«Երեւանի Կողմէ Մեր Տարածքային Ամբողջականութեան Ճանաչումէն Ետք Գործնականին Մէջ Լուրջ Խոչընդոտներ Չկան. Խաղաղութեան Պայմանագիրը Կրնայ Յառաջիկային Կնքուիլ», Կ’ըսէ Ալիեւ
30 ՄԱՅԻՍ 2023 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրը կրնայ յառաջիկային կնքուիլ։ Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ այս մասին յայտնած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ։
«Երեւանի կողմէ մեր տարածքային ամբողջականութեան ճանաչումէն ետք, խաղաղութեան պայմանագիրի կնքման համար գործնականին մէջ լուրջ խոչընդոտներ չկան», նշած է Ալիեւ։
Ազրպէյճանի նախագահը բռնագրաւուած Քաշաթաղի շրջան այցելութեան ընթացքին ըսած է, որ Արցախի բնակչութիւնը պէտք է ենթարկուի Ազրպէյճանի օրէնքներուն։ «Ձեր գիրքը փակուած է, «Միացում»-ի գիրքը փակուած է, անջատողականութեան վերջը եկած է, անկախութեան երազանքները, ինչպէս կարգավիճակը, ի չիք դարձած են», ըսած է Ալիեւ։
Անոր խօսքով՝ արցախահայութեան համար մնացած միակ ուղին «Ազրպէյճանի օրէնքներուն ենթարկուիլն է, Ազրպէյճանին հաւատարիմ, բնական քաղաքացի դառնալը, «պետական ստորոգելիները» աղբանոցը նետելը եւ խորհրդարանը լուծարելը»։
«Մենք կը հաւատանք, որ իրենք պիտի հասկնան, պիտի գան ու քայլ պիտի կատարեն, որ Ազրպէյճանի դրօշի տակ ապրիլ։ Մենք կը սպասենք ասոր։ Ուստի մենք այլ քայլ չենք ըներ, եւ կը կարծեմ, որ վերջին 2,5 տարիներու ընթացքին տեղի ունեցած իրադարձութիւնները պէտք է արթնցնեն զանոնք, արթնցնեն երազանքներէն», ըսած է Ալիեւ։
aztagdaily.com/archives/582013