Զախարովա. «Ազրպէյճանի Եւ Նախիջեւանի Միջեւ Փոխադրական Կապի Վերահսկողութիւնը Պէտք Է Կատարէ Ռուսիոյ Անվտանգութեան Դաշնակցային Ծառայութիւնը»

Genocide Armenian - Genocide des Armenian
Զախարովա. «Ազրպէյճանի Եւ Նախիջեւանի Միջեւ Փոխադրական Կապի Վերահսկողութիւնը Պէտք Է Կատարէ Ռուսիոյ Անվտանգութեան Դաշնակցային Ծառայութիւնը»
10 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 2023 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

<Երեւան Կ՛արձագանգէ Մոսկուային. «Հայաստանի Հանրապետութեան Գերիշխան Տարածքի Որեւէ Հատուածի Վրայ Երրորդ Երկրի Վերահսկողութիւն Չի Կրնար Հաստատուիլ»>

<Լաւրով. «Արեւմուտքը «Կը Սիրաշահի» Հայաստանը Եւ Կ՛ուզէ Անոր Հետ Ընկերանալ Ընդդէմ Ռուսիոյ»>

Երեւանի նախաձեռնութիւնները շատ բանով համահունչ են այն նախագիծերուն, որոնք արդէն կը քննարկուին վերջին տարիներուն ընթացքին, եռակողմ աշխատանքային խումբի ծիրին մէջ, որ միասնաբար կը նախագահեն Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի փոխվարչապետները: Այս մասին ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա:

Անոր համաձայն, եռակողմ աշխատանքային խումբը կը զբաղի տնտեսական, փոխադրամիջոցային կապերու ապաշրջափակումով շրջանին մէջ, եւ մեր համոզումով` այդ հոլովոյթը կարեւորագոյն դեր կը խաղայ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործին մէջ, կը նպաստէ կայունութեան, տարանցման-գումակային կարողականութեան բացման Հարաւային Կովկասի մէջ: «Երեք երկիրներու ղեկավարները որոշում տուած են ստեղծելու նման աշխատանքային խումբ Ղարաբաղի մէջ 2020 թուականի աշնան մարտական գործողութիւններու աւարտէն քանի մը ամիս ետք: Արդէն գումարուած է այդ խումբի 12 նիստ, հսկայական աշխատանք կատարուած է, կարելի եղած է մօտենալ փաթեթային որոշման որդեգրման, որ շահաւէտ պիտի ըլլայ բոլոր կողմերուն: Ցաւօք, այս հարցերուն մէջ վերջակէտ դնել առայժմ կարելի չէ եղած: Մէկու մը քաղաքական կամքը չի բաւարարեր ատիկա ընել, եւ ան մենք չենք: Մենք նախկինին պէս պատրաստ ենք անհրաժեշտ աջակցութիւն ցուցաբերելու շրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հոլովոյթին», ըսած է ան:
Մեկնաբանելով Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) մէջ շրջանային եւ միջազգային նշանակութեան ճամբաներու եւ այլ հաղորդակցութիւններու անվտանգութեան վերահսկման ստորաբաժանում ստեղծելու քայլը` Զախարովա նշած է. «Պիտի ուզէի ուշադրութեան հրաւիրել, որ եռակողմ համաձայնութիւններուն համապատասխան` Ազրպէյճանի եւ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան միջեւ փոխադրամիջոցային հաղորդակցութեան վերահսկումը պիտի կատարեն Ռուսիոյ Անվտանգութեան դաշնակցային ծառայութեան սահմանապահ ծառայութեան մարմինները»:
Ան նաեւ նշած է, որ Ռուսիան առաջնորդուած է Հայաստանի ապաշրջափակման խնդիրով, ներառեալ այն ժամանակ, երբ կ՛աջակցէր Երեւանի եւ Անգարայի միջեւ երկխօսութեան վերագործարկման: Զախարովա յիշեցուցած է, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչներու առաջին հանդիպումը տեղի ունեցած է 14 յունուար 2021-ին, Մոսկուայի մէջ:
«Ռուսիան նաեւ «3+3» ձեւաչափը կը նկատէ եւս մէկ լաւ հարթակ երկիրներու համագործակցութեան համար: 2024 թուականին Թուրքիոյ մէջ հարթակի յաջորդ նիստին ժամանակ պիտի քննուի նաեւ փոխադրամիջոցային նիւթը: Այդ ձեւաչափի ծիրին մէջ Երեւանի կառուցողական առաջարկը, համոզուած եմ, պահանջուած պիտի ըլլայ», ըսած է Զախարովա:

aztagdaily.com/archives/598244

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail