ՊԷՏՔ ՉԷ ՆԵՐՔԱՇՈՒԻԼ ՀԱՄԱԹՈՒՐԱՆԱԿԱՆ ԹԵԼԱԴՐԱՆՔՆԵՐՈՒ ԾՈՒՂԱԿԻՆ ՄԷՋ – ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
25 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2023 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ: Ինչպէս նաեւ՝
– Գիշերը որքան էլ երկարի, առաւոտը գալու է: – lousavor-avedis.org
ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
«Հայրենիք»
Փետրուար 6-ի առաւօտեան կանուխ ժամերուն պատմական Կիլիկիոյ շրջանները, պատմական Հայոց Միջագետքը եւ ներկայիս Սուրիոյ հիւսիսային շրջանները պատուհասած իրերայաջորդ երկրաշարժերը եւ անոնց յաջորդած յետցնցումները անկասկած պիտի յիշուին իբրեւ ժամանակակից Թուրքիոյ եւ ժամանակակից Սուրիոյ պատմութեան վերջին աւելի քան հարիւրամեակի ամէնէն աղէտալի բնական աղէտները, որոնց ազդեցութիւնը չսահմանափակուեցաւ այս երկու երկիրներով, այլ ընդգրկեց նաեւ շրջակայ երկիրները: Այս բնական աղէտին հետեւանքները տակաւին երկար ժամանակ իրենք զիրենք զգացնել պիտի տան, եւ թերեւս ալ մօտակայ ժամանակաշրջանին կարելի չըլլայ ամբողջականօրէն վերացնել զանոնք:
Բնական էր մարդկայնականութեան այն զգացողութիւնը, որ աշխարհի մէջ յառաջացաւ երկրաշարժերէն անմիջապէս ետք: Շատ երկիրներ պետական մակարդակով, ուրիշներ նաեւ հասարակական մակարդակով փրկարար խմբակներ եւ տարբեր տեսակի օժանդակութիւններ ուղարկեցին աղէտահար երկու երկիրներուն: Բայց օգնութեան ձեռք երկարելու, մարդկայնականութեան դրսեւորման իմաստով ալ դժբախտաբար քաղաքական խտրական մօտեցում տիրեց: Այս մօտեցումը մեծապէս պայմանաւորուած էր Սուրիոյ դէմ կիրարկուող ամերիկեան պատժամիջոցներով, որոնք ուղղակի արգելք կը հանդիսանային կարգ մը մարդասիրական բեռներու Սուրիա չհասնելուն: Յատկանշական է այս ծիրին մէջ, որ իտալական մարդասիրական օժանդակութիւն փոխադրող օդանաւ մը էջք կատարեց Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ, եւ հոնկէ ցամաքային ճամբով բեռները հասցուեցան Սուրիոյ հիւսիսային աղէտի գօտի: Աղէտէն քանի մը օր ետք էր միայն, որ ամերիկեան վարչակազմի ներկայացուցիչները յայտարարեցին, որ Սուրիոյ դէմ կիրարկուող «Սիզըր» պատժամիջոցներու օրէնքը չի վերաբերիր մարդասիրական օգնութիւններուն:
Այս բոլորին մէջ բարացուցական էր հայկական պետական, աւելի ճիշդ՝ իշխանական արձագանգը աղէտին: Հայաստան պատրաստակամութիւն յայտնեց փրկարարական-որոնողական ջոկատներ եւ օժանդակութիւն ղրկելու Թուրքիա եւ Սուրիա: Անմիջապէս Սուրիա ուղարկուեցաւ 27 հոգիէ բաղկացած փրկարարական ջոկատ, իսկ օդային ճամբով Հալէպի օդակայան էջք կատարեց 30 թոն կշռող մարդասիրական օգնութիւն, ինչ որ լաւ նախաձեռնութիւն մըն էր բարեկամ երկրի եւ ժողովուրդի նկատմամբ:
Բայց բաւական մեծ հարցականներ կը ստեղծէ Թուրքիա օժանդակութիւն հասցնելու ձեւը: Նայեցէք, խօսքը երբեք չի վերաբերիր Թուրքիոյ կամ թուրքերու նկատմամբ կարեկցանքին, այսպիսի պարագաներու մէջ մարդասիրութեան հարցին: Վերջ ի վերջոյ աղէտը աղէտ է, բոլոր մարդիկը կը հարուածէ՝ անկախ իրենց գոյնէն, ազգային պատկանելիութենէն կամ սեռէն: Այստեղ կ՛արժէ նաեւ նշել, որ բնական այս աղէտին ընթացքին ամէնէն շատ հայ եւ հայազգի անձ զոհուեցաւ պատմական Կիլիկիոյ շրջաններուն, Մալաթիոյ, Տիգրանակերտի մէջ, թիւով շուրջ 15 հոգի: Ասկէ առաջ ժամանակակից Թուրքիոյ տարածքին մէջ 1999-ին նորէն զօրաւոր երկրաշարժ մը արձանագրուած է, այն ժամանակ ալ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ուղարկած է փրկարար ջոկատ եւ օժանդակութիւն…
Ուրեմն հարցը այն չէ, որ մարդասիրութիւն, կարեկցանք պէ՞տք է ցուցաբերել կամ ոչ: Մեզի՝ հայկական կողմին համար հարցը նախ եւ առաջ քաղաքական բնոյթ ունի, եւ իրադարձութիւններու ընթացքն ալ փաստեց անոնց քաղաքական ուղղուածութիւնը: Յստակ էր, որ հայկական պաշտօնական կողմը շտապողականութիւն մը ունէր առաւելներ ձեռք ձգելու իր յառաջ մղած այսպէս կոչուած հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին մէջ: Ուղարկուեցաւ 29 հոգինոց որոնողական-փրկարարական ջոկատ մը, որուն գործունէութեան կեդրոն ընտրուեցաւ Ատըեաման քաղաքը: Բայց անակնկալը այն էր, որ մարդասիրական օժանդակութիւնը՝ հինգ մեծ «Սփայքա» բեռնատարերով շուրջ 100 թոն բեռ ուղարկուեցաւ ցամաքի միջոցով, նոյնինքն թուրքերուն կողմէ 30 տարի առաջ փակուած սահմանային Մարգարայի կամուրջէն: Փետրուար 15-ին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան աննախընթաց այցելութիւն մը տուաւ Անգարա, ուր հանդիպում ունեցաւ իր թուրք պաշտօնակիցին՝ Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ: Այդ հանդիպումէն անմիջապէս ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ալ յայտնի դարձաւ, որ սկզբնական այդ շուրջ 100 թոնէն զատ մարդասիրական օժանդակութիւններու ուրիշ քանակ մըն ալ ճամբան է: Չենք գիտեր, եթէ միտումնաւոր կերպով կատարուած էր կամ ոչ, բայց հայկական մարդասիրական օժանդակութիւն տեղափոխող բոլոր փոխադրակառքերն ալ անցան ներկայիս Թուրքիոյ մէջ գտնուող Իգտիր քաղաքէն, ուր կանգնեցուած է Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին այսպէս կոչուած՝ հայերու կողմէ սպանդի ենթարկուած թուրքերու յիշատակին նուիրուած յուշարձանը: Կան լուսանկարներ, որոնք կը պատկերեն հայկական փոխադրատարերուն անցնիլը ճիշդ այդ յուշարձանի առջեւէն: Հայկական կողմը քաղաքականապէս նուաստացնելու ցայտուն երեւոյթ…
Շատ լաւ՝ մարդասիրութիւն, կարեկցանք եւ այլն: Գուցէ եթէ զուտ մարդկայնական մտածողութեամբ առաջնորդուէինք, մենք ալ հաւանաբար, եթէ կարողութիւնը ունենայինք, նոյնը կ՛ընէինք: Բայց այստեղ ուրիշ հարցական մը կը ցցուի: Միւս կողմէ ունինք մեր 120000 հայրենակիցները, քոյրերը եւ եղբայրները, որոնք շուրջ 75 օրէ ի վեր կատարեալ շրջափակման մէջ կը մնան Արցախի մէջ, խումբ մը այսպէս կոչուած ատրպէյճանցի «բնապահպան»-ներու կողմէ: Տակաւին մինչեւ այս յօդուածը վերջնական տեսքի բերելու պահը ո՛չ Լա Հէյի Արդարադատութեան միջազգային ատեանին արձակած վճիռը, ո՛չ ալ Պաքուի բռնապետին պահանջը կատարելու փութկոտութեամբ Արցախի պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի պաշտօնանկ ըլլալը օգնեցին, որ Կեանքի ճամբան՝ Բերձորի միջանցքը երկու ուղղութիւններով անխափան վերաբացուի:
Եւ այնպիսի պահու մը, երբ պետական մակարդակի վրայ գործնական գրեթէ ոչ մէկ ճիգ կը թափուի շրջափակուած արցախահայութեան դժուարութիւնները թեթեւցնելու, բացի դիւանագիտական եւ իրաւական մակարդակներու վրայ թափուած ճիգերէն, որոնց արդիւնաւէտութիւնը բաւական հարցական կը թուի ըլլալ, ինչպէ՞ս ընդունիլ այսքան մեծ մարդասիրական օժանդակութեան առաքումը Թուրքիա: Պատրանքի մէջ կ՛ապրին Հայաստանի իշխանութիւնները, եթէ կը կարծեն, որ այս ձեւով թուրքին աչքը մտնելով վերջինս անմիջապէս յարաբերութիւնները պիտի կարգաւորէ Հայաստանի հետ առանց որեւէ նախապայմանի: Արդէն Միրզոյեան- Չաւուշօղլու հանդիպման ընթացքին թուրք արտաքին գործոց նախարարը ակնարկութիւն ըրաւ թրքական ամէնէն հռչակաւոր նախապայմանին՝ Հայաստան-Թուրքիա հոլովոյթը կապելով Հայաստան-Ատրպէյճան հոլովոյթին՝ հետեւեալ ձեւով. «Հարաւային Կովկասի մէջ կը շարունակուի յարաբերութիւններու բնականոնացման հոլովոյթը: Համոզուած ենք, որ այս օրերուն տեղի ունեցած համագործակցութիւնը պիտի նպաստէ այս հոլովոյթին: Հայաստանի, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ բնականոնացման հոլովոյթները, կը կարծեմ, պիտի նպաստեն մեր շրջանին մէջ կայունութեան եւ բարօրութեան հաստատման: Մեր երեք երկիրները իրենց անկեղծ քայլերով կրնան յարատեւ կայունութիւն բերել կովկասեան շրջանին մէջ»:
Հայաստանի իշխանութիւնները շատ վտանգաւոր տեղ կը տանին ամբողջ երկիրը եւ ժողովուրդը իրենց այս շտապողականութեամբ: Երանի քիչ մը աւելի համբերատար ըլլային: Քանի մը ամիսէն Թուրքիոյ նախագահական եւ խորհրդարանական՝ ընդհանուր ընտրութիւնները կան, զորս յետաձգելու ոչ մէկ նախանշան կայ ցարդ: Չենք գիտեր, թերեւս Էրտողանը, իր կուսակցութիւնը եւ դաշնակիցները չյաջողին մեծամասնութիւն կազմել, այդ պարագային ի՞նչ պիտի ըլլայ Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ յառաջ մղուած այս հոլովոյթին ճակատագիրը: Եթէ հայկական իշխանութիւններուն կողմէ շտապողականութիւն կայ, դիմացէն կայ նաեւ Թուրքիա-Ատրպէյճան դաշինքին կողմէ շտապողականութիւն՝ ետեւ-ետեւի հայկական կողմին պայմաններ եւ թելադրանքներ պարտադրելու առումով, սկսելով Ռուբէն Վարդանեանի պաշտօնազրկումէն մինչեւ Բերձորի միջանցքին վրայ ինչ որ ատրպէյճանական հսկողական անցակէտի տեղակայումը, մինչեւ ի վերջոյ Սիւնիքէն թուրանական միջանցքի ձեռքբերումը: Եւ զգոյշ, զգո՛յշ շտապողականութեան եւ առանց հաշուարկի քայլերու դիմելու պատճառով թուրանական այս թելադրանքները կատարելու ծուղակին մէջ մխրճուելէ:
hairenikweekly.com/պէտք-չէ-ներքաշուիլ-համաթուրանական-թե/