Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Գանձակի Հայոց Հերոսական Ինքնապաշտպանութիւնը Եւ Աւազակաորջերու Ոչնչացումը – ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱ

Azerbaijan Destroys More Armenian Monuments Than the Terrorists Do in the Middle East – US Ex-Senator

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Գանձակի Հայոց Հերոսական Ինքնապաշտպանութիւնը Եւ Աւազակաորջերու Ոչնչացումը – ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

05 ՅՈՒՆԻՍ 2024 – ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆ – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ:

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՈՒՈՅ ՊԱՐՏՔՆ Է – lousavor-avedis.org

– Գիշերը որքան էլ երկարի, առաւոտը գալու է: – lousavor-avedis.org

Գանձակի սուրբ Յովհաննէս եկեղեցին

Հայ-թաթարական կռիւներու ալիքը 1905 նոյեմբերին հասած էր Գանձակ:

Գանձակի մէջ ռազմական գործողութիւններու ընդհանուր ղեկավարութիւնը Համազասպի յանձնուած էր: Ան ժողովրդական հերոս էր եւ զինուորներն ու ժողովուրդը կատարեալ հաւատք ունէին անոր հանդէպ:

Համազասպ իր շուրջ անձնուրաց եւ քաջ երիտասարդներ հաւաքեց եւ հիմը դրաւ Գանձակի եւ շրջակայ հայկական գիւղերու ինքնապաշտպանութեան կազմակերպման: Կամաւորներ հասան Պաթումէն, Թիֆլիսէն եւ Պաքուէն: Անոնց մէջ էին Արցախի եւ Պաքուի կռիւներուն հերոսական խոյանքներով անուանի դարձած բալլուջեցի Բախշին: Արցախէն փութով Գանձակ մեկնեցաւ Համազասպի թիկնապահ Աղասի Վերդեան: Թալիշէն ճամբայ ելաւ Դաւիթ բէկ Մելիք Բեգլարեան` քսանհինգ հոգինոց ձիաւոր խումբով: Գետաշէնէն Գանձակ հասաւ Առստամ Իւզպաշիի, Երուանդի եւ Ալեքսանդր Սնացականեանի խումբը` յիսուն ձիաւորներով: Բանանցէն հասաւ Ղաչաղ Համբոյի խումբը` երեսուն ձիաւորներով: Թիֆլիսէն հասաւ Արսէն Շահմազեան:

Արցախի հիւսիսային գիւղերէն, անմատչելի կածաններով նոյեմբեր 22-ին Գանձակ հասաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ղեկավարներէն Ռոստոմ:

Ինքնապաշտպանութիւնը կայուն հիմերու վրայ դնելու եւ համապատասխան որոշումներ կայացնելու նպատակով զինուորական մարմինի եւ մարտական խումբերու հրամանատարներու մասնակցութեամբ ժողով գումարուեցաւ: Մարտական գործողութիւններու լայն ծրագիր կազմուեցաւ, եւ ճշդուեցաւ իւրաքանչիւր հրամանատարի պարտականութիւնը:

Համազասպ փութով ձեռնամուխ եղաւ ինքնապաշտպանական կռիւներ մղելու ծրագիր կազմելու գործին:

Գանձակի հայկական թաղամասերը թաթար հրոսակախումբերու ոտնձգութիւններէն պաշտպանելու նպատակով Համազասպի հրահանգով պաշտպանական ամրութիւններ կառուցուեցան եւ մարտական խումբեր կազմուեցան` իրենց հրամանատարներով:

* * *

Գանձակ

Գանձակի մէջ զգուշաւոր հանդարտութիւն կը տիրէր: Թաթար հրոսակախումբերը անընդհատ շարժման մէջ էին եւ Բաղմանլար (նախապէս` Այգեստան) թաղամասին  մէջ կը կեդրոնանային:

Բաղմանլար, Գանձակ գետի ձախ ափին, ճիշդ հայկական քաղաքամասին դիմացը կը գտնուէր, ուրկէ դիւրութեամբ կարելի էր հայոց թաղերը մտնել:

Համազասպ շարունակ դիրքէ դիրք կը շրջէր եւ հրահանգներ կու տար խմբապետներուն:

Հայ եւ թաթարական զինուած ուժերը իրարմէ 150-էն 200 քայլ հեռաւորութեան վրայ դիրքաւորուած էին:

Նոյեմբեր 22-ի իրիկուան ժամը 9:00-ին Բաղմանլարի թաթարական դիրքերէն սկսաւ ուժգին հրացանաձգութիւն, որ հետզհետէ սաստկացաւ:

Հայկական ուժերը պաշտպանական ամուր շղթայ կազմեցին: Համազասպ եւ խմբապետներ իրենց դիրքերը մտած էին եւ սրտատրոփ կը հետեւէին դէպքերուն: Ռոստոմ եւ Աբրահամ Գիւլխանդանեան կը շրջէին դիրքերը եւ անհրաժեշտ կարգադրութիւններ կ՛ընէին:

Հայկական քաղաքամասը, գետի աջ ափին, ընդարձակ տարածութիւն կը բռնէր, ուր շուրջ քսան հազար հայութիւն կեդրոնացած էր:

Թաթարներ գետի ձախ ափի երկարութեամբ ձգուող  իրենց դիրքերէն անընդհատ կը կրակէին: Հայ մարտիկները կը պատասխանէին աջ ափի երկարութեամբ ձգուող իրենց դիրքերէն:

Թշնամին իր բոլոր ուժերով կը ջանար խուժել հայկական քաղաքամասը:

Գիշերուան ժամը 10:00-ին կռիւը ահաւոր ծաւալ ստացաւ: Ամբողջ քաղաքը կը թնդար հրացաններու եւ թնդանօթներու որոտէն:

Թաթար խուժանը ժամը 10:30-ին «Եա՜ Ալի» գոռալով Դիք Քիւչա փողոցէն փորձեց ներխուժել հայկական թաղերը:

Հայկական ինքնապաշտպանական խումբերէն մաս մը թռաւ դէպի այդ կողմը:

Հայ մարտիկները անձնուրաց դիմադրութիւն ցոյց տուին եւ հուժկու հակահարուածով կասեցուցին թշնամիին յառաջխաղացքը:

Թաթարները նահանջեցին եւ շրջակայ այգիներուն մէջ դիրք բռնեցին:

Հայ երկու մարտիկներ` փիբեցի Խաչատուր եւ բանանցեցի Տոնունց Նիկոլ նետուեցան թաթարական դիրքերը, թշնամին քշեցին այգիներու դիրքերէն եւ իրենք ալ ինկան նահատակ:

Ղաչաղ Համբօ իր քաջերուն գլուխը անցած բուռն յարձակումով մը թշնամին քշեց ջրաղացի դիրքէն եւ կռուելով առաջ անցաւ: Անոր հետեւեցաւ Մարտիրոս Վարժապետին խումբը:

Բաղմանլարի մէջ, Գանձակ գետի երկայնքին, գօտեմարտեր կը մղուէին: Թշնամին քանիցս փորձեց գետը անցնիլ, բայց չյաջողեցաւ եւ ծանր կորուստներ տալով ետ շպրտուեցաւ:

Ղաչաղ Համբոյի եւ Մարտիրոսի խումբերը հասան Բաղմանլար:

Կէս գիշերէն ետք, ժամը 3:00-ին, հուժկու հակահարուած ստացած թշնամին սկսաւ նահանջել, համոզուելով որ ներխուժումը անհնարին է եւ չեն կրնար յաղթել հայերուն: Առաւօտուն Դիք Քիւչայի դիրքերուն վրայ այլեւս  թաթարներ չկային:

Հայերուն յաղթանակը կատարեալ էր: Նախաձեռնութիւնը անցաւ հայոց ձեռքը:

* * *

Հայկական ինքնապաշտպանական ուժերը յաջողութեամբ կրցած էին կատարել իրենց առջեւ դրուած մարտական առաջադրանքը եւ ձախողութեան մատնել հայկական թաղամասեր ներխուժելու նպատակով թաթարներու ձեռնարկած յարձակումը:

Սակայն ինքնապաշտպանական ուժերը զէնքի եւ զինամթերքի անբաւարարութեան պատճառով ի զօրու չէին լուծելու մարտական լուրջ խնդիրներ:

Գանձակի զինուորական մարմինը մասամբ միայն կրցած էր լուծել զէնքի ու զինամթերքի հայթայթման խնդիրը: Զէնքերու  եւ փամփուշտներու մեծ մասը կարելի եղած էր ձեռք բերել Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Զիֆոնի (Զինական ֆոնտ) միջոցով, որոշ քանակութեամբ զէնք ստացուած էր նաեւ Թիֆլիսէն:

Թաթար մեծաթիւ հրոսակախումբերուն յարձակումները դիմագրաւելու եւ ինքնապաշտպանութիւնը կայուն հիմերու վրայ դնելու համար անհրաժեշտ էին բաւարար քանակութեամբ զէնք ու զինամթերք:

Զէնք ու զինամթերք ձեռք ձգելու նպատակով, Զինուորական մարմինին որոշումով Համազասպ Պաթում մեկնեցաւ, ուր բաւարար զինամթերք ձեռք բերաւ:

Քանի մը օր ետք, երկու հայ կիներու միջոցով, մեծ զգուշութեամբ Պաթումէն Գանձակ տեղափոխուեցաւ Մոսին հրացանի հազար փամփուշտ:

* * *

Համազասպ տակաւին Պաթում կը գտնուէր, երբ թաթարները յարձակեցան Գանձակի շուկայի հայերուն վրայ:

Զինուորական մարմինը, նկատի ունենալով Ալեքսան Տայիի մարտական փորձառութիւնը, մինչեւ Համազասպի վերադարձը անոր վստահեցաւ հայկական մարտական ուժերու հրամանատարութիւնը:

Ալեքսան Տայիի կարգադրութեամբ, Աղասի Վերդեան, իր հետ առնելով տասը տղաներ, քաղաքի շուկային մէջ ստանձնեց հայերու պաշտպանութեան գործը:

Շուկային մէջ սկսած հրացանաձգութեան հետեւանքով հայերէն զոհուեցան քառասուն հոգի: Զգալի կորուստներ տուին նաեւ թաթարները:

Այդ կռիւներէն ետք Պաթումէն Գանձակ հասաւ Համազասպ` իր հետ բերելով բաւական քանակութեամբ փամփուշտ: Ան վերստին ստանձնեց Գանձակի ինքնապաշտպանական ուժերու հրամանատարութիւնը:

Գանձակի երկաթուղային կայարանը թաթար զինեալներու հսկողութեան տակ կը գտնուէր եւ չափազանց վտանգաւոր դարձած էր Պաքու եւ Թիֆլիս երթեւեկող հայերուն համար: Կայարանը քաղաքէն երեք քիլոմեթր հեռաւորութեամբ բաց տարածութեան վրայ կը գտնուէր եւ քաղաքին հետ կապուած էր մէկ ճամբայով, որ թաթարական քաղաքամասէն կ՛անցնէր:

Համազասպ որոշեց գրաւել ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող կայարանը եւ ազատել հոն շրջափակման մէջ յայտնուած հայերը: Մարտական ուժերուն ուղղուած հրամանին մէջ ան կ՛ըսէր, «Ինչ գնով էլ լինի, տղերք ջան, անպայման պիտի գրաւել երկաթուղու կայարանը»:

Քաչալ Բախշիի գլխաւորութեամբ ձիաւոր խումբը գիշերային արագ գրոհով մը գրաւեց կայարանը եւ հոն խմբուած վաթսուն հայերը ապահով քաղաք հասցուց:

Այնուհետեւ, ճամբորդող հայերու անվտանգութիւնը ապահովելու եւ հսկելու նպատակով, Համազասպի հրամանով կայարանին մէջ մնայուն կերպով մարտական խումբ տեղակայուեցաւ:

* * *

Գանձակի մօտակայ թաթարական Չայլար, Չոլագ եւ Մոլլա Ջայլու գիւղերը աւազակաորջերու եւ զինուորական յենակէտերու վերածուած էին: Այդ գիւղերուն տէրն ու տիրականը անուանի աւազակապետ Ղարաբաթ օղլին էր:

Հայոց զինուորական մարմինը որոշեց վճռական հակահարուած տալ եւ միանգամընդմիշտ չէզոքացնել այդ աւազակաորջերը, կանխելու համար նախատեսուող յարձակումները:

Աւազակաորջերը չէզոքացնելու եւ զինեալ թաթարները այդ կողմերէն  քշելու վճռականութեամբ, Համազասպի հրամանով հայկական մարտական ուժերը առաջին հերթին յարձակեցան Չայլարի վրայ:

Չայլարի վրայ յարձակումը կատարուեցաւ քանի մը ուղղութիւններով միաժամանակ եւ սրընթաց:

Երեք ժամ տեւած յամառ կռիւներէ ետք թաթարները, զգալի կորուստներ տալով, փախուստի դիմեցին: Կռուի ընթացքին սպաննուեցաւ աւազակապետ Ղարաբաթ օղլին: Հայ մարտիկներէն զոհուեցան Քաչալ Բախշի եւ Իվան, իսկ ոտքէն վիրաւորուեցաւ Աղասի Վերդեան:

Գիւղ մտնելով, հայ մարտիկները կրակի տուին եւ աւերեցին զայն:

* * *

Թոփալ Հասանլու թաթարական մեծ գիւղ էր եւ աւազակներու որջ: Գիւղին հրոսակախումբերը դիրքեր գրաւած էին հայկական գիւղեր տանող ճանապարհներուն վրայ եւ կտրած էին Գանձակը Բանանցի շրջանին ու Չարտախլուի կապող հաղորդակցութեան ուղին:

Թոփալ Հասանլուի ոչնչացումը անհրաժեշտ էր եւ կենսական նշանակութիւն ունէր հայկական բնակավայրերուն համար: Հետեւաբար զինուորական մարմինը վճռեց ոչնչացնել Թոփալ Հասանլուն:

Մարտիրոս Վարժապետի, Ալեքսան Տայիի եւ Ղաչաղ Համբոյի գլխաւորած մարտական խումբերը, բոլորը միասին 160 հոգի, 22 դեկտեմբեր 1905-ի լուսաբացին յանկարծակի ներխուժեցին Թոփալ Հասանլու եւ երեք կողմէն երկաթէ օղակի մէջ առին զայն:

Անակնկալի եկած թաթարները չկրցան կազմակերպուած դիմադրութիւնը ցոյց տալ եւ փախուստի դիմեցին: Քանի մը համազարկերէ ետք հայ մարտիկները մտան գիւղ, շատ մը հրոսակներ սուրի քաշեցին եւ յետոյ հրդեհեցին ամբողջ գիւղը: Հայ մարտիկները ոչ մէկ զոհ տուին: Հայոց ձեռքը անցաւ Գանձակի հայերէն գողցուած աւարը:

.aztagdaily.com/archives/616899

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail