Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Ազրպէյճանի Թաթերու Ինքնութեան Հարցեր Եւ Հայ Թաթերը – ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
10 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2024 – ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆ – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ:
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

Աղուանքի կամ ներկայ Ազրպէյճանի բնիկ ցեղերուն մէջ իրենց ուրոյն տեղը ունին ընդհանուր թաթ անունով կոչուող ազգագրական խմբաւորումները, որոնցմէ են հայ թաթերը:
Կրօնական պատկանելիութեան հիմամբ թաթերը երեք խմբաւորումներու բաժնուած են` իսլամ, քրիստոնեայ եւ յուդայական:
* * *
Թաթերը Աղուանքի բնիկ ցեղերու հիմնական այն ենթաշերտն են, որոնք ձեւաւորած են այսպէս կոչուած «ազերի ժողովուրդ»¬ի մարդաբանական հիմնական միջուկը:
Ընդհանուր առմամբ, թաթ արտայայտութիւնը եկուոր քոչուոր թուրքերուն կողմէ բնիկ նստակեաց ցեղերուն տրուած անուանումն է, որ նկատուած է իբրեւ արհամարհական արտայայտութիւն:
Թուրք բառարանագիր Մահմուտ Քաշկարի ԺԱ. դարուն, «Տիուան լուղաթ աթ-թուրք» բառարանին մէջ յիշած է թաթերը` իբրեւ ոչ թուրք հաւաքականութիւններու ընդհանուր անուանում:
Եկուոր քոչուոր թուրքերը թաթ կոչած են ոչ միայն Աղուանքի, այլեւ Տաղստանի, Ատրպատականի եւ Խորասանի բնիկ նստակեաց ցեղերը: Ներկայ Ազրպէյճանի մէջ ապրող թաթերուն համար այս անուանումը առաւելաբար հաւաքական նշանակութիւն ունի եւ թաթ եզրին զուգահեռ կը նշուի տեղական ցեղային ինքնանուանումը` ֆարսի, դաղլի, լոհիջոնի:
Թաթերը, ըստ կրօնքի, երեք խմբաւորումներու բաժնուած են. ա) իսլամ թաթեր, բ) հայ քրիստոնեայ թաթեր եւ գ) յուդայական թաթեր կամ լեռնային հրեաներ, որոնք ծանօթ են նաեւ ջուհուրներ անունով:
Մինչեւ Ազրպէյճան անունով արհեստածին պետութեան կազմաւորումը թաթերը հոծ զանգուածով կեդրոնացած էին Ապշերոնի թերակղզիին, Շամախիի եւ Ղուբայի երկրամասերուն ու Խիզիի շրջանին մէջ: Այդ շրջաններուն մէջ թաթարները եղած են փոքրամասնութիւն:
Պետերբուրգի համալսարանի փրոֆեսէօր Իլիա Պերեզին 1850¬ին հրատարակած «Ճանապարհորդութիւն ի Տաղստան եւ Անդրկովկաս» աշխատութեան մէջ կը գրէ. «Պաքուի նահանգը բնակեցուած է մեծ մասամբ շիի դաւանանքի իսլամներով: Պաքուի միայն վեց գիւղերը թրքական ցեղերով բնակեցուած են: Մնացեալ բոլոր բնակավայրերուն մէջ պարսիկներ կ՛ապրին: Քաղաքին մէջ, բացի ռուս ծառայողներէն, կան մինչեւ երկու հարիւրի հասնող հայկական տուներ: Պաքուի ամբողջ պարսկական բնակչութիւնը յատուկ պարսկական բարբառով` թաթերէնով կը խօսի, որ կը գործածուի նաեւ Տաղստանի տարբեր վայրերու մէջ»:
Ռուսական վիճակագրական 1894¬ի տուեալներու համաձայն Կովկասի մէջ 124.693 թաթ կ՛ապրէր, որուն 118,165¬ը Պաքուի նահանգին եւ 3.609¬ը Տաղստանի մէջ:
Ազրպէյճան կոչուող պետութեան կազմաւորման եւ «ազերի ժողովուրդ»¬ի ձեւաւորման զուգահեռ, վիճակագրական տուեալներ շարունակաբար նուազեցուցած ցոյց տուած են թաթերուն թուաքանակը:
Խորհրդային 1926¬ի վիճակագրական տուեալներու համաձայն Խորհրդային Միութեան մէջ 28.705 թաթեր կ՛ապրէին, որուն 28,443¬ը Խորհրդային Ազրպէյճանի, մնացեալները` Տաղստանի մէջ: Միաժամանակ կը նշուէր, որ Խորհրդային Ազրպէյճանի մէջ 38,327 թուրքերու մայրենի լեզուն թաթերէնն է:
Խորհրդային 1979¬ի մարդահամարի տուեալներու համաձայն երկրին մէջ 22,441 թաթեր կ՛ապրէին, որուն մեծամասնութիւնը` Խորհրդային Ազրպէյճանի մէջ:
Ազրպէյճանական ներկայ պաշտօնական տուեալներու համաձայն թաթերուն թիւը կը գնահատուի շուրջ 25 հազար հոգի: Սակայն ոչ պաշտօնական տուեալներ անոնց թիւը կը գնահատեն աւելի քան մէկ միլիոն հոգի: Անոնցմէ շատեր պարտադրաբար դարձած են թրքախօս, բայց պահած են իրենց ազգային ենթագիտակցութիւնը:
* * *
Թաթերէնը կամ կովկասեան պարսկերէնը իրանական լեզուներու հարաւ-արեւմտեան ենթաճիւղին պատկանող լեզու է, բաղկացած` շարք մը բարբառներէ:
Թաթերէնը իր կարգին պայմանականօրէն գլխաւոր երկու ճիւղերու բաժնուած է. հիւսիսային կամ ներկայ Ազրպէյճանի թաթերէն եւ հարաւային կամ իրանեան Ատրպատականի թաթերէն:
* * *
Շիի դաւանանքի հետեւորդ իսլամ թաթերը ցեղային երեք խմբաւորումներէ բաղկացած են. ֆարսի, դաղլի եւ լոհիջոնի:
Ֆարսիները կեդրոնացած են Ապշերոնի մէջ եւ կը նկատուին Աքեմենեան եւ Սասանեան հարստութեանց ժամանակներէն Կովկասի մէջ բնակող պարսիկներու շառաւիղներ:
Դաղլիները (կը նշանակէ լեռնական) կեդրոնացած են երկրին հիւսիս-արեւելեան Տեւեչի եւ Սիազան գաւառներուն մէջ:


