ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – Եթէ Ողջ Ըլլար… Ընկեր Վազգէն Էթիեմեզեանը` Մտաւորական Գործիչը – Կ. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ

Historical Armenia, according to Encyclopedia Britannica. The territory of Greater Armenia is highlighted in orange, Byzantine Armenia, or Lesser Armenia, in green, Cilician Armenia in purple, and the Republic of Armenia in yellow Photo by

ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – Եթէ Ողջ Ըլլար… Ընկեր Վազգէն Էթիեմեզեանը` Մտաւորական Գործիչը – Կ. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ

21 ՄԱՅԻՍ 2023 – ՍՓԻՒՌՔ:

Վազգէն Էթիեմեզեան – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾ:

(ԽօսքԱրտասանուած Վազգէն Էթիեմեզեանի Ծննդեան 80-Ամեակին Եւ «Շաբթուան Մտածումը» Գիրքի Շնորհահանդէսին Առիթով Կազմակերպուած Ձեռնարկին)

Բազմակողմանի է Վազգէն Էթիեմեզեանի վաստակը, որ կ՛ընդգրկէ գրական-գեղարուեստական, իմաստասիրական, գրականագիտական, հրապարակագրական եւ դասախօսական մարզերը: Բոլորին մէջէն կարմիր թելի պէս կ՛անցնի իմաստասիրական երանգը, որ կը լեցնէր նաեւ անոր  ամբողջ կեանքը, էութիւնը:

Յաճախ պատկերացուցած եմ զինք հին յոյն փիլիսոփաներու շարքին, որոնք գործեցին Աթէնքի, Սպարտայի կամ յունական այլ կղզիներու մէջ, եւ որոնց նկատմամբ պաշտամունք ունէր: Եւ արդէն իր հրապարակագրական յօդուածներուն մէջ յատուկ տեղ կը գրաւէին, այլոց կողքին, Պիւթագորասը, Հերակլիտէսը, Սոկրատը, Պղատոնը, Դիոգինէսը, Արիստոտէլը, Դեմոկրիտէսը, Հոմերոսը, Սոֆոգլէսը եւ յունական դասական թատերախաղերը, սոփեստները, քաղաք-պետութիւնները եւ այլն: Դիոգինէսին նման` ան ո՛չ հարստութիւն կ՛ուզէր, ո՛չ ալ հանգստաւէտ կեանք, որոնք կը խոստացուէին իրեն Մեծն Աղեքսանդրի կողմէ: Եւ Դիոգինէս, որ կ՛ապրէր մեծ տակառի մէջ, Մեծն Աղեքսանդրի բոլոր խոստումներուն դիմաց, միայն կ՛ուզէր, որ ան չխափանէ իրեն հասած արեւուն լոյսը` մարդու փնտռտուքի իր անդուլ աշխատանքին ընթացքին:

Վազգէնը կ՛ապրէր Էպիկուրի նման, որ նշանաւոր էր ժուժկալութեամբ: Էպիկուրը կ՛ապրէր միայն սեւ հացով ու ջուրով, որոնք կը գոհացնէին զինք: Ան կը փիլիսոփայէր, որ մարդ համեստ ու ժուժկալ կեանքի մը մէջ կրնայ գտնել իր երջանկութիւնը, որովհետեւ մարդ որքան իր պէտքերը նուազագոյնի իջեցնէ, այնքան քիչ կը տառապի` զերծ մնալով տեսակ-տեսակ մտահոգութիւններէ, որոնց պատճառը աւելորդ պէտքերու գոհացում տալու անհրաժեշտութիւնն է:

Վազգէնը կը նմանէր յունական սոփեստներուն (ոչ այսօրուան ժխտական իմաստով գործածուած),  որոնք քննադատական շունչ մտցուցին յունական փիլիսոփայական աշխարհին մէջ: Ծանօթ է, որ սոփեստները յոյն ընկերութեան մէջ ամէն ինչ խնդրոյ առարկայ կը դարձնէին եւ չէին գոհանար հանդարտ ու հանգիստ գիտութեամբ: Անոնց ոգիին շնորհիւ` յունական փիլիսոփայութիւնը դուրս եկաւ ինքնավստահ տեսութիւններէն եւ վերածուեցաւ աւելի գիտակից ու զօրեղ կերպով խնդիրները քննող ու հաստատուն հիմերու հասնիլ ջանացող փիլիսոփայութեան մը:

* * *

Վազգէնը մտաւորական էր բառին ամէնէն խորահայեաց եւ ազնուագոյն իմաստով: Իր գրեթէ բոլոր գրութիւնները լեցուն էին մտածումներով ու գաղափարներով, որոնք արգասիքն էին իր մշակուած միտքին ու յարատեւ աշխատանքին: Այլ խօսքով, «Շաբթուան մտածումը» վերնախորագրեալ բոլոր յօդուածներուն մէջ, ան կը ջանար մշակել ապագայի նախատեսութիւններ, կը փորձէր որոնել անկախ ուղիներ եւ նոր հորիզոններ, ինչպէս նաեւ իր բանաձեւումով` «մարդկային վաղնջական տեսլականներ»:

Վազգէնը խոր պաշտամունք ունէր իմացականութեան, որ գլխաւոր առանձնայատկութիւններէն մէկն է ոեւէ մտաւորականի: Այդ իմացականութիւնը ի գործ կը դնէր ճշմարտութիւններ որոնելու եւ յայտնագործելու, չէզոքացնելու, ինչո՞ւ չէ, չքացնելու ամէն խաբէութիւն, նենգութիւն, դաւադրութիւն եւ ստաբանութիւն, որոնք կը վխտան մեր իրականութեան մէջ, եւ որոնք, կարծէք, պաշտօնական, այսինքն սովորական եւ բնական երեւոյթներու վերածուած են այսօր:

Վազգէնը կը տիրապետէր իմացական լայն եւ ուժեղ կարողութեան, որուն կ՛ընկերակցէր նոյնքան զօրաւոր բարոյականութիւն մը: Discipline՛ (կրթանքով օժտուած) անհատականութիւն էր, ինքնավստահ, որ կ՛իշխէր իր անձին եւ կը շրջանցէր բոլոր խոչընդոտները` ճշմարտութիւն փնտռելու իր ճամբուն վրայ: Ասի կ՛ենթադրէ, որ իր մտածումները կ՛արտայայտէր անկաշկանդ եւ առանց դեդեւումի, որովհետեւ թոյլ մարդիկն են իսկապէս, որ բոլոր միջոցներու կը դիմեն փախուստ տալու ճշմարտութենէն, խաբելու համար թէ՛ իրենք զիրենք եւ թէ՛ իրենց շրջապատը:

Մտաւորականի այլ առանձնայատկութիւնը, որ կար Վազգէնին մէջ, ստեղծագործ ըլլալն էր: Իր գրութիւններուն մէջ յստակօրէն կը տեսնուի անոր այս բնածին կարողութիւնը, որով կը դառնար ինքնատիպ: Իրեն յատուկ ոճով հոգեկան աշխարհի պեղումը անբաժան էր իր բոլոր յօդուածներու թէ՛ նիւթի ընդգրկումի եւ թէ՛ նիւթը ներկայացնելու իր ձեւին մէջ: Վազգէնը երբեք չփորձեց ասկէ անկէ գաղափարներ առնել եւ իբրեւ իրը ծախել ժողովուրդին, ինչպէս շատեր կան մեր ազգային-հասարակական հրապարակին մէջ: Ասոնք այն մարդիկն են, որոնք մտաւորականի հագուստը կ՛ուզեն կրել իրենց վրայ` առանց յատկանշական աշխատանք կատարելու եւ կը ջանան անուն շինել մեր ընկերութեան մէջ: Վազգէնը այս մարդիկը կ՛որակէր «սուտ մտաւորականներ»:

Արտաքնապէս հանդարտ ու խաղաղ Վազգէնը իր հոգեկան-մտային աշխարհին մէջ կը փոթորկէր «վահագնեան ըմբոստութեան արարիչ ոգիով», ինչպէս ինք կը բանաձեւէր իր յօդուածներէն մէկուն մէջ, որովհետեւ այդ ոգին ճիգը կ՛ընէ «մարդկային ենթագիտակից մղումները գիտակցութեան լոյսին տակ բերելու, եւ ան է, որ մարդկային կեանքի առաջընթացը ապահոված է ցարդ»: Վազգէնը կը դատապարտէր յատկապէս իտէալ չունեցող եւ գրքունակ մտաւորականի տիպարը, որ «չի խորշիր կրկնութենէ եւ անդադար կը քալէ ապահով ճամբաներէ»: Ան այս տիպարը կը նմանցնէ կրկէս նետուած մարտիկին, «որ բացառաբար միայն գոյատեւման խաղին արհեստավարժը կը դառնայ եւ անանձնականութեան ոչ մէկ դրոշմ կը կրէ, տրուած ըլլալով, որ կրկէսի պայմաններուն մէջ ոսոխին մարդասիրաբար խնայելը համազօր է իր սեփական մահուան»:

Մտաւորականի երրորդ յատկանիշը աշխատասիրութիւնն է, զոր կը մարմնաւորէր Վազգէնը: Վազգէնը շատ աշխատասէր էր: Նաեւ` բծախնդիր: Նաեւ` լուրջ: Դիւրին լուծումներու հակամէտ չէր եւ դառն կերպով կ՛արտայայտուէր ծոյլերուն մասին: Դէմ կ՛արտայայտուէր նաեւ անոնց, որոնք շուտով կը խանդավառուին նշանախօսքային մակերեսայնութենէ: Յատկապէս` բոլոր անոնց դէմ, որոնք կ՛օգտուէին ուրիշներու իրագործումներէն, մատը մատին չեն զարներ եւ եսասիրութենէ մղուած` չեն մասնակցիր մարդկային բարօրութիւնը հետապնդելու գործին: Իսկ ծուլութեան հետեւանքներն են` «յետադիմութիւն, ամլութիւն, անպարկեշտութիւն, անապահովութեան մանկական հիւանդութիւն, անորոշութիւն եւ խարխափում, մակերեսայնութիւն ու յաւակնոտութիւն»: Վերջին հաշուով, այս բոլորը կ՛առաջնորդեն նախաձեռնութեան ոգիի եւ մտածումի անկախութեան չգոյութեան, մէկ խօսքով` ինքնակործանումի:

Վազգէն Էթիեմեզեանը յանձնառու մտաւորական էր, պարկեշտ եւ մարդկային: Ունէր իրեն յատուկ, ինքնուրոյն (ինքնատիպ) գրելակերպ: Կը քննադատէր` ամբողջովին իր համոզումներէն մեկնելով, առարկայական հիմքերու վրայ, հեռու` նախապաշարումներէ, որոնք կը կաշկանդեն մարդկային միտքն ու հոգին: Խոր յարգանք ունէր անհատի մարդկային արժանապատուութեան նկատմամբ:

Վազգէնը ջերմ պաշտպան էր երիտասարդութեան: Իր երիտասարդութիւնը, թէեւ ինք արդէն երիտասարդ տարիքին մեռաւ, եղաւ տառապալից, բաւական արհեստներու մէջ տարուբերելով: Տեսլականի տէր երիտասարդ Վազգէնը քաջալեր հանդիսացաւ երիտասարդ այն տղոց, որոնք տեսլական ունէին: Խորապէս դէմ կ՛արտայայտուէր բոլոր այն խմբագիրներուն եւ պատասխանատուներուն, որոնք տեղ չէին տար երիտասարդներուն, կամ արգելք կ՛ըլլային անոնց սլացքին, անոնց վերելքին, յատկապէս անոնց, որոնք բան մը ունէին ըսելիք, որոնք խիզախ էին եւ կը յատկանշէին իրենց ուրոյն կեցուածքով, ինչպէս ինքն էր:

Վազգէնը ստորագրեց բազմաթիւ յօդուածներ, գրախօսականներ եւ քննադատական էջեր, ինչպէս նաեւ խմբագրեց բազմաթիւ գիրքեր եւ երբեք տեղքայլ չըրաւ: Ու բոլորին մէջ նոյն Վազգէնն էր: Հպարտ էր ան իր աշխատանքով, բայց երբեք փառամոլ չեղաւ: Մա՛նաւանդ յենարաններ չփնտռեց իր մտաւորական կեանքին մէջ: Ոչ ոք կը համարձակի արհամարհել մտաւորականի ուժեղ առաքինութիւնը` խարսխուած անոր հոգեկան ու մտային ամուր ներաշխարհին վրայ: Իր մէջ զօրաւոր էր սեփական անձին հանդէպ ունեցած ինքնավստահութիւնը, այլ մանաւանդ երբեք չունեցաւ մտաւորական կոչուելու բարդոյթ:

Ան կը հաստատէր. «Յատկապէս մտաւորական մարդէն կը պահանջուի ինքնախարանումի, ինքնասրբագրման եւ ինքնաքննադատութեան այս ոգին: Պարկեշտութիւնը ինք իր եւ իր նմաններուն հետ անկեղծ ըլլալու, պարկեշտութիւնը մտաւորական աշխատանքը դարձնելու նորարարական սխրանք, ինքնատպութեան ինքնեկ արտայայտութիւն, հետեւաբար նաեւ անկախութեան դրօշ, իբրեւ միակ կաշկանդում ընդունած ըլլալով հաւաքական առո՛ղջ երթի ամբողջանուէր մասնակցութիւնը»:

Վազգէնը բծախնդրութեամբ եւ ամենայն կարգապահութեամբ ու կանոնաւորութեամբ կատարեց իրեն յանձնուած ամէն աշխատանք: Նոյնիսկ մեռելաթաղ եղաւ:

Լիբանանի քաղաքացիական կռիւներու վերջին երկու տարիներուն` 1989 եւ 1990, կացութիւնը շատ ծանր էր, մանաւանդ որ կռիւները եւ ռմբահարումները տեղի կ՛ունենային Պէյրութի այսպէս ասած արեւելեան շրջանին մէջ, որուն մաս կը կազմէ Պուրճ Համուտը: Այո՛, որքան սաստիկ էին կռիւները, որ նոյնիսկ կարելի չէր Պուրճ Համուտի գերեզմանոցը հասնիլ, երբ մեռել մը պիտի թաղուէր: Բնական էր, որ, այլ քաղաքացիներու նման, հայեր ալ զոհ երթային ռմբահարումներէն, եւ հարց էր, թէ ո՞ւր պիտի թաղուէին անոնք: Օրուան մեր պատասխանատուներու կարգադրութեամբ, մեռելները «առժամեայ» թաղուեցան նախ Ազգ. Ծերանոցին մօտ գտնուող հողամասին վրայ, բայց մեծ մասը` «Շաղզոյեան» շէնքին քով, որ այն ժամանակ կառատուն չէր, ինչպէս այսօր է:

Այդ պարտականութիւնը տրուեցաւ Վազգէնին, որ կատարեալ բծախնդրութեամբ, ինչպէս իր բոլոր գործերը, քանի մը տղոց ընկերակցութեամբ գլուխ հանեց այս աշխատանքը:

* * *

Վազգէնին հրապարակագրութիւնը էովին յեղափոխական էր: Իր յօդուածներով ան կ՛ուզէր, որ ժողովուրդը վերադառնայ իր ինքնութեան, գիտակից ըլլայ իր ինքնութեան: Ինքզինք ըլլայ: Կոչ կ՛ուղղէր, որ մեր ժողովուրդէն չխլուի առնականութիւնը «քաղաքակիրթ» երկիրներու կողմէ, որոնք կ՛աշխատին անդիմագիծ դարձնել մեզ, որպէսզի չդիմադրենք, չկամենանք եւ չպայքարինք: Ի վերջոյ, չվերածուինք լուսանցքային ժողովուրդի մը` մայթեզրին փռուած, անինքնավստահ ու վախկոտ: Հոս է, որ ան առաջ կը մղէր քաղաքականացման անհրաժեշտութիւնը:

«Քաղաքականացումը, ուրեմն, ամէն ինչէ առաջ, ազգօգուտ գործունէութեան եւ ճշմարիտ հայրենասիրութեան առաջնորդող դաստիարակութեան առաջնորդող դաստիարակութիւն մըն է»:

* * *

Վազգէնը կ՛ապրէր ստուերի մէջ, բայց միշտ կը փնտռէր մեր ընկերութեան բարօրութիւնը: Խոր ընթերցող էր: Ան կը հաւատար իր յօդուածներուն եւ գրութիւններուն, կը հաւատար իր կատարած գործին, ինչ ալ ըլլար անիկա: Երբեմն երազային, երեւակայական եւ անիրապաշտ կ՛ըլլային իր գրածները, բայց միշտ կը հաւատար անոնց:

Վազգէնին հրապարակագրական յօդուածները չեն գրուած բանաստեղծական զեղումներով, ոչ ալ` սնամէջ, ուռուցիկ եւ հռետորական ոճով: Դժգոհութիւններ կը յայտնէին անոնք, խիզախ էին, պայքարունակ եւ ուղղակի թիրախին զարնող: Ան կը գրէր ու կ՛աշխատէր ճշմարտութեան ձայնը ըլլալու: Անոնցմէ չէր, որ քարացած բանաձեւերով եւ գաղափարներով կ՛ուզեն ազդեցիկ ըլլալ շրջապատին մէջ: Միտքի լարախաղացութիւն չէր կատարեր: Ան գիտէր իր անձը արհամարհել` ի խնդիր գերագոյն նպատակի մը եւ քաջ կը գիտակցէր, որ այդ նպատակը ամէն բանէ առաջ կը կազմէր հաւաքական արժանապատուութիւնը:

Վազգէնը սակաւապետ, նիւթական նուազագոյն բարիքներով գոհացող, վարձատրութեան նուազագոյնին, բայց զոհաբերութեան առաւելագոյնին ձգտող մտաւորական մըն էր, որ հաճոյքներուն մեծագոյնը կը գտնէր ինքնախստապահանջութեան մէջ: Այս կենցաղն էր, որ իր մէջ զարգացուցած էր «ոչ թէ բեռան տակ կքած մարդու հոգեբանութիւն, այլ` կամովին ընդգրկուած, հպարտօրէն ու գերագոյն արժանապատուութեամբ ստանձնուած պարտականութեան մը գիտակցութիւնը, որ դժուարութիւնները յաղթահարելու եւ աւանդութեանց դէմ առնականօրէն «պայքարելու մղումէն կը բխի անտարակոյս: Վազգէնը հաւատարիմ ծառան էր Գաղափարին, գլխագիր ԳԱՂԱՓԱՐ-ին, որով կը պայքարէր ստրկամտութեան, հեղգ նիւթապաշտութեան, անմիջական հանգիստի, վարձատրութեանց շռայլանքի ակնկալութեան եւ նուազ քան յեղափոխական կենցաղի դէմ:

Կը դատապարտէր անոնք, որոնք իրենց երիտասարդութեան տաք շրջանին ամէն ինչ տալու խոստումը կու տան իրենք իրենց եւ ուրիշներու ու յետոյ, կեանքին դառն փորձառութիւններուն զարնուելով, կը մոռնան իրենց խոստումները, կը յիշեն միայն ուրիշներու տուածները եւ կը դատապարտեն զանոնք` փոխանակ իրենք զիրենք դատապարտելու: Ան կը հաստատէ.

«Ինքնաքննադատութեան տարերային մղումներն են, որ անհատը նորարարութեան, նոր նուաճումներու եւ շատ «չնչին» այդ առաքինութեան` համեստութեան կ՛առաջնորդեն»:

Եւ համեստ էր Վազգէնը:

* * *

Այս արժանիքներով օժտուած մտաւորականի մը մահը իրապէս խոր վէրք մը բացաւ լիբանանահայ մեր կեանքին մէջ, որ այժմ կը յատկանշուի իր տափակութեամբ եւ սովորութենականութեամբ: Արդարեւ, անորոշութեան ուրուր մը կը պտտի հայկական երկնակամարին վրայ, հայրենիքի եւ արտահայաստանի մէջ:

«Ազդակ Շաբաթօրեակ-Դրօշակ»-ի մէջ Վազգէն Էթիեմեզեանի վերջին յօդուածին խորագիրն է «Հրաժարի՛մք»:

Առաջին հերթին` հրաժարի՛մք հաճոյապաշտութենէ (hedonism): Վազգէնը հաճոյապաշտութիւնը կը նկատէր մարդկային ախտ մը, որ մարդ արարածը կը դարձնէ գերին «միայն նիւթական բարիքներու եւ վաղանցուկ ապահովութեանց»: Ան հաճոյապաշտութիւնը կը նկատէր թէ՛ նիւթի մսխում եւ թէ՛ ժամանակի վատնում:

Երկրորդ. հրաժարի՛մք եսակեդրոնութենէ (egocentrism). բա՛ն մը, որ գերին կը դարձնէ մեր սեփական անձին, «կը քողարկէ ընդհանրականին մեր տեսողութիւնը եւ կը շեղէ մեզ մարդկային վսեմագոյն տեսլականներու հետապնդումի գործէն»: Աւելի՛ն. եսակեդրոնութիւնը մարդ արարածը կը վերածէ` փոքրոգի, օգտապաշտ, ապերախտ, քինախնդիր, կրքոտ, ոչ պահանջատէր գաղափարապաշտի: Եսակեդրոնութիւնը կը մղէ մարդ արարածը, որ հետապնդէ անհատական փառք` հաւաքական փառքի կերտման փոխարէն, ինչպէս նաեւ` իշխանութեան ճամբով սեփական վարկի ապահովման հարց:

Երրորդ, ի վերջոյ, «հրաժարիմք առանձնաշնորհեալ ու չարաշահ իշխանաւորներու եւ մարդկային արդար իրաւունքներ բռնաբարող կապտումներէն»: Այսինքն պայքարինք փառատենչ, կենսամոլ, մակաբոյծ ու չարաշահ ներքին ցեցերու դէմ, անոնց խաբէութիւններէն, զգայացունց խորհուրդներէն, անիրաւ պատրանքներէն, անջիղ պաշտօնեաներէն եւ անկամ կամակատարներէն:

Վազգէն Էթիեմեզեանի այս մտածումները գրուած են 38 տարի առաջ: Գրեթէ իր բոլոր գրութիւններուն նման, որոնք ամփոփուած են «Շաբթուան մտածումը» գիրքին մէջ` Վարազդատ ստորագրութեամբ, այս գրութիւնն ալ աւելի քան այժմէական է: Վազգէնը այդ յօդուածները գրած է յստակ, բանաձեւուած եւ լաւ մշակուած ծրագրի մը հիման վրայ:

Ան գրած է հոգեկան-մտային աշխարհի մագիլներով: Գրած է քրտինքով: Գրած է մանաւանդ արիւնով: Իր հաւատոյ հանգանակը եղան այդ յօդուածները, զորս հասցուցած է գագաթնակէտի մը` «Հրաժարի՛մք» խորագրով վերջին գրութեամբ: Բարդ է Վազգէնին ոճը` այո՛, բայց բիւրեղ է պատգամը:

* * *

Վազգէն Էթիեմեզեանը ութսուն տարեկան պիտի ըլլար ճիշդ այսօր, իր ծննդեան տարեդարձին: Վստահաբար աւելի պիտի լեցուէր անոր կեանքը փորձառութիւններով, որոնք աւելի դառն ու լեղի պիտի ըլլային, ինչ որ էին իր օրերուն: Աւելի շուքի մէջ պիտի մնար ան, ինչ որ էր այն ատեն:

Եթէ ողջ ըլլար այսօր, կասկած չունիմ եւ շատ վստահ եմ, որ ան ետ պիտի առնէր 1985-ին գրած իր «Հրաժարի՛մք»-ը եւ նոր մը պիտի շարադրէր հետեւեալ բովանդակութեամբ:

Առաջին. հրաժարինք գերհաճոյապաշտութենէ (superhedonism), որ անուղղակիօրէն անձնասպանութեան պիտի առաջնորդէ դատ ունեցող ժողովուրդ մը, որ մե՛նք ենք` իբրեւ հաւաքականութիւն: Եւ արդէն հին Յունաստանի մէջ հաճոյապաշտութեան դպրոցին հիմնադիր Արիսթիպոսի յաջորդները սկսան անձնասպանութիւն քարոզել:

Արդարեւ, հաճոյապաշտութեան վերջը հաւաքականութեան մը համար միայն մահ է: Այսինքն հաւաքականութիւնը կը վերածուի կտոր-կտոր, իրարմէ անկախ անհատներու:

Երկրորդ. Վազգէն երանի պիտի տար իր օրերու եսակեդրոնութեան եւ այսօր պիտի ըսէր. հրաժարիմք նարկիզականութենէ (narcissism), որ հոգեկան անդարմանելի ախտ մըն է, որմէ տառապող անձին բոլո՜ր, բոլո՛ր արտայայտութիւնները, շարժումներն ու որոշումները հիւլէէն աւելի զօրաւոր են եւ միայն դէպի մահ կ՛առաջնորդեն մարդկային ընկերութիւններն ու հաւաքականութիւնները: Եթէ յարաբերաբար դիւրին է փշրել Այնշթայնի հիւլէն, շատ դժուար է (գրեթէ անկարելի) փշրել նարկիզականի մը էութիւնը:

Երրորդ. Վազգէնը ութսուն տարեկանին անտարակոյս ետ պիտի առնէր «Հրաժարի՛մք» իր երրորդ եւ վերջին մասը, որ կը վերաբերի առանձնաշնորհեալ ու չարաշահ իշխանաւորներու, եւ պիտի ըսէր անվարան.

Հրաժարիմք kakistocracy-է եւ kleptocracy-է: Ներողութիւն կը խնդրեմ ձեզմէ, որ չկրցայ այս անգլերէն եզրերուն համապատասխան հայերէն յղացքները գտնել: Ուստի ստիպուած եմ բացատրելու:

Kakistocracy կը նշանակէ կառավարութիւն մը, որ կը ղեկավարուի ամէնէն տկար, ամէնէն անմակարդակ եւ շատ անխիղճ քաղաքացիներով: Բառը գործածութեան դրուած է ԺԷ. դարէն սկսեալ:

Kleptocracy բառացիօրէն կը նշանակէ «գողերու կառավարութիւն»: Այսինքն` փտութեան ախտէն բռնուած քաղաքագէտներ, որոնք գաղտնօրէն կը հարստանան օրէնքի սահմաններէն դուրս, կաշառակերութեան, միջնորդչէքներու, լոպիներու կամ կազմակերպութիւններու կողմէ տրամադրուած մասնայատուկ եւ նպատակաւոր նուէրներու միջոցով, եւ կամ` ուղղակիօրէն պետութեան եկած եւ երկրին օգուտին տրամադրելի արտաքին օժանդակութիւնները իւրացնելով:

Նշեալ երկու տեսակ կառավարութիւնները այսօր յատուկ են ոչ միայն Երրորդ աշխարհի երկիրներուն, այլեւ` մեծ պետութիւններուն, ի բաց առեալ երկրագունդի շուրջ տասը երկիրներ:

Վազգէնը ութսուն տարեկանին իր այս մտածումներով կրնար ծայրայեղ թուիլ, բայց ես մասնակից եմ այս մտածումներուն`

Ըսելու համար,

Հրաժարիմք ի սատանայէ, որ կը ներկայանայ նշեալ երեք թեւերով, եւ ապա դառնանք եւ յայտարարենք`

թող պայքարը ըլլայ համատարած:

Կ. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ

29 մարտ 2023

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail