Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Ճալէթ` Երբեմնի Հայաբնակ Շէն Բնակավայր Եւ Աղուանից Եկեղեցւոյ Կաթողիկոսանիստ – ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
21 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2024 – ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆ – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ:
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
Ճալէթի վանք. Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին
Հիւսիսային Աղուանքի մէջ, հայ եւ ուտիական պատմական բնակավայր է Ճալէթ: Անոր շուրջ հայաբնակ շարք մը գիւղեր կային:
Այս բնակավայրերը հարուստ են պատմական ճարտարապետական յուշարձաններով եւ եկեղեցիներով, իսկ Ճալէթի Սուրբ Աստուածածին վանքը Աղուանից կաթողիկոսներու աթոռանիստ եղած է:
* * *
Ճալէթ կը գտնուի Շաքիէն արեւելք եւ Վարդաշէնէն արեւմուտք, Կովկասեան լեռներու հարաւահայեաց լանջին, եւ երեք ձորերով չորս թաղամասերու բաժնուած է:
Ճալէթ հին դարերէն հայաբնակ շէն եւ մեծ բնակավայր եղած է: Բնակչութեան թիւը ստուարացած է գլխաւորաբար Խաչենէն հոն տեղափոխուած հայերով, մասամբ նաեւ Նիժէն տեղափոխուած ուտիներով:
Ճալէթի բնակարանները քարաշէն էին, ամրակուռ, իւրայատուկ ճարտարապետութեամբ եւ փորագրուած արձանագրութիւններով:
Ճալէթի մէջ կը գործէին երկու եկեղեցիներ, երկուքն ալ` Սուրբ Աստուածածին անունով:
* * *
Ճալէթի բարձունքին Սուրբ Աստուածածին վանքն է: Աւանդութեան համաձայն անիկա հիմնուած է Եղիշէ առաքեալին կողմէ: Վանքը հայ ճարտարապետութեան իւրայատուկ յուշարձան է: Վանքին վերակառուցումը կապուած է Աղուանից Տէր Կարապետ կաթողիկոսի (1406-1423) անուան հետ, որ զայն իր աթոռանիստը ըրաւ:
Վանքին հին եկեղեցւոյ աւագ խորանէն դէպի արեւելք բացուող լուսամուտի ագուցուած քարին վրայ արձանագրուած է. «Յանուն Աստուծոյ ես Տէր Կարա(պետ) կաթողիկոս շինեց (ի) զեկեղեցիս ի Թվ (ի)ս Պկ (1411), յիշատակ հոգւոյ իմոյ (որք) կարդայք (յաղաւթս) յիշեցէք»:
Նշենք, որ վիմագրութեան մէջ շինել բառը յաճախ կը նշանակէ ոչ միայն կառուցել, այլ նաեւ վերակառուցել, նորոգել:
Վանքի եկեղեցին միանաւ թաղածածկ պազիլիք է, անտաշ քարերով ու կրաշաղախով: Սրբատաշ են միայն անկիւնաքարերը:
Եկեղեցւոյ դրան առջեւ ամփոփուած են երեք կաթողիկոսներու մարմինները:
Կարապետ կաթողիկոսի տապանաքարին վրայ արձանագրուած է. «Այս է տապան երիցս վեհից, որք օծեցեալք ի տունն Աղուանից, աստ թափառեցեալք յայնմ միջոցին, կան ամփոփեալք ի ներ տապանիս, յար սպասեն հաստչին բնաւից, ակնկալեն յուսով պտղայից»:
Իսկ Թովմա կաթողիկոսի տապանաքարին վրայ արձանագրուած է. «Ի թվ. ՋԻԴ (1475) հանգիստ Թովմայ կաթուղիկոսին: Ի թվ. ՋԿ (1551) ես տէր Առաքեալ կաթուղիկոս, գնեցի վերստին պարոն Հասանբէկին եկեղեցւոյս դրան Ճալէթ գիւղս: ԳՌ թանկայ խարճ արի, եւ տուի վասն մեր հոգւոյս Սուրբ Աստուածածնին. եւ ով հակառակի այս գիւղ Ճալէթիս, կամ խլէ…»:
Ճալէթի վանքը կոչուած է նաեւ Աւետարան եւ Սուրբ Երեք Մանկունք անուններով, որովհետեւ հոն կը պահուէին Կոստխած կոչուած Աւետարանը եւ Երեք Մանկունքէն մասունքներ:
Վանքը պարսպապատ էր. եկեղեցւոյ շուրջ միաբաններու եւ ուխտաւորներու կացարաններն էին եւ գերեզմանոց: Բակին մէջ վճիտ ջուրով երկու աղբիւրներ կային: Աղբիւրներուն միջեւ հրաշալի ջուրը աղեղնաձեւ կը թափէր գեղակերտ աւազանին մէջ: Ջրօրհնէքը այդ աւազանին մօտ կը կատարուէր:
Վանքը իրեն սեփականութիւն ունէր գիւղեր, ագարակներ, դաշտեր, արտեր, արօտավայրեր, այգիներ, անտառներ եւ կովերու ու ոչխարներու հօտեր: Անոնք մեծ եկամուտ կ՛ապահովէին վանքին: Շրջանի կարգ մը գիւղեր ալ տասանորդ կը վճարէին վանքին:
Աղուանից Տէր Պետրոս Բ. կաթողիկոս յաջորդ Տէր Կարապետ կաթողիկոսի 1406-ին հայրապետական աթոռը Գանձասարէն Ճալէթ տեղափոխեց:
Կաթողիկոսական աթոռին Գանձասարէն Ճալէթ տեղափոխումը պայմանաւորուած էր իսլամական թաթարական հոծ զանգուածով շրջապատուած հայ եւ ուտի քրիստոնեաներուն ինքնութիւնը ամրապնդելու եւ կաթողիկոսութեան ազդեցութիւնը պահպանելու նպատակով:
Տէր Կարապետի Ճալէթ տեղափոխուելէն որոշ ժամանակ անց Գանձասարի մէջ եւս շարունակեցին գահակալել կաթողիկոսներ:
Ճալէթի մէջ հաստատուած կաթողիկոսական աթոռը սակայն հաստատուն չեղաւ եւ չկրցաւ հոգեւոր էական դերակատարութիւն ունենալ: Գանձասարի Աղուանից աթոռը միշտ կրցաւ պահպանել իր գերագահութիւնը:
Ճալէթի կաթողիկոսներու մասին բոլոր յիշատակարաններուն մէջ, Աղուանից անունին հետ գործածուած է «ի յաթոռն Ճալէթոյ» արտայայտութիւնը, Աղուանից երկու աթոռները տարբերակելու նպատակով:
Հետագային Ճալէթի կաթողիկոսութիւնը գոյատեւեց իբրեւ Գանձասարի կաթողիկոսութեան աթոռակիցի կարգավիճակով գործող հայրապետական կեդրոն, բայց ոչ հակաթոռ:
Ճալէթի մէջ գահակալած են Տէր Կարապետ (1406-1423), Տէր Մատթէոս Գ. (1423-1436), Տէր Թովմա Սոկութլվեցի (1471-1475), Տէր Ստեփանոս (1476), Տէր Ներսէս Դ. (1478), Տէր Առաքել Սոկութլվեցի (1479-1511) եւ Տէր Արիստակէս (1511-1516) կաթողիկոսները:
Ճալէթի կաթողիկոսական աթոռին վերաբերեալ տեղեկութիւնները կցկտուր են եւ հնարաւոր չէ սահմանելու Տէր Մատթէոս Գ.-էն մինչեւ Տէր Թովմա Սոկութլվեցի` շուրջ 35-ամեայ ժամանակաշրջանին աթոռակալած հայրապետներու ճշգրիտ թուականները:
* * *
Ճալէթի վանքի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին ներկայիս
Ճալէթի յարակից երբեմնի հայաբնակ գիւղերն են` Նորշէն, որ կը գտնուի Ճալէթի հարաւային կողմը. դիրքը դաշտային է: Հոն կը գործէր Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին: Կողքին` Օթմանլու եւ Ջովլան փոքր գիւղեր են` իրենց Սուրբ Աստուածածին եկեղեցիներով:
Օրաբան կը գտնուի Կովկասեան լեռներուն ստորոտը, Օրաբան կամ Պտէզի գետի ձախ ափին: Օդն ու ջուրը` սքանչելի: Բնակիչները Խաչենէն եւ Ջրաբերդէն եւ մէկ ընտանիք ալ Ագուլիսէն տեղափոխուած են հոն: Պահած էին Արցախի բարբառը: Կը գործէր Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին:
* * *
Յակոբի Շէն կը գտնուի Վարդաշէնէն շուրջ քսան քիլոմեթր հարաւ, Վարդաշէն-Եւլախ ճամբուն ձախ կողմը:
Գիւղը մեծ եւ բարեկարգ, զուտ հայաբնակ բնակավայր եղած է: Անիկա ծննդավայրն է Աղուանից Արիստակէս կաթողիկոսին, որ Ճալէթի վանքին մէջ նստած է:
Յակոբի Շէնի մէջ կը գործէին Սուրբ Մինաս եւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիները, որոնց հետքն իսկ այսօր չէ մնացած: Գիւղին բնակարանները քարաշէն ամրակուռ կառոյցներ էին:
Գիւղը բազմիցս թշնամիներու յարձակումներ դիմագրաւած եւ կրօնական հալածանքներու ենթարկուած է: ԺԸ. դարու վերջաւորութեան հոն բնակութիւն հաստատած են Արցախէն տեղափոխուած ընտանիքներ:
Գիւղին հարաւային կողմը, լեռնալանջին գերեզմանատունն է:
* * *
Սուլթան Նուխի կը գտնուի Ջարղունի դաշտին հիւսիսային կողմը եւ երկու թաղերէ բաղկացած էր: Արեւելեան թաղին կը գտնուէր շուկան, ուր ամէն երկուշաբթի տօնավաճառ կ՛ըլլար: Արեւմտեան թաղին մէջ կը գտնուէր Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին:
Գիւղին բնակիչները հայադաւան թրքախօս ուտիներ եւ հայեր էին:
Սուլթան Նուխիի դպրոցին ծախսերը մեծ մասամբ Պաքուի մարդասիրական ընկերութիւնը կը հոգար:
Գիւղին մէջ երկար տարիներ քահանայագործած է Տէր Աւետիս քահանայ Տէր Իսրայէլեանց:
* * *
Գիրդադիւլ կը գտնուի Կոկիսոն գետի աջ ափին, բարձունքի մը վրայ: Բնակիչները, 140 ընտանիք, Խաչեն եւ Վարանդա գաւառներէն տեղափոխուած են հոն եւ 1881-ին կառուցած Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին:
Գիրդադիւլցիներէն մէկուն տան մէջ կը պահուէր արծաթեայ անօթ մը, որուն մէջ կը գտնուէր Սուրբ Թադէոս առաքեալի մասունքէն կտոր մը: Անօթին վրայ արձանագրուած էր. «Թադէոս առաքեալ, պաղատել անյիշաչար Յիսուս Քրիստոս»: Մասունքը գտնուած էր երեխայի մը կողմէ, գիւղին մօտակայ ձորին մէջէն հոսող վտակէն, երբ յորդառատ անձրեւներու հեղեղներ քանդած էին շատ մը շինութիւններ եւ թափած հեղեղատի մէջ:
* * *
Չանաղ-Բուլաղ կը գտնուի Դուկան գետի ձախ կողմի բարձունքին: Հիւսիսային, արեւելեան եւ արեւմտեան կողմերը խոր ձորեր են, հարաւային կողմը` հարթ, եւ գիւղին դիրքը ամրոցանման է:
Գիւղին բնակիչները, շուրջ հարիւր ընտանիք` Խաչեն եւ Ջրաբերդ գաւառներէն, քանի մը ընտանիք ալ` Վարանդայէն, տեղափոխուած են հոն:
Չանաղ Բուլաղի մշակութեան յարմար հողերը սակաւ էին, եւ գիւղացիք երկրագործութեան կողքին անասնապահութեամբ կը զբաղէին. կը բուծանէին ոչխար, կով, եզ եւ գոմէշ:
Գիւղին Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին մասամբ փայտաշէն էր: Եկեղեցականօրէն գիւղացիք Գիրդադիւլի կապուած էին:
* * *
Ամուր-Աւան կը գտնուի Կոկիսոն գետի աջ ափի բարձունքին, ամրոցանման դիրքով եւ հիանալի տեսարաններով: Օդն ու ջուրը պատուական են:
Գիւղին շուրջ 150 տուն բնակիչները Արցախի գաւառներէն տեղափոխուած են հոն:
Գիւղին Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցիի կողքին կը գործէր Գէորգեան վարժարանը, որուն ծախսերը Պաքուի Մարդասիրական ընկերութիւնը կը հոգար:
Ամուր-Աւանի հիւսիսային կողմը, անտառներով ու մացառներով ծածկուած Ուզուխի գերեզմանատունն էր` հնադարեան տապանաքարերով:
Հետաքրքրական են տապանաքարերուն վրայի արձանագրութիւններուն անձնանունները: «ԹՎ.ՃԻ Սոտումաւկ», «ԹՎ. Մ Բայում», «ԹՎ. Շիփ Ջոնտար», «ԹՎ. ՉԽ Աստուած ողորմի Խոտբաշխի հոգուն», «Թվ. Ջ Աստուած ողորմի Ասլանին», «Արտաշիր Ջուշերի որդի ԹՎ. ՋԼԲ», «ԹՎ. ՋԿԱ Աստուած ողորմի Ճուանշիրի հոգուն»: Եւ տակաւին` Էալիղա, Խդիրշ, Միրասոն, Շիւբանդա եւ Ովաքշա անձնանուններ:
Գիւղին մօտ կը գտնուէր նաեւ Պառաւի բաղի գերեզմանատունը: Տապանաքարերու արձանագրութիւններն են` «Հանգիստ Ուստա Մուրատին Թվ. ՋԱ», «Թվ. ՊԵ. Սուլթան Շահ», «Աստուած ողորմի Ղուբաթիս Թվ. հայոց Ջ., «Թվ. ՋԺԵ Աստուած ողորմի Տէր Ովանէսին, խիստ բարի մարդ էր», եւ անձնանուններ` Բափադար, Եարաջ, Խասխաթուն, Խպլա, Սուրվար, Ճաշ, Վասխոտ եւ Ոսաղա:
* * *
Բլէղ կը գտնուի բարձունքի մը վրայ, գեղեցիկ դիրքով եւ առողջարար օդով: Գիւղը աղբիւր չունէր եւ գիւղացիք Սեւ առուի ջուրը կ՛օգտագործէին:
Գիւղին 42 տուն բնակիչները Վարանդա եւ Խաչեն գաւառներէն տեղափոխուած էին հոն:
Գիւղին մէջ կը գործէր Սուրբ Մինաս եկեղեցին, որ մասամբ փայտաշէն էր:
* * *
Բեկլարքենդ կը գտնուի Բլէղի մօտակայ բարձունքին: Բնակիչները` 142 ընտանիք, Խաչեն, Ջրաբերդ եւ Վարանդա գաւառներէն տեղափոխուած էին հոն:
Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցին մասամբ փայտաշէն էր: Կողքին Սուրբ Մեսրոպեան վարժարանն էր, որուն ծախսերը Պաքուի Մարդասիրական ընկերութիւնը կը հոգար:
Գիւղին եւ մօտակայ Շուլղուրի ձորին մէջ գտնուող գերեզմանատուներուն մէջ շատ հին տապանաքարեր կան, առանց արձանագրութեան. անոնց վրայ հնադարեան խաչքարեր կան:
Gold coin with the image of King Ervand I of the Armenian Yervanduni dynasty. The coin is dated to 362 B.C. and exhibited in the National Library of Paris, France.