Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Ազատագրական Պայքարին Նուիրեալ Արցախցիներ Եւ Հայ-Թաթարական Կռիւները – ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Cultural Genocide – State Cultural Genocide by the Fascist Regime of Azerbaijan *–* Génocide culturel – Génocide culturel d'État par le régime fasciste d'Azerbaïdjan

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Ազատագրական Պայքարին Նուիրեալ Արցախցիներ Եւ Հայ-Թաթարական Կռիւները – ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

17 ՄԱՐՏ 2024 – ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆ – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ:

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Նիկոլ Դուման                                                                                                                                         Խանասորայ Վարդան

Ռուսական կայսրութեան կազմէն ներս ապրող արեւելահայութիւնը գոյութեան անհամեմատ աւելի բարենպաստ պայմաններու տակ կ՛ապրէր, քան Օսմանեան կայսրութեան սահմաններուն մէջ ապրող արեւմտահայութիւնը:

Արեւմտահայութեան վիճակը ծանրացաւ յատկապէս ռուս-թրքական 1877-1878-ի պատերազմէն ետք:

Պերլինի 1878-ի վեհաժողովէն ետք, միջազգային դիւանագիտութենէն հիասթափուած, հայ գործիչներ ու մտաւորականներ հայկական հարցի լուծումը կապեցին զինեալ պայքարին հետ:

Թրքական պետական քաղաքականութիւնն էր` կայսրութեան արեւելեան վիլայէթներուն մէջ հայութեան թուաքանակը տեւաբար նուազեցնել: Վիլայէթներու բաժանումը կատարուած էր այնպէս, որ մեծամասնութեամբ հայաբնակ շրջաններուն կցուած էին մեծամասնութեամբ քրտաբնակ եւ թրքաբնակ շրջաններ, որպէսզի ոչ մէկ վիլայէթի մէջ հայերը մեծամասնութիւն չկազմէին:

Քիւրտն ու թուրքը իսկական պատուհաս դարձած էին: Անոնք կը բռնագրաւէին հայերու հողերը, կը կողոպտէին հայ գիւղացիները, կը յափշտակէին բերքը, կը քշէին անասունները, իսկ դիմադրողները սուրի կը քաշէին:

Համիտիէ ջոկատները, ասկեարները, զափթիաներն ու պաշըպոզուքները անպատիժ կը կոտորէին հայ խաղաղ բնակչութիւնը եւ կը հրկիզէին գիւղերը:

Հայ գիւղացին տուրք կը վ     ճարէր պետութեան, փաշաներուն, բէկերուն եւ ձրի հարկադրական աշխատանք կը կատարէր:

Հարստահարութիւններու վերաբերեալ գաւառներէն տեղեկագիրներ կը հասնէին Պոլիս` պատրիարքարան: Բողոքներն ու աղաչանքները կը մնային ձայն բարբարոյ յանապատի:

Գաւառներէն հայեր պանդխտութեան կը դիմէին դէպի Պոլիս, Իզմիր եւ այլ քաղաքներ եւ կը գաղթէին օտար երկիրներ:

Հայութեան տառապանքը հասած էր իր ծանրագոյն աստիճանին: Ազատագրական պայքարը երկունք կ՛ապրէր: Ծնունդ առին կուսակցութիւններ, որոնք ստանձնեցին ազատագրական պայքարին ղեկը եւ յեղափոխութեան հետ կապեցին արեւմտահայութեան ազատագրումը: Կազմուեցան ֆետայական խումբեր: Ֆետային տուն տեղ ու ընտանիք ձգած, ինքզինք նուիրած էր հայրենիքի ազատագրութեան սուրբ գործին: Իրենց հերոսական խոյանքներով ժողովուրդի պահապան հրեշտակներ դարձան Աղբիւր Սերոբ, Հրայր Դժոխք, Անդրանիկ եւ Գէորգ Չաւուշ:

Թրքական պետութիւնը, ձգտելով կանխել հայ ազատագրական շարժումը, սկսաւ կենսագործել հայութիւնը բնաջնջելու ծրագիրը:

* * *

Արեան կանչը ոտքի հանեց արցախահայութիւնը:

Հայկական յեղափոխութեան առաջին նուիրեալներէն եղաւ բնիկ Նիժ գիւղացի, ուտի ցեղէն Սարգիս Կուկունեան, որ 1890-ին, իր կազմած ջոկատով, որուն մէջ կային արցախցիներ Կոնստանդին Լիսինեան, Եփրեմ Դաւթեան (ապագայ Եփրեմ Խան), Յովհաննէս Մարգարեան, Ղարաբաղցի Արշակ, Սարգիս Մեհրապեան (ապագայ Խանասորայ Վարդան) եւ ուրիշներ, դէպի Երկիր արշաւանք կազմակերպեց, որ սակայն ձախողութեամբ աւարտեցաւ:

Խանասորայ Վարդան Ղշլաղ (ներկայիս` Ծաղկաշատ, Ասկերանի շրջանին մէջ) գիւղէն էր: 1895-ին Ատրպատականէն մտաւ Երկիր եւ Վանի մէջ հաստատուեցաւ: Համիտեան կոտորածներու ժամանակ, 1896-ին ղեկավարեց Շատախի ինքնապաշտպանութիւնը եւ Վանի կռիւները: 1897-ին Խանասորի արշաւանքին ընդհանուր հրամանատարը եղաւ: 1905-ի հայ-թաթարական կռիւներու ժամանակ ղեկավարեց Արցախի ինքնապաշտպանութիւնը: 1914-ին միացաւ կամաւորական շարժման, 1915-ին Արարատեան գունդի հրամանատար նշանակուեցաւ եւ օգնութեան հասաւ Վասպուրականի հայութեան: Մահացաւ 1943-ին:

Երեւան

Նիկոլ Դուման (Նիկողայոս Տէր Յովհաննիսեան) նոյնպէս Ղշլաղէն էր, Վարդանին համագիւղացի: Կրակի մկրտութիւնը ստացաւ 1894-ին, Դերիկի վանքի կռիւին: 1895-ի աշնան խումբ մը ֆետայիներով ճամբայ ելաւ դէպի Երկիր, բայց հազիւ սահմանը անցած, Պողազ Քեասանի մէջ պաշարուեցաւ քրտական հրոսակախումբերուն կողմէ: Բազմաթիւ գրոհներէ ետք, քիւրտեր հրդեհեցին ֆետայիներուն ապաստանած մարագը, որպէսզի անոնք ծխախեղդ ըլլան: Նիկոլի առաջնորդութեամբ, ֆետայիները մրրիկի արագութեամբ դուրս թռան մարագէն եւ ճեղքեցին պաշարման շղթան: Նիկոլի քաջագործութենէն ապշահար քիւրտերը զայն անուանեցին Դուման, այսինքն` մրրիկ, փոթորիկ: Խանասորի արշաւանքին ան մասնակցեցաւ իբրեւ յիսնապետ: 1905-ի հայ-թաթարական կռիւներու ժամանակ ղեկավարեց Պաքուի եւ Երեւանի նահանգի հայերու ինքնապաշտպանութիւնը: Թոքախտէ վարակուած` 1914-ին անձնասպան եղաւ:

Թորգոմ (Թուման Թումեան) շուշեցի էր: Անոր ղեկավարութեամբ «Մրրիկ» զինատար խումբը 1903-ին հասաւ Սասուն: Կովկաս վերադառնալով, 1904-ին, «Որսկան» խումբին գլուխը անցած Օլթիի կողմէն շարժեցաւ դէպի Երկիր, բայց սահմանին վրայ կռուի բռնուելով նահատակուեցաւ:

Արամ Մանուկեան (Սերգէյ Յովհաննիսեան) շուշեցի էր: 1904-ին Վան մտաւ եւ դարձաւ Վասպուրականի հայութեան սիրուած ու յարգուած գործիչը: 1915-ին կազմակերպեց եւ ղեկավարեց Վանի ինքնապաշտպանութիւնը, որուն յաղթական աւարտէն ետք վարեց Վանի նահանգապետութիւնը: 1917-ին Երեւան փոխադրուելով Արարատեան դաշտի հայութեան հաւաքական ուժին մարմնաւորումը եղաւ: Թրքական զօրքերու յառաջխաղացքի օրհասական պայմաններուն տակ տիքթաթոր հռչակուեցաւ եւ ղեկավարեց 1918-ի մայիսեան յաղթական հերոսամարտերը: Իրեն կը պատկանի Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծման պատիւը: Եղաւ ներքին գործոց նախարար եւ բծաւոր տիֆէ վարակուած մահացաւ 1919-ին:

Վանայ իշխան (Նիկոլ Պօղոսեան) նոյնպէս շուշեցի էր: 1904-ին անցաւ Վան եւ Լեռնապարի շրջանի (Գաւաշ, Կարճկան, Կարկառ, Շատախ, Մոկս) մարտական ղեկավարը եղաւ: 1915-ին զոհ գնաց թրքական դաւադրութեան:

Հայ ազատագրական պայքարին նուիրուած արցախահայերէն յիշենք նաեւ Գաբրիէլ Կաֆեան, Բարսեղ Զաքարեան, Մարտիկ Սարուխանեան, Մարգար Ժամհարեան, Միքայէլ Վարանդեան, Լեւոն Աթաբէկեան, Բախշի Իշխանեան, Իսահակ Դանիէլբէկեան, Յակոբ Յովհաննիսեան, Սիմոն Նարինեան, Դաւիթ Անանուն (Տէր Դանիէլեան) եւ Սիսակ Տէր Դանիէլեան:

* * *

Ռուսական կայսրութեան տարածքին 1905 յունուարին սկսած յեղափոխական շարժումը հակակշռելու նպատակով կառավարութիւնը պետութեան բաղկացուցիչ ժողովուրդներուն միջեւ սկսաւ ազգային ու կրօնական թշնամութիւն բորբոքել: Կովկասի մէջ այդ քաղաքականութիւնը ուղղուեցաւ հայերուն եւ թաթարներուն դէմ:

Պաքուի մէջ հայեր տնտեսական յառաջատար դիրքերու վրայ կը գտնուէին: Հայ ձեռնարկատէրեր քարիւղի հանքերուն մեծ մասը գնած եւ իրենց ձեռներէցութեան շնորհիւ մեծ հարստութիւն կուտակած էին:

Տնտեսական զարթօնքին զուգահեռ, հայ քաղաքական կեանքը զարթօնք կ՛ապրէր: Հայկական քաղաքական կուսակցութիւնները, ֆետայական կռիւները` Օսմանեան կայսրութեան մէջ, իսկ Ռուսական կայսրութեան մէջ` եկեղեցական գոյքերու գրաւման դէմ համաժողովրդական ցասումը եւ բռնատիրութեան դէմ ծառացումը մտահոգութեան մատնած էին ցարական արքունիքը:

Թաթարները, ի տարբերութիւն հայերուն, ազգային ձգտումներ չունէին եւ կրնային կոյր գործիք դառնալով կառավարութեան ձեռքը ճնշել այն տարրը, որ ազգային ազատագրական ձգտումներ ունէր:

Ռուսական կառավարութիւնը թաթար իսլամներուն խաւարամտութիւնն ու մոլեռանդութիւնը օգտագործելով, անոնց մէջ ցեղային, կրօնական եւ հակահայ տրամադրութիւններ հրահրեց եւ սկսաւ զինել զանոնք:

* * *

Պաքուի ջարդերէն ճողոպրած այրիացած կիներ եւ որբացած երեխաներ

Պաքուի նահանգապետ իշխան Միխայիլ Նակաշիձէի աջակցութեամբ թաթար խուժանը 6 փետրուար 1905-ին յարձակեցաւ քաղաքի հայկական թաղերուն վրայ եւ սկսաւ ջարդել հայերը, մինչեւ որ Նիկոլ Դուման իր փոքրաթիւ խումբով, շեշտակի հարուածներով կասեցուց գազազած հրոսակախումբերու յառաջխաղացքը: Փետրուար 9-ին թաթարներ սպիտակ դրօշակ պարզեցին: Չորսօրեայ դէպքերու ընթացքին հայեր տուին 205 զոհ եւ 121 վիրաւոր:

Հայկական յեղափոխութիւնը մահուան դատապարտեց նախճիրի բուն պատասխանատու նահանգապետ Նակաշիձէն: Քաջարի Դրօ 11 մայիս 1905-ին ահաբեկեց զայն:

* * *

Նախիջեւանի մէջ 12 մայիս 1905-ին թաթարներ յարձակեցան քաղաքի հայերուն վրայ եւ սկսան կոտորել զանոնք: Ուզունոբա, Մամարզա-Դիզա եւ Թազաքենդ խառն բնակչութեամբ գիւղերը յարձակման ենթարկուեցան եւ քանի մը զոհ տալէ ետք փախան Շխմահմատ:

Մայիս 13-ին յարձակման ենթարկուեցան Հաջիվար, Քիւլթափա, Քարիմբէկ-Դիզա, Կուլիբէկ-Դիզա եւ Ղարախանբէկլու գիւղերը:

Մայիս 14-ին յարձակման ենթարկուեցաւ Եարմջան. հայեր, բազմաթիւ զոհեր տալէ ետք, փախան դէպի Շխմահմատ: Թմբուլ պաշարուեցաւ, որմէ ետք թաթարներ իրենց դիրքերէն սկսան գնդակահարել հայերը եւ հրդեհեցին գիւղը:

Նախիջեւան գետի ստորին հովիտի գիւղերէն միայն Կարմիր վանքն ու Այլաբադը ազատեցան: Մնացեալ տասներեք գիւղերը աւերուեցան եւ անոնց բնակիչներէն ոմանք սուրի քաշուեցան: Նոյն ճակատագրին ենթարկուեցան Ճահուկ (Ջահրի) գետի հովիտի գիւղերը:

Նախիջեւան իր շրջակայքով քար ու քանդ եղաւ: Կարգ մը հայեր բռնի կրօնափոխ եղան:

Նախիջեւան քաղաքի եւ գաւառի հայութիւնը տուաւ շուրջ 400 զոհ եւ վիրաւոր:

Ռուսական կառավարութիւնը իբրեւ «խաղաղարար» Նախիջեւան ուղարկեց զօրավար Ալիխանովը, որ ծագումով թաթար էր եւ անմիջապէս միացաւ իր ցեղակիցներուն:

Թաթարներուն նպատակն էր Նախիջեւանը եւ Արարատեան դաշտը, նաեւ` ամբողջ Կովկասը մաքրել հայութենէն:

Հետագային Մարտիրոս Չարուխեան Ալեքսանդրապոլի մէջ ահաբեկեց Ալիխանովը:

* * *

Երեւանի մէջ հայ-թաթարական ընդհարումները սկսան 20 փետրուար 1905-ին, երբ թաթարներ յարձակման անցան շուկայի ուղղութեամբ եւ սկսան կոտորել հայերը: Բախումները շարունակուեցան մինչեւ 22 փետրուար, որմէ ետք քաղաքը երկու մասի բաժնուեցաւ:

Նիկոլ Դուման Երեւանի նահանգի մարտական ուժերու հրամանատար նշանակուեցաւ, իբրեւ օգնական ունենալով Սարգիս Օհանջանեանը եւ Գալուստ Ալոյեանը:

Մայիս 23-ին թաթարներ Երեւանի շուկայի տարբեր մասերէն միաժամանակ հրացանաձգութեան սկսան հայերուն դէմ: Զոհերուն թիւը հետզհետէ սկսաւ աւելնալ: Թաթարներ միաժամանակ փողոցներէն սկսան որսալ հայերը:

Նիկոլ Դուման մայրաքաղաքը քանի մը շրջաններու բաժնեց եւ մարտական խումբերուն «ակն ընդ ական»-ի կարգախօսը արձակեց: Ան հրահանգեց իւրաքանչիւր հայ զոհի դիմաց քանի մը թաթար մաքրել:

Մայիս 24-ի առաւօտուն հայկական մարտական ուժերը հակագրոհի անցան: Հրապարակներէն, փողոցներէն, դիրքերէն, պատուհաններէն ու տանիքներէն գնդակները կը սուլէին աջէն ու ձախէն: Սոսկալի հրացանաձգութիւնը շարունակուեցաւ մինչեւ մայիս 25-ի առաւօտը: Թուրքեր, ծանր կորուստներ կրելէ ետք, հաշտութիւն խնդրեցին:

Նիկոլ Դումանի կարգադրութեամբ, հայատեաց ռուս շարք մը պաշտօնեաներ ահաբեկուեցան: Անոնցմէ Կենգերլինսկի փախուստ տուաւ Երեւանէն, բայց հետապնդուեցաւ եւ Պաթումի մէջ ահաբեկուեցաւ:

* * *

Շուշի

Հայ-թաթարական ընդհարումները ամէնէն աւելի կատաղի եւ արիւնալի եղան Արցախի մէջ:

Շուշիի մէջ պետական տեղական իշխանութիւնը մասամբ թաթարներուն ձեռքն էր: Թաթար էր քաղաքին ոստիկանապետը` Խոսրով բէկ Ֆուլատով:

Թաթարներ 7 օգոստոս 1905-ին Շուշիի մէջ սպաննեցին իրենց ցեղակիցներէն մէկը եւ սպանութեան յանցանքը հայերուն վրայ ձգեցին: Ոստիկանապետ Խոսրով բէկ յայտարարեց, որ աւազակախումբ պիտի կազմէ եւ հայերը պիտի պատժէ: Մամուլին մէջ հակահայ բովանդակութեամբ կեղծ ու սադրիչ տեղեկութիւններ հրապարակուեցան:,

Օգոստոս 16-ին թուրքեր յարձակեցան Քարահատ կիրճէն անցնող հայու մը վրայ, վիրաւորեցին զայն եւ խլեցին անոր հրացանը: Քանի մը ժամ ետք անոնք սպաննեցին ռուս նախկին դատաւոր Լունիակինը: Միաժամանակ անոնք Շուշիէն Գորիս տանող ճամբուն վրայ, Եարմայի մէջ հայ գիւղացի մը վիրաւորեցին:

Յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին ոստիկանապետ Խոսրով բէկ քաղաքի հայկական թաղերուն վրայ յարձակման ազդանշանը տուաւ: Առաջին գնդակը արձակուեցաւ եւ կռիւը սկսաւ:

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail