Լիզպոնի Գործողութեան 40-Ամեակ. Երգի Մը Պատմութիւնը. Հայ Դատի Պահանջատիրութեան Ուխտապահներու` Լիզպոնի Հինգի Յիշատակը Յաւերժացնող Երգերուն Պատգամները – ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

History – Armenian Revolutionary Army – The Story of the Lisbon Five

Լիզպոնի Գործողութեան 40-Ամեակ. Երգի Մը Պատմութիւնը. Հայ Դատի Պահանջատիրութեան Ուխտապահներու` Լիզպոնի Հինգի Յիշատակը Յաւերժացնող Երգերուն Պատգամները – ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

17 ՅՈՒԼԻՍ 2023 – Անդրադարձ – Հայ Դատ – ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ:

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

Ներածական

Հայոց ցեղասպանութեան վաթսունամեակը կը յատկանշուի Հայ դատի հետապնդման նոր փուլով մը` 1975-1987, ազգային-ազատագրական զինեալ պայքար:

1975-1987 ժամանակահատուածին կատարուած իրերայաջորդող գործողութիւնները ցնցեցին քաղաքական աշխարհը, ճեղքեցին հայ ժողովուրդի դէմ թրքական պետութեան գործադրած Ցեղասպանութեան եւ հայրենազրկումի մեծագոյն ու ահաւոր ոճիրներու շուրջ հաստատուած միջազգային լռութեան պատը եւ ազդանշան տուին Հայ դատի ուժական պայքարի նորագոյն շղթայազերծման:

Այդ ժամանակամիջոցին տեղի ունեցած գործողութիւններու, արարքներու եւ հայ հերոսներուն համար հայ ժողովուրդը երգեր հիւսեց, որոնք նոյնպէս մաս կը կազմէին նախ Հայ դատի, ապա Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման սուրբ գործին:

Հիմնուելով մեզի հասած երգերուն վրայ`  կրցանք ուսումնասիրել եւ յայտնաբերել Լիզպոնի հինգ նահատակ մարտիկներու 14 երգերը: Նիւթը լուսաբանելու համար ուսումնասիրած ենք երգերը: Ուսումնասիրութիւնը խորացնելու եւ ճշգրիտ ու մանրամասն տեղեկութիւններ հաւաքելու նպատակով ունեցած ենք բազմաթիւ հանդիպումներ եւ հաղորդակցութիւններ` մեր աշխատասիրութեան հետ առնչուող հեղինակներու, արուեստագէտներու եւ այլ անհատներու հետ:

Այդ արարքներէն ամէնէն կարեւորագոյներէն էր, երբ «ԻՄԱՑԵԱԼ ՄԱՀ»-ի իմաստաւորողը հանդիսացած Փորթուգալի մայրաքաղաք Լիզպոնի մէջ թրքական դեսպանատունն ու անոր կից գտնուող թուրք դեսպանին բնակարանը, չորեքշաբթի, 27 յուլիս 1983-ին թատերաբեմ դարձաւ անձնասպանական գործողութեան մը, որ կատարուեցաւ «Հայկական յեղափոխական բանակ»-ի (ՀՅԲ) հինգ անդամներու կողմէ` Սարգիս Աբրահամեան, Վաչէ Տաղլեան, Սիմոն Եահնէեան, Սեդրակ Աճեմեան եւ Արա Քըրճըլեան:

Արդարեւ, գործողութիւնը սկսաւ, երբ զինեալներ վարձուած ինքնաշարժով մը անակնկալօրէն մուտք գործեցին թրքական դեսպանատուն եւ դեսպանին բնակարանը շրջապատող պարտէզէն ներս. չորս զինեալներ խուժեցին դէպի դեսպանատան մուտքը ու կրակ բացին հոն գտնուող պահակին վրայ: Այս վերջինը վիրաւորուեցաւ ու հակադարձեց: Նոյն ոճին դիմեց նաեւ դեսպանատան գործավարին թիկնապահը, որ նաեւ մետասաներորդ պահուն յաջողեցաւ փակել դեսպանատան դուռը: Հոս է, որ զոհուեցաւ քոմանտոյին անդամներէն մէկը:

Յարձակող զինեալները անմիջապէս գրաւեցին նոյն շրջափակին մէջ գտնուող դեսպանին բնակարանը, ուր կը գտնուէին դեսպանատան գործավարին` Օսման Օզթիւրքի, կինն ու զաւակը: Դեսպանատան աղբիւրները հաւաստիացուցին, որ թուրք դեսպանը  Լիզպոն չէր գտնուեր: Հեռաձայնային հադորդակցութեան մը ընթացքին զինեալները զգուշացուցին ոստիկանութիւնը` որեւէ միջամտութենէ, սպառնալով պայթեցնել շէնքը:

Գործողութիւնը սկսելէն շուրջ ժամ մը ետք Փորթուգալի վարչապետ Մարիօ Սուարեշ ստիպողական ժողովի հրաւիրեց իր կառավարութիւնն ու զինուորական պատասխանատուները: Որոշուեցաւ գործի լծել հակաահաբեկչական մասնայատուկ ուժերը, որոնցմէ 170 հոգի միացան դեսպանատունը պաշարման տակ առնող ոստիկանութեան:

Կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ի մօտ ուժգին պայթում մը տեղի ունեցաւ դեսպանին բնակարանին մէջ, ուր ծագեցաւ մեծ հրդեհ մը:

Ակնթարթ մը ետք, ոստիկանութիւնը սեղմեց շէնքին շուրջ հաստատուած պաշարման օղակը, եւ անոնցմէ երեսուն հոգի անցան ուղղակի յարձակման` ներս ցատկելով պարտէզին պատէն: Տեղի ունեցաւ կարճատեւ հրացանաձգութիւն, որմէ ետք նոր պայթումներ լսուեցան:

Կէսօրէ ետք ժամը 3:45-ին ոստիկանութիւնը մուտք գործեց շէնքէն ներս, ուր գտաւ ածխացած հինգ մարմիններ: Անոնցմէ չորսը կը պատկանէին քոմանտոյի անդամներուն, իսկ հինգերորդը` ոստիկանի մը:

Ի յայտ եկած էր, որ քոմանտոն իր մօտ ունեցած ռումբերով պայթեցուցած էր բնակարանը եւ դիմած` անձնասպանութեան: Մինչ այդ ոստիկանութիւնը գտած էր վարձուած երկու ինքնաշարժներ, որոնց մէջ կային ռումբեր եւ սննդեղէն: Կ’ենթադրուէր, որ քոմանտոն յարձակումը գործած էր երկարատեւ գրաւման նպատակով:

Լիզպոնի մէջ տեղի ունեցած յարձակումը հազիւ սկսած` Փարիզի մէջ «ՀՅ Բանակ»-ը, լրատու գործակալութեան հետ հաղորդակցութեան մէջ մտնելով, ստանձնեց գործողութեան պատասխանատուութիւնը:

Երեկոյեան «ՀՅ Բանակ»-ը, այս անգամ Լիզպոնի մէջ միջազգային լրատու գործակալութեանց յղուած հաղորդագրութեամբ, վերստին կը ստանձնէր պատասխանատուութիւնը:

Ամիսներու սպասումէ ետք Լիզպոնի մէջ նահատակուած տղաքը 20 սեպտեմբեր 1983-ին կը վերադառնային իրենց ժողովուրդին, ծնողներուն, հարազատներուն եւ ընկերներուն գիրկը: Գիրկը` այն միջավայրին, ուր հասակ նետեցին, հայեցի ու ազգային-գաղափարական դաստիարակութիւն ստացան:

Վերոնշեալ թուականին առաւօտուն արդէն իսկ Պուրճ Համուտի վաճառատուները ինքնաբուխ կերպով փակ պահած էին իրենց փեղկերը: Լիբանանի ապահովական չափազանց վատ կացութիւնը արգելք չէր կրցած ըլլալ շուրջ 7 հազար հայորդիներու, որոնք փութացին դէպի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցի: Եկեղեցական արարողութեան ու ազգայնաշունչ քարոզի աւարտին ժողովուրդը ինքնաշարժներով կազմուած թափօրով հետեւեցաւ իր հինգ կորիւններուն անշնչացած մարմիններուն: Եռագոյն դրօշով ծածկուած հինգ դագաղները փոխադրուեցան Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան մատուռը, ուր եկեղեցական արարողութենէ եւ հրաժշտի դամբանականէ ետք հողին յանձնուեցան:

Հինգերու միատեղ հողին յանձնումը յաւելեալ ձեւով կը խորհրդանշէր այնքան ակնյայտ, նոյն վեհանձն նպատակներուն համար գործելու եւ նահատակուելու անոնց որոշումը:

Այս արարքին մարտավարութիւնը բնականաբար նպատակ ունէր Հայ դատը, ինչպէս նաեւ անոր մաս կազմող Հայոց ցեղասպանութիւնը այժմէականութեան հրապարակ բերել. ան գլխաւորաբար քարոզչական էր:

Հայ դատի հետապնդման այս ժամանակաշրջանը, որ տեւեց շուրջ տասներկու տարի, կրցաւ մեծ փոփոխութիւններ արձանագրել ըլլա՛յ միջազգային հարթակներու վրայ, ըլլա՛յ հայ ժողովուրդի զաւակներուն մէջ անխտիր:

Լիզպոնի գործողութենէն քանի մը տարի ետք տեսերիզ մը հրապարակուեցաւ. հինգ նահատակներուն անկորնչելի կտակն էր այդ երիզը. մասունքի մը արժէքը ունեցող երիզը ամենայն ուշադրութեամբ ու յուզմունքով կրկին ու կրկին կը դիտէինք ու մտիկ կ’ընէինք. պաստառէն Սագոն, Սեդրակը, Սիմոնը, Վաչէն ու Արան, պարզունակ, բայց ուժեղ արտայայտութիւններով, իրենց սիրտերէն ու կամքէն ժայթքող խորհրդածութիւններով, անջնջելի խորհուրդ ու պատգամ կը յղէին ամբողջ հայութեան անխտիր:

Այսօր նմանօրինակ որեւէ արարք կամ գործողութիւն կը թարգմանուի` իբրեւ ոճիր, իբրեւ ծայրայեղականութիւն, իբրեւ ահաբեկչութիւն: Սակայն, հոս տեղին է նշել, որ Լիզպոնի տղոց արարքը սովորական անձնասպանութիւն չէ ու չի՛ կրնար ըլլալ, ինքնանպատակ արարք չէ ու չի՛ կրնար ըլլալ, այլ յանուն արդարութեան սրբազան զոհաբերութիւն է, գիտակցական մարտիրոսացում է:

Հետեւաբար կան դէպքեր, անցուդարձեր, պատահարներ, որոնք կառչած կը մնան մարդ էակին յիշողութեան մէջ, որքան յառաջանան ժամանակները, այնքան կը շարունակեն անխախտ մնալ` իր կարգին մոռացութեան մատնուելու վտանգին տակ գտնուող յիշողութիւն կոչուած բնագաւառէն ներս:

Այս իւրայատուկ բացատրութեամբ կարելի է ներկայացնել Լիզպոնի գործողութիւնը: Կարծես թէ երէկ պատահած ըլլար այդ արարքը:

Փորթուգալի մայրաքաղաքին մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան գրաւումն ու անոր հետեւած անձնասպանական արարքը հայութեան ուժական պայքարի նորագոյն պատմութեան մէջ կերտեց բարձրակէտ մը, որ անջնջելի հետք թողուց ո՛չ միայն մեր արդարատենչութեան երթին ճամբուն վրայ, այլ նաեւ` մեր իրաւունքներուն աղերսակից աշխարհի յիշողութեան մէջ:

Շատերուս համար Լիզպոնի դէպքը երէկ էր դեռ, իսկ երիտասարդներուն ու պատանիներուն կեանքին մէջ անիկա կը կանգնի իբրեւ ոգեղէն յուշարձան, որ կը լուսաւորէ հայութեան իրաւատիրութեան ու պահանջատիրութեան պայքարի ուղին: Սիմոնը, Վաչէն, Արան, Սագոն եւ Սեդրակը ո՛չ միայն «Իմացեալ մահ»-ի լուսաշող ուղիին վրայ նոր հորիզոններ տարածեցին, այլեւ անձնուիրութեան ու հայրենասիրութեան գործնական պատգամ մը ամրագրեցին հետագայ սերունդներուն համար` այսօրուան եւ վաղուան երիտասարդին ու պատանիին ըսելու, որ հայրենի հողը, մեր ժողովուրդն ու արդար իրաւունքները արժանի՛ են գերագոյն զոհողութիւններու, պայքարունակ կամքի եւ հետեւողական գործի:

Յետլիզպոնեան ժամանակահատուածը բնականաբար յատկանշուեցաւ տեղեկատուական, քաղաքական, պետական եւ միջազգային մակարդակներու վրայ Ցեղասպանութեան ճանաչման արծարծումով:

Ահաւասիկ 40-րդ տարին է, որ կ’ոգեկոչենք Լիզպոնի հինգ նահատակ հերոսներուն յիշատակը, կը յիշենք զիրենք ու իրենց սխրալի արարքը, կը վերահաստատենք մեր անսակարկելի իրաւունքներուն հետապնդման ուխտը, մեր յանձնառութիւնը` ա՛յն Դատին, որուն համար գերագոյն զոհաբերումը յանձն առին հինգ հերոսները` Վաչէն, Սիմոնը, Սագոն, Արան եւ Սեդրակը:

Այս աշխատասիրութիւնը փորձ մըն է ուրուագծելու Լիզպոնի տղոց նուիրուած երգերու հոլովոյթը շուրջ 40 տարիներու ժամանակահատուածին մէջ:

Ուստի այս աշխատութիւնը կու գայ ոչ թէ յիշատակելու միայն Լիզպոնի հինգը, այլ` արժանիօրէն գնահատելու անոնց նահատակութիւնը երգերու ընդմէջէն:

* * *

Լիզպոնի Հինգ Դիւցազուններուն
Արտացոլացումը Երգերուն Մէջ

Ինչպէս ժամանակակից Հայոց պատմութիւնը յատկանշած է ազգային-ազատագրական պայքարի որեւէ դէպք, նաեւ Լիզպոնի աքթը իր խոր ազդեցութիւնը ունեցաւ մեր հաւաքական կեանքին վրայ:

Լիզպոնի հինգին քաղաքական հասունութեան, թէ յեղափոխական տրամադրութիւններուն մասին պատկառելի գրականութիւն է մշակուած: Ան իր արտացոլացումը գտաւ նաեւ ազգային, հայրենասիրական եւ յեղափոխական երգերուն ու երաժշտութեան ընդմէջէն:

Ուստի այս աշխատասիրութեան մէջ` իբրեւ հիմնական նիւթ, լուսարձակի տակ առած ենք ՀՅԲ-ի կազմակերպած Լիզպոնի գործողութիւնը ընդհանրապէս եւ այդ գործողութեան իբրեւ հետեւանք` նահատակուած Սրբազան Հինգին նուիրուած երգերը:

Լիզպոնի խոյանքը իր բոլոր մանրամասնութիւններով եւ խորհուրդի բոլոր ծալքերով սփիւռքի, Հայաստանի ու Արցախի  արուեստագէտներ եւ հեղինակներ ծնունդ տուին Հայ դատի այս կարեւոր իրադարձութիւնը նկարագրող կարգ մը երգերու: Այս բոլորը բնականաբար կ’ապացուցեն Լիզպոնի աքթին վայելած ժողովրդականութիւնն ու վարկը:

Այս յօդուածաշարքով կը ներկայացնենք Լիզպոնի հերոսական գործողութեան նուիրուած 14 երգերը` Լիզպոնի գործողութենէն ի վեր ստեղծագործուած: Մենք, մեր կարգին, առաջին օրէն մինչեւ օրս հաւաքած ենք եւ պահպանած ենք այդ երգերը իրենց ամէն տեսակի արխիւային տուեալներով` ձայներիզ, ձայնապնակ, նոթագրութիւն, տեսանիւթ եւ այլն: 40-ամեակի առիթով մեր տեղեկութիւնները վերաթարմացնելու եւ աւելի հարստացնելու համար անգամ մը եւս հաղորդակցութեան մէջ մտած ենք երգերու հեղինակներուն, մեկնաբաններուն, հարազատներուն, նոյնիսկ նահատակներու անմիջական պարագաներուն հետ:

Մեր ուսումնասիրութեամբ եւ հետազօտական աշխատութեամբ յայտնաբերուած 14 երգերը շատերու համար անծանօթ պիտի թուին, վստահ ենք, նոյնիսկ զարմանալի, որ Լիզպոնի հինգին նուիրուած այսքան երգ գոյութիւն ունի:

Հոն առաջին անգամ ըլլալով պիտի յայտնաբերուին կարգ մը երգեր, ինչպէս նաեւ առաջին անգամ ըլլալով պիտի յայտնաբերուին երգերու բառերու, երաժշտութեան եւ մեկնաբաններու հեղինակներու անունները:

Այնուհետեւ, հարկ է նշել նաեւ, որ Լիզպոնի հերոսական արարքը պատճառ դարձաւ, որ տարուան ընթացքին, յատկապէս` յուլիսին, նիւթը նախ յիշատակուի յօդուածներու ընդմէջէն, ապա յօրինուած երգերը տեղադրուին մամուլի եւ երգարաններու մէջ, սփիւռքի տարածքին, իսկ աւելի ուշ տարիներու ալ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ` գործողութեան տարողութեան հարցը նկատի առնելով, սկսան ձեռնարկներով յիշատակել զայն: Ուստի այդ ձեռնարկներուն տեղի ունեցած գեղարուեստական յայտագիրին բնականաբար մաս կը կազմեն լիզպոնեան երգերը: Շարունակուելով տակաւին ձայնասփիւռի կայաններէ, ինչպէս նաեւ անոնք կ’երգուին բանակումներու, խրախճանքներու եւ այլ առիթներով:

Ստորեւ կը ներկայացնենք Լիզպոնի գործողութեան եւ հինգ անձնազոհներուն նուիրուած 14 երգերու վերնագիրներուն ցանկը, որ մեր ուսումնասիրութեան առարկայ դարձած է:

  1. ԼԻԶՊՈՆԻ ՀԻՆԳԻՆ (Անոնք գացին անվերադարձ)
  2. ՌՄԲԱԿԷԶՆԵՐ (Ինչպէ՞ս չմխալ բոցով ձեր արեան)
  3. ՀԱՅԴՈՒԿՆԵՐ (Հինգ հայդուկներ ծաղկատի մեկնեցան արշաւասոյր)
  4. ԵՐԳ ՏԱՂԼԵԱՆ ՎԱՉԷԻ (Ծնուած մի վեհ հայ օճախի սնարէն)
  5. ԴԷՊԻ ԼԻԶՊՈՆ ԳՆԱՑԻՆ (Քաջեր անցան, մնաք բարով չասացին)
  6. ՄԱՏԱՂ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐԱՆԻՆ (Ձեր անունը պիտի յիշուի դարէ դար)
  7. ԼԻԶՊՈՆԻ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒՆ (Ահա այսպէս արշաւեցիք, Լիզպոն զոհուած լաւ ընկերներ)
  8. ԱՆՄԱՀՆԵՐԻՆ (Դուք հինգ արեւ, հինգ երկինք)
  9. ԼԻԶՊՈՆԻ ՈՂՋԱԿԷԶՆԵՐԻՆ (Յիշէ՛ք, հայեր, բալիկներուդ)
  10. ՄԱՍԻՍ ՍԱՐԸ ՁԵԶՄՈՎ ՀՊԱՐՏ (Հինգ տարի է, հինգ հերոսներ)
  11. ԼԻԶՊՈՆ ԳՆԱՑԻՆ (Յիշէք, հայորդի՛ք, անունը նրանց)
  12. ՅՈՒՇԱՐՁԱՆ ԼԻԶՊՈՆԻ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐԻՆ (Նոյնն է` թուրքը չի փոխուել)
  13. ԼԻԶՊՈՆԻ 5 ՔԱՋԵՐ (Լիզպոնի պայթիւնը ցնցեց ողջ աշխարհը)
  14. ԼԻԶՊՈՆ 5 (1983-ին յուլիս ամսուան 27-ին)

(Շար. 1)

ztagdaily.com/archives/586994

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail