Իսրայէլեան Հեռատեսիլը Կը Տարածէ Ազրպէյճանի Գարշելի Քարոզչութիւնը Ընդդէմ Հայաստանի Եւ Իրանի – ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Գարտէզ-Հայաստան մեծ Հայք, փոքր Հայք, Կիլիկիա - Map Armenia Greater Armenia, Small Armenia, Cilicia – Carte Arménie Grande Arménie, Petite Arménie, Cilicie

Իսրայէլեան Հեռատեսիլը Կը Տարածէ Ազրպէյճանի Գարշելի Քարոզչութիւնը Ընդդէմ Հայաստանի Եւ Իրանի – ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

04 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2023 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՈՒՈՅ ՊԱՐՏՔՆ Է – lousavor-avedis.org

– Գիշերը որքան էլ երկարի, առաւոտը գալու է: – lousavor-avedis.org

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ

27 յունուարին Իսրայէլի i24NEWS միջազգային հեռատեսիլային ընկերութիւնը սփռեց կեղծիքներով լեցուն կէս ժամ տեւողութեամբ  հաղորդում մը` Իսրայէլի հետ Ազրպէյճանի յարաբերութիւնները փառաբանելու եւ Հայաստանը, Իրանն ու Ռուսիան անարգելու համար: Այս գայթակղեցուցիչ հաղորդումը ոչ մէկ կապ ունէր լրագրութեան հետ, եւ ամէն բան կ՛առնչուէր Ազրպէյճանի տխրահռչակ «ձկնկիթային դիւանագիտութեան» հետ:

Ահա հատուածներ` հեռատեսիլային հաղորդումէն, զոր ես սղագրած եմ: Մեկնաբանութիւններս ներկայացուած են փակագիծերու մէջ:

Հաղորդավարը` իսրայէլցի լրագրող Հենրիքէ Ցումերման, ըսաւ. «Ազրպէյճան ունի խնդրայարոյց դրացիներ, յատկապէս Վլատիմիր Փութինի Ռուսիան` հիւսիսի մէջ եւ այաթոլլա Ալի Խամենէիի Իրանը` հարաւի մէջ: Այսուհանդերձ, անոր պատմական գլխաւոր թշնամին մէկ այլ դրացի է Հայաստանը, քրիստոնեայ մեծամասնութիւն ունեցող երկիր մը, որ բախած է Ազրպէյճանին երկու մեծ պատերազմներու մէջ` պատճառելով հազարաւոր զոհեր: 1991-ին` Լեռնային Ղարաբաղի առաջին պատերազմին, Ռուսիոյ աջակցութեամբ (առաջին սուտը) Հայաստան յաջողեցաւ սահմանային գօտիին մէջ գրաւել 10 հազար քառակուսի քիլոմեթր` Լիբանանի տարածքին չափ: Պաշտօնական նպատակը անվտանգութեան գօտի ստեղծելն էր: Ազրպէյճանի համար 2020-ի ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմը յաղթանակի տարի էր: Նախագահ Իլհամ Ալիեւի բանակը վերանուաճեց հայերու կողմէ գրաւուած բոլոր տարածքները (երկրորդ սուտը), սակայն պարզուեցաւ, որ տասնեակ գիւղեր եւ փոքր քաղաքներ ամբողջութեամբ աւերուած են եւ ականապատուած (երրորդ սուտը): Այդպէս էր Խոտաֆարինի շրջանը` Իրանի սահմանէն միայն քանի մը մեթր հեռաւորութեան վրայ, Արաքս գետի ափին: Այս ընդհանուր պարունակին մէջ, Իրան աջակցեցաւ Հայաստանի (չորրորդ սուտը), իսկ Իսրայէլ` Ազրպէյճանի»:

Լրագրողը հարցազրոյց ունեցաւ Ազրպէյճանի կրօնական հարցերու նախարար Մուպարաք Քուրպանլիի հետ, որ ըսաւ. «Հայաստան գրաւած է մեր հողերը (հինգերորդ սուտը): Անցեալ պատերազմին անոնց յաղթելու համար մեր բանակէն հերոսական հսկայական ջանքեր պահանջուեցան: Ազրպէյճանի ժողովուրդը գիտէ, որ այս պատերազմի ժամանակ Իրան եղած է Հայաստանի կողքին (վեցերորդ սուտը): Այսպիսով, դուք կրնաք հասկնալ այս տհաճ զգացումները ոչ թէ ժողովուրդին, այլ իրանական վարչակարգին հանդէպ… Իրան կը նախատէ Իսրայէլը, կարծես թէ ուղղափառ իսլամ տեսանկիւնէ: Բայց ո՞ւր էր Իրան 30 տարի, երբ Հայաստան, խախտելով բոլոր միջազգային օրէնքները (եօթներորդ սուտը), գրաւեց ազրպէյճանական հողերը, անոնց շարքին` Իրանի սահմանը: Իրան ինչո՞ւ կը լռէր այդ ժամանակ» (ութերորդ սուտը):

Հաղորդավարը շարունակեց. «Վերջապէս հրադադարը ձեռք բերուեցաւ Վլատիմիր Փութինի ջանքերով: Պաքուի մէջ, ազատագրման տօնակատարութեան ընթացքին բանակը ցուցադրեց Իսրայէլէն ձեռք բերուած յարձակողական անօդաչու սարքեր, որոնք մեծ կորուստներ պատճառեցին հայկական ուժերուն (հայերու սպանութեան մասին ամօթալի պարծենկոտութիւն): Պաքուի կառավարութեան ազդեցիկ մարդոցմէ մէկը Հիքմեթ Հաճիեւն է` նախագահ Ալիեւի գլխաւոր խորհրդականը եւ անոր արտաքին քաղաքականութեան  ռազմավարը: Ան յայտարարեց, որ Իսրայէլ առաջին երկիրներէն մէկն էր, որ 1991-ին ճանչցաւ Ազրպէյճանի անկախութիւնը եւ հրապարակեց լուրեր, որոնք զայրացուցին Թեհրանը»: Հաճիեւ ըսաւ. «Ազրպէյճանի նախագահը եւ Ազգային խորհրդարանը որոշում կայացուցած են  Իսրայէլի մէջ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան լիարժէք դեսպանութիւն բանալու մասին, եւ Իսրայէլի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատուն բանալով` պիտի կարենանք նոր մակարդակի հասցնել Իսրայէլ-Ազրպէյճան ռազմավարական գործընկերութիւնը»: (Հաճիեւ չէ նշած, որ նախագահ Ալիեւ, իսլամական պետութիւններու արձագանգէն  վախնալով,  Թել Աւիւի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանութիւն բացաւ միայն 2022-ին, Պաքուի մէջ 1993-ին Իսրայէլի բացած դեսպանատունէն գրեթէ 30 տարի ետք: Ապա իսլամական պետութիւններու բացասական արձագանգը մեղմելու համար Ազրպէյճան բացաւ իր ներկայացուցչական գրասենեակը Ռամալլայի մէջ, Արեւմտեան ափին):

Ապա լրագրողը աւելցուց. «Որքան սերտ ըլլան Պաքուի եւ Երուսաղէմի ռազմավարական յարաբերութիւնները, այնքան Թեհրան կը սպառնայ երկու երկիրներուն: Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան սփռած տեսերիզին մէջ յստակ կը սահմանուէր, որ Երուսաղէմի Ալ-Աքսա սուրբ մզկիթ տանող ճամբան կ՛անցնի Ազրպէյճանի մայրաքաղաքէն: Առաջին անգամ է, որ Թեհրան կը սպառնայ երկու երկիրներուն` ըսելով, որ` «Դուք կը փորէք ձեր գերեզմանները: Ով որ մարտահրաւէր կը նետէ Իրանի, կը կործանի»: Թեհրան նաեւ կը յարձակի Իսրայէլի արաբ նոր գործընկերներուն վրայ, որոնք կը պաշտպանեն Աբրահամի համաձայնագիրները` Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Պահրէյն, Մարոք եւ նոյնիսկ` Սէուտական Արաբիա… Այս աշխարհի ամէնէն պայթիւնային եւ վտանգաւոր սահմանն է: Այս կողմէն մենք կը գտնուինք Ազրպէյճան, որ մահմետական աշխարհիկ երկիր է, Իսրայէլի ռազմավարական դաշնակիցը, եւ հոն մենք կրնանք տեսնել Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դրօշը, որ Միացեալ Նահանգները եւ Իսրայէլը կը նկատէ «մեծ սատանայ  եւ փոքր սատանայ»: Ըստ Իրանի, Երուսաղէմի ճամբան կ՛անցնի Ազրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուէն: Հոկտեմբեր 2022-ին Իրանի բանակը որոշեց ահաբեկման գործողութիւն սկսիլ Ազրպէյճանի դէմ` հիւսիսային դրացին մեղադրելով Իսրայէլի գործակալ ըլլալու մէջ: Հազարաւոր իրանցի զինուորներ հրասայլերով, օդանաւերով, ուղղաթիռներով եւ ռազմական բեռնատարներով անցան Արաքս գետը երկու պետութիւններու սահմանէն: Իրանական բանակը նաեւ հարիւրաւոր անկարգելաւոր իջեցուց սահմանային շրջանին մէջ: Առկայ էին ռազմական զօրավարժութիւններու տասնեակ տեսանիւթեր, որոնք կրկին ու կրկին ցոյց կու տային իրենց հրթիռներու թիրախը` հրէական պետութեան Դաւիթի աստղը: Թեհրան կը մատնանշէ Պաքուի եւ Երուսաղէմի միջեւ աճող կապերը»: Այնուհետեւ կը ցուցադրուի տեսանիւթ, ուր իրանցի հրամանատարը կ՛ըսէ. «Մենք կռնակ կը դարձնենք Արաքս գետի հատման վայրին մէջ: Ազրպէյճանի հետ սահմանին, որպէսզի մեզի հետ լուրջ վերաբերին: Մենք չենք ընդունիր սիոնիստներու ներկայութիւնը մեր դրացնութեամբ»:

i24NEWS-ի հաղորդումը շարունակեց. «Զօրավարժութիւններուն մեծ մասը տեղի ունեցած է գետի իրանական կողմը, սակայն երբեմն եղած են օդային եւ ցամաքային ներթափանցումներ` դէպի Ազրպէյճանի տարածք: Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ պատասխանած է իրանցի հրամանատարներուն թուիթըրեան գրառմամբ, որ զայրացուցած է Թեհրանը, լուսանկար մը, ուր Ազրպէյճանի ղեկավարը գրկախառնուած է իսրայէլական «Հարոփ» տիպի քամիքազի անօդաչու թռչող սարքի հետ: Ազրպէյճան SkyStriker եւ LORA անօդաչու սարքերը գնած է իսրայէլեան Elbit եւ Israel Aerospace Industries ընկերութիւններէն»:

Այնուհետեւ լրագրողը հարցազրոյց մը վարած է իսրայէլցի նախկին նախարար Էֆրայիմ Սնեհի հետ, որ կը ներկայացուի իբրեւ «Իսրայէլի եւ Ազրպէյճանի միջեւ դաշինքի ճարտարապետ»: Ան ըսաւ. «Ես կը գիտակցէի բարեկամ Ազրպէյճանի կարեւորութեան` նկատի ունենալով Իրանին շատ մօտ ըլլալու այն փաստը, որ Իրանին մեծ մասը ազրպէյճանական է (իններորդ սուտը): Կը Կարծէի, որ այս այն պարագան է, որով մենք պէտք է հաստատենք ամուր, առողջ կամուրջ Իսրայէլի եւ Ազրպէյճանի միջեւ… Ազրպէյճանի ժողովուրդը մեծ դեր ունեցած է  նացիական Գերմանիոյի դեմ մղուող պայքարին մէջ: «Հայրենական մեծ պատերազմ»-ի ժամանակ Հիթլերի դէմ պատերազմող հարիւր հազարաւոր ազրպէյճանցիներ տուն չվերադարձան: Անոնք ինկան Եւրոպայի եւ Գերմանիոյ պատերազմի դաշտին վրայ: Եւ ասիկա այնպիսի բան է, որ հրեան երբեք չի կրնար մոռնալ: Մենք միշտ երախտապարտ ենք Ազրպէյճանին` նացիներու պարտութեան մէջ ունեցած աւանդին համար»: (Տասներորդ սուտը: Կարծես Իսրայէլի նախարարը տեղեակ չէ, որ 70 հազար ազրպէյճանցիներ կռուած են յանուն նացիական Գերմանիոյ եւ մասնակցած են Վարշաւայի ապստամբութեան ճնշման գործողութեան: Հիթլեր այդ ազրպէյճանցիները կոչած է իր վստահելի դաշնակիցները):

Հաղորդավարը շարունակեց. «700 քիլոմեթր սահմանով մեր ճամբորդութեան ընթացքին մենք տեսանք, որ իսրայէլական այլ արհեստագիտութիւններ կ՛օգտագործուին իրանական կողմը հսկելու համար, օրինակ` բարձր ճշգրտութեան տեսախցիկներ եւ շատ արդիական ելեկտրոնային սենսըրներ: Քանի մը աղբիւրներու համաձայն, այս համակարգերը կ՛աջակցին յատուկ ստորաբաժանումներու եւ իսրայէլեան գաղտնի գործակալներու կողմէ իրականացուող գործողութիւններուն, որոնք կը ներթափանցեն Իրան` պայքարելու համար անոր միջուկային նախագիծներուն դէմ: Ըստ միջազգային մամուլին, այս վիրաբուժական նուրբ պայքար է: Իսրայէլ միշտ կը պահէ իր ռազմաօդային ուժերու օդաչուները Ազրպէյճանի մէջ, ինչպէս նաեւ քանի մը F-35  (ԱՄՆ) կործանիչներ` հինգերորդ սերունդի մարտական օդանաւերը, որոնք կը նկատուին մոլորակի ամէնէն արդիական օդանաւերը: Իրանական զօրավարժութիւններէն ետք F-35-ը, ըստ երեւոյթին, ներթափանցեց Իրանի օդային տարածք` գնահատելու անոր հակաօդային համակարգի արդիւնաւէտութիւնը»: (Եթէ ճիշդ է այդ, ուրեմն ասիկա յստակ խոստովանութիւն մըն է, որ Իսրայէլ խախտած է F-35երը այլ երկրի մը չփոխանցելու ԱՄՆ-ի հետ իր համաձայնութիւնը):

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

 (Ա. մաս. շարունակութիւնը` յաջորդ շաբաթ)

aztagdaily.com/archives/571891

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail