Բրիտանիոյ Խորհրդարանին Մէջ Բերձորի Միջանցքին Վերաբերեալ Քննարկում

Culture-Dativank Monastery in Artsakh Armenia

Բրիտանիոյ Խորհրդարանին Մէջ Բերձորի Միջանցքին Վերաբերեալ Քննարկում

28 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2023 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ– ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

< Ադրբեջանի Հանրապետության իշխանությունների իրականացրած հանցագործությունները՝ հայերի, տարածաշրջանի այլ ժողովուրդների նկատմամբ >

Horizon Weekly Newspaper

Բրիտանիոյ Համայնքներու պալատին մէջ 24 յունուարին կազմակերպուած էր յատուկ քննարկում` նուիրուած Բերձորի միջանցքի փակման եւ անոր մարդասիրական հետեւանքներուն: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով քննարկումներու ժամանակ Բրիտանիա-Հայաստան բարեկամութեան խումբի ղեկավար Թիմ Լոութըն նշած է, որ անցեալ տարի մեկնած էր Հայաստանի Հանրապետութիւն եւ տեղւոյն վրայ տեսած, թէ ի՛նչ կը կատարուի:

«Ներկայիս վիճակը 9 նոյեմբեր 2020-ի յայտարարութեան կէտերու կոպտագոյն խախտում է: Անցեալ տարի սեպտեմբերին Ազրպէյճան յարձակած է Հայաստանի Հանրապետութեան գերիշխան տարածքին վրայ: Լեռնային Ղարաբաղը միշտ եղած է Հայաստանի անքակտելի մասը: Ազրպէյճան Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան ցեղային զտման քաղաքականութիւն վարած է, ներառեալ ահաբեկիչներու միջոցով: Հայաստանի Հանրապետութեան գերիշխան տարածքին վրայ յարձակումներ եղած են, Ազրպէյճան ոչնչացուցած է հայկական մշակութային ժառանգութիւնը: Ազրպէյճան գրաւած է Հատրութը, Շուշին, որոնք հայկական տարածքներ են: Պատերազմական գերիները տակաւին չեն վերադարձուած, արտադատական սպանութիւններ կատարուած են հայ գերիներու նկատմամբ, բարձրախօսներով Լեռնային Ղարաբաղի հայերուն կոչ կ՛ուղղէին` հեռանալու Լեռնային Ղարաբաղէն: Լաչինի միջանցքի փակման կը մասնակցին «Գորշ գայլեր»-ու ներկայացուցիչները: Ազրպէյճանի գաղտնի սպասարկութեան ուժերը եւս ներկայ եղած են Լաչինի միջանցքի փակման: Կազամատակարարումը, հոսանքը, համացանցի կապը կտրուած են Ազրպէյճանի կողմէ: Ասիկա դիտաւորեալ եւ հաշուարկուած ցեղային զտման քաղաքականութիւն է: Ես այստեղ կոչ կ՛ուղղեմ նաեւ ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը», նշած է Լոութըն:

Աշխատաւորական կուսակցութեան ներկայացուցիչ, Բրիտանիա-Հայաստանի Հանրապետութիւն բարեկամութեան խումբի անդամ Ճեսիքա Մորտըն իր կարգին նշած է. «44 օր է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական ծանր վիճակը կը շարունակուի: Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը չի կարենար տեղաշարժուիլ, ծանր ձմրան կացութեան մէջ ուժանիւթային շրջափակման մէջ, սնունդի, դեղորայքի պակաս կայ: 120.000 մարդիկ շրջափակման ենթարկուած են: Ասիկա մտադրուած գործողութիւն է: Կազը անջատած են ձմրան ցուրտ ամիսին, երբ -5 է, դպրոցները փակ են, հիւանդանոցները չեն կրնար բժշկական օգնութիւն տրամադրել, երեխաները բաժնուած են իրենց ծնողներէն: Ի՞նչ կ՛ընէ Բրիտանիոյ կառավարութիւնը այլ երկիրներու կառավարութիւններու հետ միասին այս վիճակին վերջ տալու համար: Անհրաժեշտ է օդային հաղորդակցութիւն բանալ դէպի Լեռնային Ղարաբաղ, միանալ Եւրոպական խորհրդարանի վերջին բանաձեւի կէտերուն: Ես Կալեսէն եմ, այնտեղ Հայոց ցեղասպանութեան եզակի յուշահամալիր տեղադրուած է Բրիտանիոյ մէջ: Միջազգային ընտանիքը պէտք է ամէն ինչ ընէ այս կացութեան վերջ տալու համար»:

Դեմոկրատական-միութենական կուսակցութիւնը ներկայացնող Ճէյմս Շենըն ընդգծած է, որ Բերձորի միջանցքի փակումը աղէտ է, 120 հազար հայ քրիստոնեայ շրջափակման մէջ է, կազ, հոսանք, սնունդ, դեղորայք չկայ:

«Ճենոսայտ Ուաչ»-ը կացութիւնը ցեղային զտում կը նկատէ: Ազրպէյճանը կ՛ոչնչացնէ հայկական ժառանգութիւնը: Բրիտանիոյ կառավարութիւնը ի՞նչ քայլերու կը ձեռնարկէ քրիստոնեայ հայերը պաշտպանելու համար: Ռուսիոյ խաղաղապահները չեն կրնար ապահովել Լաչինի միջանցքին բացումը: Ազրպէյճանը ապօրինի ռուսական կազ կ՛արտածէ Եւրոպա», նկատած է ան:

Սկովտիոյ ազգային կուսակցութեան ներկայացուցիչ Քարըլ Մոնակընի բնորոշումով` Բերձորի միջանցքի փակումը Ազրպէյճանի կողմէ թշնամանքի վերջին դրսեւորումն է: Ընտանիքները բաժնուած են, դեղորայք, կազ, հոսանք, սնունդ չկայ: Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական ծանր վիճակ ստեղծուած է:

«Մենք պէտք է քննենք պատժամիջոցները, Լեռնային Ղարաբաղի համար օդային հաղորդակցութեան բացումը: 120 հազար մարդ ծանր կացութեան մէջ է», ըսած է ան:

Նոյն կուսակցութենէն Քրիս Լոուն ալ Բերձորի միջանցքի փակումը Ազրպէյճանի կողմէ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն նկատած է: Ան նշած է, որ Ազրպէյճանը տարիներ շարունակ թշնամական հռետորաբանութիւն կը կիրարկէ Հայաստանի նկատմամբ: Ուժով կը ցանկայ դատարկել Լեռնային Ղարաբաղը:

«Մէկ տասնեակէ աւելի միջազգային ոչ կառավարական կազմակերպութիւններ նշած են, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ գոյութիւն ունին ցեղային զտման եւ ցեղասպանութեան նախանշաններ: Բրիտանիոյ կառավարութիւնը պէտք է վերջ դնէ Լաչինի միջանցքի փակման», նկատած է ան:

Մարթին Տէյ մատնանշած է, որ Հայաստանը իբրեւ շրջանին մէջ ժողովրդավարական պետութիւն, պէտք է աւելի մեծ աջակցութեան արժանանայ:

«Մարդասիրական աղէտ է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, կամ Արցախի մէջ, ինչպէս հայերը կ՛ըսեն: Լաչինի միջանցքը միակ կապուղին է, որ փակուած է Ազրպէյճանի կողմէ: 120 հազար մարդ դաժան տառապանքներու ենթարկուած է: «Ճենոսայտ Ուաչ»-ը կը զգուշացնէ ցեղասպանութեան նախանշաններու մասին: Ալիեւ կը յայտարարէ, որ Երեւանը Ազրպէյճանի պատմական տարածք է: Ազրպէյճանը կեղծ խօսոյթներ կը շրջանառէ Լեռնային Ղարաբաղի հայերու ցեղային զտման համար: Ազրպէյճանի նկատմամբ պատժամիջոցները եւս պէտք է քննարկուին: Հայաստանը, իբրեւ շրջանին մէջ ժողովրդավարական պետութիւն, պէտք է աւելի մեծ աջակցութեան արժանանայ»:

Բրիտանիա-Հայաստանի Հանրապետութիւն բարեկամութեան խումբի անդամ, անկախ երեսփոխան Ռուփա Հաքն ալ նկատած է, որ Թուրքիան եւս ընդգրկուած եղած է տագնապին մէջ:

«Լաչինի միջանցքը փակ է: Ազրպէյճանը, ոգեւորուած Ռուսիոյ անտարբերութեամբ, ցեղային զտումներ կը կատարէ: Թուրքիան եւս ընդգրկուած եղած է տագնապին մէջ: Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական կացութիւնը ծանր է: Ազրպէյճանը կը խափանէ կազի մատակարարումը, երեխաները բաժնուած են իրենց ծնողներէն: Համացանց, հոսանք, դեղորայք, սնունդ եւ առաջին անհրաժեշտութեան պարագաներ զգալիօրէն կը բացակային», ըսած է ան:

Աշխատաւորական կուսակցութեան ներկայացուցիչ, Եւրոպայի հարցերով ստուերային նախարար Սթիւըն Տաութ խորապէս մտահոգուած է Բերձորի միջանցքին փակումով, ու կոչ կ՛ուղղէ` շրջափակման վերջ տալու:

«120.000 մարդ ծուղակի մէջ է, համացանց, հոսանք, դեղորայք, սնունդ չկայ: Բրիտանիոյ կառավարութիւնը ի՞նչ քայլերու ձեռնարկած է խնդիրը լուծելու համար», ըսած է ան:

Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան Ամերիկայի եւ Քարիպեան երկիրներու հարցով նախարար Տէյվիտ Ռութլին նշած է, որ Բրիտանիան կ՛աջակցի (Միացեալ Նահանգներու) արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի կողմէ ձեռնարկուած քայլերուն: Ան նկատած է, որ տագնապը զինուորական լուծում չունի, խնդիրը պէտք է լուծուի դիւանագիտութեան ճամբով. Լաչինի միջանցքը փակուած է ազրպէյճանցի ցուցարարներու կողմէ` Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութիւնը զրկելով ապրուստի պայմաններէն:

«9 նոյեմբերի յայտարարութեան մէջ նշուած է Լաչինի միջանցքով անարգել անցնելու կէտը: 13 դեկտեմբեր 2022-ին, Լէօ Տոհըրթին Լաչինի միջանցքին վերաբերեալ յայտարարութիւն կատարած է, 18 յունուար 2023-ին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարին հետ: Բրիտանիոյ կառավարութիւնը ուղղակիօրէն կ՛ըսէ, որ Ազրպէյճանի կառավարութիւնը պէտք է բանայ Լաչինի միջանցքը: Մեր ուղերձը յստակ է` Լաչինի միջանցքը պէտք է բացուի եւ բանակցութիւններու միջոցով խաղաղութիւն հաստատուի: Մենք կ՛աջակցինք միջազգային ջանքերուն, ներառեալ Եւրոպական Միութեան եւ ԵԱՀԿ-ի: Բրիտանիոյ կառավարութիւնը եռանդուն հաղորդակցութեան մէջ է մարդասիրական կազմակերպութիւններու հետ, ներառեալ Կարմիր Խաչի: Հայաստանը եւ Ազրպէյճանը պէտք է շարունակեն խաղաղութեան ուղղուած բանակցութիւնները: Մենք կ՛ողջունենք Եւրոպական Միութեան քաղաքային առաքելութեան տեղակայումը Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ», եզրափակած է ան:

horizonweekly.ca/en/բրիտանիոյ-խորհրդարանին-մէջ-բերձորի-մ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail