ՌՈՒՍԻԱ-ԱՐԵՒՄՈՒՏՔ ՄՐՑԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՈՐՈՇԻՉՆԵՐԸ

Cultural Genocide – State Cultural Genocide by the Fascist Regime of Azerbaijan *–* Génocide culturel – Génocide culturel d'État par le régime fasciste d'Azerbaïdjan

ՌՈՒՍԻԱ-ԱՐԵՒՄՈՒՏՔ ՄՐՑԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՈՐՈՇԻՉՆԵՐԸ

28 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2023 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ– ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

< Ադրբեջանի Հանրապետության իշխանությունների իրականացրած հանցագործությունները՝ հայերի, տարածաշրջանի այլ ժողովուրդների նկատմամբ >

Ա.Ա. 

Հայեւռուսական ռազմավարական յարաբերութիւններուն մէջ լարուածութեան նախանշանները, որոնք ի յայտ եկան Արցախեան երկրորդ պատերազմէն ետք, այսօր աւելի քան երբեք շեշտուած են, հարաւային կովկասեան ռազմաքաղաքական ընդհանուր իրավիճակին մէջ, ուր ատրպէյճանական բնական կազի, ռուսեւթուրք յարաբերութիւններու եւ շրջանային խնդիրներու  գործօնները  իրենց որոշ դերակատարութիւնը եւ ազդեցութիւնները ունին։

Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ յարաբերութիւններու լարուածութեան անուղղակի անդրադարձ կատարեց Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով, երբ յայտարարեց , որ Ռուսիա տեղեակ չէ, թէ Հայաստան որոշած է չհիւրընկալել Հաւաքական Ապահովութեան Պայմանագրի Կազմակերպութեան ռազմափորձերը։ Այս նրբութիւնը բաւական բան կը հասկցնէ, թէ այսօր հայեւռուսական յարաբերութիւնները ինչ տարողութեամբ լարուած են։«Մենք տեղեակ չենք», յայտարարեց Փեսքով, բացայայտելով, որ ռազմավարական դաշնակիցը, այս պարագային՝ Հայաստան, պաշտօնապէս տեղեակ չէ պահած իր ռազմավարական դաշնակիցը, թէ ռազմափորձերը Հայաստանի մէջ պիտի չկատարուին։

Հայրենի քաղաքական մեկնաբաններու կարծիքով, Երեւանի այս դիրքորոշումը, որ շեշտուեցաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի վերջին մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, վերջնագրերու քաղաքականութիւն մըն է, որ մամլոյ ասուլիսներու եւ ոչ թէ ուղղակի խօսակցութիւններու եւ հաղորդակցութիւններու ընթացքին կը դրսեւորուի։ Բան մը, որ առաւել կը շեշտէ լարուածութեան սրման մակարդակը։ Ստեղծուած իրավիճակը նաեւ ապացոյց մըն է, որ քուլիսային խօսակցութիւնները եւ հաղորդակցութիւնները իջած են իրենց նուազագոյնին։ Իսկ ինչ կը վերաբերի Փեսքովի յայտարարութեան, ապա ըստ հայաստանցի քաղաքական վերլուծաբաններու, շատ հաւանաբար պաշտօնական Երեւան Մոսկուայի իշխանութիւնները տեղեակ պահած է, թէ Հայաստան պիտի չհիւրընկալէ ռազմափորձերը, սակայն Փեսքով իր յայտարարութեամբ լարուածութեան գոյութեան փաստը կու տայ։

Նման կացութեան մը մէջ, կայ տեսակէտ, թէ Երեւանի իշխանութիւնները պէտք է կարողանան տարանջատել Ռուսիոյ հետ իրենց յարաբերութիւնները՝ Հաւաքական Ապահովութեան Պայմանագրի Կազմակերպութեան հետ յարաբերութիւններէն, իւրաքանչիւրին տալով ճիշդ գնահատականը եւ բովանդակութիւնը, մանաւանդ նկատի առնելով, թէ կազմակերպութեան անդամ պետութիւններէն քանի մը հատը սերտ կապեր եւ յարաբերութիւններ ունին Ատրպէյճանի հետ։ Ղազախստան, Խըրխըզիստան, Տաճիկիստան եւ Պիելոռուսիա այսօր շատ լաւ կապեր ունին թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ՛ Ատրպէյճանի հետ։ Անոնք նաեւ կարեւոր դերակատարութիւն ունին Հաւաքական Ապահովութեան Պայմանագրի Կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) մէջ եւ ասիկա բնաւ պէտք չէ անտեսել։ Եթէ նախապէս Մոսկուա կրնար համոզել եւ պարտադրել այս պետութիւններուն, որ համակարծիք գտնուին Ռուսիոյ հետ, այսօր իրավիճակը այդպէս չէ, որովհետեւ բոլորն ալ գործակցութեան ծրագրեր ունին Ատրպէյճանի հետ եւ բնաւ պատրաստ չեն Հայաստանի համար իրենց ծրագրերը վտանգելու։

Այսպիսի իրավիճակի մը մէջ հարց կը ծագի, թէ ինչ կրնայ պատահիլ հայեւռուսական յարաբերութիւններուն, եթէ Հայաստան որոշէ անջատուիլՀԱՊԿ-էն։ Տիրապետող տեսակէտը այն է, թէ հայեւռուսական յարաբերութիւնները առնուազն վերանայման կը կարօտին, եթէ Երեւան որոշէ հեռանալ ՀԱՊԿ-էն։

ՀԱՊԿ-ի դիտորդական առաքելութիւնը, որուն գործուղման շուրջ այդպէս ալ կարելի չեղաւ համաձայնութեան մը հասնիլ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի համաձայն, տակաւին պատրաստ է իր առաքելութիւնը ստանձնելու։ Սակայն այս պարագային Լաւրով սլաքները ուղղեց Երեւանի, թէ ինչու կարելի չէ եղած չափորոշիչները յստակացնել եւ անոնց շուրջ համախոհութեան մը հասնիլ։Առանց պետութիւններու անուններ յիշելու, Ռուսիոյ դիւանագիտութեան պետը շեշտեց, որ կազմակերպութեան որոշ անդամներ համաձայն չեն գտնուած Ատրպէյճանի հասցէին կարծր քննադատութիւններ կատարելու Երեւանի իշխանութիւններուն առաջարկին, որ կատարուած է դիտորդական առաքելութեան կատարման շուրջ որոշ համախոհութիւն մը գոյանալէ ետք։Ըստ Լաւրովի, հայկական կողմին այս պահանջն է պատճառը ՀԱՊԿի դէտերուն առաքելութեան շուրջ համաձայնութեան մը չհասնելուն։

Լաւրով նաեւ ոչ սուր, բայց դիպուկ քննադատութիւններ ուղղեց Երեւանի իշխանութիւններուն հասցէին, Ատրպէյճանի հետ սահմանին երկայնքին եւրոպացի դէտերու տեղակայման երկրորդ եւ երկարատեւ հանգրուանին առնչութեամբ, թէ նման քայլ, որուն Ատրպէյճան համաձայն չէ, կրնայ ժխտական հետեւանքներ ունենալ։Ան այս յայտարարութեամբ կը ձայնակցէր Ատրպէյճանի նախագահին։

Այս բոլորին լոյսին տակ յստակ կը դառնայ, որ Հայաստան- Ատրպէյճան տարակարծութիւնները եւ Արցախի տագնապը վերածուած են Ռուսիա – Արեւմուտք մրցակցութեան մը նիւթերուն, որոնց կապուած յետագայ զարգացումները լաւապէս պէտք է գնահատուին Երեւանի իշխանութիւններուն կողմէ, որպէսզի կարելի ըլլայ կշռադատուած եւ բոլոր հետեւանքները հաշուի առնող կեցուածքներ ճշդել։

hairenikweekly.com/ռուսիա-արեւմուտք-մրցակցութեան-հայկա/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail