Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Հայկական Մարզի Կազմաւորում Եւ Ղարաբաղի Կառավարման Հարցի Քննարկում – ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Culture-Dativank Monastery in Artsakh Armenia

ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ – Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Հայկական Մարզի Կազմաւորում Եւ Ղարաբաղի Կառավարման Հարցի Քննարկում – ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

21 ՄԱՅԻՍ 202 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ:

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

Արցախի Մետրոպոլիտ Սարգիս Արքեպիսկոպոսի
Վախճանումը Եւ Ներսէս Արքեպիսկոպոս Աշտարակեցիի
«
Պատուաւոր» Աքսորը

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Թուրքմենչայի դաշնագիրի ստորագրումը զօրավար Իվան Պասկեւիչի եւ գահաժառանգ Աբաս Միրզայի կողմէ:

Ռուսաստանի եւ Պարսկաստանի միջեւ 1828 փետրուարին կնքուած Թուրքմենչայի դաշնագիրի 15-րդ յօդուածին համաձայն երկու երկիրներու հպատակները կրնային իրենց ազատ կամքով գաղթել մէկ երկրէն միւսը: Յօդուածին մէջ հայերու անուան յիշատակութիւն չկար, բայց գրուած էր հայերուն համար:

Այս իրաւունքէն օգտուելով, 1828-ի գարնան Թաւրիզէն, Մակուէն, Սալմաստէն եւ Խոյէն շուրջ քառասուն հազար հայեր, քրիստոնեայ պետութեան հպատակ դառնալու եւ խանական ճնշումներէ ազատելու փայլուն խոստումներէ հրապուրուած, իրենց դարաւոր բնօրրանը ձգելով անցան Արաքսը` Ռուսական կայսրութեան սահմանը եւ բնակութիւն հաստատեցին Երեւանի, Նախիջեւանի, Զանգեզուրի եւ Ղարաբաղի մէջ:

***

Նիկոլայ Ա. կայսր 21 մարտ 1828-ին հրամանագիր ստորագրեց, որուն համաձայն Ռուսական կայսրութեան կազմէն ներս ստեղծուեցաւ  Հայկական մարզը, որ կ՛ընդգրկէր Երեւանի եւ Նախիջեւանի նախկին խանութիւնները եւ Օրտուպատի գաւառը: Հայաբնակ միւս տարածքները` Գանձակի ու Ղարաբաղի նախկին խանութիւնները, Շորագեալ, Բորչալու ու Ախալքալաք գաւառները դուրս կը մնային Հայկական մարզէն: Հայկական մարզի կեդրոն ընտրուեցաւ Երեւան քաղաքը:

Հայկական մարզի առաջին կառավարիչը եղաւ վրացի զօրավար Ալեքսանդր Ճաւճաւածէ. յետոյ զայն փոխարինեց հայազգի զօրավար իշխան Վասիլ Բեհբութով (Բարսեղ Բեհբութեան):

***

Անդրկովկասի կառավարման բարեփոխումներու նախագիծերուն մէջ Ղարաբաղի գաւառի կառավարման հարցը առանձին քննարկման առարկայ դարձաւ: Նախագիծը, որուն հեղինակն էր Սանկովսկի, կը կոչուէր «Նախագիծ Անդրկովկասի կառավարման ենթադրեալ յանձնախումբի նիւթերուն նախապատրաստման համար»,  ներկայացուեցաւ սպայակոյտի պետ մարաջախտ Իվան Դիբիչի:

Նախագիծին համաձայն նախատեսուած էր ստեղծել վարչատարածքային հինգ միաւորներ` վրացական, իմերեթական, հայկական եւ իսլամական երկու մարզեր:

Վրաստանի եւ Իմերեթիայի համար մարզային կառավարումը նախատեսուած էր խարսխել արդէն գոյութիւն ունեցող կառավարման համակարգի հիմքի վրայ:

Ղարաբաղի գաւառին մէջ նախատեսուած էր ռուսական դատավարութեան եւ գործավարութեան ապագայ ներմուծումէն հրաժարում, որովհետեւ ատիկա դիւանակալական քաշքշուքներու կրնար յանգիլ:

Անդրկովկասի կառավարման համակարգի բարեփոխման նախագիծը թուղթի վրայ մնաց եւ չգործադրուեցաւ: Ղարաբաղի պարագային ատիկա կը նշանակէր ռուսական օրէնսդրութենէ հրաժարում եւ վերադարձ խանական վարչակարգի:

***

Սպիտակաջուր Քաշաթաղի շրջանին մէջ, Հոչանց գետի հովիտին մէջ: Գիւղին ներքեւը Հոչանցի ջրվէժն է:

Արցախի մետրոպոլիտ Սարգիս արքեպիսկոպոս Հասան Ջալալեան, որ պատերազմի ժամանակ Աբաս Միրզայի հետ հանդիպած ըլլալուն պատճառով ռուսական իշխանութիւններուն կողմէ ձերբակալուած եւ Թիֆլիսի մէջ ութ ամիս բանտ մնացած եւ հիւանդացած էր, ազատ արձակուելէն ետք 2 յուլիս 1827-ին Արցախ վերադարձած էր:

Սարգիս արքեպիսկոպոս, թէեւ վատառողջ, կը շարունակէր իր հոգեւոր գործունէութիւնը:

Ղարաբաղի մէջ ռուսական իշխանութեան ներկայացուցիչ Սիմոն Կալաչեւսկի Սարգիս արքեպիսկոպոսին նամակ գրեց, տեղեկութիւն խնդրելով շրջանի վանքերու եւ եկեղեցիներու դրութեան մասին:

Սարգիս արքեպիսկոպոս «Ղարաբաղու կոմէնդանթ տեառն կապիտան եւ կաւալէր Սիմօն Կալաչեւսկոյն» հասցէագրուած նամակին մէջ կը գրէր. «Ամենայն Աղուանից հայոց եւ Ղարաբաղու զյառաջին եւ գլխաւոր պատրիարքարանն է Գանձասարու վանքս, եւ է այժմ մետրապօլիտարան եւ երկրորդն է Դաթու վանքն արքեպիսկոպոսարան»:

Սարգիս մետրոպոլիտ կը շարունակէր ըսելով որ յիշեալ վանքերը ութ հարիւր տարի առաջ շինուած են հայոց ազգի թագաւորներուն կողմէ, իրենց հոգիներու փրկութեան համար: Վանքերը կը կառավարուին տեղի եպիսկոպոսներուն, վարդապետներուն եւ վանականներուն կողմէ: Թագաւորները վանքերուն գիւղեր, վարելահողեր, ջրարբի եւ անջրդի հանդեր շնորհած են, որպէսզի վանականները կառավարեն զանոնք եւ աղօթք մատուցանեն առ Աստուած վասն խաղաղութեան աշխարհի: Պարսից շահերը եւ Ղարաբաղի խաները մեծամեծ վկայականներով հաստատած են վանական ինչքերը: Վանականներ ծառայական աշխատանք կատարած են` իբրեւ ռանչպար, տաւարապան, ձիապան, ոչխարապան, այգեպան եւ ջաղացպան: Վանական կեանքը երբեք չէ խափանուած եւ վանականները ոչ մէկ տուրք վճարած են:

Նամակի վերջաւորութեան արձանագրուած է. «Յամի 1828, յամսեանն նոյեմբեր 28, համար 318, ի Սուրբ Աթոռս Գանձասարու… մետրապօլիտ Հայոցն Աղուանից արքեպիսկոպոս Սարգիս Հասան Ջալալեան»:

Արցախի վերջին կաթողիկոս եւ առաջին մետրոպոլիս Սարգիս արքեպիսկոպոս Հասան Ջալալեան վախճանեցաւ 19 դեկտեմբեր 1828-ին:

Սարգիս արքեպիսկոպոսի եղբօրորդի Բաղդասար եպիսկոպոս Եփրեմ կաթողիկոս Ձորագեղցիին ուղղուած 15 փետրուար 1829 թուակիր նամակին մէջ կը գրէր. «Սրբազան մետրապօլիտ Հայրն մեր ի դեկտեմբեր ամսեան ի 19-ին փոխեցաւ առ Աստուած, եւ եթող միաբանութիւնս եւ զվանս մեր որբացեալ ի թշուառագոյն վիճակի սգոյ եւ տրտմութեան»:

Բաղդասար եպիսկոպոս իր հօրեղբօր յիշատակին Եփրեմ կաթողիկոսին հինգ ոսկի նուէր ուղարկեց:

Սարգիս արքեպիսկոպոսի մարմինը Հասան Ջալալեաններու տոհմական դամբարանին մէջ ամփոփուած է: Գանձասարի վանքի գաւիթին հարաւը գտնուող մեծ եւ տափակ, վրան հովուական գաւազանի պատկերով տապանաքարին վրայ արձանագրուած է. «ԱՅՍ Է ՏԱՊԱՆ ՍԱՐԳԻՍ ԱՂՈՒԱՆԻՑ Կ(Ա)ԹՈՂ(Ի)ԿՈՍԻՆ, ՈՐ Է ՅԱԶԳԷՆ ՋԱԼԱԼ ԴՕԼԻՆ: ԹՎ (ԻՆ) ՌՄՀԷ (1828)»:

***

Միւրիշէն Մարտունիի շրջանին մէջ, Բովուրխան լերան արեւելեան լանջին, շրջապատուած` անտառախիտ բլուրներով: Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին կառուցուած է 1869-ին:

Ներսէս արքեպիսկոպոս Աշտարակեցի պատերազմի ժամանակ ռուսական զօրքերուն օգնելով կ՛երազէր ազատագրուած տեսնել իր հայրենիքը պարսիկներէն եւ ինքնավարութիւն ձեռք ձգել Ռուսաստանի հովանիին տակ: Պարսկաստանէն հայերու գաղթը կատարուած էր Ներսէս արքեպիսկոպոսի աշխուժ մասնակցութեամբ, եւ Արեւելեան Հայաստանի ժողովրդագրական պատկերը փոխուած էր յօգուտ բնիկ հայ բնակչութեան:

Ներսէս արքեպիսկոպոս կը ձգտէր իրականացնել Հայաստանի ինքնավարութեան ծրագիրը եւ ռուսական իշխանութիւններուն ցոյց տալ, որ հայ ժողովուրդն ալ իր պետականութիւնը ունեցած է:

Հայաստանի ինքնավարութեան ծրագիրը ներկայացուեցաւ ռուսական կառավարութեան, որ սակայն մերժուեցաւ:

Ներսէս արքեպիսկոպոսի եւ իր համախոհներուն ձգտումները դժգոհութիւն յառաջացուցին ռուսական կառավարական շրջանակներուն մէջ:

Պասկեւիչ որոշեց, որ Ներսէս արքեպիսկոպոսի անունը այլեւս չյիշուի Կովկասի մէջ, եւ ան պէտք է հեռացուի շրջանէն, քանի որ իր մեծ հեղինակութեամբ, հմտութեամբ, ձգտումներով ու եռանդով կրնար միայն խոչընդոտներ ստեղծել ռուսական իշխանութիւններուն համար:

Ներսէս արքեպիսկոպոս Աշտարակեցի մեղադրուեցաւ հայութեան շահերը պաշտպանելու, Ռուսաստանի միացուած հայկական տարածքները ընդարձակելու մտադրութիւն ունենալու, Էջմիածնի հարստութիւնները հայ եկեղեցւոյ տնօրինութեան յանձնելու եւ պետական գործերուն խառնուելու մէջ:

Առանձին մեղադրանքի հիմք ծառայեց Էջմիածնի վանքը պաշտպանելու համար երկու հարիւր հոգիէ բաղկացած ջոկատ կազմելու Ներսէս արքեպիսկոպոսի ցանկութիւնը, որուն մէջ Պասկեւիչ կը տեսնէր հայկական բանակի ստեղծման փորձ:

Ռուսական կառավարութեան անհանգստութիւն պատճառեց նաեւ Նիկոլայ Ա. կայսրին ուղղուած Եփրեմ կաթողիկոսին նամակը, որուն մէջ հայոց հայրապետը կայսրէն կը խնդրէր Ներսէս արքեպիսկոպոսը նկատի ունենալ իբրեւ իր յաջորդը:

Ներսէս արքեպիսկոպոսը ամբաստանելու համար Պասկեւիչ իրեն գործիք դարձուց Սերովբէ եւ Զաքարիա վարդապետները:

Էջմիածնի սինոտին անունով լուր ուղարկուեցաւ Թիֆլիս, վիրահայոց փոխ թեմակալ Սիմէոն արքեպիսկոպոս Բզնունիին, հրամայելով պատարագին յիշել միայն կաթողիկոսին եւ կայսեր անունները, եւ խստօրէն պատուիրելով դադրեցնել առաջնորդ Ներսէս արքեպիսկոպոս Աշտարակեցիի անուան յիշատակումը:

Պետերբուրգէն, կառավարութեան անունով Եփրեմ կաթողիկոսին նամակ ուղարկուեցաւ, ուր կ՛ըսուէր, որ Նիկոլայ կայսեր կամքն է Ներսէս արքեպիսկոպոսը Պեսարապիոյ առաջնորդ տեսնել:

Իր կարգին Պասկեւիչ կարգադրեց Ներսէս արքեպիսկոպոսի Պեսարապիա մեկնելու համար ճանապարհածախս տրամադրել, ինչ որ կը նշանակէր մեկնումին պարտադիր ըլլալը:

Ներսէս արքեպիսկոպոս իր դպրոցի տեսուչ Յարութիւն քահանայ Ալամդարեանը վարդապետ ձեռնադրեց, Վրաստանի թեմը անոր յանձնեց եւ Պասկեւիչի ուղարկած ճանապարհածախսը ետ անոր դարձնելով մեկնեցաւ Պեսարապիա:

Քիշնեւ հասնելէն ետք Ներսէս արքեպիսկոպոս նամակ գրեց Պասկեւիչի եւ յայտնեց, որ ինք չկրցաւ ընդունիլ իրեն տրուած ճանապարհածախսը, աւելի չծանրաբեռնելու համար պետական գանձարանը:

***

Զօրավար Վալերիան Մադաթով Պասկեւիչի հրամանով Ղարաբաղի մէջ գործող իր զօրաբանակը զօրավար Պանկրատեւի յանձնեց:

Մադաթովի եւ Պասկեւիչի յարաբերութիւնները հետզհետէ սրեցան: Ի վերջոյ Մադաթով գլխաւոր սպայակոյտին նամակ գրեց, խնդրելով որ զինք Պալքանեան ճակատ տեղափոխեն:

Արդէն սկսած էր ռուս-թրքական պատերազմը, եւ գլխաւոր սպայակոյտէն Մադաթով հրաման ստացաւ մեկնելու Պալքանեան ճակատ:

Մադաթով հեռուէն երկար դիտեց իր ծննդավայր Աւետարանոց գիւղը, եւ տխուր ու սրտաբեկ հեռացաւ Արցախէն:

Մադաթով Պալքաններու մէջ ռուսական առանձին զօրաբանակի հրամանատար նշանակուեցաւ եւ Դունայի կողմէն յարձակման անցաւ, թուրքերուն ստիպելով յանձնել Իսակչա եւ Գիրսովօ ամրոցները:

Վառնայի գրաւումէն ետք Մադաթով հրամայեց անձնատուր եղած թուրք սովահար զինուորներուն հաց տրամադրել, իսկ հիւանդները խնամել:

Շումլայի մօտ գտնուող թրքական դիրքերու գրաւումէն ետք Մադաթովը վաղուց տանջող թոքերու հիւանդութիւնը գերյոգնութեան պատճառով ծանրացաւ եւ ան մահացաւ 4 սեպտեմբեր 1829-ին:

***

Ռուսաստանի ելեւմուտքի նախարար Կանկրին 15 օգոստոս 1829-ին Նիկոլայ Ա. կայսրին ներկայացուց «Անդրկովկասեան գաւառներու կառավարման ձեւի մասին» նախագիծը, որուն համաձայն Շաքիի, Շիրվանի եւ Ղարաբաղի խանութիւնները պէտք է վերականգնուէին եւ անոր կառավարումը խաներուն պէտք է յանձնուէին:

Խանութիւններու վերականգնումը կ՛առաջարկուէր այն հիմնաւորումով, որ անոնց վերացումով Ռուսաստան աւելորդ թշնամիներ շահեցաւ եւ ինքզինք ամուր յենարաններէ զրկեց: Խանութիւնները մեծ ուժ կը ներկայացնէին եւ կրնային ծառայել Ռուսաստանի  շահերուն:

Խանութիւններուն վերականգնման նախագիծը յաջորդ օր` օգոստոս 16-ին ընթերցուեցաւ կայսրին: Կայսրը յանձնարարեց տեղւոյն վրայ ուսումնասիրութիւն պատրաստել:

aztagdaily.com/archives/580955

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail