Սեւրի Դաշնագիրի 104-ամեակ Ա.՝ Կարեւոր Հաստատումներ – ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Tetradrachm of Kingdom of Armenia with bust of Artavasdes II, Late Hellenistic Period, 39–38 BC, Museum of Fine Arts, Boston

Սեւրի Դաշնագիրի 104-ամեակ Ա.՝ Կարեւոր Հաստատումներ – ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

02 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2024 – Հայ Դատ՝ Պահանջատիրութիւն, Յուշեր, Աշխարհաքաղաքական, Ընկերային Հասարակական – haroutchekijian.wordpress.com

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՈՒՈՅ ՊԱՐՏՔՆ Է – lousavor-avedis.org

– Գիշերը որքան էլ երկարի, առաւոտը գալու է: lousavor-avedis.org

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Posted in Հայ Դատ՝ ՊահանջատիրութիւնՀայաստանի ՀանրապետութիւնՀայաստանի Հանրապետութիւն 1918Պատմութիւն ԸնդհանուրՍեւրի ԴաշնագիրԱշխարհաքաղաքական

Սեւրի դաշնագիրի 100-ամեակին առիթով ծաւալուն ուսումնասիրութիւն մը պատրաստած էի «Հայրենիք»-ին համար, տես՝ «Ամերիկացի ժողովուրդին, Ներկայացուցիչներու Տան Եւ Ծերակոյտին մօտ արդէն զարգացած Էր ազատ, անկախ Հայաստանի գաղափարը համիտեան ջարդերուն ընթացքին՝ 1895-ին, Սեւրի դաշնագիրէն 25 Տարի Առաջ…» (1):

Հակառակ անոր, որ մեծ թիւով ուսումնասիրութիւններ եւ գիտական հիմունքով յօդուածներ լոյս տեսած են Սեւրի դաշնագիրին մասին, տակաւին ոչ գիտական, սխալ մեկնաբանութեամբ յօդուածներ ալ լոյս կը տեսնեն մեր մամուլին մէջ, անուղղակիօրէն սատարելով թրքական յերիւրանքներուն:

Տրուած ըլլալով, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի իրաւարար վճիռին վստահուած էր Ա. Համաշխարհային պատերազմէն ետք, պարտուած Օսմանեան կայսրութեան հպատակ երկիրներէն, Հայաստանի հողային քարտէսն ու սահմանները, որ պիտի բնորոշէր հետագայ Թուրքիոյ արեւելեան սահմանը, միանգամ ընդմիշտ պիտի փորձեմ լուսաբանել եւ պարզեցնել դաշնագիրին խառնաշփոթը եւ սխալ ըմբռնումները՝ հետեւեալ գլխաւոր կէտերով, որոնք պիտի մանրամասնեմ յառաջիկայ յօդուածներով.

  1. Միջազգային օրէնքով իրաւարար վճիռները վերջնական են եւ քննելի չեն, ՎԱՒԵՐԱՑՄԱՆ ՉԵՆ ԿԱՐՕՏԻՐ: Այսինքն, արդէն կողմերը սկիզբէն համաձայնած են իրաւարարին տալիք որեւէ վճիռին:
  2. Միացեալ Նահանգները իբրեւ պետութիւն մաս կազմած չէր Սեւրի դաշնագիրին, քանի որ պատերազմ չէր յայտարարած Թուրքիոյ դէմ, այլ՝ Գերմանիոյ դէմ: Ճիշդ այս պատճառով էր, որ իբրեւ անկողմնակալ կողմ՝ Միացեալ Նահանգներու նախագահի անձին եւ ոչ թէ պետութեան վստահուեցաւ իրաւարարի դերը: Այնպէս որ ծերակոյտին կամ քոնկրէսին վաւերացումին չէր կարօտէր:
  3. Սակայն, Միացեալ Նահանգներու ներքին օրէնքով, ըստ սահմանադրութեան, նախագահին կնիքն ու ստորագրութիւնը կրող որեւէ դաշնագիր, կը դառնայ պետական օրէնք եւ Սեւրի դաշնագիրի այս իրաւարար վճիռը՝ ՔԱՐՏԷՍԸ ԴԱՐՁԱԾ Է ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՕՐԷՆՔ եւ օրէնքի ուժ ստացած ու ցարդ ի զօրու է` «what the (US) Constitution calls «the supreme Law of the Land»» (2):
  4. Միջազգային դաշնագիրները ՉԵՆ ՓՈԽԱՐԻՆՈՒԻՐ եւ վախճանման թուական չունին expiry date, բացի եթէ դաշնագիրին մէջ նշուած ըլլայ այդպիսի յօդուած, որ այս պարագային՝ չկայ:
  5. Լոզանի դաշնագիրը բացարձակապէս կապ չունի Սեւրի դաշնագիրին հետ, անոր մէջ նշուած չէ Թուրքիոյ արեւելեան սահմանը, եւ մասնակցող երկիրները նոյները չէին ու մանաւա՛նդ Հայաստանը մասնակից չէր: Այլ խօսքով, ծիծաղելի պիտի ըլլայ, որ խումբ մը երկիրներ ժողով գումարեն եւ խումբ մը այլ երկիրներու որոշած դաշնագիրը փոխարինեն… Ուղղակի անհեթե՛թ:
  6. Աւելի՛ն: Միացեալ Նահանգները մինչեւ 1927 եւ ցարդ, պաշտօնապէս ճանչցած չէ Թուրքիոյ արեւելեան սահմանը: Մինչեւ 1927 դեսպան չունէր Թուրքիոյ մէջ, քանի որ դեմոկրատները դէմ էին սահմանի ճանաչումին, որ դեսպան ունենալու պայմաններէն մէկն է: Նախագահին տնօրինումով, առանց սահմանը ճանչնալու դեսպան նշանակուեցաւ, որուն պատճառով Ամերիկայի մէջ բողոքի ցոյցեր տեղի ունեցան. «Հայաստանը եւ Լոզանի դաշնագիրը» խորագիրին տակ դեմոկրատ կուսակցութիւնը կը յայտարարէ (3). «Մենք կը դատապարտենք Լոզանի դաշնագիրը: Ատիկա կը փոխանակէ (առեւտրական իմաստով*) ամերիկեան իրաւունքները եւ կը դաւաճանէ Հայաստանին՝ քարիւղի Չեսթըր մենաշնորհին փոխարէն:
    «Մենք կը նպաստենք Թուրքիոյ մէջ ամերիկեան իրաւունքներուն պաշտպանման եւ նախագահ Ուիլսընի Հայաստանի վերաբերեալ իրաւարար վճիռի գործադրութեան»:
  7. Վերջապէս, Սեւրի դաշնագիրը մեծ համեմատութեամբ գործադրուեցաւ, մի՛այն Հայաստանի բաժինը չգործադրուեցաւ: «ԹՈՒՂԹԻ ՎՐԱՅ ՉՄՆԱՑ»: Օսմանեան կայսրութեան միւս բոլոր երկիրները՝ Եւրոպայի, Ափրիկէի եւ արաբական աշխարհի ունեցան իրենց անկախութիւններն ու սահմանները: Այնպէս որ, Սեւրի դաշնագիրը իբրեւ գործնական ընթացք արդիւնաւոր եղած է եւ ի զօրու է: Բոլոր միւս երկիրներուն նման, դաշնագիրին կիսատ մնացած հայկական բաժինը եւս, իբրեւ Հայ Դատի կռուաններէն կարեւորագոյնը, պիտի հետապնդենք եւ մեր բոլոր իրաւունքներուն պիտի վերատիրանանք:
    Հայաստանի Հանրապետութեան այս կարեւոր իրագործումին, Սեւրի դաշնագիրին չգործադրուելուն պատճառը, դաշնագիրէն քանի մը ամիս ետք անոր իրաւայաջորդ պոլշեւիկ կառավարութեան յանցանքն էր, որ ո՛չ միայն չհետապնդեց Սեւրի դաշնագիրի գործադրութիւնը, այլեւ հայուն արիւնով ազատագրուած հողերը, Կարսն ու Արտահանը եւ Սուրմալուն, Արարատ լեռով ու Անիով նուիրեց պարտուած քեմալական Թուրքիոյ:

Յարութ Չէքիճեան
10 օգոստոս 2024
haroutchekijian.wordpress.com

  1. https://hairenikweekly.com/?p=43916
  2. https://www.senate.gov/about/powers-procedures/treaties.htm
  3. Platforms of the Two Great Political Parties, 1856-1928 Inclusive, George D. Ellis, July 1928, Washington, U.S. Government Printing Office. https://play.google.com/store/books/details?id=wftOAQAAMAAJ&rdid=book-wftOAQAAMAAJ&rdot=1

ՀԱՅՐԵՆԻՔՅՈՒՍԱԲԵՐ, ԱԶԴԱԿ

haroutchekijian.wordpress.com/2024/08/12/սեւրի-դաշնագիրի-104-ամեակ-կարեւոր-հաստա/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail