Փաշինեան Կը Սխալի` Մտածելով, Որ Հայաստան Համաձայնած Էր Մեղրին Փոխանակելու Արցախով
21 ՅՈՒԼԻՍ 2023 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՈՒՈՅ ՊԱՐՏՔՆ Է – lousavor-avedis.org
– Գիշերը որքան էլ երկարի, առաւոտը գալու է: – lousavor-avedis.org
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան անցեալ ամիս փորձեց շեղել ուշադրութիւնը Հայաստանի ներկայի ողբերգական իրավիճակէն` մեղադրելով նախկին արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեանը: Ասիկա սովորական հնարք է, որ Հայաստանի ներկայ ղեկավարին կողմէ կ՛օգտագործուի արցախեան պատերազմի մէջ իր պարտութիւնը քողարկելու եւ երկրի ազգային շահերը չպաշտպանելու համար:
Ասիկա չի նշանակեր, որ նախկին ղեկավարները անթերի էին: Անոնք բազմաթիւ սխալներ թոյլ տուած են, եւ ես բազմիցս քննադատած եմ զանոնք` նախագահական պալատին մէջ դէմ առ դէմ նստած: Անոնք, որոնք Փաշինեանի հասցէին իմ հնչեցուցած քննադատութիւնները կ՛որակեն իբրեւ նախկին ղեկավարներու պաշտպանութիւն, բացարձակապէս կը սխալին:
Ահա թէ ի՛նչ ըսած է Փաշինեան անցեալ ամիս, երբ վկայութիւն կու տար 2020-ի արցախեան պատերազմի հանգամանքները ուսումնասիրող խորհրդարանական յանձնաժողովին. «2 յունիս 2000-ին «Առաւօտ» օրաթերթին մէջ հրատարակուած է այն մասին, որ արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեան 25 ապրիլ 2000-ին Կլենտէյլի (Քալիֆորնիա) հայ համայնքին հետ հանդիպման ընթացքին, իր բնորոշմամբ, «շատ մասնաւոր, ոչ պաշտօնական ելոյթի» ժամանակ, յայտարարած է հետեւեալը. «Մեղրին կը տրուի Ազրպէյճանին, Լաչինը Ղարաբաղին հետ կը տրուի Հայաստանին: Մեղրիով Հայաստանին կը տրուի գերիշխան ճամբայ, որով Հայաստան կրնայ գերիշխան հաղորդակցութեան մէջ մտնել Իրանի հետ»: Փաշինեան աւելցուց. «Ելոյթը հրապարակուած է «Քալիֆորնիա Քուրիըր» շաբաթաթերթի մէջ (2000-ին), որ նաեւ մէջբերած էր Օսկանեանի այն խօսքերը, ըստ որոնց, վերոնշեալ առաջարկին մէջ «տրամաբանութիւն մը կայ» եւ «պէտք է դրուի լուրջ քննարկման…»:
Քանի որ Փաշինեան յղում կատարեց 25 մայիս 2000-ին «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթին մէջ իմ գրած խմբագրականիս, որմէ քանի մը տող վերատպուած էր «Առաւօտ» օրաթերթին մէջ, կը փափաքէի պարզաբանել զայն` մէջբերելով 23 տարի առաջ գրած յօդուածէս` «Մեղրին փոխանակել Ղարաբաղի հետ. լա՞ւ գաղափար, թէ՞ քաղաքական ինքնասպանութիւն» վերնագրով:
Այն, ինչի մասին որ կ՛ակնարկէ Փաշինեան, 1992-ին պետական քարտուղար Ճէյմս Պէյքըրի յատուկ խորհրդական Փոլ Կոպըլի առաջարկն էր` Հայաստանի ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող հարաւային շրջանը` Մեղրին, Արցախի հետ փոխանակելու վերաբերեալ: Այս գաղափարը մերժուեցաւ այդ օրերու նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի, իսկ այնուհետեւ` Ազրպէյճանի այդ օրերու նախագահ Հայտար Ալիեւի կողմէ:
Փաշինեան մասամբ կը խեղաթիւրէ Կլենտէյլի մէջ Օսկանեանին ըսածը. 2000-ի իմ խմբագրականիս մէջ ես մէջբերած եմ Օսկանեանին խօսքերը. «Բազմաթիւ խօսակցութիւններ կան ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման մասին: Քննադատութիւններ կան, թէ Հայաստանի իշխանութիւնները կ՛ուզեն Մեղրին տալ Ազրպէյճանի: Իրականութիւն է, որ այդ լուրերուն մէջ ճշմարտութեան փոքր տոկոս մը կայ: Տարածքներու փոխանակման վերաբերեալ նման առաջարկ եղա՛ծ է Հայաստանի Հանրապետութեան` Հայաստանի նախագահին: Սակայն նման առաջարկ մերժուած է: Հայաստան այդ չէ ընդունած որպէս բանակցութիւններու հիմք»: Օսկանեան բազմիցս յայտարարած է, որ այս առաջարկը մերժուած է Հայաստանի կառավարութեան կողմէ: Ապացոյցը այն է, որ Մեղրին չէ փոխանակուած Արցախով:
Այսուհանդերձ, Օսկանեան շարունակեց իր ելոյթը` հարցեր բարձրացնելով իր պնդման առնչութեամբ, որ Հայաստան մերժած է Կոպըլի ծրագիրը: Փաշինեան այժմ կը շահարկէ Օսկանեանին լրացուցիչ յայտարարութիւնը:
Ահա թէ ի՛նչ ըսած է Օսկանեան իր լրացուցիչ յայտարարութեան մէջ, որուն մասին ես յայտնած եմ 2000-ի իմ յօդուածին մէջ. «Բայց թոյլ տուէք ըսել հետեւեալը. ես չեմ ուզեր, որ դուք զիս սխալ հասկնաք: Այդ մերժուած է, կը մերժուի եւ իրագործելի ծրագիր չէ: Այսուամենայնիւ, սա այնպիսի առաջարկ է, որուն մասին արժէ մտածել: Անիկա տեղի չ՛ունենար: Անիկա տեղի պիտի չունենայ, բայց երբ մարդիկ ըսեն, որ դաւաճանութիւն է նոյնիսկ ատոր մասին մտածելը, ես կ՛ուզէի պատասխանել: Եկէք` քիչ մը խորունկ մտածենք ասոր մասին: Այս առաջարկը յստակ տրամաբանութիւն ունի: Պարզապէս զուտ զգացական հիմքով նման առաջարկ մը մերժելը սխալ է: Մենք այդ ըրած ենք: Մենք պէտք է լրջօրէն վերլուծենք զայն: Հետաքրքրական է` արդեօք մե՞նք կը սխալինք ո՛չ ըսելով: Մենք ինչէ՞ն կը վախնանք: Ինչո՞ւ չենք վերլուծեր: Թապո՞ւ է: Եկէք` ստուգման թերթիկ կազմենք, եկէք` վերլուծենք թերթերուն մէջ: Անիկա ունի դրական եւ բացասական կողմեր: Ինչի համար որ ես կոչ կ՛ընեմ, այն է, որ այս հարցին մասին կարելի ըլլայ շատ առողջ բանավէճ եւ երկխօսութիւն ծաւալել, քանի որ այս առաջարկին մասին արժէ մտածել»:
Չեմ գիտեր, թէ ինչո՞ւ Օսկանեան փոխանակման առաջարկը բազմիցս մերժելէ ետք կը շարունակէր ըսել, որ «արժէ մտածել»: Իմ կարծիքով, մտածելու բան չկար: Այդ ակնյայտօրէն անընդունելի առաջարկ էր, որով Հայաստանի կ՛առաջարկուէր փոխանակել հայկական տարածք մը` Արցախը, հայկական մէկ այլ տարածքով` Մեղրիով: Օսկանեանի վարկածային խօսքերը առիթ տուին Փաշինեանին` մեղադրելու զայն, նոյնիսկ այսպիսի վատ գաղափար մը նկատի ունենալուն համար:
2000-ի խմբագրականս աւարտած եմ հետեւեալ խօսքերով. «Հայաստան նման փոխանակումէ ոչինչ կը շահի, սակայն շատ բան կը կորսնցնէ»: Ես կը շարունակեմ մնալ նոյն կարծիքին վրայ:
Ի վերջոյ, անոնց համար, որոնք կը կարծեն, թէ քանի որ Հայաստան կորսնցուց Արցախի մեծ մասը 2020-ի պատերազմին, թերեւս Օսկանեան ճիշդ էր, երբ կը դիտարկէր Մեղրին Արցախի հետ փոխանակելը. պէտք է ըսեմ, որ Ազրպէյճանի անյագ ախորժակը չի բաւարարուիր Արցախի կամ նոյնիսկ Մեղրիի գրաւումով: Կայսերապաշտական նկրտումները կը տարածուին ամբողջ Հայաստանի վրայ: Հայաստանի ղեկավարները որքան շատ երթան տարածքային զիջումներու, այնքան աւելի խրախուսած կ՛ըլլան Ազրպէյճանը` պահանջելու հայկական յաւելեալ տարածքներ: Միակ լուծումը` հայկական զինուած ուժերը ժամանակակից մահաբեր զէնքով զինելն է եւ իր տարածքը ազրպէյճանական հետագայ ներխուժումներէն պաշտպանելը:
Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ
aztagdaily.com/archives/587491