Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Մայիսեան Պատգամ – ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

Գարտէզ-Հայաստան մեծ Հայք, փոքր Հայք, Կիլիկիա - Map Armenia Greater Armenia, Small Armenia, Cilicia – Carte Arménie Grande Arménie, Petite Arménie, Cilicie

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Մայիսեան Պատգամ – ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

28 ՄԱՅԻՍ 2024 – ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – ՍՓԻՒՌՔ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ:

ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
Կարդալ նաեւ՝ :

Տոքթ. Վարդգէս Արզումանեան

ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

Տարիներ առաջ, 1970-ական թուականներուն, շատ փոքր հասակիս, երբ տակաւին երեխայ էի եւ աշակերտ` Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարանի, կային երկու թուականներ, որոնք իմ դասընկերներուս եւ ինծի մեծ ուրախութիւն կը պատճառէին: Մէկը 22 նոյեմբերն էր, իսկ միւսը` մայիս 28-ը: Առաջինը Լիբանանի անկախութեան թուականն էր, իսկ երկրորդը` Հայաստանի առաջին անկախութիւնը: Երկու թուականներն ալ արձակուրդի օրեր էին դպրոցը: Առաջին թուականին ամբողջ առաւօտը կ՛անցընէինք պատկերասփիւռին առջեւ` դիտելու լիբանանեան բանակի շքեղ տողանցքը: Մերթ ընդ մերթ մեր կեդրոնացումը կը խանգարուէր պատերազմական օդանաւերու բարձր ձայնէն, որ մեզ կը ստիպէր մէկ պատշգամէ միւսը վազել, որպէսզի փորձէինք տեսնել թէկուզ մէկ րոպէով` այդ նշանաւոր պատերազմական օդանաւերը: Իսկ երկրորդը այդ ի՛նչ գեղեցիկ առիթ էր, ի՛նչ պանծալի թուական. մեր այդ փոքր հասակին իսկ կը լեցուէինք հպարտութեամբ: Այդ օրը դրոշմ մը ձգած էր մեր վրայ, անբացատրելի կախարդանք մը կար անոր մէջ: Առաւօտուն ուրախ կ՛արթննայինք, իսկ օրուան մէջ աւելի հաստատ` մեր կուրծքերը ուռած կը քալէինք. այդ օրը մեր ազգին ամէնէն պանծայլի օրն էր, իսկ մենք փոքր ֆետայիներ` տէրերը այդ օրուան:

Մեր ուրախութիւնը նաեւ կը բազմապատկուէր այդ օրը, որովհետեւ դպրոցով «պտոյտի» կ՛երթայինք, ինչպէս` Այնճար Այն Պարուք եւ այլ վայրեր: Արդէն փոխադրակառքերուն մէջէն իսկ կը թնդացնէինք շրջապատը ազգային-յեղափոխական երգերու մեր երգեցողութեամբ: Հետաքրքրականը այն էր, որ այդ օրը իրենց տարեդարձը նշող դասընկերներու նկատմամբ տարբեր յարգանք մը ունէինք: Կարծէք անոնք ըլլային ժառանգորդները մայիս 28-ին: Պէտք է նշել, որ շատ անհանգիստ կ՛ըլլայինք, երբ լսէինք, թէ այլ հայկական դպրոցներ, հաւանաբար մէկ կամ երկու, այս թուականը չէին յարգեր:

Տարիներ անցան. երբ պատանի դարձայ, անհամբեր կը սպասէի մայիս 28-ին, որպէսզի մասնակից դառնայի շքեղ տողանցքներու, ինչպէս` Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտը: Փառաւոր եւ զգլխիչ մթնոլորտ. տողանցք, դասախօսութիւններ, ազգային ղեկավարներու ներշնչող ներկայութիւն, դիւթիչ պահեր: Մեր համեստ մասնակցութիւնը ձեւ մըն էր մեր ազգային պարտականութիւնը կատարելու եւ զօրավիգ կանգնելու մեր ազգային իրաւունքներուն:

Տարիներ ետք, երբ արդէն համալսարանական երիտասարդ էի եւ մաս կը կազմէի ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան, մայիս 28-ը առիթ մըն էր կազմակերպելու դասախօսութիւններ, արշաւներ եւ քարոզչական այլ նախաձեռնութիւններ:

Երկար տարիներ ետք, երբ ունինք վերանկախացած հայրենիք, մենք տակաւին յամառօրէն եւ հաստատօրէն կը շարունակենք մեր քարոզչական աշխատանքը, դասախօսութիւնները, խրախճանքներն ու տողանցքները` յիշելով եւ փառաբանելով այս պատմական պանծալի եւ եզակի առիթը:

Բայց այսօ՛ր մեզմէ պահանջուածը շատ աւելին է: Մայիս 28-ի ոգեկոչումը սոսկ տօնակատարութիւն եւ դասախօսութիւն պէտք չէ՛ ըլլայ, այլ պէտք է ըլլայ հայկական բանակին զօրավիգ կանգնելու օր, հայրենիքի հաստատութիւնները հզօրացնելու օր: Ե՞րբ, եթէ ոչ այսօ՛ր. լաւ են դասախօսութիւնները, բայց ո՞ւր է պատգամը մայիս 28-ին: Այս կը թելադրէ մեզի մայիս 28-ի հրամայականը: Պէ՛տք է դրամական շօշափելի նուիրատուութիւններ կատարենք մեր հայրենիքի բանակին կամ պաշտպանութեան այլ հաստատութիւններուն` վերանորոգելով մեր ուխտը անկախ հայրենիքի յաւերժացման տեսլականին նկատմամբ:

Այո՛, այսօր կրնանք տարակարծիք ըլլալ հայրենիքի ղեկավարներուն նկատմամբ, բայց իրաւունք չունինք հայրենիքը անտեսելու, որովհետեւ համախոհ չենք այս կամ այն կառավարական կողմին հետ: Կառավարութիւններ կու գան եւ կ՛անցնին, բայց հայրենիքը կը մնայ, իսկ հզօր հայրենիքը միա՛կ երաշխիքն է մեր գոյատեւման: Թող այս իրողութիւնը յստակ ըլլայ:

Արդարեւ, մայիս 28-ի պատգամը մեզ կը հրաւիրէ վերանորոգելու մեր անսակարկ գործնական նուիրումը մեր հայրենիքին նկատմամբ` երբե՛ք չմոռնալով այն նշանաբանը, թէ` «Հայրենիքը ամէն բանէ վեր է»:

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail