ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ – Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Հայկական Կամաւորական Գումարտակներու Համալրում Եւ Էջմիածնի Գրաւումը Ռուսական Բանակին Կողմէ – ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
13 ԱՊՐԻԼ 2023 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ:
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
Ռուստամ Ռազա` Հեծելազօրային
Ջոկատի Հրամանատար
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Հայրենիքը ազատագրելու առաջադրանքով, վիրահայոց առաջնորդ Ներսէս արքեպիսկոպոս Աշտարակեցիի ղեկավարութեամբ 1827 մարտին սկսած էր կամաւորական շարժումը: Թիֆլիսի մէջ սկիզբը 240 կամաւորներ հաւաքուած էին: Կամաւորներուն թիւը արագօրէն բարձրացաւ եւ հասաւ վեց հարիւրի:
Կամաւորներ հաւաքագրելու համար մարդիկ գործուղուեցան տարբեր վայրեր:
Կամաւորական ջոկատներ կազմուեցան Գանձակի, Ղազախի, Շամշադինի եւ Լոռիի մէջ: Կամաւորական առանձին հեծելագունդ կազմեցին Արցախի հայերը:
Ներսէս արքեպիսկոպոս Աշտարակեցիի եղբայր Կարապետ կամաւորներ հաւաքագրելու համար Շամշադին ուղարկուեցաւ: Կարապետ իր ընտանիքով Աշտարակէն հեռացած էր Երեւանի Հիւսէյն Ղուլի խանի հետապնդումներէն խուսափելու համար:
Ներսէս արքեպիսկոպոս Աշտարակեցիի հակապարսկական գործունէութեամբ պայմանաւորուած` Աշտարակ գիւղը խանական դաժան խստութիւններու ենթարկուած էր:
Կարապետի Աշտարակէն հեռանալուն լուրը առնելէն ետք Հիւսէյն Ղուլի խան հրամայեց տեղահանել աշտարակեցիները: Տեղահանութեան պատճառով աշտարակեցիք անօթութեան մատնուեցան. տարածուեցան համաճարակներ: Ծայր առին դժգոհութիւններ եւ մայրեր սկսան մեղադրել Ներսէս արքեպիսկոպոս Աշտարակեցին: Սակայն խոհեմ մարդիկ բացատրեցին պայքարի անհրաժեշտութիւնը:
* * *
Ներսէս արքեպիսկոպոս Աշտարակեցի նամակագրական կապ կը պահէր Երեւանի հայ ղեկավարներուն հետ եւ անոնցմէ տեղեկութիւններ ու խորհուրդներ կը հարցնէր:
Երեւանի քալանթար (քաղաքապետ) Բարսեղ Ներսէս արքեպիսկոպոսին գրեց, որ համոզէ ռուսերը հրաժարիլ ամրան եղանակին Երեւանի վրայ արշաւելէ, որովհետեւ պարսիկները կրնան քշել հեռացնել ժողովուրդը եւ ասիկա շատ ծանր կ՛ըլլայ հայերուն համար, որոնք ամբողջութեամբ կը գերեվարուին: Ամէնէն լաւը այն կ՛ըլլայ, որ ռուսական բանակը իր յառաջխաղացքը սկսի Ղարաբաղէն ուղիղ դէպի Նախիջեւան: Նախիջեւանէն գլխաւոր ուժերը կարելի է ուղարկել Թաւրիզի վրայ, իսկ զօրագունդ մըն ալ` Երեւանի վրայ:
Քալանթար Բարսեղ կ՛աւելցնէր ըսելով որ եթէ այս ծրագիրով անհնար ըլլայ գործել, նախընտրելի է որ ռուսերը Երեւանի վրայ արշաւեն սեպտեմբեր 20¬էն ետք, երբ արտերէն ու այգիներէն բերքահաւաքը աւարտած կ՛ըլլայ:
Կովկասի կառավարչապետ եւ հրամանատար զօրավար իվան Պասկեւիչ ինք եւս յարմար նկատած էր արշաւանքը սկսիլ Ղարաբաղէն: Բայց Ղարաբաղի մէջ բանակի պարենաւորման համար որեւէ պատրաստութիւն չէր տեսնուած:
* * *
Պարսկական բանակի հրամանատարութիւնը հետախոյզներու միջոցով տեղեկութիւն ստացած էր ռուսական բանակի նախապատրաստութիւններու մասին:
Ֆաթհ Ալի շահ եւ գահաժառանգ Աբաս Միրզա անգլիացիներու օգնութեամբ արագօրէն վերակազմեցին ու վերաշինեցին իրենց բանակները եւ պատրաստուեցան դիմագրաւելու ռուսական արշաւանքը:
Երեւանի Հիւսէյն Ղուլի խան իր կարգին տենդագին պատրաստութեան մէջ էր: Հայերը ռուսերու դաշնակիցներ նկատելով, ան սաստկացուց հալածանքներն ու բռնութիւնները: Շատ մը հայեր ձերբակալուեցան եւ Երեւանի բերդին մէջ արգելափակուեցան եւ ոմանք ալ Պարսկաստան քշուեցան:
Հիւսէյն Ղուլի խան Երեւանի եւ Սարդարապատի բերդերը ամրացուց, անոնց կայազօրները Պարսկաստանէն ուղարկուած թարմ ուժերով համալրեց եւ զէնքի, զինամթերքի ու պարէնի մեծ պաշարներ կուտակեց:
Պարսիկներ փութով սկսան հայկական գիւղերը քանդել, ամբարները ոչնչացնել եւ գարնանացանը արգիլել:
Պարսիկ զինուորներ Էջմիածնի մայրավանք մտնելով ամբարանոցները դատարկեցին եւ միաբաններուն մէկ մասը Երեւանի բերդը փոխադրեցին:
* * *
Զօրավար Կոնստանդին Բենկենդորֆի հրամանատարութեան տակ գործող ռուսական բանակի զօրագունդ մը` 3200 հետեւակ եւ 1200 հեծեալ զինուոր եւ 16 դաշտային թնդանօթ, որուն միացած էր Ներսէս արքեպիսկոպոս Աշտարակեցի` իր կամաւորներով, 7 ապրիլ 1827-ին Ջալալօղլիէն (ներկայ Ստեփանաւան) ճամբայ ելաւ եւ Փամբակի ու Ապարանի վրայով յառաջանալով ապրիլ 9-ին հասաւ պարսկական սահմանը:
Զօրավար Բենկենդորֆ, որ պալթեան գերմանացի էր եւ նափոլէոնեան պատերազմներուն ժամանակ շարք մը ճակատամարտերու մասնակցած եւ իր քաջագործութիւններով անուանի դարձած էր, նպատակ դրած էր արագ ու վճռական հարուածով մը գրաւել Էջմիածինը եւ շարժիլ դէպի Երեւան:
Հազիւ Ջալալօղլիէն ճամբայ ելած, Ներսէս արքեպիսկոպոս Աշտարակեցի իր կամաւորներէն Յովհաննէս Ասլանեանց Բիւրականցին փութով Էջմիածին ուղարկեց, թելադրելով միաբանութեան աւետել ռուսական բանակի մօտալուտ գալուստը եւ միաժամանակ յանձնարարել պատրաստութիւն տեսնելու:
Բայց պարսկական սահմանը անցնելէն ետք Յովհաննէս Ասլանեանց բռնուեցաւ պարսիկ զինուորներու կողմէ: Պարսիկներ, կասկածելով որ ան ռուսական դիրքերէն անցած է, սկսան չարչարել ու խոշտանգել զայն, որպէսզի խոստովանի եւ գաղտնիք յայտնէ: Յովհաննէս տոկաց եւ մերժեց որեւէ տեղեկութիւն տալ: Պարսիկներ անոր քիթը կտրեցին, մէկ աչքը հանեցին եւ լեզուն ալ կտրեցին, եւ կիսամեռ վիճակի մէջ դաշտին մէջ ձգեցին:
Յովհաննէս յետոյ ուշքի եկաւ եւ այդ վիճակով Էջմիածին հասնելով հասկցուց, որ ռուսեր, հայեր եւ Ներսէս արքեպիսկոպոս վաղը միւս օր կը հասնին:
Յովհաննէս Ասլանեանց յետոյ ոսկի շքադրամով եւ տարեկան հարիւր ռուբլի թոշակով վարձատրուեցաւ եւ անունը ռուսական տարեգրութեան մէջ անցաւ:
* * *
Վաղարշապատի մէջ կեդրոնացած պարսկական փոքրաթիւ կայազօրը, ռուսական զօրքի յառաջխաղացքի պայմաններուն տակ, հեռացաւ շրջանէն:
Զօրավար Բենկենդորֆի զօրագունդը եւ հայ կամաւորները` Ներսէս արքեպիսկոպոսի առաջնորդութեամբ, առանց դիմադրութեան հանդիպելու ապրիլ 13-ին հասան Էջմիածին:
Մայրավանքին մէջ քսաներկու միաբան մնացած էր: Անոնք խաչով ու խաչվառով դիմաւորեցին եկողները:
Մայր տաճարին մէջ մեծաշուք արարողութիւն կատարուեցաւ: Ներսէս արքեպիսկոպոս Աշտարակեցի ոգեւորիչ ճառ մը խօսեցաւ եւ ռուս զինուորներն իսկ զգածուեցան:
Զօրավար Բենկենդորֆ Էջմիածնի մայրավանքի պաշտպանութեան համար վաշտ մը զինուոր ձգեց եւ ապրիլ 23-ին Վաղարշապատէն ճամբայ ելաւ դէպի Սարդարապատ:
Սարդարապատի (պարսկերէն սարդար` զօրապետ) բերդը 1819-ին կառուցած էր Երեւանի Հիւսէյն Ղուլի խանի եղբայր Հասան խան, օգտագործելով Արմաւիրի բլուրի հինաւուրց բերդին քարերը: Բերդը բնակեցուած էր Պայազիտէն ու Արճէշէն տեղափոխուած հինգ հարիւր տուն հայերով:
Զօրավար Բենկենդորֆ, տեսնելով որ Սարդարապատի գրաւումը դիւրին պիտի չըլլայ, զօրքը շարժեց դէպի Երեւան եւ քանի մը օր տեւող յամառ մարտերէ ետք, ապրիլ 27-ին պաշարեց Երեւանի բերդը:
* * *
Հայ կամաւորներուն թիւը հետզհետէ ստուարանալով հասած էր վեց հարիւրի:
Թիֆլիսի հայոց Վանքի մայր եկեղեցիին մէջ, Երկրորդ Ծաղկազարդի կիրակի օրը, մայիս 15-ին, ռուս զօրավարներու ներկայութեամբ, կամաւորներու երդման հանդիսաւոր արարողութիւն եւ դրօշակի օրհնութիւն կատարուեցաւ:
Յարութիւն քահանայ Ալամդարեան հայրենասիրական ջերմ խօսքերով ողջունեց կամաւորները եւ անոնց կոչ ուղղեց մինչեւ իրենց արեան վերջին կաթիլը սատար հանդիսանալ մեր ամենասիրելի հայրենիքի վերականգնման` դարաւոր աւերակներէն:
Հայ կամաւորներու առաջին գումարտակը, բաղկացած` 117 կամաւորներէ, շտապս¬գնդապետ Սմբատեանի հրամանատարութեամբ մայիս 17-ին Թիֆլիսէն ճամբայ ելաւ դէպի Վաղարշապատ, գործող զօրքին միանալու համար:
Նոյն օրը Թիֆլիսի զինուորական նահանգապետ զօրավար Սիպիագին սպայակոյտի պետ զօրավար Դիբիչի ուղարկած պաշտօնական զեկոյցին մէջ կը յայտնէր. «… Առաջին գումարտակը, թիւով 117 մարդ, արդէն կազմակերպուած, պատշաճ կարգով սպառազինուած եւ մատակարարուած արշաւի համար ամէն ինչով, ջոկատի պարոն հրամանատարի հրամանին համաձայն, այսօր Թիֆլիսէն ուղարկուած է Էջմիածին` գործող բանակին միանալու համար»:
Կամաւորական երկրորդ գումարտակը, կազմուած` հարիւր կամաւորներէ, ռազմաճակատ մեկնեցաւ յունիս 2-ին: Այնուհետեւ մեկնեցաւ կամաւորական երրորդ գումարտակը:
Կամաւորական գումարտակները իրենց ճամբուն վրայ կը համալրուէին հարիւրաւոր հայ երիտասարդներով: Կամաւորներ կը հասնէին Արցախէն, Շամշադինէն եւ Լոռիէն:
Ներսէս արքեպիսկոպոս Աշտարակեցիի ուղղուած նամակի մը մէջ արձանագրուած է. «… Յօժարութեամբ հոգւոյ եւ մարմնոյ մատնեմք զորդիս եւ զընտանիս մեր ի մահ ի փառս կենսատու, սուրբ խաչին եւ ի սէր ամենաողորմած տէրութեան ռուսաց»:
* * *
Հայրենիքի ազատագրութեան նպատակով կամաւորական շարժման միացաւ Նափոլէոն կայսեր երբեմնի թիկնապահ Ռուստամ Ռազա:
Ռուստամ Ռազա, բուն անունով` Ռոստոմ Խաչատուրեան, ծնած է 1780/1781-ին, Շուշի: Հայրը` Յովնան, իբրեւ առեւտրական 1791-ին Արցախէն մեկնեցաւ Թիֆլիս, իր հետ տանելով երկու որդիները` Աւագն ու Սէյրանը: Շուշի մնացին կինը, երկու աղջիկները եւ Ռոստոմ: Տարի մը ետք Յովնան իր մօտ հրաւիրեց ընտանիքը: Ճամբան, Գանձակի մօտ թաթարներ առեւանգեցին Ռոստոմը: Առեւտրականներ եօթը անգամ վերավաճառեցին զայն, եւ ի վերջոյ Ռոստոմ հասաւ Եգիպտոս եւ դարձաւ մեմլուք:
Մեմլուքները տարբեր ազգերէ գերուած պատանիներէ բաղկացած զինուորական դասակարգ են: Պատանիները ռազմական գործին կը վարժուէին եւ եգիպտական բանակին ընտրանին կը կազմէին:
Ռոստոմ, վերանուանուած` Ռուստամ Ռազա, շէյխ Պաքրիի մօտ ծառայութեան մտաւ:
Ֆրանսայի առաջին քոնսիւլ Նափոլէոն Պոնափարթ, իտալական արշաւանքէն (1796-1797) ետք, 1798-ին ձեռնարկեց եգիպտական արշաւանքին եւ գրաւեց երկիրը: Շէյխ Պաքրի 1799-ին Ռուստամը Նափոլէոնի նուիրեց: Նափոլէոն հետաքրքրուեցաւ իրեն նուիրուող տղուն ձեռքի վէրքով եւ իմացաւ որ Ռուստամ զայն ստացած է արաբներու դէմ պատերազմի ժամանակ: Նափոլէոն համոզուեցաւ որ իր առջեւ կանգնած երիտասարդին փայլուն ապագայ կը սպասէ:
Նափոլէոն Ռուստամը իր անձնական թիկնապահը ըրաւ եւ զայն իր հետ Ֆրանսա տարաւ:
Նափոլէոն 1804-ին դարձաւ կայսր: 1805-էն սկսեալ Ռուստամ ուղեկից դարձաւ կայսեր բոլոր արշաւանքներուն:
Ռուստամ 1806-ին ամուսնացաւ Ժոզէֆին կայսրուհիի աւագ սենեկապետի դստեր` Ալեքսանտրին Տիւվիի հետ եւ ունեցաւ մէկ աղջիկ եւ մէկ տղայ:
Ռուստամ արեւելեան զգեստներ կը կրէր եւ իւրայատուկ տեսքով կը շրջէր արքայական Թուիլըրիի պալատին մէջ:
Նափոլէոնի ռուսական ներխուժումի ժամանակ, 1812-ին, ֆրանսական բանակը մտաւ Մոսկուա: Մոսկուայի գրաւումէն անմիջապէս ետք տարածուած հրդեհները ոչնչացուցին քաղաքին մեծ մասը: Ռուստամ Նափոլէոն կայսրէն խնդրեց անվնաս ձգել Մոսկուայի հայկական թաղամասը եւ չայրել:
Նափոլէոն, դաշնակից բանակներէն պարտուած դուրս գալէն ետք, 1814-ին հրաժարեցաւ գահէն եւ աքսորուեցաւ Ալպա կղզի:
Ռուստամ Ռազա, իբրեւ Նափոլէոնի մերձաւոր, բանտարկուեցաւ: Բանտէն ազատ արձակուելէն ետք Փարիզէն տեղափոխուեցաւ Թեհրան եւ հոնկէ` Թիֆլիս, ուր ընդունուեցաւ ռուսական զինուորական եւ քաղաքային բարձրագոյն իշխանութիւններուն կողմէ:
Ռուստամ Ռազա հեծելազօրային ջոկատի հրամանատար եղաւ եւ գործօն մասնակցութիւն բերաւ կռիւներուն:
aztagdaily.com/archives/578191