Մտորում` Հայրենատիրութեան Ուղիով – Յակոբ Պալեան
29 ՕԳՈՍՏՈՍ 2023 – ՀԱՅ ԴԱՏ – ՍՓԻՒՌՔ – ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆ:
Յակոբ Պալեան – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՈՒՈՅ ՊԱՐՏՔՆ Է – lousavor-avedis.org
– Գիշերը որքան էլ երկարի, առաւոտը գալու է: – lousavor-avedis.org
Հայաստանի Հանրապետութիւն եւ Արցախ մտահոգութեան եւ մղձաւանջի առարկան են գիտակից հայ մարդուն, ուր որ ալ գտնուի ան, եթէ չէ այլասերած, որ «Յաղթելու ենք»-ի ձրիաբար բաշխուած երազէն ետք, «Միացում» լսելէ եւ անոր հաւատալէ ետք ան այսօր ինքզինք կը գտնէ անլուսամուտ պատի առջեւ, եթէ «ուտուշ-խմուշ»-ի երջանիկ տուրիստ կամ «ազգի գործերով զբաղող «էսթեպլիշմընթ»-ներու մեծ կամ պզտիկ ինքնագոհ խաղցող չէ:
Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք մեր ժողովուրդը ինքզինք գտաւ խորհրդային հայկական հանրապետութեան անկախութեան իրողութեան առջեւ, որու տիրացման եւ ստանձման համար չէր պայքարած, ան կարծէք երկինքէն ինկած խնձոր էր:
Տասնամեակներ անցան եւ անկախութիւնը ապրեցնելու եւ անով ապրելու հոգեբարոյական վերանորոգման յեղափոխութիւնը եւ միասնականութիւնը չունեցանք: Կարծէք հանրապետութեան «սովետացած» եւ սփիւռքի «հայրենահանուած-սփիւռքացած» հայերը, նոյնիսկ եթէ բարձրաձայն չէին ըսեր, տեղաւորուած էին իրենց կացութեան մէջ եւ ըստ այնմ կազմակերպուած` որպէս միտք եւ կենցաղ: Այսինքն կորսնցուցած էին շարունակութիւն ըլլալու խորքային ազգային ըմբռնումը: «Հայաստան-հանրապետութիւն հայրենիք»-ը երգի եւ բանաստեղծութեան բեմահարթակ էր, Խորհրդային Միութիւնն էր հայրենիքը, Վլատովոսթոքը եւ Իրքուցքը նոյնքան հարազատ էին, ուր կարելի էր վրան զարնել, որքան` Լենինականը կամ Երեւանը, սփիւռք(ներ)ի համար հիւրընկալ երկիրները դարձած էին նոր հայրենիքներ, անվարան ըսուեցաւ «երկրորդ հայրենիք», անոնք այնքան տարածուն, յարաճուն եւ բազմաթիւ էին եւ են, իսկ հանրապետութիւն հայրենիքը եւ «կորուսեալ Էրգիր»-ը միշտ են` երգ ու պար, բանաստեղծութիւն, մոռացման դէմ բալասան:
«ՀԱՅՐԵՆԱՏԻՐՈՒԹԵԱՆ» գաղափարախօսութիւն եւ քաղաքականութիւն չունեցանք, որպէսզի իրաւ միացում-մէկութիւն ստեղծուի: Այդ ընելու համար առաջնորդութիւն-ղեկավարում չունեցանք: Դիրքեր եւ պաշտօններ զբաղեցնողներ եղան եւ կան, որոնք մասնակին, տեղականը, տեղայնականը շփոթեցին հարազատ էականի հետ եւ զանոնք համարեցին ընդհանրական, եւ այդպէս ալ կը շարունակուի այսօր` աճեցնելով միութիւններ, կուսակցութիւններ, ինչպէս հիմա կ՛ըսենք` «կազմակերպութիւններ», մի՛շտ ներսը եւ դուրսը, «հանգամանաւորներ»-ու բանակը համարեցինք գոյապահպանական ուժ, որուն եզրակացութիւնը եղաւ «պարկապզուկային»` տեղէ մը սեղմելով այլ տեղէ փչելով: Եզրակացութիւնը եղաւ եւ է այն, որ ունեցանք ղեկավարի պարեգօտ հագածներու բանակներ հոն, ուր քանի մը հայեր կային եւ կան: Հեղինակութիւններ չունինք, եթէ անոնք աւանդական կերպով կային անգամ, զանոնք նսեմացուցինք: Եւ կը շարունակենք նոյն ոգիով, աթոռատիրութեան մարմաջով փոխարինելով հեղինակութիւնը, այսինքն ստեղծուեցան թաղային հեղինակութիւններ` անփոխարինելութեան առասպելներ հիւսելով:
Եթէ անհատապաշտական դիրքերէ անդին նայող «ղեկավարում» ունենայինք, կը նայէինք նոյն ուղղութեամբ, կը խօսէինք գաղափարախօսութեան մասին, կը տեսնէինք, որ արդէն տարտղնուած զանգուածները քիչ մը աւելի կը տարտղնենք յոգնակիացող գաղափարաբանութիւններով, առաջադրանքներով: Բ. Աշխարհամարտի աւարտին հայրենասիրական ալիքի վրայ տեղի ունեցած ՆԵՐԳԱՂԹի ձախողութիւնը, որ յանգեցաւ արտագաղթի, քննարկման եւ համապատասխան եզրակացութեան չարժանացաւ, որպէսզի հնարաւոր ըլլայ մշակել հայրենատիրական գիտակցութիւն, բայց վերանկախացման հետեւող տարերային արտագաղթը եղաւ, որ ներսը եւ դուրսը քաղաքական-գաղափարական գնահատման եւ արժեւորման չարժանացաւ, որպէսզի ուղի ճշդելու մեկնակէտ գտնուի, յայտնուի ղեկավարումի առաջնորդութիւն, որ ազգային դիմագիծ եւ նպատակ կորսնցնող զանգուածները առաջնորդէ անհատապաշտութենէ տարբեր` ազգային գոյութենական ըմբռնումով:
Կը մտածե՞նք, թէ ո՛ւր պիտի հասնի ազգը արագ ընթացող դարու աւարտին: Ի հարկէ խօսքը ոչ թէ անհատի բարօրութեան մասին է, այլ` ազգի: Ինչպէս կ՛ըսէ ֆրանսացին, «Իւրաքանչիւր ոք ինքնիրեն համար», chacun pour soi, որ ո՛չ քաղաքականութիւն է, ո՛չ ալ գաղափարախօսութիւն, այլ` խլուրդային խուճապ, զոր կարելի չէ վարագուրել դատարկ բառերու հեղեղով:
Հայաստանի Հանրապետութիւն եւ սփիւռք(ներ)ի բազմապատիկ «ղեկավարութիւններ» իրապէս գիտական տուեալներ ունի՞ն ներկայի ՀԱՅ ԱԶԳ ընդհանուր բնութագրումով սահմանուած ժողովուրդի մասին` որպէս ճշգրիտ համրանքի որպէս ազգային որակի, ինքնութեան իւրայատուկ յատկանիշներով գիտակցութեան, տարբեր` ծագման մը յիշողութենէն, որ զգացուի եւ ապրուի որպէս ներկայութիւն եւ յանձնառութիւն: Ճշմարիտ ղեկավարումի համար հիմնական եւ ոչ ենթակայական տուեալներ անհրաժեշտ են: Ապա իմաստուն կերպով պէտք է թիրախաւորել հայը, հայերը` իւրաքանչիւրին մէջ զարգացնելու համար «հայրենատիրական» ըմբռնումներ, ընթացիկ եւ սովորութիւն դարձած մակերեսայնութիւնները յաղթահարելով, որոնք կը յիշեցնեն մանկական խաղերու «տուն-տունիկ»-ը, որ բոլոր մակարդակներու վրայ կ՛արտայայտուի քաղաքական սիրողականութեամբ (amateurisme):
Ազգի ղեկավարումի յաւակնութիւն ունեցողները որպէս օրակարգ ունեցա՞ծ են եւ ունի՞ն ազգի իրա՛ւ եւ բոլոր կարողականութիւններու պատշաճ օգտագործման առարկայական տուեալները` առանց հրէի եւ հեթանոսի տարբերութիւններու նշումով եւ մերժումով առաջնորդուելու: Այսպէս կարենալ ըլլալու համար զիրար լսելու մշակոյթ պէտք է զարգացնել, այդ մշակոյթը չունինք: Բազմաբնոյթ փառասիրութիւնները, զանոնք բուծանող կողմնապաշտութիւնները եւ դատարկաբան ամբոխավարական կարգախօսները ո՛չ քաղաքական ըմբռնում են, ո՛չ ալ զիրար լսելու եւ միասին ըլլալու մշակոյթ:
Արցախի մնացորդացի տարածքին եւ անոր ժողովուրդի սպառնացող կենաց-մահու սպառնալիքին դիմաց կանգնած ենք: Ինքնաքննադատութեան քաջութեամբ պէտք է պատասխանենք, թէ ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս հոս հասանք: Փոխանակ հռետորաբանութիւններով յուզելու եւ յուզուելու, ներսը եւ դուրսը, ինքնամաքրման (catharsis) ճիգ մը ընենք: Կը յիշե՞նք, որ ըսուեցաւ, թէ` «Ղարաբաղցին վարժուած էր ազրպէյճանցիին հետ ապրելու եւ վաղն ալ կրնայ ապրիլ», Հայաստանի Հանրապետութիւնը, ամբոխ յուզելու համար «Ղարաբաղ» հոլովող բազմանուն եւ բազմաշերտ «սփիւռքներ» ի՞նչ ըրին, որպէսզի ազատագրուած «Ղարաբաղ»-ը բնակեցուի, որպէսզի հոն ներկայ ՀԱՅՐԵՆԱՏԷՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ ըլլայ:
«ՎԱՍՆ ՀԱՅՐԵՆԵԱՑ» բարձրագոչը, մնաց խօսափողներու կոկորդին մէջ, կամ` հին մատեաններու էջերուն, եւ ՂԵԿԱՎԱՐՈՒՄը աւազախրեցաւ դիրքապաշտութեան հորիզոններու վրայ:
ԱԶԳԻ ՎԱՂԸ նոյն ձեւով կրնայ շարունակուիլ, եթէ, առանց սպասելու պատեհ առիթներ, ղեկավարութիւնները չյաջողին կենսագործել ԻՐԱ՛Ւ ՀԱՅՐԵՆԱՏԻՐՈՒԹԻՒՆԸ` առանց գինովնալու բառերով, երգերով, քաղաքական դատարկաբանութիւններով, որոնք հարսուկեսուրի կագուկռիւէն աւելին չեն:
Ինչպէ՞ս ՀԱՅԵՐՈՒՆ ՍՐՍԿԵԼ ՀԱՅՐԵՆԱՏԻՐՈՒԹԵԱՆ ԳԻՏԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆ: Ի՞նչ բանի կը ծառայեն բազմանուն եւ բազմագոյն ղեկավարութիւնները, որոնք պէտք է գիտնային, թէ ի՛նչ է ՕՐԻՆԱԿԻ ԱՐԺԷՔը, որպէսզի հաւատք ներշնչեն եւ ժողովուրդ առաջնորդեն:
Հայ իրա՛ւ մտաւորականութիւնը, ոչ կարգախօսներ կրկնողները, պէտք է հանդիսանան հայրենատիրութեան խիղճը, պահանջեն առաջնորդութենէն, խօսին իւրաքանչիւրին` Քամչաթքա, Հայաստան, Ալասքա, բազմանուն եւ գերաճող սփիւռքներ:
Հայուն համար հայրենատիրութիւնը ղեկավարական կարգախօս պէտք է ըլլայ: Խուճապ, հայրենալքում հակասութիւնն իսկ են հայրենատիրութեան:
Դեռ այլ հարց է, թէ` ո՞վ եւ ինչպէ՞ս, հայրենատիրութեան սպասարկելու համար, պիտի օգտագործէ ազգի կարողականութիւնները` անհատական թէ հաւաքական: Այսօր այս մասին մտածեցի, երբ Երեւանի ժողովրդական ճաշարանին մէջ «մատուցող»-ը ըսաւ, որ ինք պոլիտեխնիկ ուսանած է: Ո՞ւր գտնել Ազգի Կարողականութիւնները միացնող եւ ուժի վերածող կարողականութիւնը, պոտենցիալը: Հարցումը կ՛ուղղուի ներսի քաղաքականութիւն խաղացողներուն եւ դուրսի չանհանգստացող ինքնահռչակ անսխալական բանգէտներուն:
Դեռ կրնա՞նք երկար սպասել առաջնորդողը եւ միաժամանակ առաջնորդուելու ատակ ժողովուրդը: Իւրաքանչիւր հայ եթէ այս հարցումը ուղղէ ինքնիրեն եւ յանձնառութեամբ փորձէ ճար գտնել` ողջախոհութեամբ գիտնալով, որ այդ ճարը ո՛չ հեռուի, ո՛չ ալ մօտի իրաւ-կեղծ բարեկամէ պիտի գայ:
Լիարժէք հայրենատիրութեամբ ինչպէ՞ս առաջնորդել եւ առաջնորդուիլ:
Բ. Աշխարհամարտին Ֆրանսայի պարտութիւնը մերժած զօրավար տը Կոլ, երբ իր հայրենիքը գերմանական գրաւման տակ էր, 14 յուլիս 1943-ին ըսած է. «Ըլլանք պինդ, մաքուր եւ հաւատարիմ, մեր ճիգերու աւարտին կայ աշխարհի մեծագոյն փառքը, փառքը մարդոց, որոնք չեն զիջած»:
Այդպէս կ՛ըլլայ իրաւ հայրենատէրի իրաւ փառքը:
Երեւան, 4 օգոստոս 2023
aztagdaily.com/archives/591082