Ազրպէյճան Մտադիր Է Գրաւել Հայաստանը Եւ Ստեղծել «Արեւմտեան Ազրպէյճան» – ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Cultural Genocide – State Cultural Genocide by the Fascist Regime of Azerbaijan *–* Génocide culturel – Génocide culturel d'État par le régime fasciste d'Azerbaïdjan

Ազրպէյճան Մտադիր Է Գրաւել Հայաստանը Եւ Ստեղծել «Արեւմտեան Ազրպէյճան» – ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

19 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2023 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱՇԽԱՐՀ – ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՈՒՈՅ ՊԱՐՏՔՆ Է – lousavor-avedis.org

– Գիշերը որքան էլ երկարի, առաւոտը գալու է: – lousavor-avedis.org

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ

Մինչ  հայերը  զբաղած են Արցախի կորուստով եւ կը փորձեն յաղթահարել ատոր ողբերգական հետեւանքները, Ազրպէյճան  կը բազմացնէ իր պահանջները` մեկնարկելով  քարոզարշաւ եւ  պնդելով, որ Հայաստանի Հանրապետութեան ամբողջ տարածքը իբր թէ «Արեւմտեան Ազրպէյճան» է: Աշխարհի մէջ ոչ մէկ խելամիտ մարդ լրջօրէն կ՛ընդունի այս մեծ սուտը` այն պարզ պատճառով, որ Ազրպէյճան ստեղծուած է ընդամէնը մէկ դար առաջ, մինչդեռ Հայաստան գոյութիւն ունի հազարամեակներէ ի վեր: Նոյնիսկ «Քոքա քոլա»-ն աւելի հին է, քան` Ազրպէյճանը…

Նախագահ Ալիեւի օրհնութեամբ «Արեւմտեան Ազրպէյճանի համայնք»-ի ստեղծումէն ետք, Ազրպէյճան համաշխարհային արշաւ սկսաւ իր անհեթեթ ծրագիրը ամբողջ աշխարհի եւ ՄԱԿ-ի մէջ տարածելու համար: Այն հայերը, որոնք մտահոգուած են Հայաստանի Սիւնիքի մարզի կամ, այսպէս կոչուած, «Զանգեզուրի միջանցք»-ի շուրջ Ազրպէյճանի ծաւալապաշտական ծրագիրներով, պէտք է աւելի անհանգստացած ըլլան ամբողջ Հայաստանի Հանրապետութիւնը գրաւելու Ազրպէյճանի  չափազանց մեծ ախորժակէն` Արցախի բռնագրաւումէն ետք:

Ահա՛ այն չորս գործողութիւնները, որոնց ձեռնարկած է Ազրպէյճան ՄԱԿ-ի մէջ, վերջին ամիսներուն.

1) 17 յունուար 2023-ին ՄԱԿ-ի մէջ Ազրպէյճանի դեսպան Եաշար Ալիեւ Գլխաւոր խորհուրդի եւ Ապահովութեան խորհուրդի բոլոր անդամներուն միջեւ տարածեց  «Արեւմտեան Ազրպէյճանի համայնք»-ի նամակը` յայտարարելով, որ` «Ներկայիս Հայաստանի տարածքէն վտարուած բոլոր ազրպէյճանցիները եւ անոնց սերունդները իրաւունք ունին վերադառնալու իրենց հայրենիքը»:

2) 22 փետրուար 2023-ին Ազրպէյճան ՄԱԿ-ի ներկայացուց երկրորդ նամակ մը, ուր հայերը կը մեղադրուէին` «բռնութեան, ցեղասպանութեան, ջարդերու, մարդկութեան դէմ այլ յանցագործութիւններու կատարման եւ մարդկային  իրաւունքներու կոպիտ ոտնահարման մէջ: Այս գործընթացը յատկապէս կատաղի եւ դաժան եղած է 1905-1906, 1918-1921, 1948-1953 եւ 1987-1991 թուականներուն»: Նամակին մէջ կը նշուէր, որ` «Ներկայիս Հայաստանի մէջ ազրպէյճանական պատմամշակութային ժառանգութիւնը, ներառեալ` մզկիթներն ու գերեզմանները, զանգուածաբար ոչնչացուած են, տեղանունները փոխուած եւ պարբերաբար իրականացուած է ազգային խտրականութիւն ազրպէյճանցիներու հանդէպ»:

Աւելի՛ն. Ազրպէյճան ՄԱԿ-էն պահանջեց ձեռնարկել հետեւեալ քայլերուն` Հայաստանի մէջ ազրպէյճանցիները բնակեցնելու համար.

1.- Իրաւաբանօրէն պարտաւորեցնող միջազգային համաձայնագիրի ձեռքբերում` համապատասխան ստուգման եւ երաշխիքներու մեքանիզմներով` ապահովելով  ներկայ Հայաստանի տարածքէն վտարուած ազրպէյճանցիներու կամաւոր, անվտանգ ու արժանապատիւ վերադարձը իրենց հայրենիք:

2.- Վերադարձի գործընթացի ապահովում` անվտանգութեան, մարդասիրական եւ ընկերային-տնտեսական աջակցութեան համապատասխան ծրագիրներով:

3.- Միջազգային վերահսկողութեան, հաշուետուողականութեան, անվտանգութեան, միջամտութեան եւ այլ անհրաժեշտ գործողութիւններու իրականացում` արտաքսման, խտրականութեան եւ վերադարձած բնակչութեան վնասելու կրկնութիւնը կանխելու համար:

4.- Վերադարձողներու կայուն վերականգնման եւ վերահամարկման ապահովում` միջազգային հսկողութեան տակ վերակառուցման եւ հաշտեցման չափանիշներու իրականացման միջոցով:

ՄԱԿ-ի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանը պահանջած է, որ Հայաստան վերադարձող ազրպէյճանցիները «անարգել հաղորդակցութիւն ունենան Ազրպէյճանի Հանրապետութեան հետ»: Ասիկա շատ վտանգաւոր առաջարկ է, ինչ որ կը  նշանակէ, թէ Ազրպէյճանի Հանրապետութիւնը կը փափաքի իր վերահսկողութեան տակ ճամբայ ունենալ Հայաստանի տարածքին: Նամակին մէջ աւելցուած է, որ Հայաստան վերադարձող ազրպէյճանցիները ո՛չ թէ պէտք է ցրուել ամբողջ երկրով, այլ միասնական պահել` իբրեւ խումբ եւ ապահովել անոնց անվտանգութիւնն ու իրաւունքները: Աւելի տագնապալի է այն պահանջը, ըստ որուն, ազրպէյճանցիները պիտի կարենան` «Ազրպէյճաներէնը օգտագործել (Հայաստանի) կառավարութեան օրէնսդիր, գործադիր եւ դատական մարմիններուն մէջ»: Ազրպէյճան աւելցուցած է նաեւ հետեւեալ անհեթեթ պահանջը. «Ազրպէյճանցիները իրաւունք ունին կազմելու տեղական անվտանգութեան ուժեր եւ համապատասխան դեր ստանձնելու դատարաններու մէջ»: Ասիկա իրականութեան մէջ կը նշանակէ, որ Հայաստան պիտի ըլլայ Ազրպէյճանի կցորդ` ինքնիշխան հանրապետութիւն ըլլալու փոխարէն:

Ասկէ զատ, Հայաստան վերադարձող ազրպէյճանցիներու անվտանգութիւնը ապահովելու համար Ազրպէյճան` «Անհրաժեշտ կը համարէ տեղակայել միջազգային անվտանգութեան առաքելութիւն` համապատասխան մանտաթով եւ ներառելով արեւմտեան ազրպէյճանցիներու կողմէ վստահութիւն վայելող երկիրներու ուժերը այն տարածքներուն մէջ, ուր անոնք կը վերադառնան»: Այսինքն Ազրպէյճան կը փափաքի օտարերկրեայ զօրքեր տեղակայել Հայաստանի տարածքին, ինչ որ միանգամայն անընդունելի է: Ազրպէյճան նաեւ յայտարարած է, որ` «Հայաստանի կառավարութիւնը պէտք է ապահովէ ազրպէյճանցիներուն պատկանող գոյքի եւ համայնքային հողերու վերադարձը եւ հատուցում վճարէ գոյքի օգտագործումը խոչընդոտելու հետեւանքով պատճառուած գոյքային վնասի եւ կորուստներու համար»: Անոնք, որոնք այսպիսի ցնորամիտ պահանջներ կը ներկայացնեն, կը նշանակէ, որ կ՛ապրին երազային աշխարհի մէջ:

3) «Արեւմտեան Ազրպէյճանի համայնք»-ը ապրիլ 2023-ին նամակ յղած է ՄԱԿ-ի Գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերէսին` խնդրելով «ՄԱԿ-ի յատուկ առաքելութիւն ուղարկել Հայաստան` հոնկէ վռնտուած ազրպէյճանցիներու ի նպաստ ապահով եւ արժանապատիւ վերադարձի գործընթացը սկսելու համար»:

4) «Արեւմտեան Ազրպէյճանի համայնք»-ը հոկտեմբեր 2023-ին զեկոյց ներկայացուցած է ՄԱԿ-ի Տնտեսական, ընկերային եւ մշակութային իրաւունքներու հարցերով կոմիտէին: Ըստ ազրպէյճանական լրատուական միջոցներուն, ՄԱԿ-ի կոմիտէն «Հայաստանէն պահանջած է անդրադառնալ «Արեւմտեան Ազրպէյճանի համայնք»-ի բարձրացուցած հարցերուն»: Եթէ այս պնդման մէջ դոյզն չափով ճշմարտութիւն կայ, ապա յոյսով եմ, որ ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչը արձագանգած է Ազրպէյճանի  մեղադրանքներուն եւ բացայայտած` ազրպէյճանական կեղծիքը:

Այս այն ոխերիմ թշնամին է, որուն մասին Նիկոլ Փաշինեան միամտօրէն կը կարծէ, թէ կրնայ հետը «խաղաղութեան պայմանագիր» կնքել: Այս անհարկի «խաղաղութեան պայմանագիր»-ը իրականութեան մէջ կը վնասէ Հայաստանի Հանրապետութեան շահերուն: Ազրպէյճան արդէն կը պահանջէ, որ «Հայաստանէն վտարուած ազրպէյճանցիներ»-ու իրաւունքները ներառուին այսպիսի պայմանագիրի մը մէջ` ատով իսկ հիմք ստեղծելով Ազրպէյճանի կողմէ հետագայ յարձակապաշտութեան եւ բռնագրաւման համար: ՄԱԿ-ին ուղղուած ազրպէյճանական նամակին մէջ, ըստ էութեան, կայ այսպիսի տագնապալի դրոյթ. «(Ազրպէյճանական) համայնքը կը ձգտի Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ կնքուելիք խաղաղութեան պայմանագիրին մէջ ներառել արեւմտեան ազրպէյճանցիներու հայրենիք վերադառնալու համար պայմաններու ստեղծումը` իբրեւ Հայաստանի պարտաւորութիւն»:

Այս անհեթեթութեան վերջ տալու միակ ճամբան այն է, որ Հայաստան դադրեցնէ Ազրպէյճանի անվերջ զիջումներու երթալու կործանարար գործընթացը եւ մերժէ անոր բոլոր անընդունելի պահանջները:

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail