Անդրադարձ. «Հարաւային Կովկասի Մէջ Նոր Ուժային Եռանկիւն Կը Կազմուի» – ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
27 ՕԳՈՍՏՈՍ 2023 – Հայ Դատ՝ Պահանջատիրութիւն, Յուշեր, Աշխարհաքաղաքական, Ընկերային Հասարակական – haroutchekijian.wordpress.com
ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՈՒՈՅ ՊԱՐՏՔՆ Է – lousavor-avedis.org
– Գիշերը որքան էլ երկարի, առաւոտը գալու է: lousavor-avedis.org/
ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը (ԱԳՆ) 20 ապրիլ 2023-ին կը հաղորդէր (1). «Երեւանի մէջ կայացան Հայաստանի Հանրապետութեան, Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան եւ Հնդկաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւններու միջեւ եռակողմանի առաջին քաղաքական խորհրդակցութիւնները:
«Պատուիրակութիւնները գլխաւորած են` Հայաստանի ԱԳ նախարարի տեղակալ Մնացական Սաֆարեանը, Իրանի ԱԳՆ Հարաւային Ասիոյ գլխաւոր վարչութեան պետ սէյետ Ռասուլ Մուսաուին եւ Հնդկաստանի ԱԳՆ տարածքային գլխաւոր վարչութեան պետ Ճըդենտրա Պալ Սինկը:
«Հանդիպումին յատկապէս քննարկուած են տնտեսական եւ տարածաշրջանային հաղորդակցային ուղիներուն առնչուող հարցեր, նախանշուած են մշակութային եւ միջմարդկային կապերու խորացման ու զանազան բնագաւառներու մէջ եռակողմանի համագործակցութեան հեռանկարները: Կողմերը համաձայնած են շարունակել համագործակցութեան միտումով եռակողմանի խորհրդակցութիւնները»:
Հնդկական Ուիոն (WION) կայքէջը 20 ապրիլ 2023-ին «Հնդկաստան, Իրան եւ Հայաստան կը կազմեն եռակողմանի խմբաւորում` խորացնելու կապերն ու համագործակցութիւնը» խորագիրով նոյն լուրին կ՛աւելցնէ (2). «Եռակողմանի հանդիպումին քննարկուած է Հիւսիս-Հարաւ միջազգային փոխադրութեան միջանցքը ՀՀՄՓՄ (INSTC), որ Հնդկաստանը, Իրանը եւ Ռուսիան կապող բեռնափոխադրութեան միջանցք է, որուն նպատակն է նուազեցնել Մումպայէն Մոսկուա ապրանքներու տեղափոխութեան ծախսերն ու ժամանակը: Այս համաձայնագիրը ստորագրուած է Ռուսիոյ, Իրանի եւ Հնդկաստանի կողմէ (16 մայիս*) 2002-ին, որմէ ետք ընդլայնուած է»:
Իրանեան «Շարք» օրաթերթը 21 ապրիլ 2023-ին «Իրան, Հնդկաստան եւ Հայաստան կապերը խորացնելու նպատակով եռակողմանի խմբաւորում ստեղծած են» խորագիրով նոյն լուրին կ՛աւելցնէ (3). «Իրանը եւ Հայաստանը, որոնք սահմանակից են, նոյնպէս ամուր կապեր ունին: Անցեալ տարի (21 հոկտեմբեր 2022*) Իրանը հիւպատոսութիւն բացաւ Հայաստանի Կապան քաղաքին մէջ (Սիւնիքի մարզային կեդրոն, Ռուսիան ալ մտադիր է նոյնը կատարել*): Երկու երկիրները նաեւ միասին կ՛աշխատին Հայաստանի հետ առեւտուրի եւ տնտեսական համագործակցութեան ընդլայնումի ուղղութեամբ, որ Իրանի համար կը հանդիսանայ Եւրասիական տնտեսական միութիւն մուտք գործելու տարանցիկ ճամբայ: Կ՛ակնկալուի, որ Հնդկաստանի, Իրանի եւ Հայաստանի միջեւ այս եռակողմանի խմբաւորումը ճամբայ կը բանայ աւելի մեծ համագործակցութեան, ներառեալ` առեւտուրի, ներդրումներու, ուժանիւթի եւ փոխադրութեան մէջ»:
Այս պահուս Իրանի եւ Ազրպէյճանի ընդհանուր սահմանը միջին հաշուով 7 վայրկեանը անգամ մը մէկ բեռնատար կ՛անցնի… Օրական աւելի քան 200…
«Եուրէյժա Տէյլի Մոնիթըրի» (Eurasia Daily Monitor) 21 յունիս 2023-ի թիւին մէջ (4) Կեդրոնական Ասիոյ եւ Կովկասի ուսումնասիրութեանց մասնագէտ, բազմաթիւ յօդուածներու հեղինակ, իրանցի դոկտոր Վալի Քալեճին (5) «Եռակողմ նոր համագործակցութիւն Իրանի, Հայաստանի եւ Հնդկաստանի համար Հարաւային Կովկասի մէջ. «Փափուկ հաւասարակշռութենէն» մինչեւ շրջանային տարանցիկ հաւասարակշռութիւն» (New Trilateral Cooperation for Iran, Armenia and India in the South Caucasus: From «Soft Balancing» to Regional Transit Balance) խորագիրով յօդուած մը գրած է, որ 25 յունիս 2023-ին «Ճէյմսթաուն Ֆաունտէյշըն»-ը (6) նոր խորագիրով` «Հարաւային Կովկասի մէջ նոր ուժային եռանկիւն կը կազմուի» (A New Power Triangle Is Forming In The South Caucasus) հրատարակած է, որ ստորեւ անգլերէնէ կը թարգմանեմ: Նախաբանը երեք կէտերով կ՛ըսէ.
1.- «Այս եռակողմանի համագործակցութիւնը նպատակ ունի վերականգնել ուժերու հաւասարակշռութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ երկրորդ ղարաբաղեան պատերազմէն ետք եւ կրնայ հակազդել Փաքիստանի, Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի միջեւ դաշինքին: Տե՛ս նաեւ Քալեճիի 27 հոկտեմբեր 2021-ի «Լարուածութիւն Թեհրան-Պաքու յարաբերութիւններուն մէջ. Իրանի նոր տարանցիկ երթուղիները Հայաստանի եւ Կասպից ծովուն մէջ» յօդուածը (7):
2.- «Իրանը նպատակ ունի «տարանցիկ հաւասարակշռութիւն» հաստատել Հարաւային Կովկասի մէջ` առանցքային դեր խաղալով դէպի սեւծովեան տարածաշրջան տարանցիկ երթուղիներուն մէջ եւ օգտագործելով Հիւսիս-Հարաւ միջազգային փոխադրութեան միջանցքը (ՀՀՄՓՄ) եւ Պարսից ծոց-Սեւ ծով միջանցքը` ամրապնդելու համար տարածաշրջանային իր ազդեցութիւնը:
3.- Իրանի Չապահար նաւահանգիստը նշանակալի առեւտրային կամուրջ է Իրանի, Հնդկաստանի եւ Հայաստանի միջեւ, որ կ՛ապահովէ ուղիղ ելք դէպի Հնդկաց ովկիանոս:
«Ապրիլ 2023-ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ առաջին եռակողմանի քաղաքական խորհրդակցութիւնը Իրանի, Հնդկաստանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարարներու միջեւ («Շարք» օրաթերթ, 21 ապրիլ 2023): Երեք երկիրները կեդրոնացած են «տնտեսական խնդիրներու եւ տարածաշրջանային հաղորդակցութեան ուղիներու վրայ», եւ «կողմերը համաձայնած են շարունակել եռակողմանի խորհրդակցութիւնները» (1): Այս եռակողմանի խմբաւորումը ունի շարք մը առանցքային ռազմավարական ներիմաստ ազդակներ, որոնք կրնան խախտել աշխարհաքաղաքական հաւասարակշռութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ:
«Առաջին` Իրանի, Հայաստանի եւ Հնդկաստանի միջեւ աճող համագործակցութիւնը կարելի է նկատել իբրեւ ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմէն ետք Հարաւային Կովկասի մէջ ուժերու հաւասարակշռութիւնը վերականգնելու Թեհրանի ջանքերուն մէկ մասը: Այս խմբաւորումը կը հակադրուի Փաքիստանի, Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի միջեւ համագործակցութեան, որ 12 սեպտեմբեր 2021-ին տեղի ունեցած «Երեք եղբայրներ» միացեալ ռազմափորձերուն դէմ նշանակալից դրսեւորումներէն մէկն է (8): Սակայն քիչ է հաւանականութիւնը, որ մօտ ապագային Իրան-Հայաստան-Հնդկաստան համագործակցութեան շրջանակը տնտեսական, առեւտրային եւ տարանցիկ շահերէն կը տարածուի ռազմական ասպարէզ, ինչպիսիք են միատեղ ռազմափորձերը: Կը թուի, թէ այս եռակողմանի համագործակցութեան բնոյթը «կոշտ հաւասարակշռութեան» (ռազմական անվտանգութեան) փոխարէն` ջանքերը կը կենտրոնացնէ Հարաւային Կովկասի մէջ Ազրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ Փաքիստանի եռակողմանի կապերուն դէմ «փափուկ հաւասարակշռութեան» (տնտեսական-տարանցիկ) վրայ:
«Երկրորդ` թէեւ Ազրպէյճանը եւ Հայաստանը ներգրաւուած են թէ՛ Հիւսիս-Հարաւ միջազգային փոխադրութեան միջանցքին եւ թէ՛ ալ Պարսից ծոց-Սեւ ծով միջազգային փոխադրութեան եւ տարանցիկ միջանցքի ծրագիրներուն մէջ, Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ լարուածութեան պատճառով, գործնականին մէջ Ազրպէյճանը աւելի աշխուժ է ՀՀՄՓՄ-ին մէջ, մինչ Հայաստանը էական դեր կը խաղայ Պարսից ծոց-Սեւ ծով միջանցքին պարագային: Այսուհանդերձ, ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմէն եւ Ռուսիոյ դէմ Ուքրանիոյ պատերազմէն ետք Հարաւային Կովկասի մէջ ուժերու հաւասարակշռութեան փոփոխութիւններուն պատճառով Հայաստան եւ Հնդկաստան կը ծրագրեն աւելի աշխուժ ըլլալ երկու միջանցքներու պարագային: Տե՛ս` «Իքոնոմիք Թայմզ»-ի 10 մարտ 2023-ի լուրը. «Հայաստանը կ՛առաջարկէ Իրան-Սեւ ծով միջանցքը` հնդիկ առեւտրականներուն համար» (9):
«Այսպիսի պայմաններու մէջ Իրանը կը փորձէ շեշտել Հայաստանի եւ Հնդկաստանի ընդհանուր կարիքներն ու մօտեցումները` Պարսից ծոց-Սեւ ծով միջանցքին վերաբերեալ` ՀՀՄՓՄ-ի միջոցով տարանցումի եւ առեւտուրի զարգացման զուգահեռ: Թեհրանը ընտրուած է իբրեւ «համաձայնագիրի խնամակալ», որ պատասխանատու է Պարսից ծոց-Սեւ ծով միջանցքին մէջ ընդգրկուած միւս հինգ երկիրներու ազգային խորհրդարաններուն (Հայաստան, Ազրպէյճան, Վրաստան, Պուլկարիա եւ Յունաստան) պահանջներուն համակարգումին եւ փաստաթուղթերու վերջնական մշակումին: Իրանը 2016-էն ի վեր կեդրոնական դեր խաղացած է դէպի Սեւ ծովի աւազան տարանցիկ երթուղիներու ստեղծման գործին մէջ: Ի վերջոյ, Իրանը յոյս ունի տարանցիկ հաւասարակշռութիւն հաստատել Հարաւային Կովկասի մէջ` իբրեւ իր «հաւասարակշռուած արտաքին քաղաքական մօտեցումի» մաս` մասնաւորապէս օգտագործելով ՀՀՄՓՄ-ը եւ Պարսից ծոց-Սեւ ծով միջանցքը` տարածաշրջանին մէջ իր ազդեցութիւնը աւելի ամրապնդելու համար:
«Երրորդ` Չապահար նաւահանգիստը, որ կը գտնուի հարաւարեւելեան Իրանի Սիստան եւ Պալուճիստան նահանգին մէջ, կը ներկայացնէ տարանցիկ եւ առեւտրական կամուրջը` Իրանի, Հնդկաստանի եւ Հայաստանի միջեւ: Այս յարմարութիւնը մեծ նշանակութիւն ունի, քանի որ այդ իրանեան միակ նաւահանգիստն է, որ ուղիղ ելք ունի դէպի Հնդկաց ովկիանոս: Աւելի՛ն. 24 մայիս 2016-ին Իրանի, Հնդկաստանի եւ Աֆղանիստանի կողմէ ստորագրուած համաձայնագիրը, «հնդկական լոպիին» յաջող ջանքերուն շնորհիւ, Չապահարի տարանցման նախագիծը զերծ կացուցած է Միացեալ Նահանգներուն «միակողմանի պատժամիջոցներէն»: Իր հերթին, վերջերս Ուզպեքիստանը նաեւ այս համաձայնագրին միացած է:
«Չապահարի նաւահանգիստի ծրագիրին Ռուսիոյ եւ Չինաստանի մասնակցութեան զուգահեռ, ներառեալ` ներդրումները, Չապահարի ազատ առեւտրային-արդիւնաբերական գօտիի (FTZ) եւ Շահիտ Պեհեշթիի եւ Շահիտ Քալանթարի հատուածներուն մէջ, որոնք աճեցան ուքրանական պատերազմը սկսելէն ետք, Հայաստանը նաեւ ներդրումներ կատարած է ու Հնդկաստանի հետ տարանցումի եւ առեւտուրի հետագայ զարգացումին աւելի մեծ ուշադրութիւն ցուցաբերած` իրանեան նաւահանգիստի այս նախագծին: Այս կապակցութեամբ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ստեղծեց «միջգերատեսչական աշխատանքային խումբ` բեռնափոխադրումի միջազգային նոր երթուղին գործարկելու եւ Իրանի Չապահար նաւահանգստին մէջ գործակատար դառնալու համար», կը գրէ «Թասնիմ» լրատու գործակալութիւնը, 8 մայիս 2023-ին (10):
«Չորրորդ` Հայաստանի տարածքով տարանցիկ միջանցքի զարգացումին հետ միաժամանակ (Ազրպէյճանի*) սպառնալիքը կարելի է նաեւ նկատել իբրեւ Իրանի հետ սահմանակից հարաւային Հայաստանի Սիւնիք նահանգին մէջ Իրանի ներկայութիւնը զօրացնելու Թեհրանի ջանքերուն մէկ մասը: Խօսքը կը վերաբերի Ազրպէյճանի կողմէ խրախուսուող Զանգեզուրի միջանցքին մասին, որ, եթէ ստեղծուի, կրնայ խոչընդոտել Իրանի մասնակցութիւնը տարածաշրջանային տարանցումին մէջ: Այս առումով, երկու մեծ զօրավարժութիւններուն զուգահեռ, հոկտեմբեր 2021-ին` «Խէյպարի Ֆաթեհանը (Յաղթողները)» եւ հոկտեմբեր 2022-ին «Էղդետարը» (Ուժ), Իրանը հիւպատոսութիւն բացաւ Սիւնիք մարզի մայրաքաղաք Կապանի մէջ, 21 հոկտեմբեր 2022-ին:
«Բացի այդ, 25 մայիսի 2023-ին Իրանը յայտարարեց Արաքսի (Իրան) եւ Մեղրիի մէջ համատեղ ազատ առեւտուրի գօտի ստեղծելու մասին: Հետեւաբար, Հնդկաստանի, Իրանի եւ Հայաստանի միջեւ առեւտրային եւ վաճառականական կապերու խորացումը, ի տարբերութիւն Զանգեզուրի միջանցքին, կը կեդրոնանայ ՀՀՄՓՄ-ի եւ Պարսից ծոց-Սեւ ծով միջանցքի զարգացման վրայ, քանի որ յայտնապէս երկուքն ալ պիտի անցնին Սիւնիքի մարզէն: Միեւնոյն ժամանակ, թէեւ Մոսկուան չի բաժներ Թեհրանի մտահոգութիւնները Զանգեզուրի միջանցքին վերաբերեալ, Ռուսիան համաձայն չէ Հայաստանը աւելի տկարացնելու եւ ուժերու հաւասարակշռութիւնը խախտելու` ի շահ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ: Կապանի մէջ հիւպատոսութիւն բանալու Մոսկուայի վերջին որոշումը կրնայ նշան մը ըլլալ` շեշտելով Հարաւային Կովկասի մէջ Ռուսիոյ վերստին յանձնառութեան քայլ:
«Հինգերորդ` հակառակ զարգացման բարելաւման ուղղուած ջանքերուն, ՀՀՄՓՄ-ի իրանա-ազրպէյճանական-ռուսական ցամաքային ուղիները հայկական երթուղիներուն համեմատ ունին աւելի բարձրորակ ենթակառուցուածք:
Երեւանի ոչ համարժէք տարանցիկ ենթակառուցուածքը եւ տակաւին կիսատ մնացած «Հիւսիս-Հարաւ մայրուղին» այս առումով հիմնական խնդիրներն են: Երեւանէն իրանեան սահմանին մօտ գտնուող Մեղրի 400 քմ ճամբան կ՛անցնի լեռնային շրջաններէ եւ շատ նեղ է, որ յատկապէս ձմրան կը դժուարացնէ եւ կը դանդաղեցնէ բեռնատարներու երթեւեկը: Աւելի՛ն. Իրանի եւ Հայաստանի միջեւ երկաթուղային կապի չգոյութիւնը նուազեցուցած է միջանցքին այս հատուածով տեղափոխուող ապրանքներու ծաւալն ու արագութիւնը: Հետեւաբար տեսանելի ապագային Իրանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ մէջէն անցնող ուղին (Ասթարա-Պաքու-Տաղստան) կը մնայ INSTC-ի հիմնական երթուղին: Այս պահուս Իրանի եւ Ազրպէյճանի ընդհանուր սահմանը միջին հաշուով 7 վայրկեանը անգամ մը մէկ բեռնատար կ՛անցնի: Սակայն ապագային Իրանը, ամենայն հաւանականութեամբ, կը փորձէ այս երթեւեկութեան գոնէ մէկ մասը փոխանցել հայ-վրացական ցամաքային եւ Կասպից ծովուն մէջ Իրան-Ռուսիա ծովային ճանապարհին (11):
«Վեցերորդ եւ վերջին` մինչ Հնդկաստանի աճող մասնակցութիւնը INSTC-ին օգնած է բարձրացնելու երկրին դերը այս միջանցքին երեք հիմնական երթուղիներուն մէջ, արեւմտեանը` Ռուսիա-Ազրպէյճան-Իրան-Հնդկաստան, անդրկասպեան երթուղին` Ռուսիա-Իրան-Հնդկաստան եւ արեւելեան երթուղին` Ռուսիա-Կեդրոնական Ասիա-Իրան-Հնդկաստան, Նոր Տելհիի կողմէ INSTC-ի միւս երթուղիին` Իրան-Հայաստան եւ Պարսից ծոց-սեւծով միջանցքին յաւելեալ օգտագործումը կը բարձրացնեն անոր տարանցիկ եւ առեւտրային դերը Հարաւային Կովկասի եւ սեւծովեան տարածաշրջանին մէջ: Երկու տարածաշրջան, ուր Հնդկաստանի մրցակիցները` Չինաստանը եւ Փաքիստանը, վերջին տարիներուն կարեւոր քայլեր առած են իրենց դիրքերը ամրապնդելու համար»: Վերջ:
22 հոկտեմբեր 2021-ին նոյն նիւթով. «Շրջանային յարաբերութեան համար Իրան եւ Հնդկաստան, Ազրպէյճանի փոխարէն, Հայաստանը կ՛ընտրեն» (12) խորագիրով յօդուածէս կը մէջբերեմ. «… պիտի բարելաւէ առեւտուրը Ռուսիոյ, Իրանի, Կեդրոնական Ասիոյ, Կովկասի, Հնդկաստանի եւ Եւրոպայի հետ: Այս ուղին, այժմու (ՀՀՄՓՄ*) ուղիին հետ բաղդատելով, ոչ միայն 30 տոկոս աւելի աժան է եւ 40 տոկոս աւելի կարճ, այլ նաեւ կը ծառայէ իբրեւ աշխարհաքաղաքական գործիք` աւելի մեկուսացնելու Ազրպէյճանը, մինչ անոր յարաբերութիւնը Իրանի եւ Հնդկաստանի հետ կը վատթարանայ»:
Հայաստանի մէջ Հիւսիս-Հարաւ արդիական մայրուղիին շինարարութիւնը (Բատաւայէն Մեղրի), որ սկսաւ 2010-ին, կ՛առաջադրէր ներկայի շուրջ 560 քմ երկարութեամբ ճամբան, ուր արագութիւնը սահմանափակուած է ժամական 30-90 քմ-ի, կրճատել զայն եւ վերածել 470 քմ արդիական, միջազգային չափանիշներով տոկուն, պեթոնապատ, երթուդարձի չորս ուղիներով, ժամական 100 քմ արագութեամբ մայրուղիի: Ափսոս, որ այս ծրագիրին ամենակարեւոր հարաւային եւ այլ հատուածներ չգործադրուեցան, եւ ռազմավարական ու տնտեսական հսկայական արժէք ներկայացնող այս ծրագիրը կիսատ մնաց, եւ այժմ հին` խորհրդային մայրուղիին Գորիս-Կապան հատուածը գրաւեալ տարածքէն կ՛անցնի, ուր թշնամին անցարգել զետեղած է… Իսկ Ելփին-Չիվա հատուածը երկար տարիներ Նախիջեւանի արձակազէններուն թիրախ էր. տե՛ս` քարտէս 4: Քանի մը կապալառուներ փոխուելէ ետք, այժմ Չինաստանը ընդունած է մասնակցիլ ծրագիրին (13): Ըստ սովորութեան, մայրուղիին մասին ճշգրիտ տեղեկութիւնները եւ վիճակագրական տուեալները կը պակսին: Յոյսով ենք, որ Մետաքսի ճամբուն հովանաւորը կը դիմանայ եւ կ՛ամբողջացնէ այս ծրագիրը… Եթէ տակաւին գործի վրայ է:
10 յուլիս 2023
haroutchekijian.wordpress.com
——————-
* Լուսաբանութիւնները հեղինակին կողմէ
(1).- https://www.mfa.am/hy/press-releases/2023/04/20/Arm.Ir.Ind/11978
(5).- https://jamestown.org/analyst/vali-kaleji/
(11).- https://valdaiclub.com/a/highlights/expanding-maritime-trade-between-iran-and-russia/
(12).- https://www.aztagdaily.com/archives/526487