Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Շամախիի Շրջակայ Բնակավայրեր Եւ Հոգեւոր Կեդրոն Սաղիանի Սուրբ Ստեփանոս Նախավկայ Վանք – ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
01 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2023 – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ:
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Աղուանքի կամ ներկայ Ազրպէյճանի մէջ հայաշատ բնակավայրեր եղած են գրեթէ բոլոր շրջաններուն մէջ:
Շամախի հայաշատ կեդրոնական քաղաքին մօտակայքը Գէոքչա աւանն է:
Գէոքչայի մէջ բնակութիւն հաստատած են գլխաւորաբար Շամախիէն եւ Շաքիէն տեղափոխուած հայերը:
Էվլիա Չելեպի իր ուղեգրութեան մէջ կը յիշէ, որ Գէոքչա մեծ գիւղ է, ունի 700 տուն բնակչութիւն, այգիներ եւ պարտէզներ:
Գէոքչայի հայերը կը զբաղէին առեւտուրով, դերձակութեամբ, կօշկակարութեամբ, գինեգործութեամբ եւ դարբնութեամբ:
Շամախիի եւ Գէոքչայի շրջակայ հայաբնակ գիւղերն էին` Մադրասա, Սաղիան, Աւանաշէն, Գանձակ, Գիրկ (Կիրկ), Գիւրջիւան, Զարգեարան, Հնղար, Ղալագահ, Վանք, Ուշտալ, Քարքանջ, Քեշխուրդ, Ազայիշէն (Նորշէն), Աղբուլաղ, Բզաւանդ, Դայմադաղ, Թուբիշէն, Խոշաւատ, Կարմախան, Ղալակա, Շուքուրչի, Ռուշանաշէն, Մէյսարի, Փաթակլու եւ Փոքր Գանձակ:
* * *
Շամախիի շրջանի հայութեան հոգեւոր կեդրոնը Սաղիանի Սուրբ Ստեփանոս վանքն էր:
Սաղիան գիւղը կը գտնուի Մադրասա գիւղին մօտ, խոր ձորի արեւելահեաց լանջին եւ այգիներով շրջապատուած է: Սաղիանցիք կը զբաղէին երկրագործութեամբ, գինեգործութեամբ եւ շերամապահութեամբ: Անուանի էր Սաղիանի գինին: Գիւղին մէջ կը գործէր Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին:
Աւանդութեան համաձայն Սաղիանի Սուրբ Ստեփանոս վանքը Մեսրոպ Մաշտոցի կողմէ կառուցուած է: Անիկա մատենագրական աղբիւրներուն մէջ յիշատակուած է Ժ. դարէն, երբ կազմաւորուեցաւ Շամախիի թեմը եւ վանքը դարձաւ եպիսկոպոսանիստ:
Պարսպապատ վանքը կ՛ընդգրկէր Սուրբ Ստեփանոս Նախավկայ եկեղեցին, միաբանական խուցեր, գրատուն, տնտեսատուն, աղբիւրներ եւ գերեզմանատուն:
Սաքսոնիոյ Ֆրիտրիխ Շլեզուիկ-Հոլշթայն թագաւորի պատուիրակութեան քարտուղար Ադամ Օլեարիուս ճանապարհորդական նօթերուն մէջ կը նշէ, որ 6 յունուար 1636-ի ջրօրհնէքի արարողութենէն երկու օր ետք Աբրահամ եպիսկոպոս իր քահանաներուն հետ միասին դիմած է դեսպաններուն, որպէսզի անոնք միջնորդեն Շամախիի խանին մօտ, որպէսզի ան թոյլ տայ վերջացնելու ժամանակ մը առաջ սկսած վանքի շինարարական աշխատանքները:
Օլեարիուս կը գրէ. «Աբրահամ եպիսկոպոսին առջեւ կու գային բազմաթիւ քահանաներ եկեղեցական զգեստով եւ ձեռքերնին վառած մեղրամոմ ունենալով: Ապարանք ներս մտնելու ժամանակ անոնք հետերնին երկու սափոր գինի եւ մեծ ափսէ մը լեցուն խնձոր բերին, որոնց մէջտեղը վառած մեղրամոմ տնկուած էր: Անոնք մօտաւորապէս երեք ժամ կը խօսէին մեզի հետ իրենց կրօնքի մասին եւ կրկին խնդրեցին մեզմէ միջնորդել խանին մօտ, որ թոյլ տայ վերջացնել իրենց վանքին շինութիւնը: … Մենք խոստացանք եւ կատարեցինք»:
Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ ճակատին արձանագրուած է. «Արդ ես մեղապարտս ի ծնունդս եկեղեցւոյ Կրկոս (Կիրակոս) պիտակ վարդապետ, բնիկ յերկրէն Աղուանից, ի գեղըն Սաղիանու, շնորհօք եւ ողորմութեամբ Աստուծոյ ետու շինել զեկեղեցիս վայելչակերտ յանուն Սրբոյ Ստեփաննոսի Նախավկային, ի ՌԺԹ (1660) թուին, յառաջնորդութեան Սուրբ Գանձասարայ Տէր Պետրոսի, զոր եւ աղերսիմ զհանդիպողաց յիշել զիս եւ զտէր Ղազարն հոգաբարձու վանիցս եւ զամենայն աշխատաւորս սորին, որք յիշեն` յիշեալ լիցին առաջի Աստուծոյ, ամէն»:
Շինել բառը օգտագործուած է ոչ միայն հիմնարկել, կառուցել իմաստով, այլ նաեւ վերակառուցել, նորոգել նշանակութեամբ:
Սիմէոն Ա. Երեւանցի կաթողիկոս Շամախիի թեմին 1770-ին յղուած կոնդակին մէջ Սաղիանի վանքին մասին կը գրէ. «Յորոց բազմաց վանօրէից մին է` հրաշազարդ եւ գերահռչակ ուխտն սուրբ… որ յառաջագոյն էր ըստ ամի ճոխ եւ փարթամ, եկեղեցական եւ արտաքսական ընչիւք եւ կահիւք»:
Սաղիանի վանքը սեփական վարելահողեր, այգիներ եւ անտառ ունէր: Կը մշակէին ցորեն եւ գարի, այգիներու խաղողէն գինի կը պատրաստէին, իսկ անտառէն կը գոյանար վանքին վառելափայտը:
Վանքապատկան կալուածներէն ստացուող եկամուտներով եկեղեցիներ, մատուռներ եւ սրբատեղիներ կը կառուցուէին կամ կը նորոգուէին: Այդ եկամուտներով կը հոգային միաբանութեան ապրուստի եւ վանական դպրոցի ծախսերը, իսկ ձեռագիրներու ընդօրինակութեան համար անհրաժեշտ նիւթեր` թուղթ, բուսական ու քիմիական ծագում ունեցող բարձրորակ թանաք եւ կաշեղէն կը պատրաստէին:
Սաղիանի վանքը գրչութեան կեդրոն էր. հոն կը գրուէին, կ՛ընդօրինակուէին, կը նկարազարդուէին, կը նորոգուէին ու կը պահպանուէին մեծ թիւով ձեռագիր եւ գրչագիր մատեաններ:
* * *
Ռուսական արքունիքին կողմէ 1836-ին ընդունուած հայ եկեղեցւոյ ներքին կեանքը սահմանող կանոնադրութեան` Պոլոժենիային համաձայն թեմակալ առաջնորդները պարտաւոր էին քաղաքի մէջ նստելու:
Առաջնորդարանին Շամախի քաղաք տեղափոխումը պատահեցաւ Ստեփանոս եպիսկոպոս Չախեալեանի առաջնորդութեան ժամանակ:
Շամախիի թեմական աշխատանքները կազմակերպելու նպատակով 1838 փետրուարին Սուրբ Ստեփանոս վանք այցելեց Էջմիածնի սինոտի անդամ Յովհաննէս եպիսկոպոս Շահխաթունեանց, որ առաջնորդարանը Սաղիանէն Շամախի տեղափոխեց եւ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին դարձուց առաջնորդանիստ մայր եկեղեցի, իսկ Սաղիանի վանքը մնաց վանահայրութիւն:
Առաջնորդարանին Սաղիանի վանքէն Շամախի տեղափոխումը բացասաբար անդրադարձաւ վանքի հետագայ գործունէութեան վրայ, որ աստիճանաբար անուշադրութեան մատնուեցաւ:
Վանքի գործունէութեան նուազումը բացասաբար անդրադարձաւ յարակից հայկական գիւղերուն համար, որովհետեւ շրջանի հայութիւնը կ՛օգտուէր վանքի ծառայութիւններէն:
Սարգիս արքեպիսկոպոս Ջալալեանց, որ 1848-ին Սաղիան այցելած է, կը յիշէ որ վանքը աւերակ եւ անշքացած վիճակի մատնուած է. «Մենաստասն այս այժմ կայ յաւերակ դրութեան, ապաստանեալ միայն խնամս միոյ ծառայի, որ ածէ զաւել եւ վառէ զճրագ, ցաւալի դրութիւն ողորմելի մենաստանիս, ի սուգ եւ ի յողբ շարժէ զամենայն այլեցուս»:
Վանքը ամայի չձգելու համար 1852-ին հոն կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուեցաւ շամախեցի Սարգիս Մերզաբէկեանց:
Մովսէս վարդապետ Մաղաքեանցի առաջնորդութեան ժամանակ (1857-1860) շինարարական եւ վերանորոգման աշխատանքներ կատարուեցան եւ ուխտաւորներու ու վանահօր համար սենեակներ կառուցուեցան:
* * *
Թեմակալ առաջնորդ Դանիէլ արքեպիսկոպոս Շահնազարեանց Տարօնեցի 1865 օգոստոսին այցելեց Սաղիան: Գիւղը այդ ժամանակ ունէր 75 տուն հայ բնակչութիւն, իսկ Սուրբ Ստեփանոս Նախավկայ վանքը գրեթէ ամայացած վիճակի մէջ կը գտնուէր:
Վանքը վերստին շէնցնելու մտահոգութեամբ Դանիէլ արքեպիսկոպոս ծրագրեց զայն հիմնովին վերանորոգել եւ հոն գիշերօթիկ հոգեւոր դպրոց բանալ: Ան նոյնիսկ ծրագրեց առաջնորդարանը Շամախիէն Սաղիան տեղափոխել:
Դանիէլ արքեպիսկոպոս կը գրէ. «Այսոքիկ յարմարութիւնք շարժում են իմ սիրտը, որ Շամախու վիճակի առաջնորդարան փոխադրեմ ի Սաղիան, նոյնպէս եւ հոգեւոր դպրոցն. բայց աշխատում են ինձ խոչընդոտ լինել»:
Դանիէլ արքեպիսկոպոսի անժամանակ վախճանման պատճառով, 4 յուլիս 1868-ին, 41 տարեկան հասակին, այլ ծրագիրներու հետ խափանուեցաւ նաեւ Սաղիանի վանքի վերաշխուժացման գաղափարը:
Դանիէլ արքեպիսկոպոսի մարմինը Սաղիանի վանքի հարաւային մուտքին առջեւ, երբեմնի առաջնորդ Յովհան եպիսկոպոս Գիւլիստանցիի շիրիմին մօտ ամփոփուեցաւ:
Դանիէլ արքեպիսկոպոսի յաջորդ Անդրէաս արքեպիսկոպոս Անդրէասեան եւս զբաղեցաւ Սաղիանի վանքի վերականգնման աշխատանքներով:
Վանահայր Սարգիս վարդապետ Միրզաբէկեանցի նախաձեռնութեամբ եւ Անդրէաս արքեպիսկոպոսի թոյլտուութեամբ 1871-ին վերաշինուեցան պարիսպին արեւմտեան եւ հարաւային հատուածները:
Սուրբ Ստեփանոս Նախավկայ վանքը հիմնովին աւերուեցաւ 12 յունուար 1872-ի երկրաշարժին պատճառով:
Առաջնորդ Թադէոս եպիսկոպոս Ձիւնականի նախաձեռնութեամբ 1878-ին սկսան վանքի վերաշինութեան աշխատանքները:
Վանքի վերաշինութեան աշխատանքները իրենց աւարտին հասան Մեսրոպ արքեպիսկոպոս Սմբատեանցի առաջնորդութեան շրջանին, եւ 8 նոյեմբեր 1887-ին օծուեցաւ նորակառոյց եկեղեցին:
Այնուհետեւ Սուրբ Ստեփանոս Նախավկայ վանքի վանահայրեր եղան Ստեփանոս վարդապետ Աստապատցի, Թովմա վարդապետ, Նիկողոս աբեղայ Աւետիքեան, Եփրեմ վարդապետ Սուքիասեան, Ընձակ վարդապետ եւ Մակար վարդապետ Բարխուդարեանց:
* * *
Մասանց կամ Մէյսարիի Սուրբ Աստուածածին վանքը կը գտնուէր Մէյսարի գիւղին հիւսիս-արեւմտեան կողմը, խոր կիրճի ձորաբերանին: Վանքը բաղկացած էր իրարմէ քիչ հեռու գտնուող երկու շինութիւններէ:
Մասանց վանքը եղած է գրչութեան կեդրոն: Հոն ընդօրինակուած ձեռագիրներէն քանի մը հատը հասած են մինչեւ մեր օրերը:
* * *
Լենքորան, Կասպից ծովու ափին, ամրութիւններով պաշտպանուած հին քաղաք է: Դէպի արեւմուտք Անդջինի հանքային ջուրերն են եւ Բալաբուր բերդը: Դէպի հիւսիս Գզըլ Աղաճն է, հարաւը` Հիրքան անտառը: Քաղաքը կիտրոնային պտուղներու պարտէզներով շրջապատուած է:
Լենքորանի բնակիչները թալիշներ եւ թաթարներ են: Հայերը եղած են փոքրաթիւ: Հոն գործած է Սուրբ Գէորգ եկեղեցին:
Բաղդասար մետրոպոլիտ Հասան Ջալալեանի Արցախի թեմի վանքերու եւ եկեղեցիներու վերաբերեալ կազմած ցուցակին համաձայն Լենքորանի մէջ բնակող հայերը տասնեօթը ծուխ էին: 1830-ական տարիներու տուեալներուն համաձայն քաղաքին բնիկ եւ ժամանակաւոր հայերը քառասունութ տուն կը հաշուէին: Հայր Ղեւոնդ Ալիշանի տուեալներով, 1850-ական տարիներուն Լենքորան ունէր երեսունչորս տուն բնիկ հայ բնակիչ: Իսկ 1897-ի տուեալներով քաղաքին եւ շրջակայ գիւղերու հայութեան թիւը 483 հոգի էր: 1916-ի տուեալներով Լենքորան գաւառը ունէր 836 հայ բնակիչ, որուն 550-ը քաղաքին մէջ կը բնակէր:
Լենքորանի գաւառին հարաւը, Իրանի սահմանամերձ Աստարա աւանին մէջ փոքրաթիւ հայեր կը բնակէին:
Իրանա-Հնդկաստանի թեմի առաջնորդ Մաղաքիա եպիսկոպոս Տէրունեան 18 օգոստոս 1898-ին այցելած է Աստարա: Առաջնորդին ուղեկից դպիր Մկրտիչ Երկարակեցեան կը գրէ. «Հանդիպեցինք Աստարայի սակաւաթիւ հայերի խմբին, որոնք ճանապարհին մէկ կողմի վերայ բացագլուխ շարուած էին սպասում հայ եպիսկոպոսի շնորհաբեր գալստեանը»:
Հայ առեւտրականներ աշխուժ գործունէութիւն ունէինի Աստարայի մէջ: Հոն կը գործէր «Եղբարք Թումայեան» առեւտրական տան մթերանոցը:
Աստարայի հայերէն անուանի էր Արցախէն հոն տեղափոխուած Մարգար Ահարոնեանց, որուն նախաձեռնութեամբ 1894-ին կառուցուեցաւ Աստարայի փայտաշէն եկեղեցին: