Իսրայէլեան Հեռատեսիլը Կը Տարածէ Ազրպէյճանի Գարշելի Քարոզչութիւնը Ընդդէմ Հայաստանի Եւ Իրանի – Երկրորդ եւ վերջին մաս – ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
13 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2023 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՈՒՈՅ ՊԱՐՏՔՆ Է – lousavor-avedis.org
– Գիշերը որքան էլ երկարի, առաւոտը գալու է: – lousavor-avedis.org
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ
Իսրայէլի միջազգային i24NEWS հեռատեսիլային ընկերութիւնը 27 յունուարին սփռեց հաղորդում մը, որ կը գովաբանէր Ազրպէյճան-Իսրայէլ ռազմական յարաբերութիւնները եւ կը նուաստացնէր Հայաստանն ու Իրանը: Անցեալ շաբաթ հրապարակած էինք հաղորդման առաջին մասը: Ահա՛ երկրորդ եւ վերջին մասը: Մեկնաբանութիւններս ներկայացուած են փակագիծերու մէջ.
Իսրայէլցի լրագրող Հենրիքէ Ցիմերման կը հաղորդէ. «Ազրպէյճանի եւ Իսրայէլի միջեւ ռազմական յարաբերութիւնները վայրկեան առ վայրկեան կը սերտանան: 2016-2020 թուականներուն Պաքուի զէնքի, անօդաչու սարքերու եւ ելեկտրոնային համակարգերու 69 տոկոսը գնուած է Իսրայէլէն: Իսրայէլեան ռազմանիւթերու գրեթէ մէկ հինգերորդը արտահանուած եւ ղրկուած է նախագահ Ալիեւի երկիրը: Ռոման Կուրեւիչ Պաքու ծնած իսրայէլցի քաղաքական վերլուծաբան է: Ան շեշտը կը դնէ երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն վրայ. «Իսրայէլի մէջ մեր վառելիքի 40 տոկոսը կ՛առնենք Ազրպէյճանէն: Ազրպէյճան կ՛օգտագործէ մեր արհեստագիտութիւնը, եւ մենք ունինք ընդհանուր շատ կարեւոր ռազմավարական հարցեր: 20-րդ դարու սկիզբը Պաքու արդէն նաւթի արդիւնահանման համաշխարհային մայրաքաղաք էր: Մէկ դար առաջ աշխարհի վրայ նաւթի կէսը կ՛արտադրուէր Ազրպէյճանի մէջ: Աւելի՛ն. 1930-ականներուն` համայնավարական ժամանակաշրջանին, բռնապետ Եոսիֆ Ստալին որոշեց արտադրութիւնը հասցնել առաւելագոյն մակարդակի: Բ. Համաշխարհային պատերազմի աւարտէն ետք Հիթլերի տարեդարձի կարկանդակը կասկածի տեղիք չէր տար («Կասպից ծով» գրուած էր անոր կարկանդակին վրայ): Նպատակն էր նուաճել Կասպից ծովը եւ կարկանդակի վրայի կեռասը` Պաքուն: Նացիները չյաջողեցան: Այս եւս նպաստեց դաշնակիցներու յաղթանակին, քանի որ պատերազմի ժամանակ Կարմիր բանակի նաւթի 75 տոկոսը կու գար Ազրպէյճանէն»:
Իսրայէլցի լրագրողը շարունակեց. «Պաքուի կառավարութիւնը կը պնդէ, որ Իսրայէլի հետ իր դաշինքը ոեւէ մէկուն դէմ չէ: Բայց այաթոլլայի վարչակարգին համար շատ դժուար է տեսնել, թէ ինչպէ՛ս մահմետական մեծամասնութիւն ունեցող եւ ամբողջովին շիա երկիրը այդքան խորունկ կապեր կը պահպանէ հրէական պետութեան` Իրանի ամէնէն ատելի թշնամիին հետ»: Իսրայէլի նախկին նախարար Էֆրէյմ Սնեհ աւելցուց. «Մենք ուժեղ, անկախ, աշխարհիկ Ազրպէյճանի կողմնակիցն ենք: Եւ այս է հիմքը, թէ ինչո՛ւ մենք միասին ենք: Այս առումով սա շատ կարեւոր է. նաւթը` Ազրպէյճանէն Իսրայէլ, պաշտպանական սարքերը մեզմէ` անոնց: Շատ կարեւոր է: Իսկ մենք աւելի շատ ներգրաւուած ենք` մարդիկ մարդոց հետ, մշակութային յարաբերութիւններ: Բայց հիմքը ուժանիւթն ու պաշտպանութիւնն են»:
Այնուհետեւ հաղորդավարը ըսաւ. «Ազրպէյճանի առաջին նախագահ Հէյտար Ալիեւ (Հէյտարը առաջին նախագահը եղած չէ)` ներկայ նախագահին հայրը, որոշեց Իսրայէլի հետ դաշինք կնքել, որ կը մնայ մինչեւ այսօր, իսկ Թեհրան կը մնայ իբրեւ ընդհանուր հակառակորդ: 2016-ին իսրայէլեան զէնքի վաճառքը գնահատուած է 2,85 միլիառ տոլար: Նախագահ Ալիեւ որոշած է, որ նախկին խորհրդային հանրապետութիւնը կը դառնայ առաջին շիա մահմետական այն պետութիւնը, որ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւն կը բանայ Իսրայէլի մէջ: Վերջին շաբաթներուն Պաքուի գաղտնի ծառայութիւնները յաջողած են քանդել մայրաքաղաքի իրանական լրտեսական ցանցը: Թեհրանէն երեք գործակալ տեղեկութիւն ստացած են տեղւոյն քանի մը քաղաքացիներէ, որոնց հետ կապուած են գաղտնի հեռաձայնով: Իրանական կողմը պարբերաբար կը վճարէր անոնց ծառայութիւններուն դիմաց: Ազրպէյճանի անվտանգութեան ծառայութիւնները կը պնդէին, որ այս ցանցին վերջնական նպատակն է արմատականացնել երկիրը եւ նպաստել իսլամական պետութեան ստեղծման` հետեւելով այաթոլլայի օրինակին: Ազրպէյճանի նախագահը յայտարարեց, որ կրօնը նման է սառցալերան, որուն մեծ մասը պահուած է ջուրի տակ»: Կուրեւիչ աւելցուց. «Երկրորդ պատերազմը տեղի ունեցաւ երկու տարի առաջ` 2020-ին, երբ հայ զինուորներ սպաննեցին ազրպէյճանական բանակի երկու բարձրաստիճան սպաներ (11-րդ սուտը): Արդիւնքը այն է, որ Ազրպէյճան արձագանգեց եւ ազատագրեց գրեթէ բոլոր գրաւեալ տարածքները: Երբ հայեր գրաւած էին Ազրպէյճանը, իրանցիները չէին սպառնար Հայաստանի: Հիմա անոնք որոշեցին սպառնալ Ազրպէյճանի (12-րդ սուտը)` տարածքը ազատագրելէ ետք: Այս շատ տարօրինակ բան է եւ շատ տարօրինակ դաշինք… Ազրպէյճան աւելի ուժեղ է այս յաղթանակէն ետք` շնորհիւ Իսրայէլի ու Թուրքիոյ մերձեցման: Իրանցիները ճնշման տակ են: Դրացիներու միջեւ լաւ կապեր հաստատելու փոխարէն` Իրան հարցեր կը ստեղծէ ամբողջ աշխարհին համար»:
Հաղորդավարը շարունակեց. «Ղարաբաղի աւերուած շրջաններուն մէջ Պաքուի կառավարութիւնը կը փորձէ վերաբնակեցնել հազարաւոր գաղթականներ: Այդ իսկ պատճառով անոնք կը կառուցեն առաջին «խելացի քաղաք»-ները, որոնք տակաւին փորձնական նախագիծներ են: Հայաստանի դէմ պատերազմի պատճառով, գաղթականները կը տեղաւորուին ամբողջութեամբ աւերուած տարածքներու մէջ: Հարցերէն մէկը սահմանամերձ տարածքներու ամբողջութեամբ ականապատուած ըլլալն է: Բանակի յատուկ ստորաբաժանումներ եւ քաղաքացիական ընկերութիւններ կը փորձեն հողը մաքրել ական-ծուղակներէ, բայց ասիկա անվերջանալի աշխատանք է…»:
Հաղորդավարը եզրակացուց. «Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ երկու զինուած հակամարտութիւններ գոյութիւն ունին փխրուն զինադադարի պայմաններու մէջ: Եւ կան մարդիկ, որոնք կ՛ըսեն` երկուքը չեն ըլլար առանց երրորդի: Բայց այս լարուած իրավիճակը աւելի կը բարդանայ Իրանի միջուկային մրցավազքով, որ աւելի քան երբեւէ մօտ է միջուկային ռումբ ստեղծելու համար բաւարար իւրանիոմ ունենալուն: Իրանի համար իր սահմանին իբրեւ Ազրպէյճանի դաշնակից իսրայէլեան գործակալներ ունենալը նման է դանակը կոկորդին դնելուն: Միւս կողմէ` հրէական պետութիւնը ամէն բան կ՛ընէ, որ այաթոլլաները չկատարեն իրենց բնաջնջման սպառնալիքները, բան մը, որ նման է երեք հոգիով պիլիարտ խաղալուն, եթէ ոչ աւելին»:
Վաւերագրական ժապաւէնը հոս վերջացաւ: Այնուհետեւ հաղորդավարը` իսրայէլցի լրագրող Հենրիքէ Ցիմերման, կենդանի հարցազրոյց տուաւ իսրայէլեան ալիքին: Ցիմերման ըսաւ. «Կը կարծեմ, որ Իսրայէլի եւ Ազրպէյճանի միջեւ այս հզօր դաշինքին պատճառը իսկապէս Իրանն է: Իրօք որ այս կարեւոր է: Այս ռազմավարական նշանակութիւն ունի երկու երկիրներու համար: Կը կարծեմ, որ (Ազրպէյճանի) դեսպանատան բացումը (Իսրայէլի մէջ) շատ երկար գործընթացի արդիւնք է: Այս նաեւ միջոց է Թեհրանին ըսելու` «Տղա՛ք, մենք նոր դաշնակից ունինք: Վերջին տարիներուն մենք նոր ընկեր ձեռք բերած ենք, բայց կ՛ուզենք երթալ մինչեւ վերջ…»: Եւ սա որոշ առումով պատգամ է իրանցիներուն, բայց նաեւ Իսրայէլի` ըսելու, որ անոնք աւելին կ՛ուզեն: Անոնք կը փափաքին աւելի շատ յարաբերութիւններ: Կը Կարծեմ` անոնք բարելաւած են իրենց ռազմավարական դիրքերը աշխարհի վրայ իրենց հատուածին մէջ, ինչ որ բաւական խնդրայարոյց է: Ես եղած եմ Ազրպէյճանի եւ Իրանի միջեւ 700 քիլոմեթրնոց սահմանին եւ շատ բան տեսած` իրանական կողմին մէջ: Եղած են վարժութիւններ եւ զօրավարժութիւններ, որոնց մասին ես խօսած եմ հաղորդման մէջ, ատոնք շատ սպառնալից են Ազրպէյճանի համար: Ուստի անոնք կը փափաքին Իսրայէլը ունենալ իբրեւ բարեկամ: Եւ ասիկա այն է, ինչ որ կը կատարուի հիմա»:
Հարցումին, թէ Ազրպէյճան արդեօք մտահո՞գ է «հզօր թշնամի Իրանի» մասին, Ցիմերման պատասխանեց. «Ի հարկէ, անոնք շատ մտահոգուած են: Եւ ես կը կարծեմ, որ նաեւ Հայաստանի դէմ վերջին 30 տարուան ընթացքին անոնց ունեցած այս երկու պատերազմները նպաստած են Իսրայէլի հետ ունեցած այս դաշինքին, որովհետեւ 30 տարի առաջ, երբ անոնք պատերազմած են, ռուսերը սատարած են հայերուն (13-րդ սուտը), եւ անոնք պարտուած են: Անոնք կորսնցուցած են իրենց տարածքի 20 տոկոսը (որ իրականութեան մէջ շատ աւելի քիչ էր, քան` 20 տոկոսը), ինչ որ անհաւատալի է, քանի որ անիկա նման է Լիբանանի 10 հազար քառակուսի քիլոմեթրնոց տարածքին` Իսրայէլի կէսին: Անոնք կորսնցուցին զայն, եւ կ՛ըսեն, որ մէկ միլիոն ազրպէյճանցի (մէկ միլիոնէն շատ քիչ էր) դարձաւ գաղթական: Այսպիսով, երկու տարի առաջ, ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմին, անոնք յաղթեցին իսրայէլեան արհեստագիտութեան շնորհիւ: Կը Կարծեմ` իսրայէլեան ռազմական սարքը օգնեց անոնց յաղթելու իրենց թշնամիներուն, տուեալ պարագային` Հայաստանի: Բայց անոնք ունին նաեւ իրանական սպառնալիքը: Այսպիսով, անոնք պատգամ յղեցին Իրանի` ըսելով. «Հիմա մենք ունինք նոր արհեստագիտութիւն, ունինք Իսրայէլ»: Ազրպէյճանի նախագահը նոյնիսկ իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարքով լուսանկար տեղադրած է: Որոշ առումով այս հոգեբանական պատերազմ է, որ ցոյց կու տայ, թէ այս դաշինքը իսկապէս խոր եւ կարեւոր է: Անոնք վճռական են Իսրայէլի հետ իրենց յարաբերութիւններուն մէջ»:
Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ
(Երկրորդ եւ վերջին մաս)
aztagdaily.com/archives/572573