ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – Բարի Լոյս – Դաշնակցութիւնը Պառակտելու Սադրանքները – ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Culture-Monastère de Gandzak

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – Բարի Լոյս – Դաշնակցութիւնը Պառակտելու Սադրանքները – ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

25 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2023 – ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ««ՆԱԽՈՐԴ ԲԱՐԻ ԼՈՅՍԸ»

– Գիշերը որքան էլ երկարի, առաւոտը գալու է: – lousavor-avedis.org

 

Ցաւալի եւ հեգնական փաստ է, որ վերջին տարիներուն Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Ամերիկայի կենսունակ կազմակերպութիւնը երկփեղկելու տխուր նախաձեռնութեան լծուած է Հ.Յ.Դ. ԲԻՒՐՕ անունով եւ պաշտօնական հանգամանքով գործող Դաշնակցութեան բարձրագոյն մարմինը:

Նազարեթ Պէրպէրեան

ԲԱՐԻ ԼՈՅՍ

Ի՞ՆՉ ՆՊԱՏԱԿ ԿԸ ՀԵՏԱՊՆԴԵՆ ԵՒ ՈՐՈ՞Ւ ՊԱՏՈՒԷՐԸ ԿԸ ԳՈՐԾԱԴՐԵՆ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՄԷՋ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԵՐԿԱՏԵԼՈՒ ՈՒ ԿԱԶՄԱՔԱՆԴԵԼՈՒ ՃԻԳԵՐԸ…

Ն. Պէրպէրեան

Բարի լոյս մեր ժողովուրդի ազգային մարտունակութեան ողնաշարը ամրապինդ պահելու գօտեմարտին զինուորագրուած գաղափարի բոլոր մարտիկներուն, որոնք զօրակցութիւն կը յայտնեն Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Ամերիկայի առոյգ կազմակերպութեան՝ Հայ Դատի պայքարին մերօրեայ միջնաբերդը ամէն կարգի ոտնձգութեանց, յատկապէս «բիւրոյական» պիտակով հրապարակ նետուած պատեհապաշտներու մոլուցքին դէմ պաշտպանելու զօրաշարժով:

Բարի լոյս Դաշնակցութեան գաղափարական՝ ազգային-քաղաքական ամբողջական ազատագրումի, կազմակերպական ապակեդրոնացումի եւ գերագոյն զոհաբերութեան բարոյական աւանդներու հնոցին մէջ թրծուած մեր բոլոր հաւատաւոր ընկերներուն, որոնք այսօր կը ձայնակցին Արեւմտեան Ամերիկայէն հնչող դաշնակցական ինքնապահպանման ու ինքնամաքրման համադաշնակցական կոչին՝ ընդդէմ դուրսէն թէ ներսէն Դաշնակցական Ինքնութեան սպառնացող այլասերման վտանգներուն, խաթարման սադրանքներուն:

Ցաւալի եւ հեգնական փաստ է, որ վերջին տարիներուն Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Ամերիկայի կենսունակ կազմակերպութիւնը երկփեղկելու տխուր նախաձեռնութեան լծուած է Հ.Յ.Դ. ԲԻՒՐՕ անունով եւ պաշտօնական հանգամանքով գործող Դաշնակցութեան բարձրագոյն մարմինը:

Իսկ Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Ամերիկայի կազմակերպական շրջանը, հակառակ իր ընտրած մարմիններու հասցէին հնչած «բիւրոյական» ամէն կարգի բանադրանքներուն, հաստատակամօրէն թեւ ու թիկունք կը կանգնի երիցս իր վստահութեան քուէին արժանացած «բանադրուած» Կոմիտէներուն եւ Կ. Կոմիտէին՝ համերաշխութեան հրաւիրելով նոյնինքն Հ.Յ.Դ. Բիւրոն:

Բայց ըստ երեւոյթին Հ.Յ.Դ. Բիւրոն այրած է ողջմտութեան եւ երկխօսութեան կամուրջները՝ ոգի ի բռին լծուելով Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Ամերիկայի կազմակերպութեան օրինականօրէն ընտրուած մարմինները Դաշնակցութենէն հեռացնելու եւ, փոխարէնը, իր նախասիրած կամ իրեն սպասարկող երկրորդ Կեդրոնական Կոմիտէութիւն մը առաջացնելու արշաւին…

Վիճակը ողբերգական է այն աստիճան, որ աւելի քան 110 տարուան կեանք ունեցող՝ դաշնակցական մամուլի վեթերաններէն շրջանի պաշտօնաթերթ «Ասպարէզ»ը «բիւրոյական» հրահանգով դուրս դրուած է – անշուշտ սոսկ թուղթի վրայ – դաշնակցական մամուլի ընտանիքէն…

Աւելին. «բիւրոյական» կողմը հրապարակ նետած է ինչ որ «Օրակարգ» անունով իր… պաշտօնաթերթը:
Այս ամէնուն լոյսին տակ՝ հայ մարդոց մօտ բնականաբար կ’առաջանան հարցականներ, թէ Ի՞ՆՉ ՆՊԱՏԱԿ ԿԸ ՀԵՏԱՊՆԴԵՆ ԵՒ ՈՐՈ՞Ւ ՊԱՏՈՒԷՐԸ ԿԸ ԳՈՐԾԱԴՐԵՆ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՄԷՋ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԵՐԿԱՏԵԼՈՒ ԵՒ ԿԱԶՄԱՔԱՆԴԵԼՈՒ ՆՄԱՆՕՐԻՆԱԿ ՃԻԳԵՐԸ:

Ի վերջոյ Արեւմտեան Ամերկայի Հ.Յ.Դ. կազմակերպութիւնը երկատելու փորձերը միայն Դաշնակցութեան դէմ ուղղուած չեն.

Կը սպառնան ոչ միայն ամբողջ Արեւմտեան Ամերիկայի հայութեան ներքին համերաշխութեան ու կենսունակութեան, այլեւ՝ ծանր հարուածի տակ կը դնեն ողջ ՀԱՅԱՇԽԱՐՀի ցանուցրիւ մեր ժողովուրդը, որ հազարումէկ թելերով կապուած է ամերիկահայութեան հետ եւ բախտորոշ գրաւ դրած է անոր վրայ:

Մտահան պէտք չէ ընել, որ ազգային մեր արմատներու եւ արժէքներու պահպանման ու վերանորոգման ճակատին վրայ՝ բախտորոշ եւ ծանրագոյն պայքարը կը մղուի առաւելաբար արեւմտեան ափերու վրայ, ուր ազգերու եւ ժողովուրդներու ձուլման կաթսան բառացիօրէն կուլ կու տայ բոլորիս… իսկ արտաքին այդ վտանգը ՕՐՀԱՍԱԿԱՆ տարողութիւն կը ստանայ, երբ ներքին ցեցեր պատեհապաշտութեան անձնատուր կ’ըլլան ու – մեր աւանդները ոտնակոխելու գնով – աւերակներու վրայ թագաւորել կ’երազեն:

Նաեւ ու մանաւանդ պէտք չէ մոռնալ, որ Դաշնակցութեան մէջ ԱՄԷՆ ԲԱՆԷ ՎԵՐը Դաշնակցականին Գերագոյն Զոհաբերութիւնն է, որուն առջեւ կը խոնարհին, պէտք է խոնարհին մնացեալ բոլորը՝ կանոնագիր թէ օրէնքներ, մարմիններ թէ հանգամանքներ:

Իսկ Արեւմտեան Ամերիկայի դաշնակցական կազմակերպութիւնը միշտ ալ հաստատակամ կանգնած է ծառայութեան պատնէշին վրայ:

Հետեւաբար, Դաշնակցութեան ԱՄԷՆ ԲԱՆԷ ՎԵՐը հարուածելու կը ծառայեն Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Ամերիկայի ամրապինդ ՄԻՋՆԱԲԵՐԴը երկատելու կամայականութիւնները, մանաւանդ երբ կը կատարուին Հ.Յ.Դ. բարձրագոյն մարմնի անունով եւ հարուածի տակ կը դնեն վարկն ու հեղինակութիւնը հանուր Դաշնակցութեան:

Վերջին հաշուով հայ ժողովուրդի ազգային կազմակերպ հզօրանքին դէմ են ուղղուած ընդհանրապէս Դաշնակցութիւնը ներքնապէս պառակտելու եւ կազմակերպականօրէն ջլատելու սադրանքները:

Սադրանքները՝ Հայաստանի եւ հայութեան թշնամիներուն:

mer-oughin.am/2023/02/24/դաշնակցութիւնը-պառակտելու-սադրանքնե/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail