Նախագահն ու ԱԺ-ն Կը Կրեն Արցախի Ժողովուրդին Առաջնային Իրաւագիրը. Ստեփանակերտէն Կ՝արձագանգեն ալիեւին
30 ՄԱՅԻՍ 2023 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
Ընդամէնը օրեր առաջ Արցախի Հանրապետութեան նախագահը ազրպէյճանի ժողովուրդին ու իշխանութիւններուն կոչ ըրած էր վերջ տալու Արցախի ժողովուրդին հանդէպ ատելութեան ու ցեղասպանական քաղաքականութեան, իրապէս ընդունիլ միջազգային իրաւունքով ամրագրուած ժողովուրդներու իրաւահաւասարութեան սկզբունքը եւ Արցախի հանդէպ բնիկ հայ ժողովուրդին տիտղոսն ու իրաւունքները: Այս մասին նշած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամուլի խօսնակ Լուսինէ Աւանէսեանը՝ ի պատասխան Արցախի մէջ պետական յատկանիշները լուծարելու վերաբերեալ նախօրէին ալիեւի ըրած յայտարարութեան:
«Միաժամանակ, նախագահ Յարութիւնեանը պատրաստակամութիւն յայտնած է սկսելու միջազգային ձեւաչափով երկխօսութիւն՝ միջազգային իրաւունքի չափանիշներուն եւ սկզբունքներուն, յատկապէս՝ ժողովուրդներու իրաւահաւասարութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքի, ուժի եւ ուժի սպառնալիքի չկիրառման, վէճերու խաղաղ կարգաւորման եւ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքներուն հիման վրայ:
ազրպէյճանը հրադադարի մասին եռակողմ յայտարարութենէն ետք առաջին անգամ չէ Արցախի ժողովուրդին հետ կը խօսի սպառնալիքի լեզուով, մենք տեսած ենք եւ կը տեսնենք յարձակողականութեան դրսեւորումներ՝ տեղական մարտական գործողութիւններու, շրջափակման, ուժանիւթի եւ այլ ճնշումներու ձեւով: Անոնց այս անգամ ազրպէյճանի նախագահը աւելցուցած է Արցախի ժողովուրդին ընտրուած իշխանութիւններուն վերաբերեալ ապօրինի պահանջները:
Նախագահն ու Ազգային ժողովը կը կրեն Արցախի ժողովուրդին առաջնային իրաւագիրը՝ ընտրուած ժողովրդավարական սկզբունքներով եւ Արցախի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան հիման վրայ: Իսկ ազրպէյճանի նախագահը քաջ կը գիտակցի, որ Արցախի ենթակայութեան գլխաւոր աղբիւրը նոյն այդ պետական հիմնարկներն են, եւ, փաստօրէն, այդպիսի պահանջներով ան կը ճանչնայ այդ հիմնարկներուն օրինականութիւնն ու կարեւորութիւնը:
Հարաւային Կովկասի մէջ տեւական խաղաղութիւն ապահովելուն միտուած միջազգային աշխոյժ ջանքերուն զուգահեռ՝ Արցախի ժողովուրդին ու պետականութեան ուղղուած ազրպէյճանի նախագահին հերթական սպառնալիքները նպատակ ունին հարուածի տակ դնելու այդ ջանքերուն արդիւնաւէտութեան հեռանկարը: Եւս մէկ անգամ ընդգծելով , որ ազրպէյճանը չի յարգեր միջազգային որեւէ սկզբունք եւ պարտաւորութիւն՝ նախագահ Յարութիւնեան կը վերահաստատէ Մայիս 23-ի իր ուղերձին դրոյթները՝ ուղղուած եռակողմ յայտարարութեան կողմերուն եւ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին»,- ըսած է Լուսինէ Աւանէսեան:
yerakouyn.com/2023/05/29/նախագահն-ու-աժ-ն-կը-կրեն-արցախի-ժողովու/