Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Շուշիի Կռիւներու Յաղթական Աւարտը – ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
01 ՕԳՈՍՏՈՍ 2024 – ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆ – ԵՐԿԻՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԷՋԷՐ:
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՈՒՈՅ ՊԱՐՏՔՆ Է – lousavor-avedis.org
– Գիշերը որքան էլ երկարի, առաւոտը գալու է: – lousavor-avedis.org
Ինքնապաշտպանութեան Գործի Կազմակերպում
Եւ Ժողովուրդը Զինելու Աշխատանքներ
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Շուշիի մէջ հայ-թաթարական կռիւները սաստկացած էին 1906-ի յուլիսին: Երկօրեայ բուռն կռիւներէ ետք, յուլիս 14-ին զինադուլ հաստատուած էր:
Հայկական մարտական ուժերը յուլիս 16-էն 17 լուսցող գիշերուան ընթացքին մեծ դժուարութեամբ սկսան անցք մը փորել թաթարական ամէնէն վտանգաւոր նկատուող Դիքտան Ղուռունի դիրքին մօտ, շէնքին տակէն:
Դիքտան Ղուռունի դիրքի թաթար զինեալները մութին մէջ նկատեցին հայերու շարժումները:
Նոյն պահուն հայ տղաքը մօտաւորապէս երեսուն քիլօ պայթուցիկ նիւթ պարունակող արկղ մը տեղադրեցին շէնքի պատին տակ, անցքին մէջ:
Ներսը դիրք բռնած թաթարները սկսան ամէն ճիգ գործադրել պատի անցքէն հեռացնելու համար խորհրդաւոր արկղը: Անոնք հրացաններով դուրս կը հրէին արկղը, բայց հայ տղաքը ներս կը հրէին:
Յուլիս 17-ի արեւածագէն առաջ, ժամը 4:00-ին, թնդանօթային համազարկով սկսաւ հայկական մարտական ուժերու գրոհը:
Դիքտան Ղուռունի շուրջ կատաղի գօտեմարտեր սկսան: Հայ մարտիկները ամէն ջանք կը թափէին արկղը անցքին մէջ մտցնելու համար, մինչ թաթարները ուժգին կրակով կը փորձէին մահացու վտանգը իրենցմէ հեռացնել:
Հայ տղաքը պատին տակէն ուժգին համազարկերով շարժեցան եւ պատին վրայ բարձրանալով սկսան ռումբեր նետել դէպի ներս: Ներսը դիրք բռնած թշնամին հեռացնելէ ետք, անոնք արկղը աւելի յարմար տեղ մը զետեղեցին եւ պատրոյգը վառելէն ետք հեռացան:
Քիչ ետք, առաւօտեան ժամը 7:30-ին ուժանակը խլացուցիչ դղրդիւնով պայթեցաւ եւ պատին վրայ դուռի մը չափ անցք մը բացուեցաւ դէպի ներս, դէպի շէնքը: Դիքտան Ղուռուն սասանեցաւ:
Հրձիգ հայ տղաքը, որոնք պատրաստ կը սպասէին, ներս խուժեցին եւ հրդեհեցին տունը:
Դիքտան Ղուռունէն կրակը տարածուեցաւ եւ մօտակայ տասնեակ մը տուներ եւս հրոյ ճարակ եղան:
Թաթարներ, սահմռկած, ռուսական զինուորական հրամանատարութեան դիմեցին եւ հաշտութիւն խնդրեցին:
Հաշտութեան բանակցութիւնները սկսան: Բայց նոյն գիշերը թաթարներ հայ դիրքապահներու չնախատեսած գաղտնի ճամբով, Փահլուրի եւ Կրկժանի արանքով շուրջ երկու հարիւր զինեալներ մտցուցին Շուշի:
Թաթարներ սկսան ձգձգել բանակցութիւնները, դուրսէն օգնութիւն ստանալու յոյսով:
* * *
Ռուս սպայ Չեռնեաւսկի, որ թաթարներուն բարեկամ էր, յուլիս 21-ին զօրքով մտաւ Շուշի, Աղա Իրզայի աւերակները հայերէն պարպելու մտադրութեամբ:
Հայերն ու թաթարները քսան քայլ հեռաւորութենէ իրարու հետ կը խօսէին ու կը վիճէին:
Չեռնեաւսկի յանկարծ մօտեցաւ թաթարներուն եւ անոր ազդանշանին վրայ, պատնէշի ետեւէն թաթարներ կրակ բացին հայերուն վրայ:
Հայ մարտական ուժերը փութով հասան կռուի վայրը, Աղա Իրզայի աւերակներուն շուրջը: Անոնք ռումբեր նետեցին աւերակներէն ներս, թաթար խուժանին վրայ եւ երեկոյեան «փառաւոր ջարդ տալէ ետք», փախուստի մատնեցին զանոնք:
Հրացանաձգութիւնը շարունակուեցաւ մինչես կէս գիշերէն ետք ժամը 2:00:
Յուլիս 22-ի առաւօտուն հրացանաձգութիւնը բոլորովին դադրած էր:
Թաթարներ կրկին հաշտութիւն խնդրեցին: Այս անգամ անիկա վերջապէս կայացաւ:
Շուշիի վերջին կռիւներուն հայերը տուին քսանչորս զոհ եւ 102 վիրաւոր: Թաթարներուն կորուստը կրկնակի չափով աւելի էր: Նաեւ հրդեհուեցան երկու հարիւրէ աւելի տուներ, որոնց մեծ մասը թաթարներուն կը պատկանէր:
* * *
Ինքնապաշտպանութիւնը ամուր հիմերու վրայ դնելու եւ գիւղերը թաթարներու հետագայ յարձակումներէն պաշտպանելու համար անհրաժեշտ էր զինել ժողովուրդը եւ զինավարժ տղաք պատրաստել:
Ընդհանուր առմամբ, հայ-թաթարական ընդհարումները ցոյց տուին, որ հայերը անպատրաստ են տարբեր ճակատներու վրայ միաժամանակ մարտական խոշոր գործողութիւններ վարելու:
Թաթարական վտանգը չէզոքացնելու եւ ինքնապաշտպանութեան գործը կազմակերպելու համար Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը որոշեց մղել գիւղացիները, որպէսզի ամէն ընտանիք անպայման իր անձնական զէնքը ունենայ: Իսկ զէնք ունենալու համար` ի հարկին եզը, կովը կամ որեւէ գոյք ծախել եւ հրացան գնել: Նաեւ ունեւորները պարտաւորութեան տակ դրուեցան մէկէ աւելի զէնք ձեռք բերելու եւ մարտական տղոց տրամադրութեան տակ դնելու: Իսկ շատ չքաւորները ազատ կը ձգուէին եւ կամ եթէ կրնային նախընտրելի էր ատրճանակ մը ունենալ:
Միաժամանակ որոշուեցաւ գիւղացիներուն մէջ ընդհանուր ժողովարարութիւն կազմակերպել եւ հաւաքուած դրամով զէնք ու զինամթերք գնել: Այդ զէնքն ու զինամթերքը գիւղին համայնական սեփականութիւնը պիտի դառնային եւ նաեւ չքաւոր գիւղացիներուն պիտի տրուէին:
Միւս կողմէ, գիւղացիները պարտաւորութեան տակ կը դրուէին, որպէսզի կազմակերպութիւնը անխափան կերպով կարենայ մաքսանենգներու միջոցով զէնք ձեռք բերելու:
Եւլախ – Շուշի ճանապարհը թաթարներուն կողմէ կտրուած էր: Կազմակերպութիւնը լեռներու վրայէն եւ ձորերու մէջէն, հայաբնակ վայրերէն մեծ դժուարութեամբ նոր ճամբայ մը բացաւ: Այդ ճամբով կարելի եղաւ Գանձակէն եւ Թիֆլիսէն մեծ քանակութեամբ զէնք ու զինամթերք մտցնել Արցախ:
* * *
Արցախի հայութեան ինքնապաշտպանութեան լուրջ վտանգ կը ներկայացնէին ներքին թշնամիները: Հայանուն մարդիկ, որոնք կը գործակցէին թաթարներու հետ եւ կը դաւէին իրենց հարազատ ժողովուրդին:
Նախիջեւանիկ գիւղէն եւ Փիրումեան տոհմէն մեծատուններ Հաթամ բէկ եւ եղբայրը` Շամիլ, սարսափ ու պատուհաս դարձած էին հայութեան: Անոնք, թաթարներու հետ միացած, սանձարցակ կը թալանէին հայ գիւղացնիները եւ իրենց ընդդիմացողները անպատիժ սուրի կը քաշէին:
Խանասորայ Վարդան հանդիպում ունեցաւ Հաթամ բէկի հետ եւ փորձեց համոզել զայն, բայց ապարդիւն: Ի վերջոյ Վարդանի հրամանով Հաթամ բէկ եւ Շամիլ գնդակահարուեցան իրենց գիւղին մէջ:
* * *
Արցախի մէջ իրավիճակը համեմատաբար կայունացած էր, երբ 1906 դեկտեմբերին ռուսական իշխանութիւնները յօրինեցին այսպէս կոչուած «Դաշնակցութեան գործը» եւ սկսան հետապնդել ու ձերբակալել հայ-թաթարական կռիւներուն մասնակիցները:
Ստեղծուած կացութեան առջեւ ընդհանուր հրամանատար Խանասորայ Վարդան Շուշիէն Թիֆլիս մեկնեցաւ, ուրկէ յետոյ Պաքու տեղափոխուեցաւ:
———-
Համազասպ Սրուանձտեանց
Համազասպ Սրուանձտեանց ծնած է 5 յունուար 1873-ին, Վանի Այգեստան քաղաքամասին մէջ: Սրուանձտեանցները կամ Սանդենք մեծահամբաւ տոհմ էին եւ Այգեստանի Սանդենց թաղամասին մէջ կեդրոնացած էին: Տոհմի նահապետ Աւետիս ունէր հինգ որդի` Խաչատուր, Յովհաննէս, Յակոբոս, Սիմէոն եւ Միքայէլ: Անոնցմէ Յովհաննէս եղաւ հոգեւորական` Գարեգին եպիսկոպոս Սրուանձտեանց (1840-1892), հայ բանահաւաքներու ու ազգագրագէտներու ռահվիրան:
Խաչատուրի եւ Ալմաստի որդի Համազասպ նախակրթութիւնը թաղի ծխական դպրոցին մէջ ստացաւ, որմէ ետք սորվեցաւ ոսկերչութիւն եւ ժամագործութիւն: Եղաւ արմենական եւ ներգրաւուեցաւ յեղափոխական շարժման մէջ: Ձերբակալութենէ խուսափելու համար անցաւ Պոլիս: Հօրեղբօր` Գարեգին եպիսկոպոսի յանձնարարութեամբ 1892-ին մեկնեցաւ Երեւան եւ Խրիմեան Հայրիկի միջնորդութեամբ թեմական դպրոցը ընդունուեցաւ: Այս ժամանակ ալ ան անդամակցեցաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան:
Համազասպ 1894-ին շուշեցի Շուշանիկ Վանեանցի հետ ամուսնացաւ եւ ունեցաւ չորս զաւակ. Գարեգին, Ալմաստ, Հրանդ եւ Վանազատ:
Համազասպ իր կրտսեր եղբօր` Հրաչեայի հետ 1903-ին Երեւանէն Շուշի փոխադրուեցաւ, ուր ոսկերիչի արհեստանոց բացաւ:
Հայ-թաթարական կռիւները սկսան 1905 փետրուարին, Պաքուի մէջ: Համազասպ եղբօր Հրաչեայի յանձնեց արհեստանոցը եւ զինուորագրուեցաւ ժողովուրդի ինքնապաշտպանութեան համար մարտական խումբերու կազմակերպման գործին: Անոր յանձնուեցաւ Խաչեն գաւառի հայութեան պաշտպանութեան գործի կազմակերպումը:
Համազասպ թէեւ ռազմական կրթութիւն չունէր եւ նախապէս չէր մասնակցած ռազմական որեւէ գործողութեան, բայց կազմակերպչական եւ զինուորական տաղանդով փայլեցաւ յատկապէս Ասկերանի ճակատին վրայ:
Ասկերանի կիրճը փակած Համազասպի հմուտ մարտավարութեան շնորհիւ թաթար խուժանը 22 օգոստոս 1905-ին ծուղակը ինկաւ եւ բնաջնջուեցաւ:
Համազասպ դարձաւ առասպելական դէմք: Անոր նուիրուած երգեր հիւսուեցան: Թաթար խուժաններուն համար ան հոգէառ սադայէլ մըն էր:
Համազասպ 1905 նոյեմբերին կազմակերպեց Գանձակի հայութեան ինքնապաշտպանութիւնը: 1906 յունուարին կրկին անցաւ Արցախ: Անոր առաջնորդութեամբ աւերուեցան աւազակաբոյներու վերածուած թաթարական շարք մը բնակավայրեր:
Հայ-թաթարական ընդհարումներու աւարտէն ետք Համազասպ Պաքու տեղափոխուեցաւ, յետոյ անցաւ Պարսկաստան եւ վերադարձաւ Պաքու:
Համազասպ 1907 օգոստոսին ձերբակալուեցաւ Պաքուի մէջ եւ Թիֆլիսի Մետեխի բանտը նետուեցաւ: Մեղադրուեցաւ իբրեւ ընդհարումներ, ջարդեր եւ կողոպուտներ կազմակերպող: 1908-ին Գանձակի բանտը, իսկ 1910-ին Ռոստովի բանտը փոխադրուեցաւ: Դատավարութիւնը տեղի ունեցաւ 1912-ին եւ ցկեանս Սիպերիա աքսորի դատապարտուեցաւ: 1912-ի վերջաւորութեան փախաւ աքսորէն եւ անցաւ Եւրոպա, ապա` Պոլիս:
Առաջին Համաշխարհային պատերազմի բռնկումէն ետք Համազասպ Թիֆլիս փոխադրուեցաւ եւ ստանձնեց կամաւորական երրորդ գունդի հրամանատարութիւնը: Երրորդ գունդը մեծ դերակատարութիւն ունեցաւ Կաղզուանի, Ալաշկերտի եւ Մանազկերտի ուղղութեամբ ընթացող մարտերուն մէջ:
Վանի հերոսամարտի յաղթական աւարտէն ետք Համազասպ իր կամաւորներով Վան մտաւ եւ ազատագրեց Վանայ լիճի ափամերձ գիւղերը: Այնուհետեւ մարտնչեցաւ Պիթլիսի եւ Խիզանի շրջաններուն մէջ:
Ռուսական 1917-ի փետրուարեան յեղափոխութենէն ետք Համազասպ Ալաշկերտի շրջանի պաշտպանութեան ղեկավար նշանակուեցաւ:
Համազասպ 1918-ին Պաքու մեկնեցաւ եւ մասնակցեցաւ քաղաքի հայութեան ինքնապաշտպանութեան կռիւներուն:
Հայաստանի Հանրապետութեան կազմաւորումէն ետք գնդապետի աստիճանով ստանձնեց Նոր Բայազիտի զօրամասերու հրամանատարութիւնը:
Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք, 1920 դեկտեմբերին ձերբակալուեցաւ եւ 18 փետրուար 1921-ի արեւածագէն առաջ կացինահարուեցաւ: