Լաւրով. «Արեւմուտքը «Կը Սիրաշահի» Հայաստանը Եւ Կ՛ուզէ Անոր Հետ Ընկերանալ Ընդդէմ Ռուսիոյ»

ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – 24 Ապրիլ 1915 – Հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութեան կիզակէտը

Լաւրով. «Արեւմուտքը «Կը Սիրաշահի» Հայաստանը Եւ Կ՛ուզէ Անոր Հետ Ընկերանալ Ընդդէմ Ռուսիոյ»

11 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2023 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

<Երեւան Կ՛արձագանգէ Մոսկուային. «Հայաստանի Հանրապետութեան Գերիշխան Տարածքի Որեւէ Հատուածի Վրայ Երրորդ Երկրի Վերահսկողութիւն Չի Կրնար Հաստատուիլ»>

Արեւմտեան երկիրները, որոնք այժմ աշխուժօրէն «կը սիրաշահին» Հայաստանը, կ՛ուզեն անոր հետ բարեկամանալ ընդդէմ Ռուսիոյ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին «Ռոսիա-1» պատկերասփիւռի կայանէն ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարին համաձայն, Ռուսիան նախապաշարումներ չունի Հայաստանի արտաքին գործընկերներուն նկատմամբ, Երեւանը պէտք է ինքնուրոյն որոշէ իր ուղին:
«Մենք կողմնակից ենք, որ Հայաստանը` իբրեւ ՀԱՊԿ-ի անդամ, իբրեւ մեր մօտիկ դաշնակից, ռազմավարական գործընկեր, ինք որոշէ, թէ ինչպէ՛ս պէտք է յարաբերութիւններ կառուցէ արտաքին գործընկերներու հետ: Մենք բացարձակապէս որեւէ նախապաշարումներ չենք ունեցած անոր արտաքին գործընկերներու կամ ընկերներու շրջանակներուն նկատմամբ, ինչպէս կ՛ուզէք ատիկա կոչեցէք: Մենք երբեք ոչ ոքի հետ չենք ընկերանար ընդդէմ ոեւէ մէկուն», ըսած է Լաւրով:

aztagdaily.com/archives/598312

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail