Երեւան Կ՛արձագանգէ Մոսկուային. «Հայաստանի Հանրապետութեան Գերիշխան Տարածքի Որեւէ Հատուածի Վրայ Երրորդ Երկրի Վերահսկողութիւն Չի Կրնար Հաստատուիլ»

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ – ԿԸ ՅԻՇԵՄ ԵՒ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԵՄ – ARMENIAN GENOCIDE – I REMEMBER AND I DEMAND – GÉNOCIDE ARMÉNIEN – JE ME SOUVIENS ET J'EXIGE

Երեւան Կ՛արձագանգէ Մոսկուային. «Հայաստանի Հանրապետութեան Գերիշխան Տարածքի Որեւէ Հատուածի Վրայ Երրորդ Երկրի Վերահսկողութիւն Չի Կրնար Հաստատուիլ»

11 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2023 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

<Զախարովա. «Ազրպէյճանի Եւ Նախիջեւանի Միջեւ Փոխադրական Կապի Վերահսկողութիւնը Պէտք Է Կատարէ Ռուսիոյ Անվտանգութեան Դաշնակցային Ծառայութիւնը»>

<Լաւրով. «Արեւմուտքը «Կը Սիրաշահի» Հայաստանը Եւ Կ՛ուզէ Անոր Հետ Ընկերանալ Ընդդէմ Ռուսիոյ»>

Շրջանային հաղորդակցութեան ուղիներու բացման պարագային Հայաստանը իր տարածքին մէջ իր պետական հաստատութիւններուն միջոցով պէտք է իրականացնէ սահմանային, մաքսային հսկողութիւն, յայտարարած է արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Անի Բադալեան` արձագանգելով Մոսկուային:

Անի Բադալեան նշած է, որ ատիկա ակնյայտ կը դառնայ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան վերջերս հրապարակած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծի հիմնական սկզբունքներէն:

«Հայաստանի Հանրապետութիւնը երբեւէ, որեւէ փաստաթուղթով չէ համաձայնած իր գերիշխանութեան որեւէ սահմանափակման, եւ իր գերիշխան տարածքի որեւէ հատուածի վրայ երրորդ երկրի վերահսկողութիւն չի կրնար հաստատուիլ», շեշտած է ան:

Ըստ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերին, բացի ատկէ, Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան մէջ վերջերս ստեղծուած է յատուկ ստորաբաժանում, որուն խնդիրը շրջանային հաղորդակցութեան ուղիներու բացման պարագային այդ հաղորդակցութեան ուղիներու, ինչպէս նաեւ անոնցմով ապրանքներու, բեռներու, փոխադրական միջոցներու եւ մարդոց անցման անվտանգութեան ապահովումն է:

Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան նախանցեալ օր կրկին յայտարարած էր, թէ Ազրպէյճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ փոխադրական կապը պէտք է վերահսկեն ոչ թէ հայերը, այլ Ռուսիոյ անվտանգութեան ծառայութեան սահմանապահները, պնդելով, թէ այդ մասին նշուած է 9 նոյեմբերի եւ անկէ ետք ստորագրուած եռակողմ փաստաթուղթերուն մէջ:

Հայկական կողմը աւելի կանուխ շեշտած էր, որ երբեք եւ որեւէ փաստաթուղթով չէ ստանձնած սահմանային վերահսկողութիւնը երրորդ երկրի յանձնելու պարտաւորութիւն:

aztagdaily.com/archives/598365

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail