Անդրադարձ. Սփիւռքի Տարի 2023 – Ժգ. Հայկական Գաղութներու Հզօրացման Մարտավարութիւն, Սփիւռքահայութեան Հայ Մնալու Հիմնական Միջոցները, – ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Carte de l’extension approximative du royaume d’Urartu avec sa zone d’influence maximale vers 750 av. J.-C. Map of the approximate extension of the kingdom of Urartu, with its maximal dominion before 750 BC. Ուրարտուն (Նաիրի) մոտ մ.թ.ա. 750թ.

Անդրադարձ. Սփիւռքի Տարի 2023 – Ժգ. Հայկական Գաղութներու Հզօրացման Մարտավարութիւն, Սփիւռքահայութեան Հայ Մնալու Հիմնական Միջոցները, Կեդրոններուն Հետ Աշխուժ Կապեր Սփիւռքահայուն Ձեռագիրքը Եւ Հայկական Նկարագիրը – ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

26 ՅՈՒՆԻՍ 2023 – Յուշեր – Անդրադարձ – Յարութ Չէքիճեան – haroutchekijian.wordpress.com

ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՈՒՈՅ ՊԱՐՏՔՆ Է – lousavor-avedis.org

– Գիշերը որքան էլ երկարի, առաւոտը գալու է: lousavor-avedis.org/

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Սփիւռքներու մասին մեծ թիւով ձեռագիրքեր արդէն գոյութիւն ունին: Անոնցմէ մէկն է` կառավարութիւններու յատուկ 2012-ի «Սփիւռքները զարգացման մէջ ներգրաւելու ճանապարհային քարտէսի մշակում. ձեռագիրք մը հայրենի եւ ընդունող երկրներուն քաղաքականութիւն մշակողներուն եւ գործադրողներուն համար» Developing a Road Map for Engaging Diasporas in Development. A Handbook for Policymakers and Practitioners in Home and Host Countries (1):

1. Սփիւռք ունեցող երկիրներուն ցանկէն 2 մաս, ուր Հայաստանը եւ Վրաստանը կ՛երեւին: Երկքաղաքացիութիւն, սփիւռքէն քուէարկելու իրաւունք, սփիւռքի քաղաքականութիւն, սփիւռքի կազմակերպութիւններ Եւրոպական Միութեան մէջ, սփիւռքի ներդրումները հայրենիքին մէջ, արտագաղթողներուն թիւը 2019-ին, երկքաղաքացիութեան եւ քուէարկելու իրաւունքի ընդունման տարին (3):

Երկրորդ մըն է` 2018-ի «Սփիւռքի ուսումնասիրութեան Ռութլեճի ձեռագիրքը» (Routledge Handbook of Diaspora Studies) (2): Ըստ այս գիրքին եւ այլ աղբիւրներու ալ, «Սփիւռք» բառը այժմ փոխած է իր բուն նախկին իմաստը, որ կը վերաբերէր հրեաներուն, հայերուն, յոյներուն եւ ափրիկեցիներուն (գերութիւն)` իրենց հայրենիքէն հեռու ցրուելնուն պատճառով:

Հրեաներուն պարագային, ըստ Հին կտակարանին, Աստուած քանի մը անգամ պատժած է զանոնք,  աքսորած եւ` ցիր ու ցան ըրած: Հայերուն եւ յոյներուն` թուրքերն ու իր պետութիւնը ծրագրուած կերպով տեղահանութիւն եւ ցեղասպանութիւն գործադրած են: Իսկ ափրիկեցիներուն պարագային, գաղութարար եւրոպական շարք մը պետութիւններ եւ Ամերիկան բռնի կերպով, իբրեւ ստրուկ-բանուոր, իրենց բնակավայրերէն արմատախիլ ըրած են զանոնք:

Երրորդ մըն է 2019-ի «Սփիւռքներու ձեռագիրքը, զանգուածային հաղորդակցութիւն եւ մշակոյթ» (The Handbook of Diasporas, Media, and Culture) (4): «Ամենաբարդ հարցերէն է օտար միջավայրի մը մէջ անդրազգայնականութեան եւ բազմազանութեան, ընկերային եւ մշակութային յարաբերութեան ու զտութեան եւ խառնուածին մասին հետազօտութիւնը»: Այստեղ մտահոգութիւն կը դրսեւորուի մեր հայկականութիւնը պահպանելու ձգտումին բոլորովին հակառակ ուղղութեամբ, երբ Անգլիոյ, Ֆրանսայի եւ եւրոպական այլ երկիրներու մէջ գաղթականնե՛րն են, որոնք իրե՛նց մշակոյթը կը պարտադրեն գաղթավայրին մէջ, յատկապէս` իսլամները եւ իսլամութիւնը…

Փաստօրէն այժմ Անգլիոյ վարչապետը` Ռիշի Սունաք, ոչ քրիստոնեայ` հինտու է, հնդիկ ծնողներու զաւակ է: Լոնտոնի քաղաքապետը` Սատիք Խան, իսլամ է եւ փաքիստանցի ծնողներու զաւակ է: Սկովտիոյ վարչապետը` Հումզա Եուսուֆ, իսլամ է եւ փաքիստանցի ծնողներու զաւակ է: Վերջապէս, Իրլանտայի վարչապետը` Լէօ Վարատքար, հնդիկ ծնողներու զաւակ է: Երբեմնի «ստրուկը» այժմ կը կառավարէ իր գաղութարար երկիրը… Կ՛արժէ, որ մենք ալ հետեւինք սունաքներուն օրինակին:

2. Ռութլեճի ձեռագիրքը: 3. Սփիւռքները զարգացման մէջ ներգրաւելու ճանապարհային քարտէսի մշակում: 4. Սփիւռքներու մարտավարութեան գործիքներ գիրքը:

Այս գիրքին եզրակացութիւններէն մէկն է. «Թուայնացած արհեստագիտութիւնները եւ վարժութիւնները եթէ ոչ միակ, այլ լաւագոյն միջոցներն են տեղափոխուած մարդոց, կապ պահելու իրենց անցեալին հետ:… Ցանցի մէջ առնուած գաղթական» եզրը փոխաբերութիւններէն մէկն է հասկնալու համար սփիւռքի փոփոխուող բնոյթը, որ աւանդաբար կը նկատուի իբրեւ մարդոց ցրուած խումբ, որ անջատուած է հայրենիքէն»: Մենք ալ մեր կարգին այսպիսի ցանցեր օգտագործելու եւ ստեղծելու ջատագովն ենք:

Սփիւռքներու մասին գիրքերն ու հրատարակութիւնները բազմաթիւ են: նախապէս նշած էի դասընկերոջս` դոկտ. Յակոբ Տէր Կարապետեանին 2018-ի «Հայկական ցեղային ինքնութիւնը իր բնաբանին մէջ` ընդհանուր եւ ընկերային-հոգեբանական դիտանկիւնէն» գիրքը (5): Այլ գիրք մըն է 2021-ի «Սփիւռքներուն ապագան» (The future of diasporas), որ հրատարակութիւնն է Միջազգային գաղթականներու կազմակերպութեան` IOM (3): Նշենք նաեւ «Զօրեան» հիմնարկի (Թորոնթօ եւ Քեմպրիճ) անդրազգային ուսումնասիրութիւններու «Տիասփորա» «Diaspora» հանդէսը (6):

Վերջապէս, բայց` ոչ վերջինը` նշենք Տենիզ Աղանեանի 2007-ի «Հայկական սփիւռքը` յարակցութիւն եւ բեկում» «The Armenian Diaspora: Cohesion and Fracture): Անգլիոյ Մանչեսթըր քաղաքի հայկական մանրանկար` սփիւռքի պարագայի մը ուսումնասիրութիւնն է, որ կը քննէ  ընկերային եւ քաղաքական բարդ ընթացքները, որոնք կը պահպանեն ու կը կազմաւորեն հայկական ինքնութիւնը (7):

5. «Հայկական ցեղային ինքնութիւնը իր բնաբանին մէջ` Յակոբ Տէր Կարապետեանին գիրքը: 6. «Զօրեան» հիմնարկի «Սփիւռք» հանդէսին սեպտեմբեր 2022-ի թիւը: 7. «Սփիւռքներուն ապագան» գիրքը:

Կ՛արժէ նշել, որ Քանատայի (ֆրանսախօս եւ անգլիախօս) եւ Զուիցերիոյ նման (ֆրանսախօս, գերմանախօս եւ իտալախօս) երկիրներ իրենց իրողական համայնքային-լեզուական կազմութեան պատճառով օրէնքներով կը պահպանեն լեզուական եւ մշակութային զանազանութիւնը, որմէ յաճախ օգտուած է եւ պէտք է շարունակեն օգտուիլ Քանատայի եւ այսպիսի այլ երկիրներու մեր գաղութները:

«Սփիւռքահայուն ձեռագիրքը» եւ այլ ձեռագիրք մը:

Ըստ երեւոյթին, իսրայէլացիները երկար ժամանակէ ի վեր ունին եւ կ՛օգտագործեն իրենց սփիւռքին յատուկ ձեռագիրքը, որուն մասին լսած էի Երուսաղէմի ընկերներէս: Արդարեւ, 1970-ական տարիներուն եղբայրս գործով Դանիա մեկնած էր ու երեկոյեան կը հասնի իր պանդոկը: Պայուսակները տեղաւորելէ ետք բաժակ մը գարեջուրի համար պանդոկին գինետունը կ՛իջնէ, որ բացի մէկ տարեց անձէ` դատարկ էր: Անկէ քանի մը աթոռ անդին կը նստի ու քաղաքավարութեան համար անգլերէն «Բարի իրիկուն» կ՛ըսէ անծանօթին:

Քիչ ետք այդ անձը կը հարցնէ, թէ ո՞ր երկրէն եկած էր: Եւրոպայի մէջ իր նախկին փորձառութենէն մեկնելով, որ Լիբանանին ո՛ւր եւ ի՛նչ ըլլալը շատեր չէին գիտնար, այս` 1975-ի քաղաքացիական պատերազմէն առաջ, եղբայրս Լիբանան չ՛ըսեր, այլ Իսրայէլի հիւսիսէն կը պատասխանէ, ըսել ուզելով` Իսրայէլի հիւսիսի երկրէն, քանի որ շատ աւելի են Իսրայէլին ո՛ւր ըլլալը գիտցողները: Ըստ երեւոյթին, այդ տարեց մարդը հրեայ էր եւ եղբայրս ալ հրեայ կարծելով` կը հարցնէ.

– Կեդրոնին հետ կապուեցա՞ր:
– Ի՞նչ կեդրոն:
– Ճամբորդելէդ առաջ քեզի գրքոյկը չտուի՞ն:
– Ո՛չ,- կ՛ըսէ եւ գարեջուրը արագ մը խմելէ ետք այս կնճռոտ կացութենէն կը հեռանայ:

Հրեաներն ալ, հայերուն նման շատ մեծ սփիւռք ունին եւ աշխարհի վրայ ամէն տեղ տարածուած են: Վերեւ նշուած եղելութեան հիման վրայ, ըստ երեւոյթին, իւրաքանչիւր երկրի, կամ նոյնի՛սկ քաղաքի մէջ անոնք կեդրոններ ունին, առնուազն` հեռաձայնի թիւեր, որոնց եթէ դիմեն, ամէն ձեւով օգտակար կը դառնան նորեկին` գործ, բնակարան եւ այլ դիւրութիւններ թելադրելով ու զիրենք այդ կեդրոնին հետ կապելով եւ պարտականութիւն մը տալով: Որքան որ իմացած եմ, իրենց այդ գրքոյկը նաեւ հարցում-պատասխանի բաժին մը ունի, ուր նշուած են օտարին կողմէ սովորական հարցումներու շարք մը, թէ` ի՞նչ պէտք է պատասխանել անոնց:

8. ՀՄԸՄ Պէյրութի մոկլիները: 9. ՀՄԸՄ-ի Արժանթինի արի-արենուշները:

Ուրեմն զարմանալի չէ, որ մենք ալ մեր ձեռագիրքը պէտք է պատրաստենք եւ տարածենք: Իսկ իւրաքանչիւր երկրի կամ քաղաքի հիմնական հասցէն շատ դիւրաւ կրնան ըլլալ, նուազագոյն պարագային` մեր եկեղեցւոյ գրասենեակները,  կամ առաջնորդարանները, այլ կազմակերպութիւններուն կողքին:

Ի՞նչ է «Հայկական նկարագիրը», կամ` ինքնութիւնը:

Պատասխանելը բարդ ու դժուար է եւ գիտականօրէն գրեթէ անկարելի: Ինչո՞ւ, քանի որ նկարագիր եւ ինքնութիւն, վարք ու բարք, հայ անհատին ուղեղէն է, որ կը դրսեւորուին: Այստեղ մուտք կը գործենք «ոչ շօշափելի» թուացող բնագաւառ մը, որուն պատասխանը ամբողջ հայոց պատմութեան, մշակոյթին, աւանդութիւններուն, կրօնին, լեզուին, լեզուամտածողութեան, գրականութեան եւ այս բոլորին հաւաքական ծինային ժառանգութեան ամբողջութեան մէջ կը գտնուի:

Սակայն մարդկային ուղեղին մասին գիտական հետախուզութիւնները օրէ օր կը դիւրացնեն եւ «շօշափելի» կը դարձնեն կարգ մը գործնական պատասխաններ գտնելու, թէ` գիտականօրէն արդեօք այսպիսի բան կա՞յ «Հայկական ինքնութիւն» եւ կամ «հայկական նկարագիր»: Ստորեւ` նոր գիւտ մը, որ հայկական կամ այլոց «լեզուամտածողութիւն» կոչուածին գոյութիւնը կը փաստէ:

24 մարտ 2023-ին Աննա Տեմինկ (Anna Demming) «Լայվ Սայենս» գիտական հանդէսին մէջ գրած է (8). «Քու մայրենի լեզուդ կրնայ ձեւաւորել ուղեղիդ տարբեր հատուածներուն միջեւ կապը» (Your native language may shape the wiring of your brain)` գիտական նոր յայտնաբերումին մասին:

Դոկտ. Ալֆրետ Անվանտըրի (Alfred Anwander) խումբը, Գերմանիոյ Մաքս Փլանք գիտական հիմնարկին մէջ, Էմ Առ Այ-ի մագնիսական ձայնադարձութեան պատկերահանումի միջոցով (MRI), 94 անձերու, որոնց մայրենի լեզուն արաբերէն կամ գերմաներէն էր, անոնց ուղեղներուն վրայ լեզուական փորձերով բաղդատական քննութիւններ կատարած են: Անոնք եզրակացուցած են, որ անձի մը ճանաչողական (cognitive) հոլովոյթին մէջ մարդկային ուղեղին ներքին հաղորդակցութեան կառուցուածքային ցանցը, կապը` իր զանազան հատուածներուն միջեւ, կը ձեւաւորուի մայրենի լեզուով, ուրեմն մայրենի լեզուէ լեզու, ուղեղին կառուցուածքը կը տարբերի (Native language differences in the structural connectome of the human brain): Գիտական լրիւ տեղեկագրութիւնը այստեղ` (9):

Ահաւասիկ լեզուամտածողութեան մասին քանիցս փաստուածը, այժմ աւելի տեսանելի, շօշափելի կերպով ենթակային ուղեղը համակարգիչի պաստառին վրայ կը պատկերէ լեզուական վարժութիւններու ընթացքին: Այնպէս, ինչպէս մայրենին գերմաներէն եղողին ուղեղին ներքին աշխատանքը բոլորովին կը տարբերի մայրենին արաբերէն եղողէն, հետեւաբար եւ փոխարինաբար, նոյնպէս ալ մայրենի լեզուն հայերէն եղողին ուղեղը կը տարբերի ուրիշներէն ու եզակի ներքին աշխատանքի կառուցուածք ունի:

Թէեւ միշտ պէտք է խուսափիլ ընդհանրացում կատարելէ, սակայն անկասկած, բոլոր հայախօս հայերուն ուղեղները ճանաչողական կառուցուածքային նոյնութիւն, կամ նմանութիւն ունին, եւ կամ նոյն կերպով կը մտածեն, ուրեմն նոյն լեզուամտածողութիւնը ունին: Ուղեղին բաժանմունքներուն միջեւ հաղորդակցութիւնը նոյնպիսի ցանցերէ` ճամբաներէ կ՛անցնի:

Թէ ի՛նչ կը պատահի ուղեղներուն այն հայերուն, որոնք հայ ընտանիքի մէջ կը ծնին, սակայն երբե՛ք հայերէն չեն լսեր կամ խօսիր, յատուկ քննութեան կը կարօտի, սակայն յստակ է, որ հայ ընտանիքի մէջ ծնողին ժառանգած ուղեղին կառուցուածքը եւ ներքին հեզասահ աշխատանքի բանալին` գաղտնաբառը, հայերէն լեզուն է, առանց հայերէնին` խարխափումներ տեղի պիտի ունենան անոր ուղեղին մէջ: Քանի որ, ուզենք չուզենք, հայ ծնած ենք եւ` հայկական ծինային ուղեղ ժառանգած, որ լաւագոյնս կը բանի մայրենի լեզուով:

Ահաւասիկ, քարոզներէն անդին, գիտութիւնը նաեւ կը փաստէ մայրենի լեզուի գործածութեան կարեւորութիւնը եւ անհրաժեշտութիւնը: «Հայերէնը ինչի՞ս պէտք է» ըսողներուն Մաքս Փլանք հիմնարկը կը պատասխանէ` «Որպէսզի ուղեղդ բնականոն աշխատի»:

26 մարտ 2023
(Շար. 13/14)

haroutchekijian.wordpress.com

———-

  1. https://www.gfmd.org/pfp/policy-tools/diaspora-handbook
  2. https://www.routledgehandbooks.com/doi/10.4324/97
  3. The Future of Diasporas, International Organization for Migration (IOM), 2021:
    https://publications.iom.int/books/future-diasporas 
  1. https://onlinelibrary.wiley.com/doi/book/10.1002/9781119236771
  2. Armenian Ethnic Identity in Context: Empirical and Psychosocial Perspective, Dr. Aghop Der-Karabetian, Haigazian University Press, Beirut, January 1, 2018, pp 269.
  3. https://www.utpjournals.press/journals/diaspora/zoryan-institute
  4. Aghanian, D. The Armenian Diaspora: Cohesion and Fracture (University Press of America, 2007):
  5. https://www.livescience.com/your-native-language-may-shape-the-wiring-of-your-brain
  6. https://www.sciencedirect.com/science/article/pii/S1053811923001015?via%3Dihub#bib0071
Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail