ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – Անդրանիկ (Օզանեան, 1866-1927) Ամենայն հայոց քաջարի ՖԵՏԱՅԻն՝ անպարտելի ԶՕՐԱՎԱՐը

ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – Անդրանիկ (Օզանեան, 1866-1927)

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – Անդրանիկ (Օզանեան, 1866-1927) Ամենայն հայոց քաջարի ՖԵՏԱՅԻն՝ անպարտելի ԶՕՐԱՎԱՐը

Ամենայն Հայոց ՀԵՐՈՍը, մեր ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԱՐՏՈՒՆԱԿՈՒԹԵԱՆ խորհրդանիշը ԱՆԴՐԱՆԻԿ (1865-1927)

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

Իբրեւ արծիւ սաւառնում ես լեռ ու ժայռ,
Թնդացնում ես երկինք-գետին տենչավառ,
Սուրբ անունդ պիտի յիշուի դարէդար,
Հսկայ լերինք քեզ ապաստան Անդրանիկ:

Մեր սերունդներու մտքին եւ սրտին մէջ այսպէ՛ս, ժողովրդական սիրուած երգի վերածուած Աշուղ Շերամի ա՛յս պատկերով կը ներկայանայ առինքնող դէմքը Անդրանիկի, որուն ծննդեան տարեդարձն է այսօր՝ Փետրուար 25ին։

1865ի այս օրը, Արեւմտահայաստանի Շապին Գարահիսար գիւղաքաղաքին մէջ, արհեստաւոր Թորոս Օզանեանի յարկին տակ, լոյս աշխարհ եկաւ Անդրանիկ անունով հայ մանուկ մը, որ ի վերուստ կոչուած էր դառնալու հայ ժողովուրդին մռայլ երկնակամարը լուսաւորող եւ ջերմացնող անմար աստղ մը։

Աւարտելով տեղւոյն «Մուշեղեան» վարժարանը՝ Անդրանիկ պատանի տարիքէն նետուեցաւ կեանքի ասպարէզ։ Արեւմտեան Հայաստանի հայութեան վիճակուած օրապահիկ ապահովելու դժուարին պայմաններուն բերմամբ, Անդրանիկ իր կարգին 1884ին պանդուխտ գնաց Պոլիս, ուր հիւսն աշխատող հայ երիտասարդին առջեւ բացուեցաւ ազգային-յեղափոխական տրամադրութիւններու ալեկոծման ու բորբոքման բուռն աշխարհ մը։

Ուժեղ մարմնով եւ առնական տեսքով Անդրանիկի համար արդէն ճշդուած էր իր կեանքի ուղին՝ հրաժարիլ անձնական կեանքէ եւ բոլոր ուժերով նուիրուիլ Երկրի բազմաչարչար հայութեան ազգային ազատագրութեան պայքարին։

Որքան ալ շատ գրուի ի ծնէ Մեծ Հայ դառնալու ճակատագրուած Անդրանիկի մասին, դարձեալ անբաւարար պիտի ըլլայ պարփակելու եւ սպառելու համար անոր Մեծագործութեան, Անհատականութեան եւ Մտածողութեան իւրայատուկ, առինքնող, այլեւ բարդ համադրութեան ամբողջական արժեւորումը։

Իր կենդանութեան արդէն առասպել դարձաւ Անդրանիկ։

Տակաւին դաշնակցական շարքային ֆետայի՝ Անդրանիկի քաջագործութեանց հռչակը տարածուեցաւ ողջ հայաշխարհով մէկ։

Յատկապէս իր խմբապետին՝ Աղբիւր Սերոբի դաւադրական գլխատումին վրէժը լուծելու իր յանդուգն քայլով (Գէորգ Չաւուշի եւ Սպաղանաց Մակարի հետ միասին), Քաջ Անդրանիկ արդարօրէն դարձաւ առանցքը բերնէ-բերան տարածուող ազգային-յեղափոխական մեր երգերուն։

Այդ պատճառով ալ, երբ յետադարձ հայեացքով կը փորձենք խտացնել Անդրանիկի տեղն ու դերը հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ, յատկապէս Հայաստանի ու հայութեան ազգային-պետական վերականգնումը նուաճելու մեծ պայքարին լուսարձակին տակ, Անդրանիկին արդարօրէն շնորհուած «խմբապետ»ի, «հայդուկապետ»ի, «Փաշա»յի, «հրամանատար»ի եւ «զօրավար»ի տիտղոսներէն վեր, յաղթահասակ կ’երեւայ «Դաշնակցական Մարտիկ»ի եւ «Ազգային Հերոս»ի անոր կրկնակի մեծութիւնը։

*
* *

Անդրանիկի առասպելական կերպարն ու Աւանդը կարելի չէ ամբողջական հաշուեկշռի արժանացնել, առանց հետեւողականօրէն լուսարձակի տակ պահելու այդ երկուքին՝ Դաշնակցական Ֆետայիի եւ Ազգային Հերոսի փոխ-ազդեցութեան ու փոխ-հարստացման կարմիր թելը, որ տիրական առանձնայատկութիւնը եղաւ անոր փոթորկայոյզ կեանքին։

Դաշնակցական Ֆետային մղում տուաւ Անդրանիկի խիզախ ու յանդուգն հերոսութեան եւ մարտունակութեան՝ յանուն Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի ազգային ազատագրութեան անոր վարած բոլոր մարտերու ընթացքին։

Իսկ Ազգային Հերոսի արժանաւորութեան եւ պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը ներշնչման մնայուն աղբիւրը դարձաւ դաշնակցական մարտական ղեկավարի իր կոչումին ծայրայեղ խստապահանջութեամբ փարելու Անդրանիկի վարքագծին, որուն հետեւանքով երկու անգամ ան քէնոտացաւ Դաշնակցութեան կազմակերպութեան հետ ու ինքնամեկուսացման դիմեց, բայց եւ օրհասական պահուն դարձեալ իր կուսակցութեան վերադարձաւ կազմակերպականօրէն ու անոր մարտական ղեկին տէր կանգնեցաւ։

Պատահական չէ ըսուած, հետեւաբար, որ Դաշնակցութենէն դուրս Անդրանիկ չունեցաւ ճառագայթող գործունէութիւն, ինչպէս որ առանց Անդրանիկի ցենզին ըստ արժանւոյն գնահատումին՝ կարելի չէ խորաչափել տարողութիւնը Դաշնակցութեան կատարած Գործին։

Այդ պատճառով ալ որքան թշուառական ու խղճալի են, այսօր, էլեկտրոնային հաղորդակցութեան կայքէջերուն վրայ «առօք-փառօք բազմած» մերօրեայ այն հեղինակները, որոնք իբր Անդրանիկի Աւանդին պահապան կը ներկայանան, բայց ըստ ամենայնի կ’արատաւորեն յիշատակը Մեծ Հայուն, երբ ամէն գնով անտեսումի կը փորձեն մատնել, աղաւաղումներով եւ չարափոխումներով, Դաշնակցութեան հետ Անդրանիկի անխզելի պորտակապը։

Մանաւանդ երբ, մօտաւոր անցեալի խորհրդային պատմաբաններու ներշնչումով, շարունակ կը փորձեն Դաշնակցութեան հակադրել Անդրանիկը։

Միայն Աւետիս Ահարոնեանի վկայութիւնը, «Անդրանիկ»ը անունով Հայկական Ազատամարտի Մեծ Արծիւին յետ-մահու նուիրուած գործով, բաւարար է, որպէսզի այլեւս մարդիկ ձեռք քաշեն հակադաշնակցական մաղձով առաջնորդուելու զուր, արդէն շատոնց սնանկացած այդօրինակ մօտեցումներէ եւ մտամարզանքներէ…

*
* *

Անդրանիկի մարտական գործունէութեան եւ հերոսական քայլերուն գլխաւոր հանգրուանները, իրենց սոսկ թուարկումով անգամ, անվիճելի կը դարձնեն գաղափարական պորտակապը Անդրանիկին եւ Դաշնակցութեան միջեւ։

Անդրանիկի հերոսապատումին փառահեղ օղակներն են՝ 1904ի Սասնոյ երկրորդ ապստամբութեան ղեկավարումը, 1907էն ետք Պուլկարիա հաստատուիլն ու Հ.Յ.Դ. Չորրորդ Ընդհանուր Ժողովի որոշումով ահաբեկչական-ցուցական խորհուրդի անդամ ընտրութիւնն ու Դաշնակցութեան Զինուորական վարժարանի կազմակերպման լծուիլը, 1912ին Պալքանեան պատերազմին հայկական ջոկատի հրամանատարի պատասխանատուութեամբ մասնակցութիւնը, 1914ին Կովկաս տեղափոխուիլն ու Հայ Կամաւորական Շարժման կազմակերպումը, իբրեւ Առաջին Կամաւորական գունդի հրամանատարի մղած հերոսական կռիւները եւ, ի վերջոյ, Հայաստանի անկախութիւնը կերտող հերոսամարտերուն յաղթական մասնակցութիւնն ու Հայաստանի Հանրապետութեան տարիներուն Զանգեզուրի պաշտպանութեան համար մղած կռիւները:

Արութեան եւ հերոսութեան այդ փայլատակումները իրաւամբ փառահեղ օղակները եղան այն մարտակերտ շղթային, որ Անդրանիկ անունը անքակտելիօրէն կապեց հայ ժողովուրդի պատմական ոգորումի այդ բախտորոշ հանգրուանը ղեկավարող Դաշնակցութեան հետ։

*
* *

Անուս էր Անդրանիկ, բայց Հայկական Ազատամարտի մեծ դպրոցէն անցաւ՝ արժանաւորապէ՛ս, խորաթափանց եւ շրջահայեաց։

Սկսելով 1907-1908ին գրուած ու «Դրօշակ»ի կողմէ հրատարակուած «Մարտական հրահանգներ» գրքոյկով, անցնելով Դաշնակցութեան Ընդհանուր Ժողովներուն թէ Հայոց Ազգային Խորհուրդի համագումարներուն թէ նիստերուն իր ունեցած ծրագրային ելոյթներէն եւ հասնելով իր ժամանակակիցներու վկայութեամբ մեզի հասած ազգային-քաղաքական ու գաղափարական կտակի պատառիկներուն, ամէնուր երեւան կու գայ Անդրանիկը բնորոշող Դաշնակցական Մարտիկի քաջագործութեան եւ Ազգային Հերոսի իրատեսութեան հանգանակը։

Իրատեսութիւն՝ որ թրքական վտանգին դէմ միշտ արթուն գտնուելու եւ զէն ի ձեռին պաշտպանուելու յորդորով կը յատկանշուի։

Իրատեսութիւն՝ որ ժամանակի եւրոպական մեծ տէրութեանց, յատկապէս Ռուսաստանի եւ Անգլիոյ հետ ռազմաքաղաքական դաշինքի անհրաժեշտութիւնը կը շեշտէ։

Մանաւա՛նդ իրատեսութիւն՝ որ համազգային պատասխանատուութեան եւ առաքելութեան կը ստորադասէ մնացեալ ամէն կարգի պատկանելութիւն, զգայնութիւն եւ առաջնահերթութիւն։

*
* *

Անդրանիկի մարտական սխրագործութեանց շարքին յիշատակելի է յատկապէս Դիլմանի ճակատամարտին անոր հերոսական մասնակցութիւնը, որ պատմական նշանակութեամբ դափնեպսակ կազմեց Անդրանիկ Զօրավարի զինուորական կեանքին մէջ՝ դաշնակցական ֆետային եւ հայոց ազգային հերոսը արժանացնելով ցարական բանակի սպայակոյտին բարձրագոյն գնահատանքին։

Բայց 1917ի Պոլշեւիկեան յեղափոխութեամբ սկսած ռուս-թրքական ռազմաճակատի ընդհանուր փլուզումը իր ծանրագոյն անդրադարձը ունեցաւ ինչպէս Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի, նոյնպէս եւ Անդրանիկի ազգանուէր գործունէութեան վրայ։

Յատկապէս Կարնոյ մէջ Անդրանիկի գունդին վիճակուած ռազմական ձախողութենէն եւ քաղաքի պարպումէն ետք, Անդրանիկ մատնուեցաւ ներքին անդոհանքի, որ շարունակուեցաւ մինչեւ իր մահը՝ հակասութիւններու, ինքնահաստատման եւ ինքնաժխտումի ծանր պահեր ստեղծելով աննման Անդրանիկի կեանքի վերջալոյսին։

Այդպէս, Անդրանիկ բնաւ չընդունեց Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակումը. Հայաստանի անկախ պետականութեան ստեղծումը «թուրքերու նուէրը» հռչակողներէն եղաւ. նոյնիսկ Երեւանի վրայ յարձակելու սպառնալիք ալ ըրաւ…

Բայց մինչեւ Հայաստանէն վերջնական հեռացումը, որ ի դէպ Դաշնակիցներու՝ անգլիական բանակի հրամանատարութեան ցուցմունքով կատարուեցաւ, Անդրանիկ իր կամաւորներով փութաց հոն, ուր թրքական վտանգ կար։ Զանգեզուրը, իբրեւ այդպիսին, հանդիսացաւ թրքական զօրքի դէմ հայոց պաշտպանութեան վերջին ռազմաճակատը Անդրանիկի երկարամեայ գործունէութեան ընթացքին։

*
* *

Արտասահման անցնելով՝ Անդրանիկ ամբողջապէս շրջապատուեցաւ Պօղոս Նուպար փաշայի գլխաւորած հայ ունեւոր եւ պահպանողական խաւին կողմէ։ Պօղոս Նուպար փաշայի կնքահայրութեամբ ամուսնացաւ ալ։

Այդ շրջանին էր, որ Անդրանիկ գրեց եւ խօսեցաւ Դաշնակցութեան դէմ, որ սակայն երբեք չհակադարձեց՝ հանդէս չեկաւ իր զաւկին դէմ, ընդհակառակն՝ միայն հասկացողութեամբ ու ներողամտութեամբ նայեցաւ անոր ներքին տուայտանքին, որովհետեւ հայ ժողովուրդի պատմութեան անողոք ճակատագրին հարազատ ու դառնագոյն ցոլացումն էր Անդրանիկի կեանքի վերջալոյսին վրայ իշխող այդ ամբողջ անդոհանքը։

Հազիւ 61 տարեկան էր Դաշնակցական Ֆետային, Հայոց Զօրավարն ու Ազգային Հերոսը, երբ 31 Օգոստոս 1927ին առյաւէտ փակեց իր աչքերը։

Ֆրեզնոյի ցուրտ հողէն իր աճիւնները փոխադրուեցան Փարիզ եւ ազգային մեծ շուքով ամփոփուեցան Փէրլաշէզի գերեզմանատունը։

Հակառակ հայրենիքի մէջ թաղուելու Անդրանիկի կտակին՝ ատենին Խորհրդային Հայաստանի իշխանութիւնները չուզեցին կատարել Անկրկնելի Հայուն կտակը եւ միայն 2000ին, վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութեան օրով, Անդրանիկ իր արժանի տեղն ու վերջնական հանգիստը գտաւ Եռաբլուրի մէջ։

Թշնամի փամփուշտը բնաւ չկրցաւ հասնիլ Անդրանիկին։ Հերոսաբար վերապրեցաւ ամէն կարգի ճակատումներէն։ Գործեց իբրեւ առասպել եւ յաւերժացաւ իր առասպելով՝ հայ ժողովուրդի նորահաս սերունդներուն կտակելով Դաշնակցական Մարտիկի եւ Ազգային Հերոսի անկորնչելի Աւանդը։

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail