ԱՐՑԱԽԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՍ ԴԺՈՒԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՆ ԱԼ ՊԻՏԻ ՅԱՂԹԱՀԱՐԷ – ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
11 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2023 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ: Ինչպէս նաեւ՝
ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
«Հայրենիք»
Պիտի ըլլայ շուրջ մէկ ամիս, որ Արցախը Հայաստանին եւ հետեւաբար ամբողջ աշխարհին կապող Գորիս-Ստեփանակերտ Կեանքի ճամբան փակուած է: Կեանքի ճամբան փակ կը մնայ Պաքուի բռնատիրական վարչակարգին ուղղակի կազմակերպումով, բայց այս անգամ իբրեւ գործիք օգտագործելով այսպէս կոչուած «բնապահպաններ», որոնք պետական դրդումով շարժեցան ամբողջութեամբ շինծու բնապահպանական պատրուակով: Արցախի Հանրապետութեան Մարտակերտի շրջանի Դրմբոն եւ Կաշէն բնակավայրերուն մէջ կան հանքեր: Ատրպէյճան կը պնդէ, որ հայերը այդ հանքերը ապօրինի կը շահագործեն, եւ այդ շահագործումը բնութեան մեծ վնաս կը պատճառէ: Բայց առանց ատոր ալ Ատրպէյճանը Կեանքի ճամբուն նոր երթուղիին հաստատումէն ի վեր առիթ չփախցուց երբեք, որ հարցականի տակ առնէ այդ ճամբուն գործածութեան ձեւը հայկական կողմէն, միշտ հայկական կողմը ամբաստանուեցաւ այդ ճամբով դէպի Արցախ սպառազինութիւն եւ անձնակազմ փոխադրելու յանցանքով եւ պահանջուեցաւ, որ անոր վրայ հաստատուի ատրպէյճանական հսկողութիւն, ինչ որ կը նշանակէ խախտում Բերձորի միջանցքի գործառոյթներուն վերաբերեալ Նոյեմբեր 9, 2020-ի յանձնուողական յայտարարութեան տրամադրութիւններուն, որոնք միջանցքին մէջ հսկողութեան եւ ապահովութեան պատասխանատուութիւնը կը վերապահեն միայն ու միայն Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահ զօրախումբին:
Խաղը ամբողջական առումով բացայայտ է: Նախ Ատրպէյճանի մէջ «բնապահպան» եւ «բնապահպանութիւն» բառերը արգիլուած հասկացութիւններ են: Պաքուի բռնապետական վարչակարգին ներքեւ ով որ կը յանդգնի բնապահպանական հարց մը բարձրացնել, ճակատագիրը ուղղակի ձերբակալութիւնն ու բանտարկութիւնը կ՛ըլլայ: Ուստի սկիզբէն ալ յստակ էր, որ այս այսպէս կոչուած «բնապահպաններ»-ուն ուղղորդած են ատրպէյճանական յատուկ ծառայութիւնները: Մինչեւ իսկ անոնց շարքերուն մէջ կան այդ ծառայութիւններու աշխատակիցներ: Իսկ ճամբան փակելու գործողութեան մասնակիցներուն դէմքերը, պահուածքը, գործածած բառամթերքը երբեք ցոյց չեն տար, որ անոնք բնապահպաններ են, այլ կը քողազերծեն անոնք ծայրայեղ աջակողմեան համաթուրանական դիմագիծը եւ էութիւնը:
2020 թուականի աղէտալի պատերազմէն ետք Արցախի Հանրապետութեան մնացորդացին ամբողջութեամբ կտրուիլը աշխարհէն կը սպառնայ մարդասիրական ճգնաժամով: Արցախի մնացորդացին մէջ, որուն անվտանգութեան հիմնական երաշխաւորը ներկայիս Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահ զօրախումբն է, ներկայիս կ՛ապրի շուրջ 120000 մարդ, որոնցմէ 30000-ը երեխաներ են: Կան հիւանդութեան ծանր պարագաներ, որոնց բուժումը կ՛ենթադրէ անոնց տեղափոխումը Երեւանի համապատասխան բժշկական կեդրոններ: Տեղափոխումի եւ փոխադրութեան դժուարութեան պատճառով ալ նոյնիսկ արձանագրուեցաւ մահուան պարագայ: Այո՛, Կարմիր խաչի միջազգային կազմակերպութեան միջնորդութեան եւ հիւանդատարներով մինչեւ հիմա Երեւան փոխադրուած են 25 ծանր հիւանդ պարագաներ, իսկ ռուսական խաղաղապահ զօրախումբին ջանքերով Արցախի Հանրապետութիւն մուտք կը գործեն մարդասիրական օժանդակութիւններ՝ սննդամթերքի եւ վառելանիւթի տեսքով, բայց անոնք բաւարար չեն ձմրան ցուրտի ներկայ ծանր պայմաններուն մէջ բնակչութեան տարրական պէտքերը հոգալու, անոր համար ալ Արցախի կառավարութիւնը եւ գործադիր շտապը՝ պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի գլխաւորութեամբ, իրերայաջորդ որոշումներ տուին ներկայ արտակարգ պայմաններուն մէջ հոսանքի եւ առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներու սպառումին առումով խնայողութեան դիմելու վերաբերեալ:
Մ․Ա․Կ․-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ քննարկում կատարուեցաւ Գորիս-Ստեփանակերտ Կեանքի ճամբուն փակման մասին, խորհուրդին մաս կազմող երկիրներու ելոյթ ունեցած ներկայացուցիչները մտահոգութիւն արտայայտեցին այս առնչութեամբ, Ատրպէյճանը դատապարտող հասցէական յայտարարութիւններ կատարեցին…Մեծ պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարութիւնները եւ անոնց ներկայացուցիչները խոր մտահոգութիւն արտայայտեցին եղածին գծով…Միջազգային կազմակերպութիւններ կոչ ուղղեցին անյապաղ վերաբանալու Կեանքի ճամբան…Մինչեւ իսկ Արցախի Հանրապետութեան կառավարութիւնը որոշեց ժամանակաւորապէս դադրեցնել Կաշէնի հանքավայրին շահագործումը եւ այդ հանքավայրը՝ բնութեան պատճառած հաւանական վնասը ուսումնասիրելու վերաբերեալ միջազգային քննութեան դիմել: Այս բոլորը, առաւել ռուսական խաղաղապահ զօրախումբին վարած բանակցութիւնները որեւէ արդիւնք չտուին շուրջ մէկ ամիսէ ի վեր, եւ Արցախի ամբողջական շրջափակումը հետզհետէ աւելի կը զօրանայ՝ ծանր կացութեան մատնելով արցախահայութիւնը եւ երկարաձգելով Արցախ վերադառնալ չկարողացող հայրենակիցներուն կարօտն ու տանջանքը:
Ուրեմն ո՛չ կոչերը, ո՛չ յայտարարութիւնները, ո՛չ միջազգային մակարդակի վրայ արտայայտուած մտահոգութիւնն ու դատապարտումը կրցան եւ թերեւս ալ պիտի կարենան վերաբանալ Կեանքի ճամբան: Արցախահայութիւնը հիմա համայն հայութեան փոխարէն եւ անոր անունով գոյութեան իւրայատուկ պայքարը մղելու պարտադրանքին տակ է, եւ կասկած չկայ, որ ինչպէս Արցախեան ազատագրական պայքարի նախկին փուլերուն, հիմա ալ արցախահայութիւնը պատուով պիտի յաղթահարէ ներկայ դժուարին փուլը: Կը մնայ միայն, որ հայութիւնը, ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի, առանձին չձգէ Արցախի իր քոյրերն ու եղբայրները, եւ ինչպէս նախկին փուլերուն, այս անգամ ալ, օգտագործելով քաղաքական աշխատանքի եւ ճնշումի բոլոր միջոցները, թիկունք կանգնի անոնց:
Ատրպէյճանի բռնատիրական վարչակարգը ամէն միջոցի կը դիմէ լռեցնելու համար արցախահայութեան պայքարը: Բայց այդ պայքարը արդար պայքար է: Այդ պայքարը ինքնորոշման իրաւունքին համար պայքար է: Այդ պայքարը Հարաւային Կովկասի մէջ քրիստոնէական իւրայատուկ քաղաքակրթութեան գոյատեւման համար պայքար է: Եւ այնքան ատեն որ մեր պայքարը արդար է, որեւէ բռնատէր եւ անոր դիզած նաւթատոլարները չեն կրնար լռեցնել զայն…
hairenikweekly.com/արցախահայութիւնը-այս-դժուարութիւննե/