ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – Մարաշի Հայութեան Հերոսական Ինքնապաշտպանութիւնը Քեմալական Զօրքի Ցեղասպանական Խուժումին Դէմ – Նազարեթ Պէրպէրեան
11 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2024 – ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ
Հին Էջեր, Ապրող Էջեր
ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ
10-11 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 1920.
Մարաշի Հայութեան Հերոսական Ինքնապաշտպանութիւնը Քեմալական Զօրքի Ցեղասպանական Խուժումին Դէմ
Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
104 տարի առաջ, 1920ի Յունուար 10-11ի օրերուն, Կիլիկիոյ հայաշատ քաղաքներէն Մարաշի մէջ, 1915ին թրքական պետութեան կողմէ գործադրուած տարագրութենէն եւ եղեռնագործութենէն մազապուրծ փրկուած ու, այնուհետեւ, 1918ի Դաշնակիցներու յաղթանակէն ետք հայրենի տուն վերադարձած հայութիւնը ստիպուեցաւ զէնք բարձրացնելու եւ հերոսաբար դիմադրելու քեմալական զօրքի վայրագ խուժումին։
Քեմալական զօրքն ու անոր շուրջ բոլորուած թուրք եւ քիւրտ ամբոխին նպատակն էր ամբողջացնել Օսմանեան թուրք պետութեան ձեռնարկած, բայց անաւարտ մնացած հայոց ցեղասպանութեան ահաւոր ծրագիրը։
Մարաշի աւելի քան 64 հազար հայերէն միայն 30 հազարը վերապրած էր թրքական պետութեան գործադրած 1915ի պարտադիր տարագրութենէն։
Առաջին Աշխարհամարտի արհաւիրքին մէջ, ինչպէս Կիլիկիոյ միւս շրջաններու հայութեան պարագային, նոյնպէս եւ Մարաշի հայութենէն վերապրողներու կարեւոր թիւ մը մասնակցած էր Հայկական Լեգէոնի մղած կռիւներուն՝ Դաշնակիցներու կողքին։
Մեծն Բրիտանիոյ եւ Ֆրանսայի միջեւ կնքուած եւ Միջին Արեւելքը անոնց «հոգատարութեան» ենթակայ գօտիներու բաժնող Սայքըս-Փիքոյի գաղտնի համաձայնագրին հիման վրայ, Կիլիկիան յանձնուած էր ֆրանսական իշխանութեանց։
Իսկ կրտսեր դաշնակիցի կարգավիճակին մէջ յայտնուած վերապրող հայութեան «շնորհուած էր» սեփական հայրենի տունը վերադառնալու․․․ Իրաւունքը։
*
* *
Այդօրինակ «շնորհուած իրաւունք»ի սպասելու պէտք չունէր, անշուշտ, Կիլիկիոյ հայութեան վերապրած զանգուածը, որ սուրիական անապատներէն եւ Հալէպէն բռնած էր հայրենիք վերադարձի ճամբան։
Մարաշի հայութիւնը յառաջապահներէն եղաւ վերապրող հայութեան հայրենիք վերադարձի մեծ «շարժումին», որովհետեւ Ատանա նահանգի վարչական կեդրոնը ըլլալով՝ Մարաշ քաղաքը կը հանդիսանար Կիլիկիոյ տնտեսապէս ամէնէն աշխոյժ կեդրոնը։
Իր տան ու գործին վերադառնալու հայ մարդուն խանդավառութիւնը երկար չտեւեց սակայն։
Միեւնոյն ֆրանսան՝ Օսմանեան Կայսրութեան փլատակներուն վրայ նոր Թուրքիոյ մը վերաձեւման հետամուտ մեծապետական քաղաքականութեան հաշուարկներով՝ գաղտնի գործարքի մէջ մտաւ Մուսթաֆա Քեմալի նորայայտ շարժումին հետ․․․
Ֆրանսա Հայկական Կիլիկիոյ տարածքէն զիջումներ խոստացաւ Քեմալին եւ, փոխարէնը, առանձնաշնորհումներ ստացաւ նոր Թուրքիոյ մէջ։
*
* *
Քաղաքական այդ պայմաններուն մէջ, քեմալական զօրքը 1920ի առաջին իսկ օրերէն ձեռնարկեց յարձակումներու՝ ֆրանսական զօրքերու եւ հայ լեգէոնականներու իշխանութեան տակ գտնուող Մարաշի վրայ։
Հակառակ ֆրանսական «հոգատար» իշխանութեանց ձեռնպահ կեցուածքին, Մարաշի հայութիւնը լծուեցաւ իր ինքնապաշտպանութեան կազմակերպումին։
Յունուար 10-11ին բռնկեցան կռիւները եւ տեւեցին ամբողջ քսան օր՝ հերոսական դիմադրութեան պատմական էջ մը կտակելով հայոց սերունդներուն։
Թէ՛ քաղաքական եւ թէ ռազմական առումներով՝ Մարաշի հերոսամարտը էապէս Իմացեալ Մահով Անմահութիւնը Նուաճելու ընտրանք մըն էր Մեծ Եղեռնէն վերապրած հայութեան համար։
Ուժերը անհաւասար էին, իսկ Կիլիկիոյ ինքնավարութիւնը հաստատելու հայկական յոյսերը քաղաքական յուսադրիչ հեռանկար չունէին։
Բայց հայասպանութիւնը ամբողջացնելու նպատակով յարձակող քեմալական զօրքին դէմ սեփական ուժերու վերջին լարումով կռիւ մղելէ զատ ելք մնացած չէր հայութեան համար։
Այդպէս ալ եղաւ եւ արեամբ գրուեցաւ Մարաշի հերոսապատումը։
*
* *
Քսանօրեայ դիմադրութիւնը վերջ գտաւ, երբ ֆրանսական իշխանութիւնները որոշեցին պարպել Կիլիկիան ու առաջին հերթին Մարաշը։
Շուրջ 15 հազար հայեր հետեւեցան ֆրանսական հեռացող զօրքին, բայց ցմրան ամէնէն ցուրտ եղանակին հետիոտն այդ նահանջը շատ ծանր․․․ արժեց։
12էն 13 հազար հայեր բառացիօրէն սառեցան եւ մահացան նահանջի ճամբուն վրայ։
Մարաշի գիւղերն ու քաղաքը մնացած շուրջ քսան հազար հայերուն վիճակուեցաւ քեմալական․․․ եղեռնագործութիւնը։
*
* *
7 Մարտ 1920ին Պոլսոյ ֆրանսական դեսպանատունէն ղրկուած Մարաջախտ տը Ռոպէքի ծածկագիր զեկոյցէն ի յայտ կու գայ, որ Մարաշ գաւառին մէջ 18 հազար հայեր կոտորուեցան եւ միայն երկու հազար հոգի կրցան փրկուիլ ու ապաստանիլ մերձակայ Ատանա քաղաքը։
Մարաշի հայութեան նուիրուած կոթողական գործ մը լոյս տեսաւ 1980ականներուն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ, Սթէնլի Ի. Քերրի հեղինակութեամբ եւ «Մարաշի Առիւծները» խորագրով։
Այդ գործով ալ աշխարհով մէկ հռչակուեցան անունն ու յիշատակը հայկական այս հինաւուրց աւանին ու քաղաքին։
*
* *
Ներկայիս Քահրաման Մարաշ անուանակոչուած հայոց պատմական Մարաշի գաւառը (որ պատմութեան ծանօթ է Գերմանիկ, Գերմանիկոյ, Մարաշ, Մարաշայ Աշխարհ եւ Մարաշու Գաւառ անուններով) կը գտնուի Կիլիկիոյ Ատանա նահանգին մէջ։
1880էն յետոյ կատարուած օսմանեան վարչական բաժանումով՝ անիկա մտած էր Հալէպի նահանգի կազմին մէջ։
Կեդրոնը Մարաշ քաղաքն Էր։
Սահմաններն էին․- Հարաւէն’ Հալէպի, արեւելքէն՝ Խարբերդի, հիւսիսէն՝ Սեբաստիոյ նահանգները, արեւմուտքէն՝ Ատանայի գաւառը։
Մարաշը կազմուած էր 5 գաւառակներէ եւ 552 գիւղերէ. Մարաշի գաւառակներն էին՝ Մարաշ, Զէյթուն, Ալպիսթան, Անտրունի (Անտէրունի) եւ Պազարճաք։
Մարաշը 10րդ դարու վերջերուն ունեցած է 178 հազար բնակիչ, որուն 50 հազարը’ հայ, իսկ մնացածը’ թուրք, քիւրտ եւ արաբ էին։
Իսկ 20րդ դարու սկիզբը ունէր 18.105 քառ. քմ. տարածք, որուն 105.100 հեկտարը մշակելի հողեր, իսկ 45 հազար հեկտարը անտառներ էին։
Գաւառի մեծագոյն մասը լեռնային է։ Ջրառատ է՝ գետերով հարուստ․- Գլխաւոր գետը Ճահան (Փիռամոս) գետն է։
*
* *
Մարաշի հայերը կը զբաղէին ցորենի, բամպակի, բրինձի եւ ծխախոտի մշակութեամբ ու այգեգործութեամբ․ նաեւ՝ խաղողագործութեամբ։
Ունէր ընդարձակ արօտավայրեր, որոնք կերի բնական շտեմարաններ էին շրջուն անասնապահութեան համար։
Բնակչութեան մէկ մասը կը զբաղէր նաեւ արհեստներով (ատաղձագործութիւն, կաւագործութիւն, թամբագործութիւն)։
Մարաշի տարածքին կան երկաթի, վարդագոյն եւ սեւ մարմարի հանքեր․- Յայտնի են Զէյթունի, Ալփիստանի, Մարաշի հանքային ջուրերը։
Մարաշի պատմական բերդը եւ
Համայնապատկեր՝ ներկայի Մարաշէն