ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՍԱՐԳԻՍ ԶԷՅԹԼԵԱՆ – 28 ՄԱՐՏԻՆ, 1985 ԹՈՒԻՆ, ԴԱՒԱԴՐԱԲԱՐ ԱՌԵՒԱՆԳՈՒԵՑԱՒ, ՊԱՏԱՆԴ ՊԱՀՈՒԵՑԱՒ ԵՒ ՀՈՒՍԿ ՍՊԱՆՆՈՒԵՑԱՒ – Նազարեթ Պէրպէրեան

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – ՍԱՐԳԻՍ ԶԷՅԹԼԵԱՆ – 28 ՄԱՐՏԻՆ, 1985 ԹՈՒԻՆ, ԴԱՒԱԴՐԱԲԱՐ ԱՌԵՒԱՆԳՈՒԵՑԱՒ, ՊԱՏԱՆԴ ՊԱՀՈՒԵՑԱՒ ԵՒ ՀՈՒՍԿ ՍՊԱՆՆՈՒԵՑԱՒ – Նազարեթ Պէրպէրեան

05 ԱՊՐԻԼ 2024 – ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

Հին Էջեր, Ապրող Էջեր

ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ

28 ՄԱՐՏԻՆ, 1985 ԹՈՒԻՆ, ԴԱՒԱԴՐԱԲԱՐ ԱՌԵՒԱՆԳՈՒԵՑԱՒ, ՊԱՏԱՆԴ ՊԱՀՈՒԵՑԱՒ ԵՒ ՀՈՒՍԿ ՍՊԱՆՆՈՒԵՑԱՒ

ՍԱՐԳԻՍ ԶԷՅԹԼԵԱՆ (1930-1985).

Հայակեդրոն՝ Հայաստա՛նակեդրոն Արեւելումի Մարտունակ Պատգամաբեր ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆ ՂԵԿԱՎԱՐԸ

Նազարէթ Պէրպէրեան

28 Մարտի այս օրը, 1985ին, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի թոհուբոհին մէջ, հայադաւ ու հակադաշնակցական խմբակի մը նախաձեռնութեամբ եւ օտար վարձկաններու ձեռամբ՝ կատարուեցաւ անարգ առեւանգումը Մարդու, Հայու եւ Դաշնակցականի եզակի համադրումը մարմնաւորող ՍԱՐԳԻՍ ԶԷՅԹԼԵԱՆի։

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան սփիւռքեան սերունդի արժանաւոր՝ ղեկավա՛ր ներկայացուցիչին առեւանգման ու սպանութեան անարգ ոճիրին պատասխանատուութիւնը կը ծանրանայ որոշապէս «Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակ» անունին տակ թաքնուած հակադաշնակցական տարրերու վրայ։

28 Մարտ 1985ի եղբայրասպան այդ ոճիրին տարելիցը միշտ կը յիշենք, որպէսզի ինչպէս մերօրեայ, նոյնպէս եւ վաղուան հայոց սերունդները արթուն հսկեն, որպէսզի երբեւիցէ չկրկնուի ԻՐԱՒԱՏԷՐ ու ՊԱՀԱՆՋԱՏԷՐ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ճակտին մեխուած գաղափարական ահաւոր անկումի եւ ազգային-բարոյական սայթաքումի ամօթի նմանօրինակ խարանը։

Նոյնինքն Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը, իր 25րդ Ընդհանուր Ժողովին, 1992ին, պաշտօնապէս եւ յատուկ յայտարարութեամբ վեր կանգնեցաւ 28 Մարտ 1985ի ոճիրին բացած խոր վէրքէն եւ մեր ժողովուրդին ու հայոց սերունդներուն կտակեց ՊԱՀԱՊԱՆ ԿԱՆԳՆԻԼ Աւանդին ՍԱՐԳԻՍ ԶԷՅԹԼԵԱՆի՝ պատգամելով, որ
«Ս. Զէյթլեանը էր եւ կը մնայ մեր արժանաւոր ընկերը, որ նահատակուած է Հ.Յ.Դաշնակցութեան վարած պայքարի պատնէշին վրայ՝ հակադաշնակցական մութ ուժերու ձեռքով (իր ընկերակից՝ Կ. Գոլանճեանի հետ միասին) առեւանգուելով եւ տմարդի կերպով ահաբեկման ենթարկուելով։

Պայքարողի խրոխտ կեցուածքով, դաշնակցականի գաղափարական սքանչելի տիպարով եւ դաշնակցական մտքի դրօշակիրի փայլուն դիմագիծով, ինչպէս նաեւ իր գործով ու օրինակով՝ ՍԱՐԳԻՍ ԶԷՅԹԼԵԱՆ այլեւս մաս կը կազմէ դաշնակցական անմահ նահատակներու փաղանգին»։

Այսպէ՛ս, որքան ժամանակը թաւալի չարաբաստիկ այդ թուականէն ասդին, այնքան հայ ազգային-քաղաքական ՄԵՐՕՐԵԱՅ ԱՌԱՋՆՈՐԴԻՆ տմարդի առեւանգման եւ մութ պայմաններու մէջ սպանութեան քայլը ինքնին կը վերածուի չսպիացող վէրքի, իսկ Սարգիս Զէյթլեանի գաղափարական կերպարը աւելի ու աւելի կը լուսաւորուի մեր սերունդներու յիշողութեան մէջ։

*
* *

Բազմաշնորհ տաղանդով օժտուած դաշնակցական ղեկավար գործիչը եղաւ Ս. Զէյթլեան, որ 1930ին ծնած էր պատմական Մուսա Լերան Խտըր Պէկ գիւղը։

Մեծ մայրը՝ Վարդերը 1915ի Մուսա Լերան հերոսամարտին կռուած հայ հերոսուհիներէն էր։

Հայրը՝ Թովմասը, հերոսամարտի շրջանին տակաւին պատանի, իբրեւ սուրհանդակ մասնակցած էր թրքական յարձակման դէմ մղուած մարտերուն, իսկ երեք տարի ետք, միանալով Ֆրանսական բանակի կողքին կազմուած Հայկական Լեգէոնին՝ մասնակցած էր 1918ի Արարայի յաղթական ճակատամարտին։

Բառին իրաւ եւ հարազատ իմաստով ՄՈՒՍԱԼԵՌՑԻ էր Ս. Զէյթլեան։

Եւ ուսումն ու հանրային ծառայութիւնը ո՛ւր որ ալ տարին եւ պատասխանատուութեան ի՛նչ դիրքի վրայ ալ կանգնեցուցին Սարգիս Զէյթլեանին՝ ան միշտ գործեց լեռնական հայ գիւղացիին բնորոշ պարզ պայծառամտութեամբ, խրոխտ նկարագրով եւ անդրդուելի ազգայնականութեամբ։

Կեանքը չօգնեց, որ Ս. Զէյթլեան համալսարանական բարձրագոյն ուսում ստանայ։

Ստիպուեցաւ բաւարարուիլ Երուսաղէմի «Ժառանգաւորաց»ին եւ Պէյրութի Համազգայինի Ճեմարանին ջամբած հայագիտական պատրաստութեամբ։

Բայց ե՛ւ իր ուսումնատենչութեամբ ու ինքնաշխատութեամբ, ե՛ւ Յակոբ Օշականի, Լեւոն Շանթի, Նիկոլ Աղբալեանի, Սիմոն Վրացեանի ու Կարօ Սասունիի տարողութեամբ մեծ Ուսուցիչներու շունչով կազմաւորուելու իր բախտաւորութեամբ՝ Սարգիս Զէյթլեան մտաւորական նախանձելի պաշարի տիրացաւ եւ իր ողջ կեանքը իմաստաւորեց հայոց պատմութիւնն ու մշակոյթը, հայ քաղաքական մտքի դեգերումներն ու հայ ազգային ինքնութեան բազմակողմանի զարգացումը ուսումնասիրելու անսպառ եռանդով։

Ազգային-քաղաքական եւ գաղափարական-մշակութային նման հարուստ պաշարով՝ Սարգիս Զէյթլեան համարձակ քայլերով իր ուղին հարթեց հայ իրականութեան մէջ։

Բացառապէս սփիւռքի մէջ գործեց, բայց հայ ժողովուրդի հայրենական կեանքի առօրեան, ազգային-քաղաքական ու հասարակական-մշակութային իր բոլոր խնդիրներով, անբաժան մասն ու կիզակէտը դարձուց սփիւռքահայու իր կեցութեան։

Միայն իրեն չպահեց գաղափարական ու հոգեմտաւոր այդ ջերմեռանդ առօրեան, այլ անսակարկ բաշխեց իր մամուլի ընթերցողներուն, իր դպրոցական աշակերտներուն, դաշնակցական իր ընկերներուն եւ, լայն ընդգրկումով, աշխարհասփիւռ ողջ հայութեան, որովհետեւ մնայուն վերելք մը եղաւ իր կեանքը հանրային գործունէութեան տարբեր մարզերու մէջ եւ մակարդակներու վրայ։

*
* *

Սարգիս Զէյթլեան 1954ին հրաւիրուեցաւ Գահիրէ, Եգիպտոս, Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Յուսաբեր»ի խմբագրական կազմին միանալու համար։

Այդ շրջանին Ս․ Զէյթլեան մօտէն ծանօթացաւ ու գործակցեցաւ ՎԱՀԱՆ ՆԱՒԱՍԱՐԴԵԱՆի ղեկավարութեամբ «Յուսաբեր»ի շուրջ խմբուած հայ մտաւորական փաղանգին՝ Գաբրիէլ Լազեանի եւ Բենիամին Թաշեանի տարողութեամբ խմբագիրներու հետ։

«Յուսաբեր»ի դպրոցը հիմնաւորեց եւ հունաւորեց ազգային մտաւորականի, քաղաքական գործիչի եւ դաշնակցական ղեկավարի նկարագիրն ու պատրաստութիւնը Սարգիս Զէյթլեանի մէջ։

Նոյն տարիներուն նաեւ կրթական մշակ եղաւ Գահիրէի Ազգային «Գալուստեան» վարժարանին մէջ, ուր եւ ծանօթացաւ ու ամուսնացաւ իր կեանքի ընկերոջ՝ ծանօթ մտաւորական Սոնա Զէյթլեանի (Սիմոնեան) հետ։

1958-1959ին, Վահան Նաւասարդեանի մահէն ետք, Սարգիս Զէյթլեան նշանակուեցաւ «Յուսաբեր»ի խմբագիր եւ մնաց այդ պաշտօնին վրայ մինչեւ 1962, երբ ընտանեօք վերադարձաւ Լիբանան ու հաստատուեցաւ Այնճար, ուր ստանձնեց Ազգային «Յառաջ» վարժարանի տնօրէնութիւնը։

Թէ՛ ազգային-գաղափարական շունչով սերունդ հասցնելու, թէ՛ «Յառաջ»ը Գոլէճի մակարդակին բարձրացնելու եւ թէ, ընդհանրապէս, Այնճարի հայութեան հաւաքական կեանքն ու դաշնակցական կազմակերպութիւնը վերաշխուժացնելու առումներով՝ բեղմնաւոր եղաւ Սարգիս Զէյթլեանի գործունէութեան այնճարեան շրջանը։

*
* *

Համազգային լայն ու ընդգրկուն հորիզոնի տէր անհատականութիւն՝ Ս. Զէյթլեան քանի մը տարի ետք ընտանեօք հաստատուեցաւ Պէյրութ։

Կարճ ժամանակով միացաւ Հ.Յ.Դ. Լիբանանի պաշտօնաթերթ «Ազդակ»ի խմբագրութեան, միաժամանակ՝ պատասխանատու պաշտօն վարեց Համազգայինի մէջ։

Շուտով եղբայրներուն հետ ընտանեկան գործ հաստատեցին ազատ ասպարէզի մէջ, ինչ որ հնարաւորութիւնը ընձեռեց Սարգիս Զէյթլեանի, որպէսզի լիաժամ նուիրուի մտաւորական աշխատանքի եւ ազգային-կուսակցական եռուն գործունէութեան։

Ընտրուեցաւ Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կ. Կոմիտէի անդամ, ստանձնեց նաեւ Կ.Կ.ի ներկայացուցիչի պատասխանատուութիւնը եւ, միաժամանակ, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ բժիշկ Բաբկէն Փափազեանի կողքին, խմբագիր նշանակուեցաւ 1969ին իր վերահրատարակութիւնը սկսած Հ.Յ.Դ. պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»ին, որ լիբանանեան մամլոյ օրէնքի սահմանափակումներուն հետեւանքով՝ այդ շրջանին լոյս տեսաւ «Ազդակ Շաբաթօրեակ-Դրօշակ» անունով։

*
* *

Պատասխանատուութեան այդ զոյգ մակարդակներուն վրայ Սարգիս Զէյթլեան եղաւ ճառագայթող ներկայութիւն։

Իր ղեկավարութեամբ՝ Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կ. Կոմիտէն քաղաքական մեծ յաջողութիւններ նուաճեց Լիբանանի պետական-քաղաքական կեանքին մէջ՝ փայլուն դերակատարութեան, ազգային միասնականութեան հիմք ստեղծելու, ինչպէս նաեւ Հայ Դատի հետապնդման ճակատներուն վրայ։

Իսկ «Դրօշակ»ի էջերուն իր հրապարակած խմբագրականներով եւ ազգային-քաղաքական յօդուածաշարքերով՝ Ս. Կալեան եւ Ս. Զէյթլեան ստորագրութիւններով, ան հիմնական ներդրում ունեցաւ մեր ժամանակներու հայ ազգային գաղափարաբանութեան եւ դաշնակցական ռազմավարութեան մշակումին ու հունաւորումին մէջ։

Տեսակէտ ունեցող, ուղի հարթող եւ գաղափարական պայքար առաջնորդող հեղինակութիւն էր Սարգիս Զէյթլեան, որ իբրեւ այդպիսին, 1972ին, Հ.Յ.Դ. 20րդ Ընդհանուր Ժողովին, ընտրուեցաւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ եւ այդ պատասխանատուութեան վրայ, անսակարկ նուիրաբերումով, գործեց եւ պայքարեցաւ մինչեւ վերջին շունչ՝ մինչեւ իր դէմ գործուած առեւանգումի եւ սպանութեան անարգ ոճիրը 28 Մարտ 1985ին։

*
* *

Բիւրոյական իր գործունէութեամբ, Սարգիս Զէյթլեան ոչ միայն դաշնակցական աշխարհասփիւռ մամուլին ընդհանուր պատասխանատուութիւնը ստանձնեց ու անոր արդիականացման եւ ուժեղացման մէջ մեծ ներդրում ունեցաւ, այլեւ՝ իր առանձնայատուկ դրոշմը դրաւ Հ.Յ.Դ. Ծրագրի այժմէական վերամշակումին ու վերահաստատման մէջ՝ Դաշնակցութեան եւ ընդհանրապէս հայ ազգային-ազատագրական շարժման գաղափարական աւանդներուն, ազգային-յեղափոխական եւ ընկերվարական-ժողովրդավարական ակունքներուն ուրոյն համադրումով վերանորոգումը իրագործելու առումներով։

Վճռորոշ եղաւ Սարգիս Զէյթլեանի ներդրումը նաեւ ու մանաւա՛նդ սփիւռքահայ առօրեայի ՀԱՅՐԵՆԱՑՄԱՆ մեծ գործին մէջ։

Յատկապէս իր հետեւողականութեան շնորհիւ, սփիւռքահայ մամուլի առօրեան յատկանշուեցաւ Հայաստանի պարտադրուած խորհրդային կաշկանդումները ձաղկելու եւ մերժելու հետեւողական պայքարով ու, հեճուկս ուծացման եւ ինքնալքութեան բոլոր ճնշումներուն ու հալածանքներուն, հայրենի հայութեան ազգային զարթօնքի պոռթկումները առաջնահերթ կարեւորութեամբ լուսարձակի տակ պահելու խիզախութեամբ։

Նոյն 1970ականներուն, Հայկական Սփիւռքի քաղաքական եւ յեղափոխական զարթօնքի աշխուժացման հոսանքին մէջ, որուն առաջատար շարժիչը եղաւ Դաշնակցութիւնը, Սարգիս Զէյթլեան յատուկ դեր ունեցաւ՝ հայրենի երիտասարդ գործիչներու եւ ազատախոհ մտաւորականներու հետ կապերու հաստատման եւ սերտացման ուղղութեամբ։

*
* *

Մարտ 28 է դարձեալ։

Արդէն 39 տարի անցած է տարաբախտ մեր ընկերոջ անհետացումէն ասդին, բայց այսօր եւս՝ եղբայրասպան անարգ ոճիրին հանդէպ մեր սրտերուն մէջ եւ ակռաներուն տակ կսկիծն ու ցասումը զսպած, կը խոնարհինք օրինակին եւ վաստակին առջեւ հայ ժողովուրդի ազգային-քաղաքական եւ կուսակցական-մտաւորական յանդուգն ու ղեկավար գործիչին՝
Սարգիս Զէյթլեանի Մեծութեան առջեւ, որ հանդիսացաւ դրօշակիրը նաեւ հայ քաղաքական մտքի պետական հասունացման թռիչքին։

Տակաւին այն ժամանակներուն, երբ խորհրդային լուծի տակ՝ հայրենի հայութիւնը կը գտնուէր ազգային պահանջատիրութեան իր ձայնը լսելի դարձնելու բռնատիրական ճնշումներու եւ պետական կաշկանդիչ արգելքի տակ, Սարգիս Զէյթլեան հանդիսացաւ յառաջամարտիկներէն մէկը հայրենի հայութեան մէջ Հայ Դատի պայքարին անփոխարինելի կռուանը գտնելու եւ ամրապնդելու գաղափարական արեւելումին։

Դաշնակցական Մտքին զարթօնքը հունաւորելով՝ Սարգիս Զէյթլեան բարձր պահեց դրօշը հայեցի այն արեւելումին, թէ հարկ է Հայաստանի խորհրդային իրականութենէն անդին սեւեռիլ եւ բոլոր ուժերով լծուիլ Հայ Դատի պայքարին հայրենի՛, պետակա՛ն կռուանի հզօրացումին։

Այո՛, այդպէ՛ս, Հայաստանի անկախութեան վերանուաճումին եւ հայոց ազգային պետականութեան լիիրաւ վերականգնումին սեւեռող նորօրեայ ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆ ՌԱԶՄԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆը իր հունաւորումը ստացաւ նաեւ ու մանաւանդ Սարգիս Զէյթլեանի շունչով։

Հայ Քաղաքական Մտքի աներեր ԳԱՂԱՓԱՐԱՊԱՇՏՈՒԹԵԱՆ եւ անկաշառ ԻՆՔՆԱՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԵԱՆ արժանաւոր եւ անձնուէր ԱՌԱՔԵԱԼը եղաւ ՍԱՐԳԻՍ ԶԷՅԹԼԵԱՆ՝ իրաւա՛մբ եւ ըստ ամենայնի, ինչպէս որ կը սիրէր իր բանաձեւումները տարազել ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄՏՔԻ եւ ՀԱՅ ԳԱՂԱՓԱՐԻ անզուգական ԴԱՐԲԻՆը։

Այլեւ՝ ՊԱՏԳԱՄԱԲԵՐը Հայոց Պատմութեան խորերէն եկող ու յաւերժին սեւեռող ԱՆՊԱՐՏԵԼԻ ԻՄԱՍՏՈՒԹԵԱՆ, որ ունէր ՄԷԿ ու ՄԻԱԿ բանաձեւում ԶԷՅԹԼԵԱՆԱԿԱՆ ՀԱՒԱՏԱՄՔԻ՝

ՎԱՀԱՆՈՎ ԿԱՄ ՎԱՀԱՆԻ ՎՐԱՅ։

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail