանակը հոկտեմբեր 7 (19)¬ին հարկադրուած քաշուեցաւ Մոսկուայէն ու նահանջեց: Գրաւող բանակին դէմ հրոսակային պայքարը լայն ծաւալ ստացաւ: Նոյեմբեր 14-16-ին տեղի ունեցաւ Բերեզինոյի ճակատամարտը: Ֆրանսական զօրքերը ջախջախուեցան եւ 14 դեկտեմբեր 1812-ին Ռուսաստանէն դուրս շպրտուեցան մեծ բանակի վերջին բեկորները:

* * *

Լենքորանի բերդին գրաւումը ռուսական բանակին կողմէ

Զօրավար Փիոթր Կոտլեարեւսկի 1812 դեկտեմբերի վերջաւորութեան, սաստիկ ցուրտին, Ամարասէն Մուղանի դաշտով իր զօրագունդով ճամբայ ելաւ դէպի Թալիշի խանութիւն, Լենքորանի բերդը գրաւելու համար: Ռուսական զօրքին միացաւ Վանի Իւզպաշի` իր կռուողներով:

Լենքորան, Թալիշ խանութեան կեդրոնը,  Կասպից ծովու ափին, ամրութիւններով պաշտպանուած է եւ զայն գրաւելը շատ դժուար էր:

Լենքորանի բերդի պաշտպանութիւնը Սատէգ խանի յանձնուած էր: Ան պարսկական բանակի լաւագոյն եւ ամէնէն քաջ հրամանատարներէն կը նկատուէր եւ իր տրամադրութեան տակ լաւ մարզուած ու զինուած զօրք ունէր:

Լենքորան հասնելով, Կոտլեարեւսկի 30 դեկտեմբեր 1812-ին իր բանակին հրաման տուաւ. «Նահանջ չի կրնար ըլլալ»:

Դեկտեմբեր 31-ին սկսան սաստիկ յամառ եւ արիւնահեղ գօտեմարտերը: Կոտլեարեւսկի ծանր կերպով վիրաւորուեցաւ եւ ուշաթափ ինկաւ: Զայն գտան սպաննուածներու կոյտին մէջ: Դէմքը ծռած էր, աջ աչքը չկար, ծնօտը ջախջախուած էր, իսկ ականջէն ցցուած էին գլխուն փշրուած ոսկորները:

Բայց Կոտլեարեւսկի սկիզբէն այնքան լաւ դասաւորած էր կռուի ընթացքը, որ ռուս զօրքերը շփոթի չմատնուեցան եւ ի գին մեծ կորուստներու գրաւեցին բերդը եւ անխնայ սկսան կոտորել պարսիկները: Բերդին մէջ սպաննուած պարսիկներուն թիւը կը հասնէր 3800-ը:

Ռուս զինուորական բժիշկի ջանքերուն շնորհիւ Կոտլեարեւսկի կենդանի մնաց եւ ապաքինեցաւ:

Հակառակ իր ծանր վէրքերուն պատճառած տանջանքերուն, Կոտլեարեւսկի 1813 յունուարին իր զօրքը Ամարաս տարաւ եւ այնուհետեւ խնդրեց որ իրեն արձակուրդ տրուի իր վէրքերը բժշկելու համար:

* * *

Լենքորանի բերդի գրաւումէն ետք Ռուսաստանի առջեւ բացուած էր դէպի Պարսկաստան ներխուժելու ճանապարհը: Միւս կողմէ, Նափոլէոնի անփառունակ պարտութիւնը եւ փախուստը Ռուսաստանէն պատշաճ տպաւորութիւն գործեցին Պարսկաստանի մէջ:

Ստեղծուած կացութեան առջեւ շահին կառավարութիւնը յարմար դատեց խօսք բանալ Ռուսաստանի հետ հաշտութեան մասին: Ռուսական եւ պարսկական կառավարութիւններուն միջեւ բանակցութիւններու միջնորդի դերով հանդէս եկաւ Թեհրանի մէջ Անգլիոյ դեսպան սըր Ուզլէյ:

Սակայն ռուսերուն հետ հաշտութեան հակառակ էր Միրզա Պուզուրկ, որ մեծ ազդեցութիւն ունէր Աբաս Միրզայի վրայ եւ համոզեց զայն վերապահ դիրք բռնելու:

Սըր Ուզլէյ, հաշտութիւնը ամէն գնով յաջողցնելու նպատակով, այնպէս կարգադրեց, որ Ռուսիոյ հետ բանակցութիւնները վարէ

շահի վեզիր Միրզա Շաֆի: Ռուսական կողմէն բանակցութիւնները սկսաւ վարել զօրավար Ռտիշչեւ:

* * *

Մինչ ռուս-պարսկական հաշտութեան բանակցութիւնները ընթացքին մէջ էին, Աբաս Միրզայի զօրքերը 1813-ի գարնան ներխուժեցին Թալիշի Խանութիւն եւ Խուդափերինի կամուրջով մտան Ղարաբաղի խանութեան սահմանները:

Պարսկական զօրքերը, իրենց ճամբուն վրայ աւերելով ու կողոպտելով բնակավայրերը հասան Խնձորեսկ, ուր բուռն դիմադրութեան հանդիպելով ետ մղուեցան:

Նոյն օրերուն Ֆաթհ Ալի շահ 18 հազար հետեւակ եւ 40 հազար ձիաւոր զօրքերով Թեհրանէն ճամբայ ելաւ դէպի Թաւրիզ: Շահին նպատակն էր իր ռազմական ուժով տպաւորութիւն գործել ռուսերուն վրայ եւ ի նպաստ Պարսկաստանի ուղղութիւն տալ բանակցութիւններուն: Եթէ այս անգամ ալ հաշտութիւն չկնքուէր, շահը մտադրած էր անձամբ վարել Ռուսաստանի դէմ պատերազմական գործողութիւնները:

Իբրեւ նախապատրաստութիւն պատերազմի, շահը հրամայեց Արագածի արեւմտեան լանջին, Թալին գիւղին մէջ ամրութիւններ կառուցել, իսկ Երեւանի ու Նախիջեւանի խանութիւններու ամբողջ ժողովուրդը անասուններով միասին քշել տանիլ Արաքսի միւս ափը եւ ամբողջ ամառը հոն պահել:

* * *

Զօրավար Ռտիշչեւ, պարսկական աւազակային յարձակումները զսպելու նպատակով վճռեց պատերազմական գործողութիւնները փոխադրել Պարսկաստանի սահմաններէն ներս:

Ռուսական զօրքերը յարձակման անցան ցամաքէն եւ ծովէն: Ցամաքէն զօրքերը շարժեցան դէպի Թաւրիզ, իսկ Կասպից ծովուն վրայ պատրաստուած նաւարտորմը ցամաքահանում կատարեց ծովուն հարաւային ափերը:

Սակայն ընդհարում տեղի չունեցաւ, եւ կողմերը համաձայնեցան բանակցութեան նստիլ:

* * *

Գիւլիստան

Զօրավար Ռտիշչեւ 20 սեպտեմբեր 1813-ին Թիֆլիսէն ճամբայ ելաւ դէպի Ղարաբաղ, ուր Գիւլիստան գիւղը նշանակուած էր իբրեւ բանակցութիւններու վայր:

Պարսկաստանի կողմէ լիազօր նշանակուած Միրզա Ապուլ Հասան խան մէկ շաբաթ ետք հասաւ Գիւլիստան:

Բանակցութիւնները տեւեցին երկու շաբաթ եւ 12 (24) հոկտեմբեր 1813-ին ստորագրուեցաւ դաշնագիրը:

Գիւլիստանի դաշնագիրով Պարսկաստան իբրեւ Ռուսաստանի մշտնջենական սեփականութիւն ճանչցաւ Դերբենդի, Ղուբայի, Պաքուի, Թալիշի, Շիրվանի, Շաքիի, Ղարաբաղի եւ Գանձակի խանութիւնները, Վրաստանը, Տաղստանը եւ Շորագեալի գաւառը:

Ռուսաստան Կասպից ծովուն վրայ ռազմական նաւատորմ պահելու իրաւունք ստացաւ: Երկու երկիրներու վաճառականներուն ազատ առեւտուրի իրաւունք տրուեցաւ:

aztagdaily.com/archives/568888

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail