Ակնարկ. Կովկասի Մէջ Ռուսական Ռազմավարութեան` Դիւանագիտութեան Պարտութի՞ւնը – ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
28 ԱՊՐԻԼ 2024 – Հայ Դատ՝ Պահանջատիրութիւն, Յուշեր, Աշխարհաքաղաքական, Ընկերային Հասարակական – haroutchekijian.wordpress.com
ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՈՒՈՅ ՊԱՐՏՔՆ Է – lousavor-avedis.org
– Գիշերը որքան էլ երկարի, առաւոտը գալու է: lousavor-avedis.org
ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
«Ռուս խաղաղապահներու Արցախէն դուրսբերման հոլովոյթը սկսաւ». այս է խորագիրը 18 ապրիլ 2024-ի «Ազդակ»-ի լուրերէն մէկուն (1): «Ռաշա Թուտէյ» լրատուական կայքէջը օր մը առաջ այս լուրը տուած էր արդէն, եւ հետաքրքրական էին լրատուութեան տակ այն ժամանակ 84 կեղծանունով կարծիք յայտնողները, որոնց մեծամասնութիւնը կը պաշտպանէր ռուսական կողմը` այպանելով Հայաստանի` ՕԹԱՆ-ի, Սորոս-ի, Ամերիկայի եւ Եւրոպական միութեան խամաճիկ եղող Փաշինեանի վարչախումբը, որ անոնց պատուէրով Արցախը յանձնեց Ազրպէյճանին (2):
Ստորեւ կը թարգմանեմ շատ հաւանաբար հայ ընթերցողի մը ճշգրիտ, լուրջ եւ հիանալիօրէն արտայայտած մեկնաբանութիւնը` Ռուսիոյ առած այս քայլին մասին, որ երբե՛ք հեռու չէ իրականութենէն եւ կը պատասխանէ շատերուն անմիտ մեկնաբանութիւններուն:
«Ես ինքս ռուսամէտ եմ, սակայն այս քայլը պարտութիւն եւ աղէտ էր Ռուսիոյ արտաքին քաղաքականութեան համար, անկախ անկէ, թէ ինչպէ՛ս ռուս եւ ռուսամէտ մարդիկ կ՛ուզեն եղելութիւնը պատմել: Լեռնային Ղարաբաղի տարածքը պատմականօրէն հայկական եղած է, որ հազարամեակներու պատմութիւն ունի, նոյնիսկ` Ռուսիոյ պատմութեան սկսելէն առաջ: Խնդիրը ինքնին ամբողջութեամբ Խորհրդային Միութեան` ԽՍՀՄ-ի անտեղի ստեղծումն էր: ԽՍՀՄ-ը դիտումնաւոր կերպով իր հանրապետութիւններուն համար սահմաններ ստեղծեց, որոնք 100 տոկոսով չէին համապատասխաներ այդ տարածքներուն պատմական եւ ազգային բնակչութեան մեծամասնութեան:
«ԽՍՀՄ-ի փլուզումէն ետք Ռուսիան չկրցաւ տեւական կերպով լուծել խնդիրը եւ այնուհետեւ չկրցաւ նաեւ կանխել ՕԹԱՆ-ի անդամ Թուրքիան եւ ՕԹԱՆ-ին անդամակցած կեղծ Ազրպէյճանը` տիրանալու եւ ցեղային զտումով ստիպելու հայերուն տեղահանութիւնը իրենց պատմական հայրենիքէն: Այս ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ` մարդկութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւն, եւ ոչինչով կը տարբերէր այն բոլորէն, որ սիոնականները այժմ կը կատարեն Պաղեստինի մէջ: Այս իսկ պատճառով Իսրայէլը նոյնպէս ամբողջ սրտով օգնեց այս (արցախահայութեան*) ցեղասպանութեան:
«Նախ եւ առաջ ռուս եւ ռուսամէտ մարդիկ կ՛արդարացնեն այս ոճիրը` մեղադրելով ՕԹԱՆ-ի խամաճիկ Փաշինեանը, անտեսելով այն փաստը, որ Լեռնային Ղարաբաղի տարածքը անջատուած էր պաշտօնական Հայաստանէն (առանձին, անկախ Արցախի Հանրապետութիւն էր): Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը ո՛չ քուէարկած է Փաշինեանի օգտին, ո՛չ ալ դերակատարութիւն ունեցած է անոր իշխանութեան գալու գործին մէջ:
«Երկրորդ` ռուս եւ ռուսամէտ մարդիկ կ՛արդարացնեն այս ոճիրը` մատնանշելով Հայաստանի` ՕԹԱՆ-ի հետ մերձենալու փորձը, անտեսելով այն փաստը, որ Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը, որոնք հակամարտութեան հակառակ կողմն են, արդէն կա՛մ ՕԹԱՆ-ի (Թուրքիա) լիիրաւ անդամներ են, կա՛մ ամբողջութեամբ համախոհ ՕԹԱՆ-ին (Ազրպէյճան): Փաշինեանը կրնար ցանկալ ՕԹԱՆ-ին միանալ, սակայն հակամարտութեան հակառակ կողմը բառացիօրէն արդէ՛ն ՕԹԱՆ-ը եւ Իսրայէլն էին:
«Երրորդ` ռուս եւ ռուսամէտ մարդիկ կ՛անտեսեն այն փաստը, որ այս ամբողջ գործողութիւնը` եղելութիւնը սկիզբէն մինչեւ վերջ, բառացիօրէն ուրուագծուած, ծրագրուած եւ գործադրուած էր ՕԹԱՆ-ին կողմէ: ՕԹԱՆ-ը արդէն Ազրպէյճանը կառավարող գործակալ մը ունի (որուն մասին Ռուսիան տասնամեակներով ոչինչ ըրած է): Այնուհետեւ ՕԹԱՆ-ը գունաւոր յեղափոխութիւն սարքեց Հայաստանի մէջ` իշխանութեան բերելով իրենց գործակալներէն մէկը, որ դիտումնաւոր եւ ծրագրուած կերպով Հայաստանը դարձուց անպաշտպան եւ հրաւիրեց ՕԹԱՆ-ի իր տէրերը, որ անոնք իրենց ուզածին պէս փոխեն Կովկասը, ինչպէս որ կը փափաքին: Անգամ մը եւս Ռուսիան չկրցաւ կանխել, կանգնեցնել այս գունաւոր յեղափոխութիւնը եւ հետագայ փոփոխութիւններն ու զարգացումները:
«Անշուշտ ՕԹԱՆ-ը այստեղ կանգ պիտի չառնէ եւ պիտի շարունակէ ձգտիլ տարածաշրջանը վերափոխելու ըստ իրենց փափաքած նպատակներուն եւ ծրագիրներուն: Անկեղծօրէն յոյսով եմ, որ Ռուսիան, կամ` Իրանը, երկարաժամկէտ ծրագիր մը կը մշակեն այս ոճիրները սրբագրելու, եւ այս տարածաշրջանը կառավարող ՕԹԱՆ-ի խամաճիկները վռնտելու եւ բնիկ հայերուն թոյլ տալու վերադառնալ իրենց նախնիներուն տուները»:
Ակնարկը յաւելեալ մեկնաբանութեան չի կարօտիր:
18 ապրիլ 2024
————–
* Լուսաբանութիւնները եւ ընդգծումը հեղինակին կողմէ
2. https://www.rt.com/russia/596087-nagorno-karabakh-russian-peacekeepers/