Սփիւռքի Տարի 2022 – Ա. Հայերը Չինաստանի Մէջ 1919-ին – ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Սփիւռքի Տարի 2022 – Ա. Հայերը Չինաստանի Մէջ 1919-ին – ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

17 ՅՈՒԼԻՍ 2023 – Հայ Դատ՝ Պահանջատիրութիւն, Յուշեր, Աշխարհաքաղաքական, Ընկերային Հասարակական – haroutchekijian.wordpress.com

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՈՒՈՅ ՊԱՐՏՔՆ Է – lousavor-avedis.org

– Գիշերը որքան էլ երկարի, առաւոտը գալու է: lousavor-avedis.org/

Արամ Ա. կաթողիկոսի 2022-ը «Սփիւռքի տարի» հռչակելուն առիթով կը նշէ, որ նոյնիսկ Ծայրագոյն Արեւելքի մէջ հայկական գաղութներ ունեցած ենք: Ստորեւ կը ներկայացնեմ Երեւանի «Աշխատանք» թերթի 12 օգոստոս 1919-ի (1) «Վերջին լուրեր» բաժինին «Հայերը Չինաստանի մէջ» խորագիրով թղթակցութիւնը` Չինաստանի հայերուն մասին.

«Խարպինի (Harbin, Չինաստանի հիւսիս-արեւելքը*) 200-ի չափ հայութեան մասին անցեալ օր տեղեկութիւն հաղորդած էինք: Նոր մանրամասնութիւններէն կը հասկցուի, որ Չելեպինսքիէն (Chelyabinsk*) մինչեւ Վլատիվոսթոք (Սիպերիա), Խարպին, Մանչուրիա եւ Չանչուն (Changchun*) 3000-է աւելի հայութիւն կայ` ցրուած, որոնց թիւը (Հայոց ցեղասպանութեան պատճառով*) աւելցաւ նոր գաղթականներով (այս քաղաքներէն Հայաստանէն ամէնէն հեռաւորը շուրջ 9000 քմ հեռու է*): Թէ՛ Սիպերիոյ եւ թէ՛ Չինաստանի հայութեան մեծամասնութիւնը նիւթական գոհացուցիչ վիճակ ունի:

1. «Աշխատանք» թերթին 12-8-1919-ի Չինաստանի հայերուն մասին յօդուածը:

«Չինաստանի մէջ 3-4 միլիոնատէր հայեր կան, որոնք առհասարակ կը հետաքրքրուին հայութեան կեանքով: Օմսք (Omsk*), Կանսք, Իրքուցք, Մանչուրիա, Խարպին եւ Վլատիվոսթոք բաւական թիւով հայեր համախմբուած ըլլալով`

հոն կան հայկական կոմիտէներ, որոնց ամէնէն արդիւնաւէտն է Խարպինի մարմինը:

«Վլատիվոսթոքի գաղթականներուն վիճակը խեղճ է, անոնց մէջ կիներ եւ երեխաներ կան: Այդ 300 արեւմտահայ գաղթականները իրենց տուները վերադարձնելու համար Չինաստանի մէջ նոր հանգանակութեան մը ձեռնարկուած է: Մանչուրիա 13 հազար ռուբլի հանգանակած է` խոստանալով 25 հազարի բարձրացնել: Խարպինը 35 հազար խոստացած է, եւ այլ քաղաքներ ալ խոստացած են մասնակցիլ:

«Խարպինի կոմիտէէն արեւմտահայ վաճառական Ազնաւորեան եւ Պաքուէն փաստաբան Խորխոռունի Վլատիվոսթոք գործուղուէր են` դաշնակից դեսպաններուն դիմելու, որ հայ գաղթականութեան երիտասարդութիւնը  զինուորագրութենէ զերծ մնայ: Ռուսահպատակ գաղթականները կը հրաւիրուին միանալու Քոլչաքի (Kolchak) բանակին` ընդդէմ պոլշեւիկներուն, մինչ ցարդ երկու կողմերը հայերուն մասնակցութիւնը չէին պարտադրէր:

2. Խարպինի հայոց եկեղեցւոյ երգչախումբը, 1919-ին: 3. Հելարի մէջ (Haelar, Մանչուրիա) Գրիգոր Քասիանց նպարավաճառի իր խանութին առջեւ ձիակառքով, 1915-1916: Լուսանկարները եւ յատուկ յօդուածը տես` (3):

«Սիպերիոյ եւ Չինաստանի հայութիւնը Խարպինի մէջ համագումարի մը հրաւիրուած է` կեդրոնական մարմին մը կազմելու, որպէսզի զօրամաս մը ղրկեն Կովկաս կամ Կիլիկիա` հայրենիք վերադառնալ ուզողներուն օժանդակելու, հայրենիքը վերաշինելու, ընդհանուր մարդահամար եւ վիճակագրութիւն կատարելու եւ որոշելու ունեւորներուն թիւը եւ անոնց կողմէ հայրենիքի վերաշինութեան մասնակցութիւնը:

«Չինաստանի հայերը կ՛աշխատին գերազանցել Հնդկաստանի նշանաւոր հայ գաղութը: Խարպինի մէջ հիմնուած է հայկական վարժարան մը, որ ունի 22 աշակերտ, որոնք հայերէն կը խօսին եւ կ՛երգեն: Անոնք դասագիրքերու կը կարօտին:

«Խարպինի կեդրոնական կոմիտէն կապ հաստատած է Ամերիկայի Ազգային միութեան հետ` իրազեկ դառնալու հայութեան իրավիճակին եւ հայկական անցուդարձերուն»:

Երկրորդը «Ճակատամարտ» օրաթերթի 27 յուլիս 1920-ի թիւին մէջ առաջին էջի գլխաւոր յօդուածն է` «Հայերը Ծայրագոյն Արեւելքի մէջ» խորագիրով, որ Պոլսոյ մէջ կայացած հարցազրոյց մըն է Հայաստանի Ծայրագոյն Արեւելքի դեսպան Գրիգոր Ծամոնեանի հետ (2): Ստորեւ` հատուածներ.

«Սիպերիոյ մէջ հայերուն թիւը շուրջ 5-6 հազար է, մեծ մասը` Օմսքի եւ Իրքուցքի մէջ, ուր անոնք չէզոք դիրք որդեգրած էին թէ՛ Քոլչաքի եւ թէ՛ ալ պոլշեւիկներուն հանդէպ, որուն պատճառով հետապնդումի չենթարկուեցան: Շրջանի հայերը տնտեսական նախանձելի վիճակի մէջ կը գտնուին, գրեթէ բոլորը վաճառականութեամբ կը զբաղին: Կան նաեւ թիւով քիչ բժիշկներ եւ զանազան մասնագէտներ, որոնք բարձր դիրքերու հասած են:

4. Խարպինի Ս. Սոֆիա ուղղափառ եկեղեցին` 1907-ին կառուցուած: 5. Խարպինի Ս. Բարեխօսութեան ուղղափառ եկեղեցին:

«Խարպինի մէջ յանձնախումբ մը կազմուած է, որ նուիրատուութիւններ պիտի հաւաքէ Հայաստանի համար. արդէն իսկ հաւաքուած է 5 միլիոն սիպերիական ռուբլի (շուրջ 10 հազար թրքական ոսկի): Ամերիկեան կարմիր խաչը 300 ձեռք հագուստ նուիրած է` սոյն յանձնախումբին կողմէ Հայաստան ղրկուելու համար:

«Հայաստանի մասին Ծայրագոյն Արեւելքի հայերուն մէջ ստեղծուած խանդավառութիւնը եւ փարումը այնքա՜ն մեծ է, որ կ՛արժէ քանի մը օրինակ տալ.

Ա.- Խարպինի մէջ ունեւոր ախալցխացի Կարապետ Ասպետեան կէս միլիոնէն (թրքական ոսկի*) աւելի արժող իր երկու մեծ տուները Հայաստանի կառավարութեան կտակած է, որպէսզի Երեւանի մէջ բանուորական դպրոցներ բացուին:

Բ.- Ճավայի մէջ (Ինտոնեզիա*) Գէորգ Աբգար, որ շաքարի ու հացի գործարաններ ունի, նաեւ` 120 քմ սեփական երկաթուղի, որ իր ընդարձակ հողերն ու կալուածները իրարու կը կապէ, ինչպէս նաեւ` քանի մը շոգենաւեր, փափաք յայտնած է օգտակար դառնալ Հայաստանին:

Գ.- «100 հազար չիներ Հայաստան ղրկելու առաջարկ». Խարպինի չին կառավարիչը երբ կ՛իմանայ Հայաստանի քայքայուած վիճակին եւ մարդկային կորուստներուն (ցեղասպանութիւն*) մասին, կ՛առաջարկէ 100 հազար չին երկրագործական գործաւորներ տրամադրել: Այս բոլորը կը հաստատեն Ծայրագոյն Արեւելքի կառավարութիւններուն բարեացակամ վերաբերումը Հայաստանին եւ հայերուն հանդէպ: Ցարդ կատարուած որեւէ դիմում չէ մերժուած Սիպերիոյ, Չինաստանի, Ճափոնի կամ Հնդկաստանի (իշխանութիւններուն*) կողմէ»:

Եզրակացութիւն.

  1. Թուրքին ցեղասպանութենէն ճողոպրած 300 արեւմտահայ գաղթականներ շուրջ 10 հազար քիլոմեթր փախչելով` հասած են Չինաստան:
  2. Մեծահարուստ հայեր աջակցութիւն կը ցուցաբերեն համայնքին եւ Հայաստանին:
  3. Հայկական կոմիտէներ` յանձնախումբեր կը կազմուին գաղութին մէջ:
  4. Հայոց եկեղեցին եւ դպրոցը կ՛ըլլան նաեւ համայնքը միաւորողը` հանդիպման վայրը:
  5. Սփիւռքը մի՛շտ օժանդակած է Հայաստանին:

Հայկական սփիւռքին մասին գնահատում կատարելու համար կ՛արժէ եւ անհրաժեշտ է մեր գաղութներուն պատմութեան եւ զարգացումին ծանօթանալ:

14 յունուար 2022
(Շար. 1)

haroutchekijian.wordpress.com

* Լուսաբանութիւնները հեղինակին:

  1. «Աշխատանք» թերթ, օրկան ՀՅԴ երկրի Կեդրոնական կոմիտէի, Երեւան, խմբագիր` Հմայեակ Մանուկեան, Դ. տարի թիւ 55 (263), 12 օգոստոս 1919, էջ 3:
  2. «Ճակատամարտ» օրաթերթ, Պոլիս, Ժ. տարի, թիւ 512 (233), էջ 1:
  3. https://hyesharzhoom.com/pictorial-history-of-the-armenians-in-china-1919-1945/

aztagdaily.com/archives/537045

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail