Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Թաթար Քոչուորներու Զանգուածային Տեղաշարժեր Եւ Շուշիի Շրջափակումը – ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
17 ՅՈՒԼԻՍ 2024 – ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆ – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ:
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՈՒՈՅ ՊԱՐՏՔՆ Է – lousavor-avedis.org
– Գիշերը որքան էլ երկարի, առաւոտը գալու է: – lousavor-avedis.org
Արցախի, Սիւնիքի եւ յարակից շրջաններու հայութեան համար կատարեալ պատուհաս էին թրքական քոչուոր ցեղերը: Անոնց տարեկան զանգուածային տեղափոխութիւնները` հայկական տարածքներու մէջ գտնուող լեռնային արօտավայրերը, աղիտալի հետեւանքներ կ՛ունենային հայութեան համար:
Սպառազինուած քոչուոր ցեղերը շարժուն բանակներ էին: Գարնան անոնք իրենց ոչխարներու անհամար հօտերով, ուղտերով, ձիերով եւ էշերով ու ամբողջ ունեցուածքով ձմեռանոցներէն զանգուածաբար լեռնային արօտավայրեր կը բարձրանային եւ ջուրերու եզրին վրաններ կը լարէին: Քոչուորներ հայերու ցանքերը կը փճացնէին, անասունները կը գողնային եւ գիւղացիներուն հետ տեւաբար ընդհարումներ կ՛ունենային:
Քոչուոր ցեղերէն Ռումլումները, իրենց չորս ճիւղերով` Այրումլու, Սէյիտլու, Աքշաքլու եւ Սաատլու, տարածուած էին Արարատեան դաշտէն Վայոց Ձոր, Ղազախ եւ Ատրպատական: Անոնց ցեղապետ էմիր Սաատի անունով Արարատեան դաշտը կոչուած էր Չուխուր Սաատ:
Մուղանլուները մեծ մասամբ իրենց ձմեռանոց Մուղանի տափաստաններուն, ինչպէս նաեւ Զաքաթալայի եւ Արիշի գաւառներուն եւ Պաքուի Ջաւադի շրջանին մէջ կեդրոնացած էին:
Շահսաւան, Շամլու, Պայաթ, Աֆշար, Ալփաուտ, Ահմէտլի, Փատար եւ Խալաճ ցեղերը տարածուած էին Ատրպատականէն մինչեւ Շիրվան, Ղուբա եւ Գանձակ:
Ղարաբաղի նախկին խանութեան իշխող Ջաւանշիրներու ցեղէն այդ ժամանակ ամէնէն աւելի ազդեցիկ էր Ահմէտ պէյ Ջաւանշիրի դուստրը` Համիտա Ջաւանշիր, որ 1903-ին ռուսական բանակի սպայ հօր մահէն ետք ժառանգած էր տոհմապետական իրաւասութիւնները:
* * *
Թիֆլիսի մէջ 1906 մարտ-ապրիլին կայացած ռայոնական ժողովին Համազասպ ելոյթ ունենալով ներկայացուց քոչուորներուն պատճառած հսկայական վնասները: Ան ըսաւ. «Չպիտի կարծել, որ եթէ մենք առիթ չտանք, թուրքերը խաղաղ կը մնան: Ո՛չ, եւ իբր թէ քոչը վնասակար չէ: Հարցը նրանումն է, թէ ի՞նչ միջոցներով պիտի կարողանանք զսպել այդ վտանգաւոր տարրին: Զանգեզուրի աշխարհագրական դիրքը տարբեր լինելով քան Գանձակինը, նոքա այնտեղ իրենց յետեւը կը թողնեն ձիաւոր խմբեր, որ մեծ աւերած կարող են անել: Մեր բոլոր ջանքը պիտի լինի այդ խմբերի առաջն առնել, բայց ինչպէ՞ս: Արդեօք ամէն գիւղում բազանե՞ր ստեղծենք. բայց չէ՞ որ մթերք չունենք: Ցանկալի է, որ այս ուղղութեամբ խօսուի թէ ի՛նչ գործնական միջոցներով (կարելի է) նրանց առաջն առնել»:
Բայց քոչուորներու տեղափոխութիւնները արգիլելու հնարաւորութիւններ չկային: Հետեւաբար սպառազինուած քոչուոր ցեղերուն անակնկալ յարձակումները դիմագրաւելու նպատակով Համազասպ առաջարկեց այդ ուղղութեամբ քայլեր ձեռնարկել եւ միշտ պատրաստ ըլլալ զանոնք դիմագրաւելու համար:
Համազասպ ըսաւ. «Մենք ոչ մի հնարաւորութիւն չունենք քոչը արգիլելու, բայց ոչ մի դէպքում չպիտի լաւատես լինել. ուստի անհրաժեշտ է միշտ պատրաստ լինել, քանի որ թուրքերը լաւ զինուած լինելով եւ մեծ խմբերով արշաւելով` ոչ մի հնարաւորութիւն չպիտի ունենանք առաջն առնելու»:
Ռայոնական ժողովը քննեց նաեւ հակահայ տրամադրութիւններ ունեցող ռուս պաշտօնեաներու հանդէպ վերաբերմունքի հարցը:
Աբրահամ Գիւլխանդանեան ըսաւ, որ պէտք է պատժել միայն գործող պաշտօնեաները: Համազասպ հակադարձելով ըսաւ. «Ցարական պաշտօնեաները չպէտք է մտածեն, որ կարող են ամէն տեսակ ոճիրներ գործել եւ ապա պաշտօնաթող լինելով հանգիստ ապրելու. ուստի որպէսզի նրանց մէջ այդ համոզմունքը չմտնի, պէտք է նրանց եւս պատժել»:
* * *
Խաշնարած ցեղերու քոչը սկսաւ 1906 ապրիլին, ձիւնհալէն ետք: Մուղանի տափաստաններէն եւ այլ վայրերէ տասնեակ հազարաւոր քոչուորներ իրենց անհամար խաշինքներով սկսան բարձրանալ Արցախի եւ Սիւնիքի լեռնային արօտավայրերը:
Հազիւ քոչը սկսած, լարուած վիճակ ստեղծուեցաւ յատկապէս Խաչենի ու Վարանդայի մէջ:
Համազասպ, որ այդ օրերուն Մոխրաթաղ կը գտնուէր, 25 ապրիլ 1906 թուակիր նամակով, ուղղուած` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Արեւելեան բիւրոյին, կը գրէր. «Դրութիւնը հետզհետէ նկատելի չափով սուր կերպարանք է ստանում մեր գաւառում, լիրբ Ֆիլիգինսկին (ոստիկանապետը) տեղս գալուց անմիջապէս յետոյ: Էրէկ թուրքեր յարձակուեցին Ջանեաթաղի վրայ տաւար տանելու մտքով, բայց էրեք զինուոր շուտ հասնելով յետ են դարձնում ապրանքը»:
Լեռնային բարձունքներուն վրայ լարուած քոչուորներու վրանախումբերը շարժուն բանակներ էին: Ցեղախումբերը իրենց հակակշիռին տակ առին հայկական բնակավայրերու վրայ իշխող բարձունքներն ու հաղորդակցութեան ուղիները:
Խանասորոյ Վարդան 26 մայիս 1906 թուակիր նամակով Համազասպին կը գրէր. «Լեռ բարձրացած թուրքերը չափազանց լրբացել են…: Նկատւում է մի ընդհանուր ծրագիր թուրքերի կողմից, կառավարութեան պարզ աջակցութիւնը եւ խրախուսանքը: Դրութիւնը մեր շրջանում առհասարակ լարուած է. միշտ սպանութիւններ եւ թալաններ են տեղի ունենում»:
Համազասպ Մոխրաթաղէն Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Արեւելեան Բիւրոյին յղած իր մէկ նամակին մէջ դժգոհութիւն կը յայտնէր ռայոանական ժողովին` քոչի եւ մարտավարութեան վերաբերեալ ընդունուած որոշումէն: Ան կը գրէր. «Ռայոնական ժողովի առաջ, երբ կայացաւ զինուորական ժողով եւ միաձայն վճռուեց քոչին չթողնել բարձրանալ… ռայոնական ժողովի վարժապետները քանդեցին այդ վճիռը, կարծելով, որ թուրքը իրենց հետ եղբայրացել է: Ոչինչ, այդպիսի անհեռատես վճիռների մէջ շատ է տապկուել հայ ժողովուրդը»:
Խաչեն գաւառին մէջ տիրող ծանր դրութեան անդրադառնալով Համազասպ կը գրէր. «Գրել եմ, էլի ստիպուած եմ գրելու. բաւ է խնամութիւն անել. այս ռայոնի (Խաչենի) համար խոստացած 8000 ծայր 50 մաուզերի ատրճանակ. 90 հրացանի փոխարէն գոնէ մի քառորդ ուղարկէք, ինչպէս եւ որոշուած գումարը»:
* * *
Հայութեան համար կատարեալ պատուհաս դարձած էին Ջիվանշիր գաւառի թաթարաբնակ Քեւան Քայա, Քոչուր Ամիլեար, Քուշնազար եւ Նարիշատ բնակավայրերը:
Համազասպ որոշեց նախայարձակ ըլլալ եւ պատժել այդ գիւղերը: Բայց նախքան զինուորական գործողութիւններու սկսիլը ան այցելեց այդ բնակավայրերը եւ անոնց բնակիչներուն խորհուրդ տուաւ հայերուն հետ հարցեր չստեղծել եւ անոնց վրայ չյարձակիլ, բայց ապարդիւն:
Հայկական մարտական ուժերը Համազասպի գլխաւորութեամբ 19 յունիս 1906-ին յարձակեցան թաթարական այդ գիւղերուն վրայ եւ նուաճեցին զանոնք: Թաթարները ցիրուցան փախուստի դիմեցին:
* * *
Թաթար թափառաշրջիկ ցեղախումբերու քոչը կատարուած էր ռազմական յստակ ծրագիրով մը:
Թաթարներուն նպատակակէտը Շուշին էր: Անոնք վճռած էին օղակի մէջ առնել քաղաքի հայկական թաղերը, հաղորդակցութեան ուղիները կտրել եւ հետեւողական յարձակումներով կոտորել եւ ցիր ու ցան ընել շուշեցի հայերը:
Շուշիի յարակից բարձունքներուն վրայ վրանախումբեր հաստատելէ ետք թաթար քոչուորները կտրեցին ճամբաները, հայկական թաղերը կղզիացուցին եւ սկսան յարձակումներ գործել հայերուն դէմ: Իրենց հանդիպած հայերը կը բռնէին եւ խումբ-խումբ կը տանէին ու կը կոտորէին:
Շուշիի շրջակայ հայկական գիւղերը պաշարուեցան: Անոնց բնակիչներուն մէկ մասը յաջողեցաւ խոյս տալ եւ Շուշիի հայկական թաղերը մտնել: Յաջորդող օրերուն Շուշիի կացութիւնը սկսաւ աւելի տագնապալի ու օրհասական դառնալ:
Լայնածաւալ յարձակումի պատրաստուելով, թաթարներ կտրեցին Շուշիէն Եւլախ եւ Պաքու ճանապարհները: Եւլախէն Շուշի ուղղուող հանրակառքերը կանգնեցնելով թաթարներ հայ ուղեւորները դուրս նետեցին եւ այր թէ կին, մեծ թէ փոքր բոլորն ալ կոտորեցին կամ գերեվարեցին: Հարիւրաւոր հայեր այս ձեւով սուրի քաշուեցան:
Նոյն ժամանակ Աղտամի մէջ թաթար մեծաթիւ հրոսակախումբեր կեդրոնացուեցան, իբրեւ նպատակակէտ ունենալով Շուշին:
Իրենց յաջողութիւններէն քաջալերուած, թաթարներ սաստկացուցին յարձակումները Շուշիի շրջակայ հայկական գիւղերուն վրայ:
Հայկական մարտական խումբերը կ՛աշխատէին խոյս տալ լայնածաւալ բախումներէ եւ պաշտպանողական դիրք բռնած էին:
Ռուսական զօրքը, զօրավար Գոլոշչապովի հրամանատարութեամբ, չէզոք դիրք բռնած էր եւ միջամուխ չէր ըլլար բախումներուն:
Հայերու դէմ յարձակումներուն իբրեւ հակադարձութիւն, հայկական մարտական թռուցիկ խումբը Խոջալուի մէջ տասնեակ մը թաթար սայլապաններ գերեվարեց եւ սուրի քաշեց:
Հայերու պաշտպանողական եւ չհակադարձելու մարտավարութիւնը թշնամիին կողմէ կը մեկնաբանուէր իբրեւ տկարութիւն, եւ անհրաժեշտ էր ամէն գնով կիրարկել «ակն ընդ ական»-ի սկզբունքը:
Ընդհանուր հրամանատար Խանասորայ Վարդան ըսաւ. «Այս սրիկաների համար մեծահոգութիւնը նշանակութիւն չունի: … Լրբանում են եւ քաջալերւում, … ենթադրելով որ հայերը չափազանց վախենում են»:
Երբ քոչուոր հրոսակախումբերու յարձակումները սաստկացան, Շուշիի թաթարները եւս գլուխ բարձրացուցին եւ սպառազինուած` սկսան շրջագայիլ քաղաքին մէջ:
Վարդան 1 յուլիս 1906-ին նամակ ուղարկեց Համազասպի, ուր կ՛ըսէր. «Համազասպ, քաղաքի դրութիւնը շատ լուրջ է. յուզումը իր գագաթնակէտին է հասել: Երէկ թուրքեր սպաննեցին Եաղբալուից չորս հոգու եւ գերի տարան մէկին»: Վարդան Համազասպի կը հրահանգէր փութով իր մօտ ուղարկել քանի մը տասնեակ ձիաւորներ եւ յատուկ որոշուած մարդիկ ունենալ, որ երբ Շուշիի մէջ կռիւը սկսի, անմիջապէս օգնութեան հասնին:
.aztagdaily.com/archives/620343