ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ – Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Զօրավար Վալերիան Մադաթով` Վարանդայի Հողատէր Ճորտատէր – ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
27 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2023 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ:
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
Տաղստանի Ցեղերուն Նուաճումը Եւ Շաքիի
Ու Շիրվանի Խանութիւններուն Լուծարքը
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Կովկասի կառավարչապետ եւ բանակի գլխաւոր հրամանատար զօրավար Ալեքսի Երմոլով եւ անոր օգնական, Ղարաբաղի, Շաքիի ու Շիրվանի կառավարիչ զօրավար Վալերիան Մադաթով սկսան կարգ ու կանոն հաստատել խանական բռնութիւններու տակ հեծող երկրին մէջ:
Երմոլով, որ Կովկաս ուղարկուած էր շրջանը ռուսացնելու նպատակով, Թիֆլիսի մէջ սկսաւ տեղական սովորութիւններ ներմուծել եւ հարէմ ստեղծեց, ուր կովկասեան բոլոր ազգութիւններէն գեղուհիներ հաւաքուեցան:
Ռուսական բանակի հրամանատարութիւնը Կովկասի մէջ իր տիրապետութիւնը ամրապնդելու համար անհրաժեշտ նկատեց նախ լեռնականները եւ յատկապէս Տաղստանի ցեղերը հակակշիռի տակ առնել: Հարկաւոր էր նաեւ հիւսիսի գիծը ամրացնել եւ յետոյ ամրապնդուիլ Անդրկովկասի մէջ:
Լեռնական ցեղերը Կովկասեան ամրացուած գիծին վրայ տեւական յարձակումներ կը շղթայազերծէին եւ կը խափանէին Անդրկովկասի հետ Ռուսաստանի կապերը:
Երմոլով 1817-ին պատժիչ արշաւանքներու ձեռնարկեց չեչէններուն դէմ եւ հասաւ Տաղստանի խորերը: Նոյն ժամանակ Կովկասեան ամրացուած գիծին ձախ թեւը Թերէք գետի ափերէն Սունջա գետի ափ տեղափոխուեցաւ: Սունջայի ափերը ամրացուեցան, եւ գետի միջին հոսանքին վրայ 1818-ին Կրոզնի բերդը կառուցուեցաւ: Ամրացուած նոր գիծի ամբողջ երկայնքին եւ յատկապէս ռազմագիտական կարեւորութիւն ներկայացնող Վնեզափնայայի եւ Պուրնայայի մէջ փոքր ամրոցներ կառուցուեցան:
* * *
Տաղստանի աւար, տարկին, քայթակ, թապասարան եւ քումիք ցեղերը իրենց ուժերը միաւորեցին եւ 1819-ին սկսան արշաւանքներ կազմակերպել Սունջա գետին ուղղութեամբ:
Ռուսական զօրքերը յարձակման անցան դէպի Քարաքայթակ եւ ցեղախմբային ուժերուն դէմ բուռն կռիւներէ ետք ստիպեցին անոնց նահանջել դէպի Դերբենդ:
Ռուսական բանակը այնուհետեւ շարժեցաւ դէպի քումիքներու բնակավայրերը` Թարքի եւ Մեխթուլի, նուաճեց, աւերեց եւ հրկիզեց շատ մը գիւղեր եւ ջնջեց Մեխթուլիի խանութիւնը: Պաշլի գրաւուելէն ետք աւերուեցաւ Երմոլովի հրամանով:
Լեռնականներ 1819-ի ամրան յարձակումները սաստկացուցին: Քումիքներ վերագրաւեցին Պաշլին: Մադաթովի հրամանատարութեամբ ռուսական զօրքերը հակայարձակման անցան եւ գրաւեցին Թապասարանը, իսկ հոկտեմբերին վերագրաւեցին Պաշլին:
Նոյն ժամանակ Շաքիի Իսմայիլ խան մահացաւ: Կ՛ըսուի, որ Մադաթով իր կամ իր մերձաւորներու ձեռքով թոյն խմցուցած էր անոր: Առիթը յարմար նկատելով ռուսեր գրաւեցին Նուխին եւ ջնջեցին Շաքիի խանութիւնը:
Մինչ ռուսական բանակը ծանր հարուած կու տար Տաղստանի ցեղերուն, չեչէններ Վնեզափնայայի մօտ ռուսերէն մեծաթիւ ձիեր յափշտակեցին ու քշեցին իրենց կողմերը: Ռուսական բանակը հակադարձեց եւ արիւնահեղ կռիւներէ ետք գրաւեց Տատի-Եուրթը. չեչէններ փախուստ տուին դէպի արեւմուտք, անառիկ լեռները: Նոյեմբերին ռուսական բանակը գրաւեց Աքուշան:
Մեխթուլիի խանութիւնը ջնջուելէն ետք սուլթան Ահմէտ խան վտարուած էր, բայց յետոյ եղբօր` Հասանի որդի Ահմէտ անուանական խան հռչակուեցաւ: Խանութիւնը այնուհետեւ անուանական կերպով փոխանցուեցաւ Թարքիի ցեղապետ Մեհտիի դուստր Նուհ Պիքէի:
* * *
Զօրավար Վալերիան Մադաթով 1820 յունիսին Շիրվանէն ճամբայ ելաւ դէպի Քազիքումուխ, նուաճելու համար լաք ցեղախումբը:
Քազիքումուխ, Սուլաք գետի հարկատու Քազիքումուխի ափերուն, ամրոցանման բնակավայր է, 150 հազար հոգի հաշուող լաք ցեղին միջնաբերդը: Լաք լեզուն բաժնուած է բարբառներու: Լերկ եւ անտառազուրկ երկրամասի բնակիչներ, լաքերը գլխաւորաբար կիսաքոչուոր անասնապահներ են: Քազիքումուխի խանութիւնը կազմաւորուած է 1642-ին:
Քազիքումուխի Սուրխայ խան քաջ պատերազմիկի համբաւ կը վայելէր եւ անցեալին յաղթական արշաւանքներ կազմակերպած ու ռուսերուն դէմ իսլամ ցեղերու դիմադրութիւնը ղեկավարած էր:
Լաքերը նուաճելու համար Մադաթով ահագին զօրք հաւաքած էր Շիրվանէն, Շաքիէն, Ղուբայէն եւ Ղարաբաղէն:
Մադաթովի զօրքը յունիս 12-ին հասաւ Խոսրէխ գիւղը: Ռուսական հրետանին անխնայ ռմբակոծումներէ ետք խորտակեց Սուրխայ խանի 20 հազարնոց զօրքին դիմադրութիւնը: Սուրխայ խան, դիմադրութիւնը անիմաստ նկատելով, օգոստոսին փախուստ տուաւ դէպի Իրան:
Լաքերու նուաճումէն ետք Տաղստանի մէջ իբրեւ ազատ համայնք մնաց երեք հազար բնակիչ ունեցող լեռնային Քուպաչի գիւղը: Քուպաչիները առանձին ցեղ են եւ իրենց լեզուն ունին:
* * *
Շիրվանի Մուսթաֆա խանը զսպելու համար 1820-ի ամրան ռուսական բանակի զօրագունդ մը մտաւ Շամախի:
Ռուսական իշխանութիւնները ամբաստանութեան տակ առին խանը, յայտարարելով որ ան կ՛ուզէ ապստամբութիւն կազմակերպել:
Մուսթաֆա խան, ինքզինք վտանգուած զգալով, իր գոյքն ու ընտանիքը հաւաքելով փախուստ տուաւ դէպի Պարսկաստան: Ճամբան, Կուր գետը անցած ժամանակ կոզակներ վրայ հասան: Խանը իր հարստութեան մեծ մասը ձգելով հազիւ յաջողեցաւ ճողոպրիլ գետին միւս ափը անցնելով: Կոզակներու թալանած հարստութիւնը յետոյ Մադաթով ինք իւրացուց:
Ռուսական կառավարութիւնը 30 օգոստոս 1820-ին Շիրվանի խանութիւնը ջնջուած հռչակեց:
* * *
Կովկասի վաղեմի տիրակալներուն մէջէն իշխանութեան վրայ մնացած էր Ղարաբաղի Մեհտի Ղուլի խան:
Ռուսական կառավարութիւնը եթէ մէկ կողմի սահմանափակած էր անոր իրաւունքները, այն հիմամբ որ խանը իրաւունք չունէր իր հպատակները պատժել եւ մահուան դատապարտել, բայց միւս կողմէ նախկինէն աւելի իրաւունքներ տուած էր անոր: Խանը կրնար իր հայեցողութեամբ հողեր ու գիւղեր նուիրել որուն որ ուզէր, կամ մէկէն խլել եւ միւսին տալ:
Զօրավար Մադաթով տակաւին կարիքը ունէր խանին` կարեւոր գործեր կարգադրելու համար:
Մադաթով Մեհտի Ղուլի խանը տեւական երկիւղի մէջ կը պահէր, ըսելով որ ատենին պարսիկներուն հետ եւ ռուսերուն դէմ անոր ընթացքը չէ մոռցուած: Խանը իշխանութեան վրայ կրնայ մնալ եթէ այսուհետեւ հաւատարիմ մնայ եւ վարձահատոյց ըլլայ:
Վալերիան Մադաթով եւ Մեհտի Ղուլի խան հասկացողութեան եկան: Խանը հայոց մելիքներէն եւ գլխաւորաբար Մելիք Շահնազարեաններէն հողեր պիտի խլէր եւ Մադաթովի պիտի տար: Իր կարգին Մադաթով պիտի աջակցէր խանին, որ ան հողեր խլէ եւ բաժնէ իր մերձաւորներուն:
Խանական պարգեւագրերը օրինական կրնային ըլլալ այն պարագային, երբ անոնք կրէին ռուսական կառավարութեան ներկայացուցիչին, այսինքն իր` Մադաթովի ստորագրութիւնը:
Արցախի հողերուն կարեւոր մասը աւանդականօրէն հայոց մելիքներուն եւ վանքերուն կը պատկանէր: Ջրաբերդի Մելիք Իսրայէլեաններու եւ Դիզակի Մելիք Եգանեաններու հողերէն ստացուած բերքին մէկ մասը խանական իշխանութիւնը կ՛իւրացնէր, բայց հողերուն օրինական սեփականատէրը չէր:
Մադաթով, Մելիք Շահնազարեաններու Աւետարանոց գիւղէն ըլլալով, առաջին հերթին ուզեց անոնց հողերը իւրացնել:
* * *
Ղարաբաղի Մեհտի Ղուլի խան զօրավար Վալերիան Մադաթովը կալուածատէր դարձուց: Գիւղերու եւ հողերու յափշտակութիւնը տեղի ունեցաւ օրինական կարգով: Մեհտի Ղուլի խան կառավարչապետ զօրավար Երմոլովի գրեց, որ ինք Մադաթովի կը վերադարձնէ այն գիւղերը, որոնք ժամանակին անոր նախնիներուն պատկանած են: Իր կարգին Երմոլով ընծայականները Ալեքսանդր կայսրին ուղարկեց եւ միջնորդեց յօգուտ իր բարեկամ եւ աջակից Մադաթովի: Սակայն կայսրը մերժեց այդ միջնորդութիւնը, ըսելով որ ռուս զօրավարին չի վայելեր ընծաներ ընդունիլ ասիական խանէն:
Երմոլով երկրորդ անգամ դիմեց կայսրին եւ ըսաւ, որ խանը այդ գիւղերը չի նուիրեր Մադաթովի, այլ կը վերադարձնէ անոր սեփականութիւնը եղող հողերը: Այս անգամ կայսրը ընդառաջեց:
Այսպիսով Մեհտի Ղուլի խան Մադաթովի ընծայեց Վարանդայի տասնհինգ գիւղեր` իրենց հողերով եւ 1700 տուն բնակիչներով: Այդ գիւղերը, որոնց մէջ նաեւ մելիքանիստ Աւետարանոցը, Մելիք Շահնազարեաններու դարաւոր կալուածներն էին:
Մեհտի Ղուլի խան իր պարգեւագրին մէջ կը յայտնէր, որ Մադաթովի նախնիները հին ժամանակներէն կը տիրապետէին յիշել տասնհինգ գիւղերուն` իրենց ընդարձակ սահմաններով, բայց զօրավարի բացակայութեան ժամանակ այդ կալուածները խլուած են, հետեւաբար ինք` խանը, այդ գիւղերը կրկին կը վերադարձնէ Մադաթովի, իբրեւ իր նախնիներու օրինական ժառանգորդ:
Մադաթով այդ գիւղերը իրենց բնակիչներուն հետ ստացաւ ճորտութեան իրաւունքով: Ճորտութիւն Ռուսաստանի մէջ կար, եւ Մադաթով նոյնը ուզեց մտցնել իրեն ընծայուած գիւղերուն մէջ:
Մելիք Շահնազարեանները բողոքեցին, ըսելով որ Մադաթով կը խլէ իրենց պապենական դարաւոր կալուածները: Գիւղերու բնակիչներն ալ ընդվզեցան, որ իրենց համար խորթ եւ օտարոտի ճորտութեան կը դատապարտուին: Սակայն ոչ ոք ուշադրութիւն դարձուց անոնց բողոքներուն:
Մելիք Շահնազարեանները Պետերբուրգ գացին եւ հոն աշխատեցան վերատիրանալ իրենց ձեռքէն խլուած իրաւունքներուն: Մայրաքաղաքին մէջ եւս ոչ ոք հետաքրքրուեցաւ իրենցմով: Ճակատագրի դառն հեգնանքով, ժամանակին ռուսական կառավարութենէն ճանչցուած ազնուական Մելիք Շահնազարեանները Ռուսաստանի մայրաքաղաքին մէջ ծայրայեղ չքաւորութեան եւ մինչեւ իսկ մուրացկանութեան դատապարտուեցան:
Աւետարանոց գիւղին տէրը դառնալէն ետք Մադաթով քանդել տուաւ Մելիք Շահնազարի կառուցած պալատը եւ իրեն համար նոր ապարանքի կառուցման ձեռնարկեց:
Երբ իրեն հարցուցին որ ինչո՞ւ քանդել կու տայ, Մադաթով ծիծաղելով պատասխանեց. «Երբ մելիք Շահնազար այդ պալատը շինել կու տար, ես դեռ մանուկ էի: Ան ինծի շատ քարեր կրել տուաւ այդ պալատին շինութեան համար: Մինչեւ այսօր ալ այդ ցաւը կը զգամ մէջքիս վրայ»:
Մադաթով եգերեան 42-րդ զօրագունդը Շուշիէն Աւետարանոց տեղափոխեց եւ զինուորները աշխատցուց իր ապարանքը կառուցելու համար:
* * *
Զօրավար Վալերիան Մադաթով իր կարգին թոյլ տուաւ, որ Մեհտի Ղուլի խան հայոց վանքերու ու մելիքներու գիւղերն ու հողերը խլէ եւ իր ազգականներուն, մերձաւորներուն ու ցեղակիցներուն նուիրէ: Մինչեւ իսկ խանին ախոռապանը, գրագիրը եւ ծաղրածուն ազնուական կալուածատէրեր եղան:
Շուշիի խանական պալատին մէջ դահիճի պաշտօն կատարող Ուղուրլուի չորս որդիները` Ֆարաջուլլա, Ռահիմ, Իպրահիմ եւ Հասան բէկութեան տիտղոս ստացան եւ ութ գիւղերու տէր դարձան: Խանին մօտ իբրեւ ջորեպան ծառայող Մուրատի որդիները` Վալի եւ Թայիպ, նոյնպէս բէկութեան տիտղոս ստացան եւ քանի մը գիւղերու տէր դարձան:
Տեղ գիւղէն իսլամացած մելիք Գէորգի որդի Ռոստոմ բէկ Մեհտի Ղուլի խանին տան նազիրը (տնտես) դարձաւ, իսկ անոր որդի Ասատ բէկ իբրեւ պարգեւ ստացաւ Տեղ գիւղը:
Մեհտի Ղուլի խանի եղբօրորդի, ռուսական բանակի գնդապետ Ջաֆար Ղուլի խան 20 փետրուար 1820-ին ռուսական կառավարութենէն ոսկեզօծ եւ ադամանդներով ու գոհարներով զարդարուած եւ «Քաջութեան համար» մակագրութեամբ հրացան նուէր ստացաւ:
Ջաֆար Ղուլի խան տեւական հակադրութեան մէջ էր հօրեղբօր հետ: Երբ ան տեսաւ, որ Ղարաբաղի գիւղերը ինչպիսի առատութեամբ կը բաշխուին իր հօրեղբօր կողմէ, ինք եւս տասներկու գիւղերու ցուցակ կազմեց: Բայց որովհետեւ իր յարաբերութիւնները հօրեղբօր հետ լաւ չէին, ցուցակը նազիր Ռոստոմ բէկի միջնորդութեամբ ներկայացուց: Ռոստոմ բէկ տասներկու գիւղերու պարգեւագիրը գրել տուաւ եւ խանին կնիքով վաւերացնելով յանձնեց Ջաֆար Ղուլի խանին:
Ջաֆար Ղուլի խան յետոյ ուզեց ցուցակին մէջ մտցնել նաեւ Խնածախ գիւղը: Բայց այս անգամ Մեհտի Ղուլի խան զարմացաւ, չյիշեց որ պարգեւագիր տուած է իր եղբօրորդիին: ԱՆ նախապէս տուած պարգեւագիրը պատռեց եւ Ջաֆար Ղուլին ալ վռնտեց:
Ջաֆար Ղուլի խան վրէժխնդրութենէ վախնալով Պարսկաստան փախաւ:
aztagdaily.com/archives/570078