Ալիեւ. «Ով Որ Չ՛ուզեր Մեր Քաղաքացին Ըլլալ, Լաչինի Ճամբան Բաց Է»

Cultural Genocide – State Cultural Genocide by the Fascist Regime of Azerbaijan *–* Génocide culturel – Génocide culturel d'État par le régime fasciste d'Azerbaïdjan

Ալիեւ. «Ով Որ Չ՛ուզեր Մեր Քաղաքացին Ըլլալ, Լաչինի Ճամբան Բաց Է»

12 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2023 – < Ադրբեջանի Հանրապետության իշխանությունների իրականացրած հանցագործությունները՝ հայերի, տարածաշրջանի այլ ժողովուրդների նկատմամբ >

Գորիս-Ստեփանակերտ ճամբու շրջափակման մեկնարկէն գրեթէ մէկ ամիս ետք, Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ թափանցիկօրէն կ՛ակնարկէ` արցախահայերը կա՛մ պէտք է լքեն երկրամասը, կա՛մ ալ ազրպէյճանական քաղաքացիութիւն ընդունին: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ ան այս մասին յայտարարած է երեքշաբթի երեկոյեան` երկրի յառաջատար պատկերասփիւռի կայաններուն կողմէ հեռարձակուած աւելի քան երեք ժամ տեւած հարցազրոյցի ընթացքին:

«Ով որ չ՛ուզեր մեր քաղաքացին ըլլալ, Լաչինի (Բերձորի) ճամբան փակ չէ, բաց է», Ժպիտը դէմքին ըսած է Ազրպէյճանի նախագահը` Արցախի շրջափակման մասին պնդումները «անամօթութիւն» կոչելով:

Երէկուան հարցազրոյցին մէջ Ալիեւ պնդած է. «Ազրպէյճանը Հայաստանի դէմ երրորդ անգամ պատերազմելու ծրագիրներ չունի»:

«Մեզի նման մեղադրանք ներկայացնողները կա՛մ հայկական քարոզչութեան զոհ դարձած են, կա՛մ ալ կրկին կ՛ուզեն մեր դէմ կեղծաւոր, զրպարտչական արշաւ շղթայազերծել», ըսած է Ալիեւ:

Ան վերստին պնդած է, թէ «Զանգեզուրի միջանցք»-ը նախատեսուած է 2020-ի պատերազմէն ետք ստորագրուած համաձայնագիրով, եւ Հայաստան կը փորձէ խուսափիլ իր պարտաւորութենէն: Հակառակ ատոր, միջանցքը պիտի բացուի, խոստացած է Իլհամ Ալիեւ:

Անդրադառնալով հայկական կողմէն հնչող պնդումներուն, թէ 9 նոյեմբեր 2020-ի փաստաթուղթին մէջ միջանցքի մասին որեւէ բառ չկայ, Ալիեւ ըսած է` «այո՛, ես այդ եզրը յետոյ մտցուցած եմ աշխարհաքաղաքական բառապաշար: Սակայն, այնտեղ յստակ գրուած է, որ պէտք է փոխադրամիջոցային կապ հաստատուի Ազրպէյճանի արեւմտեան շրջաններու եւ Նախիջեւանի ինքնավար հանրապետութեան միջեւ, եւ Հայաստանը պէտք է ատիկա ապահովէ: Հայաստան կը փորձէ խուսափիլ ատկէ, փաստացի, երկու տարիէ աւելի է` չ՛իրականացներ ստանձնած պարտաւորութիւնը, սակայն ատիկա մեզի պիտի չկանգնեցնէ: Ատիկա մեզի համար ռազմավարական ծրագիր է, եւ ո՛չ միայն մեզի համար», ըսած է Ալիեւ` աւելցնելով, որ ատիկա այլեւս պատմական անհրաժեշտութիւն է:

«Հայաստանի մէջ ատիկա իբրեւ սպառնալիք կ՛ընդունին, թէեւ նման գաղափար չէ եղած, ուղղակի ատիկա անխուսափելի է», ըսած է Ազրպէյճանի նախագահը` աւելցնելով, որ Պաքուի մէջ կ՛ուզեն, որ ատիկա որքան կարելի է շուտ ըլլայ:

Ալիեւ նաեւ յայտարարած է, որ Պաքու մտադիր է միջազգայնացնել Հայաստանի Սիւնիքի մարզի, կամ` ինչպէս ինք զայն կը կոչէ, «Արեւմտեան Ազրպէյճան»-ի հարցը:

«Արեւմտեան Ազրպէյճանի հարցը մենք դուրս բերած ենք միջազգային ասպարէզ: Այդ նպատակով արդէն իսկ աշխատանքային խումբ ստեղծուած է», նշած է Ալիեւ:

Ազրպէյճանի նախագահը քննադատած է Եւրոպական Միութիւնը` առանց Պաքուի համաձայնութեան Հայաստան` Ազրպէյճանի հետ սահման քաղաքային նոր առաքելութիւն ուղարկելուն համար:

«Համաձայնութիւն ձեռք բերուած էր երկու ամիսով, որ, սակայն, պատճառով մը խախտուած է: Եթէ որեւէ բան համաձայնած ենք, թէկուզ` բանաւոր, պէտք է կատարենք», դժգոհած է Ալիեւ:

Ան պնդած է, թէ առանց Ազրպէյճանի համաձայնութեան, միեւնոյնն է, այդ առաքելութիւնը պիտի չամրապնդէ շրջանի անվտանգութիւնը, միւս կողմէ` բացասաբար պիտի ազդէ Եւրոպական Միութեան հովանիին տակ տեղի ունեցող բանակցութիւններուն վրայ:

Խօսելով բանակցութիւններուն մասին` Ալիեւ պնդած է, թէ այսօր Ազրպէյճանը անոնց համար իբրեւ յարմար հարթակ կը նկատէ Ռուսիան ու Միացեալ Նահանգները:

«Եւրոպական Միութիւնն ալ կրնայ նման հարթակ ըլլալ, եթէ ինքզինք ազնիւ պահէ», ըսած է Ալիեւ` աւելցնելով. «Ազնիւ չգտնուելու պատճառով Ֆրանսան ինքզինք մեկուսացուց»:

aztagdaily.com/archives/569557

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail