ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – Բրիտանիա պաշտօնապէս պատերազմ յայտարարեցին Օսմանեան Կայսրութեան դէմ – Նազարեթ Պէրպէրեան
05 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2023 – – ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ
Հին Էջեր, Ապրող Էջեր
ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ
5 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 1914.
Ֆրանսա եւ Մեծն Բրիտանիա պաշտօնապէս պատերազմ յայտարարեցին Օսմանեան Կայսրութեան դէմ

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
109 տարի առաջ, 5 Նոյեմբերի օրը, Ֆրանսա եւ Մեծն Բրիտանիա պաշտօնապէս պատերազմ յայտարարեցին Օսմանեան Կայսրութեան դէմ, որուն իթթիհատական կառավարութիւնը արդէն նետուած էր Առաջին Աշխարհամարտի արիւնալի ոլորապտոյտին մէջ՝ Գերմանիոյ եւ անոր զինակից Կեդրոնի Ուժերուն կողքին դիրք բռնելով։
Ատկէ երեք օր առաջ, 2 Նոյեմբերին, Ֆրանսայի եւ Բրիտանիոյ հետ զինակցաբար Դաշնակից Ուժերը գլխաւորող Ռուսաստանը արդէն պաշտօնապէս պատերազմ յայտարարած էր Թրքական Պետութեան դէմ, որուն իթթիհատական ղեկավարութիւնը 28 Հոկտեմբերին պաշտօնապէս պատերազմի փող հնչեցուցած էր Ցարական Կայսրութեան դէմ։
Շղթայակապ իրարու հետեւած պատերազմի այդ պաշտօնական յայտարարութիւնները – երբ խնդրոյ առարկայ պետութիւնները իրողապէս պատերազմի մէջ էին արդէն իրարու դէմ – բարացուցական նշանակութիւն ունեցան Առաջին Աշխարհամարտի բռնկման ու ծաւալման ընթացքը բացատրելու իմաստով։
*
* *
Առաջին Աշխարհամարտը կանխած ժամանակաշրջանը, աւելի քան երեք տասնամեակ, անընդհատ սրած էր հակասութիւնները Հին Աշխարհին ճակատագիրը ըստ կամս տնօրինող մեծ տէրութեանց միջեւ։
Պարբերաբար բռնկած էին տեղական բնոյթի պատերազմներ, որոնք վէճերը հարթելու փոխարէն՝ անլոյծ մնացած հարցերու գորդեան հանգոյց մը առաջացուցած էին՝ ազգային ազատագրութեան խարոյկը վառելով Ծայրագոյն Արեւելքէն մինչեւ Հիւսիսային Ափրիկէ, Միջին Արեւելքէն մինչեւ Պալքաններ։
Յատկապէս Պալքանները կը հանդիսանային պայթելու պատրաստ վառօդի տակառ մը, որովհետեւ 1913ի Պալքանեան Պատերազմը ծանրագոյն հարուած հասցուցած էր Եւրոպական մեծ տէրութիւններէն երկու միապետութեանց՝ Աւստրօհունգար եւ Օսմանեան Կայսրութեանց։
Նոյն Պալքաններէն ալ բռնկեցաւ Առաջին Աշխարհամարտը 28 Յունիս 1914ին, երբ սերպ ազգայնական յեղափոխական մը ահաբեկեց Աւստրօհունգար Կայսրութեան գահաժառանգ Ֆերտինանտ իշխանը։
Գահաժառանգի ահաբեկումին անմիջապէս հետեւեցան պարագայական ռազմական ընդհարումներ, որոնք ախտանշանն էին տասնամեակներով կուտակուած Հին Աշխարհի հակասութիւնները՝ գաղթատիրական մրցապայքարը զինու զօրութեամբ լուծելու մեծապետական հիւանդութեան։

*
* *
Հակադիր ճամբարներու՝ Կեդրոնի եւ Դաշնակից Ուժերու վերածուած Եւրոպական վեց մեծ պետութիւններու միջեւ սկսած իրողական պատերազմը շուտով եւ պաշտօնապէս արիւնալի ու աշխարհածաւալ իր մսաղացին մէջ առաւ ատենի 52 պետութիւններէն 35ը, աւելի քան 70 միլիոն զինուոր հաշուող բանակներ իրարու դէմ կռուի դաշտ նետելով եւ 15 միլիոն զոհ խլելով։
Հայ մարդուն յատկապէս կը յուզէ Առաջին Աշխարհամարտի ողբերգական ընթացքը այսպէս կոչուած Արեւելեան Ճակատին վրայ, ուր Իթթիհատական Եռապետութիւնը (Էնվեր, Թալաաթ եւ Ճեմալ) 2 Օգոստոս 1914ին Գերմանիոյ հետ ստորագրեց զինակցութեան գաղտնի համաձայնագիր մը եւ գործնապէս միացաւ Աշխարհամարտին, առանց որ պաշտօնապէս պատերազմ յայտարարէ Դաշնակիցներուն դէմ։
Թէեւ 109 երկար տարիներ անցած են այդ ժամանակներէն ասդին, այդուհանդերձ՝ ինչպէս Թրքական Պետութեան, նոյնպէս եւ Մեծապետական Ուժերուն դրսեւորած այդ շրջանի շահամոլ ու անսկզբունք քաղաքական վարքագիծը կը շարունակուի մինչեւ այսօր։
Իբրեւ այդպիսին, յատկապէս Թրքական Պետութիւնը իր ՈՃՐԱԳՈՐԾ բնոյթով ճանչնալու առումով, Առաջին Աշխարհամարտի պատմութիւնը խորապէս ուսանելի, այլեւ այժմէական ու դաժան դասերու ամբողջ շարք մը արձանագրած է։
Թէ՛ պատերազմի տարիներուն, թէ՛ անոր հետեւած անմիջական կամ ապագայ բոլոր փուլերուն, Թրքական Պետութեան որդեգրած այլամերժ կողնորոշումներն ու գործած ցեղապաշտական ոճիրները միշտ ալ անպատիժ մնացած են եւ, առ այսօր, բերուած չեն ԱՐԴԱՐԱԴԱՏ Հաշուետուութեան ու Դատաստանի առջեւ ։

*
* *
Պատմական այդ դասերու շարքին յատուկ կարեւորութիւն ունի, որոշապէս Հայկական Հարցին նկատմամբ, նաե՛ւ մեծապետական աշխարհին ցուցաբերած երկու չափ եւ երկու կշռի պատեհապաշտ վարքագծին ախտաճանաչումը։
Հայկական Ցեղասպանութեամբ սկսած, հայոց հայրենիքի աւելի քան երկու երրորդին բռնագրաւումով շարունակուած եւ նորաստեղծ Հայաստանի անկախութեան կործանումով ու խորհրդայնացումով աւարտած պատմական այդ ժամանակաշրջանը բաւարար լոյս կը սփռէ նաեւ մեր ներկային՝ հայ ժողովուրդին եւ հայոց հայրենիքին դիմագրաւած այսօրուան վտանգներուն վերաբերեալ։
Թրքական Պետութիւնը կը շարունակէ արհամարհել Միջազգային Օրէնքի եւ Մարդկային Իրաւանց բոլոր իրաւականոնները՝ շրջափակման մէջ պահելով վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ արգելակելով անոր լիարժէք զարգացման թափը։
Աւելի՛ն․ Թրքական Պետութիւնը կը շարունակէ Հայոց Ցեղասպանութեան մերկապարանոց ուրացումին ծառայեցնել շրջանային հզօր ուժի իր հնարաւորութիւնները։ Անգարա կ՛աշխատի ամէն գնով ապահովել Մեծապետական Ուժերու ծածուկ կամ բացայայտ մեղսակցութիւնը՝ ի սպաս հակահայ իր շարունակուող քաղաքականութեան։

*
* *
Պատմութեան արձանագրած Առաջին Աշխարհամարտի դաժանագոյն դասերուն շարքին այսօր արդէն գաղտնիք չէ, որ 1913ի Պալքանեան Պատերազմին անփառունակ պարտութիւն կրած եւ Պալքաններէն վերջնականապէս դուրս մղուած Օսմանեան Կայսրութիւնը 1914ին կը գտնուէր արդէն իր վերապրումը ապահովելու համար կենաց-մահու կռիւ մղող մեծ տէրութեան մը օրհասական կացութեան մէջ։
Թրքական Պետութիւնը կը դիմագրաւէր ամբողջական կազմալուծման ու պետական քայքայման ստոյգ վտանգը։
Ան պատրաստ էր ամէն միջոցի դիմելու՝ գոնէ ներքնապէս ինքզինք ամուր պահելու համար։
Այդպէ՛ս, կայսերապետական սնափառութեամբ եւ ազգայնամոլութեամբ վարակուած Թուրք Պետական Մտածողութիւնը, ծանրօրէն խոցուած կատաղի գազանի մը նման, իր ներքին ամրութիւնը ապահովելու կոչուած ռազմավարական երաշխիք մը նկատեց արեւելեան նահանգներու եւ Կիլիկիոյ հայութեան ֆիզիքական բնաջնջումը։
Այդպէս ալ եղաւ։
Արեւելքէն ու Հարաւէն յառաջացող Դաշնակիցներու՝ ֆրանսական, բրիտանական եւ ռուսական զօրքերու դէմ պատերազմական գործողութիւնները պատրուակելով, Իթթիհատական Իշխանութիւնը ձեռնամուխ եղաւ հայերու տեղահանութեան, որ յարմարագոյն եղանակն էր հայ ժողովուրդի բնաջնջման ԹՐՔԱԿԱՆ՝ Համիտեան Դարաշրջանէն եկող ՀԱՅ ԱԶԳԱԲՆԱԿՉՈՒԹԵԱՆ ԿՈՐԾԱՆՄԱՆ պետական մեծ ոճիրի ծրագիրը գործադրելու համար։
Թրքական Պետութեան ՑԵՂԱՍՊԱՆԱԿԱՆ այդ ՔԱՅԼԻՆ ամբողջական գիտակցութիւնը ունէր մեծապետական Եւրոպան։
Համիտեան կոտորածներն ու 1909ի Կիլիկեան ջարդը բաւարար էին՝ քաղաքականապէս մանուկն անգամ մղելու այն սթափ գնահատանքին, որ 1913ի Պալքանեան Պատերազմէն ետք ներկայացող համաշխարհային ցնցումի առաջին առիթն իսկ Թրքական Պետութիւնը պիտի ծառայեցնէր հայ ժողովուրդէն ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ միջոցաւ «ՁԵՐԲԱԶԱՏՈՒԵԼՈՒ» իր ԱՀԱՒՈՐ ՈՃԻՐի ծրագրին գործադրութեան։

[Avec l’autorisation de l’Armenian National Institute.]