Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Հակի Հայոց Կոտորածը, Գիւղերու Ինքնապաշտպանութիւնը Եւ Սկիզբ Գանձակի Կռիւներուն – ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Հակի Հայոց Կոտորածը, Գիւղերու Ինքնապաշտպանութիւնը Եւ Սկիզբ Գանձակի Կռիւներուն – ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

05 ՅՈՒՆԻՍ 2024 – ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆ – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ:

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

Հայ-թաթարական կռիւները սաստկացած էին 1905-ի ամրան: Վրանաբնակ թաթար քոչուորներ, որոնք իրենց անհամար անասուններու հօտերով զանգուածաբար ամարանոց կը բարձրանային Արցախի լեռները, ամէն տեսակ խժդժութիւններ ի գործ կը դնէին հայ խաղաղ ազգաբնակչութեան վրայ:

Խաչենի շրջանի զինուորական հրամանատար Համազասպ հրաման արձակեց ռազմական գործողութիւններու ժամանակ երբեք զէնք չբարձրացնել կիներու, երեխաներու, ծերերու եւ անզէն մարդոց վրայ:

Համազասպ նաեւ հրամայեց ամենախիստ վերաբերմունք դրսեւորել բոլոր անոնց նկատմամբ, որոնք կը համարձակին իրենց տան մէջ պահել եւ խնամել ոեւէ թաթար, նոյնիսկ` ծառայի կարգավիճակով:

Գիւլիստան իր այցելութեան ժամանակ Համազասպ Թմրազանց տան մէջ հիւրընկալուեցաւ: Հոն անոր յայտնեցին, որ գիւղացիներէն Կոսունց Կարապետ իր տան մէջ Թեմիշ անունով թաթար ծառայ մը կը պահէ:

Համազասպ իր մօտ կանչել տուաւ Կարապետը եւ հարցուց.

– Ճի՞շդ է,  հալիւոր, որ տանդ տաճիկ ես պահում:

Կարապետ, կովարած մարդ, միամտօրէն պատասխանեց.

– Աղա, դուզ ա…

Համազասպ, զայրացած, հրամայեց սպաննել դաւաճանը:

Այդ ժամանակ Կարապետի տղաները` Մուխայէլ ու Ջալալ լալով Համազասպի ոտքերը ինկան եւ խնդրեցին որ ներէ իրենց հօրը: Գիւղացիք եւ Տէր Կորիւն քահանան ալ Համազասպէն խնդրեցին խնայել ծերունիին:

Համազասպ, մեղմացած, ըսաւ.

– Հալիւոր, քեզ էս երեխաներին եմ բաշխում: Գնա՛:

Նոյն գիշերը թաթար Թեմիշը ճամբու դրին:

* * *

Հակ

Հակ, Աղաւնոյ գետի ակունքներուն մօտ, ձախափնեայ ձորալանջին, պատմական հին բնակավայր է: Եղած է Տաթեւի վանքին հարկատու: Գիւղին մէջ կը գործէր Սուրբ Մինաս եկեղեցին:

Թրքախօս քիւրտ քոչուորներ ժամանակի ընթացքին բնակութիւն հաստատած են Հակի մէջ: Այնուհետեւ Հակ վերակոչուած է Մինքենդ եւ մասամբ հայաթափուած է:

Խնձորեսկէն 1841-ին եւ անոր յաջորդող տարիներուն հայ ընտանիքներ տեղափոխուած են Հակ: Անոնք նոր շունչ հաղորդեցին հին գիւղին: Հակի հարաւային կողմը ձեւաւորուեցաւ հայկական թաղամաս:

Հակի հայերը լաւ տուներ ունէին, յաճախ` երկու յարկանի եւ թիթեղեայ տանիքով: Կը զբաղէին երկրագործութեամբ, անասնապահութեամբ եւ մասամբ ալ առեւտուրով: Ունէին քսանմէկ խանութ` զանազան տեսակի ապրանքներով: Ունէին նաեւ դպրոց, ուր կը սորվէին նոյնիսկ թուրք մանուկներ:

Շուշիի եւ Ջաւադի շրջաններէն թափառաշրջիկներ 1905 օգոստոս 20-ի գիշերը յարձակեցան Հակի վրայ եւ սկսան թալանել ու հրդեհել գիւղը եւ կոտորել հայերը:

Թալանն ու կոտորածը շարունակուեցան մինչեւ լուսաբաց: Զոհուեցան տասնեօթը հայեր:

Թափառաշրջիկները օգոստոս 21-ի առաւօտուն ուղղուեցան դէպի Ալիկուլիքենդ, ուր տեսան որ գիւղը արդէն պաշարուած է շրջակայ թաթար գիւղերու բնակիչներուն կողմէ: Ալիկուլիքենդ թալանուեցաւ եւ քսանչորս տուներ հրդեհուեցան:

Գորիսի գաւառապետը շրջան հասնելով յաջողեցաւ ցրուել թափառաշրջիկները եւ շրջակայ գիւղերու թաթար հրոսակները: Բայց նոյն օրն իսկ անոնք երկրորդ փորձ մը ըրին գիւղը պաշարելու, թէեւ գաւառապետն ու եօթանասուն կոզակներ տակաւին հոն կը գտնուէին: Հրացանաձգութեան ժամանակ սպաննուեցան եօթը հայեր, կոզակ մը եւ քանի մը թաթարներ:

Խոզնաւար

Թափառաշրջիկներու ճամբուն վրայ գտնուող գիւղերու պաշտպանութեան համար գաւառապետը սպայի մը հրանատարութեան տակ խումբ մը կոզակներ ուղարկեց: Կոզակները Հակի մէջ կեդրոնացան: Նոյն օրն իսկ, օգոստոս 21-ին, Հակ կրկին յարձակման ենթարկուեցաւ: Յարձակման ենթարկուեցաւ նաեւ Խոզնաւար:

Ոստիկանապետ Սատըգ բէկ Մելիք Ասլանով Հակ հասնելով սպային ըսաւ, որ Մինքենդին նոր վտանգ չի սպառնար: Ոստիկանապետի հաւաստիքին վրայ սպան քանի մը կոզակ ձգելով Հակի մէջ, միւսները առնելով օգոստոս 23-ին գնաց խոզնաւարցիները ազատելու:

Սպային հեռանալուն պէս թաթարներ յարձակեցան Հակի հայերուն վրայ եւ սկսան կոտորել զանոնք:

Կոտորածը տեղի ունեցաւ ոստիկանապետի աչքերուն առջեւ: Ան ոչ միայն չպաշտպանեց հայերը, այլեւ օգնեց ջարդարարներուն:

Օգոստոս 20-էն 23, Հակի 696 հայ բնակիչներէն 198 հոգին սպաննուեցաւ, 40-ը` վիրաւորուեցաւ եւ 42-ը գերեվարուեցաւ:

* * *

Տաթեւի վանահայր եւ Սիւնիքի թեմի առաջնորդական փոխանորդ Ներսէս վարդապետ Մելիք Թանգեան հեռագիր հեռագիրի ետեւէն սկսաւ ուղարկել Թիֆլիս` փոխարքային, Երեւանի նահանգապետին եւ այլոց:

Ներսէս վարդապետ օր մըն ալ Գորիսի իր սենեակը նստած էր, աչքերը յառած պատուհանին, երբ տեսաւ որ ձիաւոր մը, խուրջինը ետեւը կապած, կամացուկ իջաւ կարաւանատուն: Ապա երեւաց երկրորդ ձիաւոր մը, ապա` երրորդ մը: Նոյն պահուն Տաթեւի վանքին սուրհանդակը հասաւ եւ վարդապետէն խնդրեց իսկոյն ճամբայ ելլել դէպի վանք, ուր մարդիկ եկած են եւ կը փափաքին զինք տեսնել:

Ներսէս վարդապետ իսկոյն ձին նստաւ եւ գնաց Տաթեւ:

Սեբաստացի Մուրատ

Յաջորդ օր Սիսիանէն Տաթեւ հասաւ Սեբաստացի Մուրատ` ձիաւոր յիսուն հայդուկներով: Օր մը ետք ձիաւոր հայդուկներուն թիւը հասաւ երկու հարիւրի: Գիւղերէն ալ կամաւոր ռազմիկներ հասան:

Հայ մարտիկները Մուրատի հրամանատարութեամբ մեկնեցան դէպի Կապան` այդ շրջանի հայկական գիւղերու ինքնապաշտպանութեան գործերը վարելու համար:

Սեբաստացի Մուրատի երեւիլը եւ հայդուկներուն ներկայութիւնը այնքան անակնկալ կերպով կատարուեցաւ, որ ժողովուրդը երազ կը կարծէր:

Մուրատի հասնելէն մէկ ամիս ետք Սիւնիքի եւ Արցախի պատկերը փոխուեցաւ: Հայկական բոլոր գիւղերը կազմակերպուեցան: Ինքնապաշտպանութեան խումբեր կազմուեցան: Գիւղերուն միջեւ սկսաւ հաղորդակցութիւն, ճանապարհները բացուեցան: Դէպի Շուշի, Եւլախ, Պաքու, Թիֆլիս եւ այլ վայրեր սկսաւ ազատ երթեւեկ: Հայ ժողովուրդը զինուեցաւ եւ նուիրուեցաւ ինքնապաշտպանութեան գործին: Բոլորը ենթարկուեցան մէկ կամքի, մէկ հրամանի եւ հայ գիւղացիի դէմքին փայլեցաւ ժպիտը:

* * *

Թաթարներ 1905 նոյեմբերին վերսկսան իրենց յարձակումները հայկական գիւղերուն վրայ:

Թաթար հրոսակներ շուրջ 1500 հոգինոց մեծաքանակ զօրքով նոյեմբեր 28-ին յանկարծակի յարձակեցան Խրամորթի վրայ:

Խրամորթցիք այդ պահուն այնքան ալ պատրաստ չէին կազմակերպուած դիմադրութիւն ցոյց տալու համար, սակայն անոնց օգնութեան հասած Խաչենի ու Վարանդայի մարտական ուժերուն հետ յաջողեցան գիւղէն դուրս շպրտել թաթարները: Կռուի վայրին մօտ գտնուող ռուս կոզակները չէզոք դիրք բռնեցին եւ չմիջամտեցին:

Թաթարներու հետագայ յարձակումները կասեցնելու նպատակով հայոց զինուորական մարմինը անհրաժեշտ համարեց մաքրել զինուած յենակէտերու եւ աւազակաորջերու վերածուած թաթարական գիւղերը:

Հայկական ինքնապաշտպանական ուԺերը նոյեմբերի վերջաւորութեան սրընթաց գրոհներով գրաւեցին եւ աւերեցին թաթարական շարք մը գիւղեր, ինչպէս` Ումուտլու, Գէոռաւանդ եւ Ալի Մահմուտլու: Մօտաւորապէս 300 թաթարներ սուրի քաշուեցան:

Այնուհետեւ Արցախի մէջ յարաբերական խաղաղութիւն հաստատուեցաւ:

* * *

Հայ-թաթարական ընդհարումներու ալիքը հասաւ Գանձակ:

Գանձակ համանուն գետով երկու մասի բաժնուած էր: Հայկական մասը կ՛ընդգրկէր գետին աջ ափը` եօթը թաղերով եւ Սուրբ Յովհաննէս, Սուրբ Աստուածածին, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ, Սուրբ Թադէոս, Սուրբ Սարգիս եւ Սուրբ Քրիստոս Ամենափրկիչ եկեղեցիներով: Թրքական մասը կ՛ընդգրկէր գետին ձախ ափը, ուր եւս կային հայկական թաղեր:

Թաթար հրոսակներ 1905 նոյեմբեր 18-ի առաւօտեան ժամը 10:00¬ին «Եա՜ Ալա» գոռալով խուժեցին քաղաք:

Թրքական մասին մէջ գտնուող հայկական թաղերը` հարիւրաւոր խանութներով եւ հարուստ շուկայով, քանի մը ժամուան մէջ կողոպտուեցան եւ հրդեհուեցան: Աւելի քան հարիւր հայեր սուրի քաշուեցան: Քաղաքին հայկական մասի թաղերը պաշարուեցան:

Յաջորդ օր, 300 հոգինոց հրոսակախումբով, քաղաք խուժեց հռչակաւոր աւազակապետ Տալի Ալի, որ իշխանութիւններուն կողմէ հալածուած էր իր բազմաթիւ ոճիրներուն համար: Թաթար ազդեցիկ դէմքեր ոգեւորած եւ համոզած էին զայն, որ նահանգապետ Տակայշվիլի եւ առհասարակ ռուսական իշխանութիւնները ոչ միայն չեն բռներ զինք, այլեւ ճակատն ալ կը համբուրեն եւ յարգանք ու մեծարանք ցոյց կու տան իրեն:

Տակայշվիլի Պաքուի մէջ ահաբեկուած նահանգապետ Նակաշիձէի քրոջ որդին էր եւ ամէն գնով կը ջանար ապահովել թաթարներուն յաղթանակը Գանձակի մէջ:

Նոյեմբեր 20-ի առաւօտուն Թիֆլիսէն Գանձակ հասան Աբրահամ Գիւլխանդանեան, Համազասպ եւ Թիֆլիսի քաղաքային վարչութեան անդամ եւ քաղաքապետի օգնական Ալեքսանդր Խատիսեան:

Քաղաքին մէջ զգուշաւոր հանդարտութիւն կը տիրէր: Տագնապալի կացութիւնը կարգաւորելու եւ հետագայ բախումները կանխելու նպատակով հայ եւ թաթար ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ ժողով հրաւիրուեցաւ, որուն մասնակցեցան նաեւ քաղաքային վարչութեան անդամները, Կորիւն վարդապետ Սահակեան, քաղաքապետը եւ նահանգնապետ Տակայշվիլիի գլխաւորութեամբ նահանգապետարանի պաշտօնեաները: Երկու կողմերն ալ խօսեցան դարաւոր բարեկամութեան մասին, որ իրարու կը կապէ երկու ժողովուրդները: Որոշուեցաւ զինադադար կնքել` կամուրջը նկատելով չէզոք գօտի:

Սակայն զինադուլը երաշխիք չէր վստահելու եւ հաւատալու նահանգապետ Տակայշվիլիի խոստումներուն: Հայկական զինուորական մարմինին համար պարզ էր, որ թաթարները նոր արիւնահեղութիւններ սանձազերծելու կը նախապատրաստուին: Որոշուեցաւ փութով քայլերու ձեռնարկել, Գանձակի շրջանի հայութեան ինքնապաշտպանութիւնը կազմակերպելու ուղղութեամբ:

Նոյեմբերի 21-ին Աբրահամ Գիւլխանդանեան զինուորական շտապի ղեկավար նշանակուեցաւ, իսկ Համազասպի յանձնուեցաւ ռազմական գործողութիւններու ընդհանուր ղեկավարութիւնը:

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail