ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՌՈՍՏՈՄ (Ստեփան Զօրեան,Հայ ժողովուրդի Տանջահար Սիրտին Յեղափոխական Ցասումի Ժայթքը․ – Նազարեթ Պէրպէրեան

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՌՈՍՏՈՄ (Ստեփան Զօրեան,Հայ ժողովուրդի Տանջահար Սիրտին Յեղափոխական Ցասումի Ժայթքը․ – Նազարեթ Պէրպէրեան

21 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2024 – ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Հին Էջեր, Ապրող Էջեր

ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ

ՌՈՍՏՈՄ (Ստեփան Զօրեան, 1867-1919).

Հայ ժողովուրդի Տանջահար Սիրտին Յեղափոխական Ցասումի Ժայթքը․

Հայոց Լեռներու Անսասան Հզօրութեան ու Անընկճելի Կամքին Անմահ Մարմնաւորումը

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Յունուար 18ի այս օրը մեր ժողովուրդը կը նշէ ծնունդը Հայ Յեղափոխականի եւ Դաշնակցական Ղեկավարի լուսապսակ այն Դէմքին, որ իր խօսքով եւ գործքով անմահացաւ ՌՈՍՏՈՄ անունով՝ Հայոց Սերունդներուն կտակելով Ազգի եւ Հայրենիքի Ամբողջական Ազատագրութեան ու Հայ Մարդու լիիրաւ ինքնահաստատման եւ զարգացման համապարփակ տեսլականը։
Ժամանակի թաւալումին հետ աւելիով բիւրեղացող եւ այժմէական իր հնչեղութիւնը վերանորոգող ժառանգ է ՌՈՍՏՈՄի Գաղափարական Աւանդը։

Խորախորհուրդ ԱՒԱՆԴ՝ որ կը շարունակէ ներշնչման անխառն ու անսպառ աղբիւր, այլեւ ոգեւորման կենդանի ու առաջնորդող օրինակ մնալ հայ ժողովուրդի իրերայաջորդ սերունդներուն կողմէ մղուող Ազգային Ազատագրումի անդուլ պայքարին համար։
ՌՈՍՏՈՄ կը հանդիսանայ Հայոց Լեռներու անսասան հզօրութեամբ ամէն կարգի հարուածներու դէմ կանգուն մնալու եւ յաղթական վեր խոյանալու ազգային մեր կամքին մարտունակ մարմնաւորումը։

Օրինակելի ՏԻՊԱՐ՝ անձնդիր գերագոյն զոհաբերութեան իր վարքով ու գործքով։

Յառաջատար ԱՒԱՆԴ՝ որ գաղափարական իր նեշնչումն ու յեղափոխական իր մարտունակութիւնը ստացաւ հայ ժողովուրդի Տանջահար Սիրտէն։

ԱՆՁՆԱԶՈՀՈՒԹԵԱՆ ՍԻՐՏ՝ որու բաբախումին անսակարկ հաւատարմութեամբ հետեւելու ուղին Ռոստոմ պատգամեց մեր սերունդներուն.-

«… Յեղափոխութեան յենարանը պէտք է փնտռել ո՛չ Կովկասում եւ ոչ էլ արտասահմանում, ուր կարող են շատ շուտով ոգեւորուել եւ նոյն արագութեամբ էլ սառչել եւ անտարբերութեան մէջ ընկղմուել։

Այլ՝ այնտե՛ղ, հեռո՜ւ, հայ ժողովուրդի տանջուող սրտի մէջ, եւ որ յեղափոխութիւնը կանգ չի առնի ոչ մի խորտակիչ ուժի առաջ, քանի գոյութիւն ունեն կեանքի տանջանքները,- նա միայն կը փոխի իր ձեւը, յարմարուելով նոր պայմաններին, եւ երբեք ի էութիւնը»։

*
* *

Ռոստոմի գաղափարական կրթիչ խօսքն ու մարտունակ անխոնջ գործը, կազմակերպական երկաթեայ կամքն ու յեղափոխական խստապահանջ ոգին ինչպէս երէկ, նոյնպէս եւ այսօր հայոց սերունդներուն կ՚ընծայեն ուխտի վերանորոգման գօտեպնդիչ պահը՝ ազգային-քաղաքական ինքնաճանաչողութիւնը վերաթարմացնելու, խորացնելու եւ զարգացման հարազատ հունով յառաջ մղելու։

Ռոստոմի ոգեկոչման նուիրուած իւրաքանչիւր անդրադարձ, այդ առումով, կը վերածուի ոգեւորման առիթի՝ լուսարձակի տակ առնելով հայ ազգային-ազատագրական շարժման դժուարին, այլեւ արիւնալի՛ ուղին հունաւորող եւ դէպի վերջնական յաղթանակ առաջնորդող Հ.Յ.Դ. Աւանդը, Հայաստանի եւ Հայութեան ազգային-քաղաքական վերածնունդի ու ամբողջական ազատագրութեան նուաճման բոլո՜ր ուղղութիւններով։

Ռոստոմի գաղափարական ԿՏԱԿին հիմնական ուղղութիւններէն մէկը կը հանդիսանայ անոր ներշնչած հետեւողական պայքարը՝ ընդդէմ հայ ազգային-ազատագրական շարժումը խանգարող, խաթարող եւ կրծող ներքին ցեցերուն։

Հ.Յ.Դ. Պաշտօնաթերթ «ԴՐՕՇԱԿ»ի էջերուն, «Վնասակար Տարրեր» խորագրին տակ, 1890ականերուն Ռոստոմի հնչեցուցած ահազանգը, մինչեւ այսօր, իր այժմէականութեամբ բաբախուն պատգամ է ի խնդիր ազգային-քաղաքական մեր վերածնունդը ամէն կարգի մակաբոյծներու չարիքին դէմ պաշտպանելու հրամայականին։

Ժամանակները, պայմաները եւ մարտահրաւէրները բնականաբար կը փոխուին, բայց Հայաստանի եւ հայութեան ամբողջական ու լիիրաւ ազատագրումին համար շարունակուող պայքարը փաստօրէն, այսօր ալ, տակաւին կը դիմագրաւէ ազգային ինքնամաքրման միեւնոյն անհրաժեշտութիւնն ու մարտահրաւէրը՝ ինչպէս որ Ռոստոմ կ՛ընդգծէ.-

«Ամէն անգամ, երբ յեղափոխական փոքրամասնութեան անձնազոհ, տոկուն եւ անվհատ գործունէութեան շնորհիւ յեղափոխական կազմակերպութիւնը ձեռք է բերում ուժ եւ ազդեցութիւն, կեանքի մէջ ստեղծւում է հաւատ դէպի գործի յաջողութիւնը եւ հարթւում է որոշ աստիճանով յեղափոխական ուղին, ամէն անգամ էլ հասարակութեան տարբեր խաւերի մէջ իրարանցում է ընկնում։

«Բայց ընդհանրութեան յեղափոխական ոգու բարձրանալուն հետ միատեղ, ամէն մի տեղից վերկացող բախտախնդիր, ամէն մի վաշխառու, կեղեքիչ, մինչեւ իսկ մատնիչներ, դաւաճաններ, մի խօսքով՝ ամէն տեսակ սողուններ, որոնք գիտեն հիանալի կերպով յարմարուել հանգամանքներին եւ ամէն տեսակ ջրերում ձուկ որսալ, ասպարէզ են դուրս գալիս իբրեւ «Յեղափոխականներ» կամ յեղափոխութեան համակրող բարեկամներ։

«Վնասակար են այդ սողունները այդպիսի րոպէներում, երբ փքուն խօսքեր փչելով ու փարիսեցիական ձեւեր բանեցնելով՝ շահագործում են ամբոխի դիւրահաւատութիւնը ու տգիտութիւնը։

«Իսկ անտանելի են, ցաւ ու ու պատուհաս են դրանք յեղափոխական շարժման համար այն ժամանակ, երբ յեղափոխութիւնը կրում է ժամանակաւոր անյաջողութիւն եւ սկսում են տիրել աւելի վատթար պայմաններ յեղափոխական գործիչների համար։ Այդ ժամանակ այդ զազրալի արարածները սուս ու փուս քաշւում են իրենց բները, եւ արդէն «խոհեմութիւն», «հեռատեսութիւն», «ժողովրդավարութիւն», «միութիւն» եւ այլ դիմակների տակ դարձեալ շարունակում են խաղալ ժողովրդի հետ՝ աշխատելով մի կերպ քողարկել իրենց իսկական գոյնը։

«Շարունակելով կրել «յեղափոխական», «ազգասէր» տիտղոսները՝ դրանք դառնում են իսկական յեղափոխական գործի ամենավնասակար խոչընդոտներ։

«Այդ արարածները աղբեր են, որոնք մեծ ու փոքր կոյտերով, տեսակ-տեսակ բուրմունքներով եւ գոյներով թափուած յեղափոխական ճանապարհի վրայ՝ ապականում են յեղափոխական միջավայրը։

«Ամէն մի յեղափոխական գործիչ ստիպուած է ժամանակ առ ժամանակ թողնել իր բուն գործը եւ զբաղուել այդ աղբերով, որոնք ընկնում են ոտքերի տակ եւ խանգարում իր կանոնաւոր ընթացքը։

«Ժամանակ առ ժամանակ, կամայ-ակամայ նա իւր վրայ պէտք է առնի այդ զզուելի աշխատանքը՝ իմանալով հանդերձ, որ իւր ցախաւելի հէնց առաջին հարուածից այդ կոյտերը միանգամից կը բացուեն եւ կը լցնեն օդը իրենց գարշահոտութիւններով։

«Արձակուած բամբասանքների, զրպարտութիւնների, ինտրիգաների մթնոլորտի միջով պէտք է դիմի յեղափոխական իսկական գործիչը դէպի իւր բուն նպատակը»։

*
* *

Դաշնակցութեան աւագ հիմնադիրին՝ Քրիստափորի նման, Ռոստոմ եւս հայոց պատմական Գողթն գաւառէն էր, ծնած՝ 1867ին։

Նահապետական ու բարեկեցիկ ընտանիքի զաւակ էր եւ, անձնապէս, կեանքէն դառնանալու պատճառներ ունեցած չէր։
Բայց զգայուն հոգի ունէր եւ անսահման պաշտամունքի հասնող մարդասիրութեամբ ու այլասիրութեամբ լեցուած էր։

Անանձնական այդ հոգեկերտուածքը ծայր աստիճան հոգածու դարձուց Ռոստոմին՝ նախ իր շրջապատին եւ, ապա, աւելի լայն ընդգրկումով, ամբողջ հայ ժողովուրդին բաժին հանուած դառն ճակատագրին նկատմամբ.

– Ծանր տարաւ եւ բնաւ չհանդուրժեց հայութեան բաժին հանուած երեւութապէս ընկերային-հասարակական, իսկ խորքով ազգային անարդարութիւնները՝ արեւելեան թէ արեւմտեան Հայաստանի տարածքին, Ցարական թէ Օսմանեան բռնատիրութեանց կողմէ՝ թրքական թէ ռուսական, վրացական թէ թաթար-ազերիական այլամերժ ազգայնամոլութեանց հետեւանքով։

Ուսման անյագ ծարաւ ունէր եւ իր պատանեկան ու երիտասարդական կեանքը անխոնջ վազք մը եղաւ դէպի աղբիւրը լոյսին՝ ծննդավայր գիւղի Ծխական Դպրոցէն մինչեւ Թիֆլիսի Բէգլարեան մասնաւոր դպրոցն ու պետական Ռէալական Վարժարանը եւ մինչեւ, այնուհետեւ, Վարշաւայի մերձակայ Նովօ-Աղեքսանդրեան Գիւղատնտեսական Ճեմարանէն մինչեւ Մոսկուայի Պետրովսկայա Գիւղատնտեսական Ճեմարանը։

Մտաւորական իր կազմաւորումով եւ աշխարհայեացքով Դաշնակցութեան հիմնադիր սերունդին ամէնէն մարքսական դէմքը ըլլալով հանդերձ՝ Ռոստոմ միաժամանակ եւ անվիճելիօրէ՛ն եղաւ հայ ժողովուրդի ազգային հոգեմտաւոր ժառանգութեան ամէնէն աւելի քաջածանօթ եւ հաղորդ ներկայացուցիչը Դաշնակցութեան հիմնադիր սերունդին մէջ։

Թէեւ ներկայ ալ չէր եղած 1890ի ամրան կայացած Հ.Յ.Դ. հիմնադիր ժողովին՝ Մոսկուայի մէջ ուսանողական բողոքի ցոյցերուն իր գործուն մասնակցութեան համար Ցարական իշխանութեանց կողմէ իր ծննդավայրը աքսորուած ըլլալով, այդուհանդերձ՝ Ռոստոմի շեշտակի դրոշմին կը հանդիպինք ոչ միայն Դաշնակցութեան կազմութիւնը նախապատրաստող խմորումներուն, այլեւ՝ Հ.Յ.Դ. պատմութեան առաջին երեսնամեակի գլխաւոր բոլոր էջերուն վրայ։

– Ռոստոմի ձեռագրով էր, որ 1890ին հիմնուած Հայ Յեղափոխականների Դաշնակցութիւնը 1892ին վերածուեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան։

– Ռոստոմի գրիչով էր, որ նորաստեղծ Դաշնակցութեան անդրանիկ Ծրագիրը իր աւարտուն տարազումը ստացաւ՝ Քրիստափորի եւ Զաւարեանի միասնական ստորագրութեամբ ճամբայ հանուած ծրագրային «Այբուբեն»ին Ռոստոմի հեղինակութեամբ ամբողջացումով, «Ընդհանուր Տեսութիւն» ու «Մեր Ծրագիրը» խորագիրներով։

– Նոյնպէս Ռոստոմի ձեռքն է, բառացիօրէ՛ն, որ կ՛երեւի Դաշնակցութեան Զինանշանի ծանօթ, պատմակա՛ն լուսապատկերին վրայ՝ ամրօրէն բռնելով ու միաձուլելով հայ մշակին, մտաւորականին եւ ռազմիկին ազգային ու յեղափոխական միասնութիւնը խորհրդանշող բահը, սուրն ու փետրագրիչը։

– Ռոստոմի ձեռներէցութեան, աշխատունակութեան եւ ղեկավար դերակատարութեան կը պարտինք, յաջորդաբար եւ թւումի կարգով՝

1) Դաշնակցութեան առաջին զինագործարանին հզօրացումը Սալմաստի մէջ։
2) Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ի հրատարակութեան ապահովումն ու կանոնաւորումը։
3) 1890ականներու երկրորդ կիսուն Երկրի տարածքին դպրոցական ցանցի ընդարձակումն ու ուժեղացումը։
4) Նոյն ժամանակաշրջանին, Պալքաններու մէջ եւ ընդհանրապէս Օսմանեան Կայսրութեան տարածքին, յանուն ազգային ազատագրութեան, ժողովրդավարութեան եւ ընկերային արդարութեան հաստատման պայքարող տարբեր ազգութեանց յեղափոխական շարժումներուն հետ Դաշնակցութեան ռազմավարական գործակցութեան առաջացումը։
5) 1903ին հայ եկեղեցապատկան կալուածներու բռնագրաւման եւ ընդհանրապէս ռուսացման հետամուտ Ցարական քաղաքականութեան դէմ հայոց համաժողովրդային շարժման շղթայազերծումը եւ, այդ նպատակով, Խրիմեան Հայրիկին ուժ եւ նեցուկ տալու առաջադրանքով՝ համազգային ծառացման կազմակերպումը։

*
* *

Ցարական հակահայ քաղաքականութեան դէմ համազգային ըմբոստացման այդ շարժումին շուտով պիտի հետեւէր Դաշնակցութեան կողմէ որդեգրումը «Կովկասեան Նախագիծ»ին, որուն դարբինը եղաւ Ռոստոմ։

Ռոստոմի հեռատեսութեան կը պարտինք որդեգրումը Հայկական Արեւելումի անկիւնաքարը կազմած այն ռազմավարութեան, որ առաջադրեց՝ Արեւմտահայութեան ազգային-ազատագրումի Դատին զուգահեռ՝ յառաջ մղել նաեւ Արեւելահայութեան մշակութային-ընկերային ազատագրումի դատը, առաջքը առնելու համար «Առանց Հայու Հայաստան» ունենալու Ցարական կործանարար քաղաքականութեան։

6) Ռոստոմ ստանձնեց, 1905ի Ցարական իշխանութեանց հրահրած հայ-թաթարական ընդհարումներու ընթացքին, ընդհանուր ղեկավարումը հայ ժողովուրդի ինքնապաշտպանութեան գործին։

7) 1907ի Հ.Յ.Դ. Չորրորդ Ընդհանուր Ժողովին Ռոստոմի կը պարտինք Դաշնակցութեան ներքին միասնութեան պահպանումն ու աւելիով ուժեղացած վերականգնումը՝ աջէն թէ ձախէն Դաշնակցութեան եւ ընդհանրապէս հայ ազատագրական շարժման սպառնացող պառակտումի փորձերուն եւ սադրանքներուն դէմ։

1908ին Դաշնակցութեան յարումը Ընկերվար Միջազգայնականին եւ, զուգահեռաբար, համագործակցութեան քաղաքական դաշինքի ստորագրութիւնը՝ Օսմանեան Կայսրութեան տարածքին գործող այլազգի յեղափոխական եւ ընդդիմադիր շարժումներուն հետ՝ Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակման նախօրէին։ Նաեւ՝ Պուլկարիոյ մէջ Դաշնակցութեան Զինուորական Դպրոցին հիմնումին։

9) Նոյն շրջանին բռնկած Պարսկական Սահմանադրական Շարժման եւ անոր շղթայազերծած համաժողովրդային յեղափոխութեան Դաշնակցութեան գործօն մասնակցութիւնը՝ Ռոստոմի քաղաքական առաջնորդութեամբ եւ Եփրեմի ու Նիկոլ-Դումանի մարտական հրամանատարութեամբ։
10) 1908ի Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումին հետեւած համեմատական խաղաղութեան ամբողջ շրջանին, Կարինը կեդրոն ընտրելով, Երկրի տարածքին կրթական եւ հասարակական-մշակութային կեանքի յաղթաքայլ աշխուժացումը նուաճումն էր Ռոստոմի։

11) 1913ի Պալքանեան պատերազմի ընթացքին, Դաշնակցութեան որոշումով, հայ կամաւորականներու նշանակալից մասնակցութիւնը՝ Ռոստոմի նախաձեռնութեամբ եւ Անդրանիկի ու Նժդեհի հրամանատարութեամբ։

12) Առաջին Աշխարհամարտի բռնկումին հետ Հայ Կամաւորական Շարժման կազմակերպական ղեկավարումը Ռոստոմի կը պարտինք։

13) Ռուսական մեծ յեղափոխութեան ամբողջ շրջանին, հայ ժողովուրդին ազգային իրաւունքներուն ու պահանջներուն ներկայացման եւ պաշտպանումին, մանաւանդ՝ Արեւմտահայաստանի ազատագրութեան դատին սահմանադրականօրէն ամրագրումին, որ պսակուեցաւ Պաքուի Հերոսամարտին Ռոստոմի ղեկավար մասնակցութեամբ՝ ընդդէմ համաթրքական ջարդարար ներխուժման։

Ահա՛ սոսկ թուարկումը այն մեծ աւանդին, որ Ռոստոմի դրոշմով Դաշնակցութիւնը ունեցաւ հայ ժողովուրդի պատմութեան 1890էն մինչեւ 1919 թուականի Յունուար 19ի Ռոստոմի ապաժամ մահը երկարող երեսնամեակին։

*
* *

Այդ Աւանդը կազմեց դափնեպսակը եւ անմահութեան արժանացուց ՌՈՍՏՈՄ անունով հռչակուած Ստեփան Զօրեանին՝ հայ ժողովուրդի տանջուող սիրտէն խօսող յեղափոխականին, հայոց լեռներուն պէս անսասան կամքով գործող Դաշնակցականին, սերունդներ առաջնորդող իր պատգամով.-
«Մեր կուսակցութիւնն իր վրայ ունի այնպիսի՛ պարտաւորութիւններ, որոնցից ազատ են ուրիշ կուսակցութիւնները։

«Մենք ունինք ազգովին վտանգուելու հոգսը, եւ չենք կարող անտես առնել այդ հանգամանքը։

«Ամէն անգամ, որ Դաշնակցութիւնը ստիպուած է եղել դուրս գալ ազգովին գործելու, նրան մեղադրել են, թէ նա բուրժուական է, կղերական․․․ Ես կը կամենայի, որ Դաշնակցութիւնը ապագային էլ նոյնը լինէր եւ պէտք եղած ժամանակ պաշտպանէր ազգի շահը»։

May be an image of 1 person

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail