ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ – Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Մատթէոս Ա. Կոստանդնուպոլսեցի` Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց. Արցախը Ելիզաւետպոլի Ու Պաքուի Կապելու Եւ Ազգային Կեդրոնացումներէն Խուսափելու Քաղաքականութիւն – ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
30 ՅՈՒԼԻՍ 2023 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ:
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Ներսէս Ե. Աշտարակեցի կաթողիկոսի վախճանումէն ետք, 1857-ին, Էջմիածնի մէջ հրաւիրուած ազգային եկեղեցական ժողովը, Պոլսոյ պատրիարքութեան հետ կապերը աւելի ամրապնդելու նպատակով որոշեց կաթողիկոս ընտրել Մատթէոս արքեպիսկոպոս Չուխաճեանը:
Մատթէոս արքեպիսկոպոս ծնած էր 1802-ին, Պոլիս: 1826-ին կուսակրօն քահանայ օծուած էր: Պոլսոյ Ստեփանոս Աղաւնի պատրիարքի հրամանով աշխատակցած էր Գրիգոր Փէշտիմալճեանի կողմէ իրականացուող «Յայսմաւուրք»-ի տպագրութեան` համաձայն Տէր Իսրայէլի ընտիր օրինակին: 1835-ին ընտրուած էր Պրուսայի, իսկ 1841-ին` Զմիւռնիոյ առաջնորդ: 1838-ին եպիսկոպոս օծուած էր: 1844-ին Պոլսոյ պատրիարք ընտրուած էր եւ կարգաւորած Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հետ յարաբերութիւնները: 1845-ին բացած էր 1841-էն փակուած Սկիւտարի Ճեմարանը, եւ նոր դպրոցներ հիմնած էր:
Մատթէոս արքեպիսկոպոս յայտնի էր իբրեւ ուսումնասէր եւ ուսումնական եկեղեցական, ունէր կարող եւ գործունեայ անձի եւ հայ եկեղեցւոյ դաւանութեան նախանձախոյզ պաշտպանի, դժուարութիւններու առջեւ չընկրկող, նոր ձեռնարկներու հետամուտ հոգեւորականի համբաւ. հռչակուած էր իբրեւ հմուտ աստուածաբան եւ քարոզիչ:
Ամիրաներու ճնշումով Մատթէոս պատրիարք 21 սեպտեմբեր 1848-ին հրաժարական տուած էր, որմէ ետք Օրթագիւղի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ քարոզիչը եղած էր: 11 մայիս 1853-ին Արմաշի վանահայր եւ Նիկոմիդիոյ առաջնորդ ընտրուած եւ այդ պաշտօնը վարած էր մինչեւ 14 դեկտեմբեր 1854:
Էջմիածնի ազգային եկեղեցական ժողովը 17 մայիս 1858-ին Մատթէոս արքեպիսկոպոսը ամենայն հայոց կաթողիկոս ընտրեց: Կաթողիկոսական օծումը տեղի ունեցաւ 15 օգոստոս 1859-ին:
Մատթէոս Ա. կաթողիկոս Կոստանդնուպոլսեցի իր գործունէութիւնը սկսաւ մեծ ոգեւորութեամբ եւ զգալիօրէն աշխուժացուց ազգային-եկեղեցական կեանքը: Ան փորձեց բարեկարգել Մայր աթոռը եւ կարգաւորել վանական ներքին կեանքն ու կենցաղը:
Մատթէոս Ա. կաթողիկոս մեծ ուշադրութիւն կեդրոնացուց յատկապէս ծխական դպրոցներու գործունէութեան կարգաւորման եւ անոնց համար հոգաբարձուներու խորհուրդներ կազմեց, որոնք ընդհանրապէս աշխարհականներէ բաղկացած էին: Այսպիսով ծխական ժողովուրդին փոխանցուեցաւ իր դպրոցներուն կարիքները հոգալու եւ կառավարելու հոգը:
Մատթէոս կաթողիկոս նաեւ դպրոցներու կանոնադրութիւններ վաւերացուց: Նաեւ, դպրոցներու պահպանման համար անհրաժեշտ ծախսերը հայթայթելու նպատակով եկեղեցիներէն եւ վանքերէն համապատասխան քանակի եկամուտներ նշանակեց: 1861-ին ան հաստատեց Թիֆլիսի Ներսիսեան դպրոցի կանոնադրութիւնը, որուն համաձայն ընթացաւ դպրոցին հետագայ ամբողջ գործունէութիւնը:
* * *
Ռուսական կառավարութիւնը սկիզբը Կովկասը բաժնած էր Թիֆլիսի, Քութայիսի, Շամախիի եւ Դերբենդի նահանգներու: Այնուհետեւ շրջանը բաժնուեցաւ Թիֆլիսի, Քութայիսի, Երեւանի, Ելիզաւետպոլի եւ Պաքուի նահանգներու: Արցախ Ելիզաւետպոլի նահանգին մէջ մտած էր: Նահանգին կեդրոնը Ելիզաւետպոլ (Գանձակ) քաղաքն էր:
Ելիզաւետպոլի նահանգին Ջիւանշիր գաւառին մէջ առնուեցան Գիւլիստանը, Ջրաբերդը եւ Խաչենի մէկ մասը: Ջեբրալիլ գաւառին մէջ` Դիզակի մէկ մասը եւ Շուշին, Վարանդան ու Խաչենի մնացեալ մասերը:
Ռուսական կառավարութիւնը ամէն գնով կ՛աշխատէր խուսափիլ ազգային կեդրոնացումներէն: Յատկապէս հայկական հոծ բնակչութեամբ Ղարաբաղ տարբեր գաւառներու միջեւ պէտք է բաժնուէր, մանաւանդ որ հոն հայ ազնուականներ` մելիքական տուներու շառաւիղներ կային եւ արցախցիներուն մէջ կը շարունակէր ապրիլ անկախ պետականութեան կերտման յոյսը:
Ռուսական կառավարութիւնը կ՛աշխատէր վարչականօրէն եւ տնտեսապէս Ղարաբաղը Երեւանի նահանգէն կտրել եւ Ելիզաւետպոլի ու Պաքուի կապել:
* * *
Ռուսական կառավարութիւնը Արցախի հայ մելիքական տուներու ժառանգորդները զրկեց աւանդական իրաւունքներէն եւ տիրոյթներէն եւ միաժամանակ քաջալերեց զանոնք` ռուս բանակին մէջ ծառայութեան մտնելու: Ազնուականներու յատուկ ռազմական ուսումնարաններու դուռերը բացուեցան անոնց առջեւ:
Այսպիսով մելիքական տոհմերէն պատանիներ ռուսական կայսերական ուսումնարաններ մտան, եւ հետագային անոնցմէ շատեր սպայական բարձր աստիճաններու հասան:
Նոյն ժամանակ, իբրեւ ազնուականներ, ռուսական ռազմական ուսումնարաններ մտան նաեւ թաթար խանական եւ բէկական տոհմերու ներկայացուցիչներ, եւ անոնցմէ եւս շատեր բարձր աստիճաններու հասան:
Թաթար բէկեր նաեւ զանազան զարտուղի միջոցներով եւ կաշառքներով տէր դարձան հայկական կարգ մը գիւղերու եւ մելիքներու նախկին տիրոյթներուն:
Ղարաբաղի խանական Ջաւանշիրներու ցեղի ներկայացուցիչներ կը պահպանէին իրենց վաղեմի իրաւունքները եւ առանձնաշնորհումները: Քոչուորական ընդարձակ տարածքներ կը մնային անոնց հակակշիռին տակ:
Ռուսական կառավարութիւնը իր հեռաւոր նպատակներուն համար աւելի ձեռնտու կը նկատէր պահպանել թաթար բէկերու առանձնաշնորհումները:
* * *
Կովկասի լեռնական ցեղերը կովկասեան ամրացուած գիծին վրայ իրենց յարձակումներով կը խանգարէին Ռուսաստանի` Կովկասի հետ կապերուն: Ռուսական բանակը աշխուժացուցած էր ռազմական գործողութիւնները Չեչենիոյ եւ Տաղստանի մէջ:
Ռուսական նուաճողական արշաւանքներու պայմաններուն տակ Չեչենիոյ եւ Տաղստանի մէջ սկսաւ մուրիտական շարժումը: Մուրիտ արաբերէն կը նշանակէ ձգտող, տենչացող: Մուրիտականութիւնը իսլամական կրօնին նուիրուելու, կրօնական խորհրդապաշտական ուսմունքին տիրապետելու ձգտողներու կամ տենչացողներու շարժում էր: Մուրիտները պէտք է հրաժարէին իրենց սեփական եսէն եւ կուրօրէն հնազանդէին վարդապետողներուն` մուրշիտներուն կամ գիտակներուն` արիֆներուն: Մուրիտներ նպատակ ունէին Կովկասի մէջ անկախ իմամութեան ստեղծման:
Մուրիտներու դէմ զինուորական արշաւանքներուն առընթեր ռուսական բանակը հիմնադրած էր Աբինսկոյէ, Նիկոլաեւսկոյէ, Նովոգինսկոյէ, Թենգինսկոյէ, Նովոսիսկոյէ, Լազարեւսկոյէ եւ Գոլովինսկոյէ ամրութիւնները:
Մուրիտներ Ռուսաստանի դէմ ղազաւաթ` սրբազան պատերազմ յայտարարած էին: Առաջին անգամ իմամ հռչակուած էր Ղազի Մոհամէտ: Անոր սպանութենէն ետք Իմամ Շամիլ շարք մը յաղթանակներ տարած եւ գրաւած էր Աւարիան, իր հակակշիռին տակ առնելով Տաղստանի մեծ մասը:
Իմամ Շամիլ իր կազմակերպական ընդունակութիւններուն, աննկուն կամքին եւ անձնական քաջութեան, ինչպէս նաեւ հռետորական ձիրքին շնորհիւ մեծ համբաւ եւ անսահմանափակ իշխանութիւն ձեռք ձգեց:
Կովկասի մէջ գործող ռուսական զօրքերուն թիւը հասաւ 200 հազարի: Անոնք իմամութեան շուրջ պաշարման օղակ հաստատեցին: Իմամութեան կեդրոն Վեդինոն 1859-ին գրաւուեցաւ, որմէ ետք Իմամ Շամիլ Գունիբի մէջ անձնատուր եղաւ:
* * *
Ռուսական կառավարութեան համար Կովկասի մէջ իրագործելի հարցերէն գլխաւորը շրջանին ռուսացումն էր, որուն համար հարկաւոր էր մեծաթիւ ռուս վերաբնակիչներ բերել եւ բնակեցնել բերրի հողերուն վրայ:
Իբրեւ առաջին քայլ Կովկասի տարբեր շրջաններու մէջ կոզակներու զինուորական բնակավայրեր հաստատուած էին, որոնք կարեւոր դեր ունեցած էին արշաւանքներու եւ յատկապէս լեռնական ցեղերու նուաճումներուն ժամանակ:
Բայց կոզակական այդ բնակավայրերը փոքրաթիւ էին, իրարմէ հեռու եւ չէին կրնար հիմնական դեր ունենալ Կովկասի ռուսացման մէջ:
Ռուսական կառավարութիւնը աւելի ձեռնտու նկատեց ռուս աղանդաւորները` մոլոկաններն ու դուխոպորները Կովկասի եւ առաջին հերթին Ղարաբաղի մէջ բնակեցնել:
Ռուսաստան այսպիսով մէկ կողմէ կը ձերբազատուէր ուղղափառ եկեղեցւոյ կողմէ հալածուած աղանդաւորներէն եւ միւս կողմէ զանոնք կ՛օգտագործէր քաղաքական իր նպատակներու իրականացման համար:
Արցախի մէջ մոլոկաններ եւ դուխոպորներ վերաբնակեցնելու համար կառավարութիւնը Դիզակի, Վարանդայի եւ Ջրաբերդի հայկական կարգ մը գիւղերէ հողեր գրաւեց եւ աղանդաւորներուն նուիրեց:
Աղանդաւորներուն Արցախի մէջ վերաբնակեցումը յաջողցնելու նպատակով, եւ զանոնք հրապուրելու համար կառավարութիւնը յայտարարեց, որ Ռուսաստանէն հեռացող եւ Ղարաբաղի մէջ բնակիլ փափաքող մոլոկաններն ու դուխոպորները քսանվեց տարի զերծ կը կացուցուին պետական ամէն տեսակի տուրքերէ:
Այսպիսով բաւական մոլոկաններ եւ դուխոպորներ Ղարաբաղ փոխադրուեցան: Անոնց բնակութեան համար հիմնուեցան Նիկոլաեւկա, Կարեագինօ, Սկոբոլեւկա եւ Լեւոնարխ գիւղերը:
* * *
Իմամ Շամիլի անձնատուութենէն ետք Մոհամէտ Էմինի գլխաւորած չերքէզական ուժերը անձնատուր եղան ռուսերուն:
Ռուսական կառավարութիւնը չերքէզներու հողերուն վրայ հաստատեց Պելոռեչենսկայա գիծը` Մայքոպ ամրոցով:
Զօրավար Եվդոկիմովի հրամանատարութեամբ ռուսական 60 հազարնոց բանակ մը 1862-ին յարձակման անցաւ անընկճելի մնացած շուրջ 200 հազար հոգի հաշուող լեռնականներուն դէմ: 1863-ին գրաւուեցաւ Պելայա եւ Փշիշ գետերու միջեւ տարածուող գօտին, 1864-ին` ծովափնեայ գօտին եւ Կովկասեան լեռնաշղթային հիւսիսային լանջերը` մինչեւ Լաբա գետ: Անընկճելի մնացին միայն փոքրաթիւ լեռնականներ: Մեծաթիւ չերքէզներ ու աբխազներ հարկադրաբար հարթավայրերը տեղափոխուեցան: Շուրջ կէս միլիոն լեռնականներ Թուրքիա արտագաղթեցին:
* * *
Արցախի մէջ 1850-1860-ական տարիներուն շարք մը դպրոցներ բացուեցան: 1861-ին դպրոցներ հիմնուեցան Երից Մանկանց վանքին, Գտչավանքին եւ Նուխիի Վարդաշէն գիւղին մէջ` Սուրբ Սահակեան հոգեւոր դպրոցը:
Շուշեցի մեծահարուստ Համբարձում Հախումեանի կնոջ` Մարիամ Հախումեանի կազմած ծրագիրով եւ ջանքերուն շնորհիւ 7 ապրիլ 1864-ին Շուշիի անոր բնակարանին մէջ Օրիորդաց դպրոցը բացուեցաւ, նպատակ ունենալով լուսաւորեալ վարժապետուհիք եւ լուսաւորեալ մայրեր պատրաստել:
aztagdaily.com/archives/587875