Սփիւռքացմանաղէտը Հայ Ազգի Քաղաքական Օրակարգ Չէ, Ոչ Ոք Կը Պայքարի Անոր Դէմ – Յակոբ Պալեան

Azerbaijan Destroys More Armenian Monuments Than the Terrorists Do in the Middle East – US Ex-Senator

Սփիւռքացմանաղէտը Հայ Ազգի Քաղաքական Օրակարգ Չէ, Ոչ Ոք Կը Պայքարի Անոր Դէմ – Յակոբ Պալեան

28 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2023 – ՀԱՅ ԴԱՏ – ՍՓԻՒՌՔ – ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆ:

Յակոբ Պալեան – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՈՒՈՅ ՊԱՐՏՔՆ Է – lousavor-avedis.org

– Գիշերը որքան էլ երկարի, առաւոտը գալու է: – lousavor-avedis.org

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Ցեղասպանութեան եւ հայրենահանման յաջորդած գաղթականութիւնը մշեցիներու, սասունցիներու, վանեցիներու, կիլիկեցիներու եւ հայրենի այլ վայրերէ տեղահանուածներու նոր հասցէներով բազմութիւն էր, գաղթակայաններու բնակիչիներ, որոնք անմիջական վերադարձի սպասումով կ’ապրէին:

Ստեղծուած էր ընդհանուր բնութագրումով` Գաղթականութիւն (ռmigration, որ բռնագաղթի հետեւանք էր: Մարդիկ չունէին հասցէ, հայրենիքի եւ պետութեան, քաղաքական հասարակաց ճանչցուած ինքնութիւն, արմատախլուած էին, իրենցմէ խլուած էր բնակավայրի անունով ճանաչում եւ ինքնութիւն ընդունած էին, իրենց անցեալին եւ պատմութեան հետ ոչ մէկ առնչութիւն ունեցած եւ ունեցող նոր եւ պատահական կեցավայրին յիշատակութեամբ, ուր ապրած էին իբրեւ  մարաշցի, այնթապցի, ուրֆացի, կիւրինցի, սասունցի, Տարօն-տուրուբերանցի, վասպուրականցի, սանճանքցի, կեսարացի կամ այլ անուանումներով: Շարքը երկար է: Այդ անուններով հիւղաւաններ ստեղծուած էին: Այդ Սփռուած հաւաքականութիւնները գաղթականութիւն էին: Չէին այլացած: Անոնք բնական կերպով հակազդեցին Ներգաղթի կոչին, որ գաղթականի սպասումն էր: Ներիմացական հաւաքական գիտակցութեամբ գիտէին, որ այդ կեցավայրերը հայրենիք չէին:

Չեմ գիտեր, թէ ե՞րբ սկսաւ գործածուիլ «Սփիւռք» եզրը, որ առաջին սերունդներու «հայրենակցական միութիւններու նոր անուանում չէր, այլ ստեղծուած-ստեղծուող ընկերամշակութային կացութիւնը բանաձեւող նոր յղացք» (concept, «diaspora»), որ կը նշանակէ «սփռում, կը սփռեմ, որ կը բնորոշէ իրենց երկիրներէն հեռացուած-հեռացած-արտաքսուած հաւաքականութիւնները, որոնք կը պահեն, այլազան սահմաններէ անդին, զգացական, յիշատակի, մշակակութային, քաղաքական եւ այլ կապեր, բնակավայրերու, հասարակաց երազի եւ ցաւի ենթահողի վրայ: Աղօտ եւ տեւաբար աղօտող  ինքնագիտակցութիւն:

Այսպէս եղաւ հայկական սփիւռքի ծննդոցը, զոր գաղթականները կոչեց նոր անուններով, յոգնակիացաւ, ընդունելով աշխարհագրական բազմաթիւ քաղաքներու եւ երկիրներու անթիւ անուանումներ: Այսպէս, սփիւռքահայութիւնը տեսական գումարում մըն է ֆրանսահայութեան, լիբանանահայութեան, իրաքահայութեան, սաղիմահայութեան, ամերիկահայութեան, ռուսահայութեան, յունահայութեան, քարտէսի բոլոր քաղաքներու եւ երկիրներու անուններով, ընթացք, որ կանգ չէ առած, նորեր կը գումարուին, նոր ստորաբաժումներով, «ամէն տեղ հայ կայ»-ի աշխարհագրութիւն գրելով: Այս աշխարհագրութեան գիրքի նմանող «Սփիւռք»-ը ազգային գոյապահպանական հասարակաց ոչինչ ունի, հասարակաց ոչինչ կրնայ պահել ժամանակի գիծին վրայ: Անհատական յոգնակիացող պատշաճեցումներու տեսական գումարում:           Հայկական Սփիւռքը մտածական բնորոշում է, գերաճող, տարբեր երկինքներու տակ ապրող  հայրենիք կորսնցուցած գաղթականներու, հայրենիք կորսնցնողներու եւ հայրենիք լքողներու: Ընդհանրական բնորոշումով Սփիւռքը ազգային գոյութեան երաշխիք եւ ըմբռնում չէ, ազգի գոյութենական ինքնահաստատում չէ, տեւաբար յոգնակիացող, դադրելով գաղթականութիւն ըլլալէ, նոր դիմագիծեր որդեգրելով եւ այլանալով: Գաղթականութիւնը կամաւոր չէր, ընտրանք չէր, բայց ունէր հաւաքական-ազգային-քաղաքական հասարակաց բնոյթ: Ժամանակակից ՍՓԻՒՌՔԱՑՈՒՄը, կեցավայրերու բազմապատկումով, այլ ըմբռնում է, այլ կացութիւն, ազգային-քաղաքական ոչինչ ունի, հայրենիքի եւ ինքնութեան գաղափարական ենթահող չունի, սպառողական եւ զբօսի քաղաքակրթութեան հետ քայլ պահելու անհատական ընտրանքներով կը յառաջացանայ եւ կ’աճի: Այսպէս են «ֆրանսահայութիւն»-ը, «ամերիկահայութիւն»-ը, անոնք մէկ չեն իրենց զգալու, մտածելու եւ գործելու տարբերութիւններով: Անոնց համայնքները գումարումներ են, բայց ոչ մէկութիւն:

Այլապէս բնորոշ էր եւ եղաւ ներխորհրդային սփիւռքը, քանի որ Խորհրդային տարածքը հասարակաց հայրենիք էր: Լենինականցին Իրքուցք, Վալտիվիսթոք կամ Իւզպեքիստան կ’երթար որպէս համահաւասար իրաւունքներով քաղաքացի: Այսօր Ռուսիոյ Դաշնութեան ղեկավար մը ամենայն իրատեսութեամբ կը հաստատէ, որ Ռուսիոյ մէջ աւելի մեծ թիւով հայեր կ’ապրին, քան Հայաստանի:

Սփիւռքացումը այսօր կ’աճի նոր անուանումներով, սպանահայեր, իրլանտահայեր, նորզելանտահայեր,  ոչ միայն Հայաստանէն կամ Արցախէն տեղի ունեցող արտագաղթի պատճառով, այլ նաեւ որպէս մէկութիւն դիտուած եւ դիտուող դասական համարուող կարծեցեալ հաստատուն համարուող շրջաններէ: Չանդրադարձանք, որ ազգային-քաղաքական տեսանկիւնէ զաւեշտ էր սփիւռքի այս կամ այն շրջանէն «ապահովութեան» համար Հայաստան ներգաղթել եւ նոյն ապահովութեան համար հայաստանեան անցագիրով Հայաստանէն արտագաղթել եւ հասնիլ Եւրոպայի այս կամ այն երկիրը: Նոյնքան զարմանալի է, որ «Սփիւռքէն» եւ Հայաստանէն ղեկավարներ, իրենց փէշերը հաւաքելով հայաստանեան անցագիրներով գաղթածներուն տեսութեան կ’երթան, բեմ կը բարձրանան, ի՞նչ ըսելու եւ ի՞նչ պահանջելու, ո՞ր ազգային քաղաքականութեան համար: Միթէ՞ կ’երթան «ապահովական պատճառներով գերաճող սփիւռքացո՞ւմ»-ը քաջալերելու: Տեղ մը, Հայաստան եւ սփիւռք, օրակարգ կը դարձնե՞նք շարունակուող եւ աճող սփիւռքացման հետեւանքները` հայ ժողովուրդի գոյապահպանութեան տեսնակիւնէ: Օրակարգ`  որ սեւեռէ ոչ թէ թաղայինը,  համայնքայինը, ջոջական-էսթէպլիշմընթայինը, այլ ազգը, անոր վերականգնումը, գոյապահպանումը եւ իրաւունքերը:

Ինչո՞ւ եկեղեցական եւ քաղաքական ուժերը, մտաւորականութիւնը չեն պայքարիր տեւաբար ինքզինք կրկնող եւ աճեցնող «սփիւռքացման» դէմ եւ մեղսակից կը դառնան անոր յառաջացուցած հակազգային աւերին:

Կար ժամանակ, երբ եկեղեցական, համայնքային, քաղաքական աւագ դէմքեր կը գովերգէին միջինարեւելեան համախումբ ապրող եւ հայկականութեան բերդ  համարուող համայնքները: Այդ համայնքները հիմա սպասման սրահներ են, ուրկէ հայեր կ’երթան ոչ թէ Հայաստան, հայրենիք պահելու եւ շարունակութիւն ըլլալու համար, այլ ովկիանոսներէն անդին ապահովութիւն գտնելու: Անոնց վրայ գումարուած են եւ կը շարունակեն գումարուիլ «հայրենաթող»-ները` լքելով իբրեւ հայու ՀԱՅՐԵՆԻՔ ընդունուած  մոլորակի տարածքը: Նոր անուններով հայութիւններ կը յառաջանան` սպանահայութիւն, տեխասահայութիւն (թեքսաս)… վաղը` «թոկոհայութիւն», որ ունի արդէն իր «Երեւան սուպերմարկետ»-ը…

Բնակեցման եւ ընդհանրապէս ազգային իրաւ եւ հեռանկարային քաղաքականութեան եւ ղեկավարումի մը չգոյութեան պատճառով, Հայաստանի եւ դասական-գաղթականական սփիւռքի հայերը ապազգային եւ խուճապային ընթացքով ապահովութիւն եւ բարօրութիւն կը փնտռեն երկինքներու տակ, ուր չեն կրնար տեւել իբրեւ ազգ եւ պահել ինքնութիւն: Հայրենի իշխանութիւնները եւ ընդհանրապէս ղեկավարութիւնները չեն ըսեր, որ Թոկոն, Լոսը, Նոր Զելանտան, Շուէտը, ապագային` Կրէօնլանտան, հայու հայրենիք չեն, պիտի չըլլան, անոնք, բախտաւոր պարագային, հայատառ տապանաքարի մը իրաւունք պիտի տան:

Եթէ առաջնորդող գաղափար եւ ղեկավարում ունենայինք, Լոռին եւ Զանգեզուրը կը բնակեցնէինք, կ’ընէինք այնպէս, որ հոն ունենայինք ճարտարարուեստ, տնտեսութիւն, ընէինք այնպէս, որ յիշատակի եւ «տուրիստ»-ի պայմանները փոխարինէինք «տիրոջ» գիտակցութեամբ, բնակութեամբ եւ յանձնառութեամբ, «շաուրմա»-ի եւ օդանաւ բարձրանալու եւ օդանաւէ իջնելու քաղաքական թատրոնը փոխարինէինք հայրենատիրութեամբ:

Կը կազմակերպուի հայրենատիրութիւնը, որուն համար պէտք է ունենալ ընթացիկ  երեւելիապաշտութենէ տարբեր հայեացքով օժտեալ ղեկավարութիւն եւ ժողովուրդ, որ դիմակազերծ ընեն քաղաքական, մշակութային, մտաւորական եւ քաղքենի երեւելիապաշտները, փառասէրները, մորթապաշտները:

Եթէ հայրենատէր ըլլայինք, համաշխարհային ազգ չէինք ըլլար:

Եւ ոչ ոք պիտի յանդգնէր ըսել, թէ` Հայաստանը արեւմտեան Ազրպէյճան է:

Քաղաքական-գաղափարական իսկական, ո՛չ ձեւական եւ ո՛չ ցուցադրական վերաբերումներ եւ նախաձեռնութիւններ պէտք են ազգապահպան իրաւ եւ անսեթեւեթ քաղաքականութեան մը մշակման եւ անոր լիցք տալու համար: Առանց հողին տէր մարդոց հայրենիք չի պահուիր: Հայրենիքը ճամբորդի ճամպրուկ չէ, որ Քանատա, Լոս, Փարիզ, Թոկօ կամ Մատրիտ իջեւանող  հայը յայտարարէ, որ հոն հայրենիք է, քանի որ հայութիւնը համաշխարհային ազգ է, որ պարզապէս հայ կոչուած ազգի լուծարումն է:

Հայու գոյապահպանական հիմնական առաջադրանք պէտք է ըլլայ, ըլլար, Հայաստան եւ սփիւռքներ,- միշտ յոգնակի եւ յոգնակիացող, ՍՓԻՒՌՔԱՑՄԱՆ ԴԷՄ պայքարը: Գերաճող եւ բազմաբնոյթ ՍՓԻՒՌՔԱՑՈՒՄները մեր պատմութեան վերջ դնելու կոչուած են: Թշնամին դուրսէն չէ: Ան ազգային գիտակցութեան նահանջն է, հոգեբարոյական խաթարում, որուն դէմ անզօրութեամբ մեղսակից են ամէն բնոյթի տիտղոսաւոր ղեկավարները անհատաբար եւ հաւաքաբար:

Հարազատ մտաւորականութիւնը, ոչ թուղթ մրոտողները եւ խօսափող յոգնեցնողները, պիտի կանգնի՞ն եւ մեծ կամ զանգուածները պիտի կանգնեցնե՞ն գլխագիր այն պատասխանատուութեան առջեւ, թէ ո՞ւր պիտի հասնին հայն ու հայերը, որպէս ի՞նչ եւ ի՞նչ ընելու համար:

Ինքզինք կրկնող, աճող եւ սահման չունեցող սփիւռքացումը առանց արտաքին ուժերու միջամտութեան նորատեսակ ցեղասպանութիւն է, եթէ խուփ աչքերով չընթանանք:

24 հոկտեմբեր  2023
Փարիզ

aztagdaily.com/archives/596911

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail