Սեւրի Դաշնագիրի 104-ամեակ. Հայ Դատի Խորունկ Իմացութիւն Եւ Մարտավարական Ծրագիր, Համահայկական Հռչակագիրով 2015-ին Վերակենդանացաւ Սեւրի Դաշնագիրն Ու Ազգային Պահանջատիրութիւնը Բ. – ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
06 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2024 – Հայ Դատ՝ Պահանջատիրութիւն, Յուշեր, Աշխարհաքաղաքական, Ընկերային Հասարակական – haroutchekijian.wordpress.com
ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՈՒՈՅ ՊԱՐՏՔՆ Է – lousavor-avedis.org
– Գիշերը որքան էլ երկարի, առաւոտը գալու է: lousavor-avedis.org
Ա. մասին մէջ նշուեցաւ, որ նախագահ Վուտրօ Ուիլսընին իրաւարար վճիռով որոշած Հայաստանի քարտէսը, որ կը կրէ նախագահին ստորագրութիւնը եւ կնիքը, ըստ սահմանադրութեան՝ վերածուած է ամերիկեան օրէնքի: Ամերիկահայութիւնը իրաւատէրի կրկնակի հանգամանքով՝ հայ եւ ամերիկացի, մնայուն օրակարգի պէտք է վերածէ Սեւրի դաշնագիրի հետապնդումը: Այս յօդուածաշարքին մէջ անդրադարձ պիտի կատարուի նաեւ ամերիկացի ժողովուրդին եւ հանրային կարծիքին օրուան նպաստաւոր դիրքորոշումին: Յօդուածներէն ոմանք, որոնք նախապէս լոյս տեսած են, այս շարքին համար պիտի պատշաճեցուին:
Սեւրի Դաշնագիրի 100-ամեակի տարուան առաջին ձեռնարկը 16 յունուար 2020-ին, Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ, դոկտ. Արմէն Մարուքեանի կողմէ (Հայաստանի գիտութիւններու ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի հայկական հարցի եւ Հայոց ցեղասպանութեան ամպիոնի վարիչ), նիւթը իւրացուցած, հմուտ եւ սքանչելի դասախօսութիւնով:
Արհեստավարժ այս պատմագէտը շուրջ 50 վայրկեան, առանց գրաւոր յուշարարի, առանց նախապաշարումի, կամ զգացական աւելորդաբանութեան՝ («Երկաթէ շերեփ», «Թուղթի վրայ մնաց»… եւ այլն) բովանդակալից նիւթը՝ Սեւրի դաշնագիրը եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի «Իրաւարար վճիռը» ներկայացուց ինչպէս որ է (1) (2) :
1. Դոկտ. Արմէն Մարուքեան «Ազդակ»-ի լսարանին կը դասախօսէ, 16 Յունուար 2020-ին:
Կը յիշեմ համալսարանական օրերուս, 1966-70 նոյն նիւթով դասախօսութիւն մը, ուր դասախօսը քմծիծաղով եւ ոչ արհեստավարժ, ծաղրական մօտեցումով, սկիզբէն իսկ անտեղի կերպով բացասական վճիռ արձակեց Սեւրի դաշնագիրին նկատմամբ: Յայտնի էր, որ նիւթը գիտական կերպով չէր ուսումնասիրած եւ եռագոյն դրօշակն ալ սիրող խումբին չէր պատկանէր՝ նախապաշարուած էր: Այլոց նման, առանց համապատասխան գիտութեան՝ հայ դատի հանդէպ պարտուողական աւանդական, տխուր յոռետեսութեամբ լեցուած էր: Մեր մէջ էին նիւթին տեղեակ երկու ուսանողներ, որոնց աւարտական դէզը եղած էր Սեւրի դաշնագիրը: Ուսանողներս պոռթկումներով, բացագանչութիւններով բողոքնիս արտայայտեցինք եւ հազիւ կրցանք զսպել կարգ մը տղաք, որոնք ֆիզիքական պատիժի պիտի ենթարկէին դասախօսը: Տարիներ ետք, իմացայ, որ այդ նոյն դասախօսը, այլ առիթով մը ֆիզիքական պատիժի ենթարկուեր է:
Այսպիսի իմաստակներ, որոնց համար Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը «Դաշնակցութեան» հանրապետութիւնն էր, չեն փափաքիր անդրադառնալ, որ՝ արդէն 10 օգոստոս 1920-ին ստորագրուած դաշնագիրէն չորս ամիս ետք, իսկ Ուիլսընի ստորագրութենէն՝ 22 նոյեմբեր, 10 օր ետք՝ 2 դեկտեմբերին, Հայաստանի Հանրապետութիւնը կորսնցուց անկախութիւնը եւ դարձաւ Խորհրդային, ԱՅՆՊԷՍ ՈՐ, ԴԱՇՆԱԳԻՐԻՆ ԳՈՐԾԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏԱՊՆԴՈՒՄԸ, ՆՈՐ՝ ՊՈԼՇԵՒԻՔ ՎԱՐՉԱԿԱՐԳԻՆ ՊԱՐՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆ ԷՐ: Պոլշեւիքները իրե՛նք էին, որ գործադրութեան արգելք հանդիսացան:
2. Համահայկական Հռչակագիրի պատրաստութեան մասնակիցները՝ Հայաստան, Արցախ եւ Սփիւռք, զոյգ կաթողիկոսութիւններով, Ծիծեռնակաբերդի մէջ, 29 յունուար 2015-ին:
Այս նոր համայնավար իշխանութիւնը սակայն, բոլորովին անտեսեց Սեւրի դաշնագիրը եւ ընդհակառակը, հայ արիւնով ազատագրուած Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքներէն՝ Կարս, Արտահան եւ Սուրմալու նահանգները, Արարատ լեռով եւ Անիով նուիրեց պարտուած Թուրքիոյ եւ Լեռնային Ղարաբաղն ու Նախիջեւանը՝ նորաստեղծ Ատրպէյճանին: ԱՀԱ Ա՛ՅՍ Է ՍԵՒՐԻ ԴԱՇՆԱԳԻՐԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱԺԻՆԸ ՉԳՈՐԾԱԴՐՈՒԵԼՈՒՆ ՊԱՏՃԱՌԸ՝ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ… ՊԱՀԱՆՋՈ՛Ղ ՉԿԱՐ: Ազատ Անկախ Հայաստանը չէր մնացած:
Մարուքեան դասախօսութիւնը սկսաւ, այժմէական եւ ազգային իրաւական՝ 29 յունուար 2015-ին Ծիծեռնակաբերդի մէջ յայտարարուած Համահայկական Հռչակագիրէն՝ մասնակցութեամբ Հայաստանի, Արցախի, Սփիւռքի եւ զոյգ կաթողիկոսութիւններուն ու յարանուանութիւններուն, ուր շեշտը կը դրուէր ոչ թէ մի՛այն Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման վրայ, այլ նաեւ, անոր հետեւանքներու յաղթահարումին՝ հատուցումին: Հռչակագիրի նախաբանին վերջին պարբերութեան մէջ տեղ գտած էր` «…ինչպէս նաեւ 1920 թուականի օգոստոսի 10-ի Սեւրի հաշտութեան պայմանագիրի եւ 1920 թուականի նոյեմբեր 22-ի` Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի Իրաւարար վճիռի դերը եւ նշանակութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքներու յաղթահարման հարցում…» (3):
Ան նշեց, որ այս ոճը դիւանագիտական լեզուով հատուցումի, Հայ Դատի պահանջատիրութիւնն է, որ կը նշանակէ իրաւական թղթածրարի նախապատրաստումը՝ անհատական, համայնքային եւ համազգային խախտուած իրաւունքներու վերականգնումի իբրեւ սկիզբ: Քանի որ ուղղակի հողային հատուցում պահանջելը, քաղաքական լեզուով պատերազմի յայտարարութեան համազօր կ՛ըլլար:
«Յանցագործութիւն պատահած է, սակայն ատոր հետեւանքները տակաւին չեն յաղթահարուած, ընդհակառակը այդ յանցագործութիւնը կը շարունակուի առ նուազն երկու մակարդակով՝ մշակութային եղեռնը՝ փճացնելով կամ իւրացնելով մեր պատմամշակութային ժառանգութիւնը եւ երկրորդ՝Թուրքիոյ իրերայաջորդ պետական մակարդակով յայտարարուած ժխտողականութիւնը, որ կը նշանակէ յանցագործութեան շարունակութիւնը»:
Դասախօսը այս առիթով ներկայացուց 2017-ին ինը մասնագէտներու կողմէ պատրաստուած մէկ աշխատասիրութիւնը` Հայոց ցեղասպանութեան կորուստներուն եւ հետեւանքներուն մասին: Ըստ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի նշեալ աշխատասիրութեան, հիմնական հինգ խումբերու կը բաժնուին ցեղասպանութեան հետեւանքով հայութեան կրած կորուստները:
«Գլխաւոր հետեւանքը հայրենազրկումն էր:
«Երկրորդը` մարդկային կորուստը: Նախքան ցեղասպանութիւնը կար երկուքուկէսէն երեք միլիոն հայ, եթէ ցեղասպանութիւն տեղի չ՛ունենար, այսօր հայութեան ընդհանուր թիւը աւելի քան քսան միլիոն պիտի հաշուէր:
«Երրորդը` հայութեան նիւթական կորուստը, ուր դժբախտաբար նկատի առնուած են միայն Արեւմտահայաստանի վեց նահանգներու կորուստները, մինչ Կիլիկիոյ, յատկապէս Ատանայի եւ Զմիւռնիոյ ջարդերու կորուստները նկատի չեն առնուած: Նաեւ նկատի չեն առնուած հայ կաթողիկէ եւ հայ աւետարանական համայնքներուն կրած կորուստները: Այս կապակցութեամբ, Թուրքիոյ պարտադրած «լքեալ գոյքերու» օրէնքը բոլորովին կ՛անտեսէր հայոց հիմնական իրաւունքները:
«Չորորդը` մշակութային ժառանգութեան կորուստն է, որ տակաւին կը շարունակուի:
«Հինգերորդ կորուստը ցեղասպանութեան հոգեբանական հետեւանքն է, որ իրերայաջորդ սերունդներուն վրայ խոր ազդեցութիւն կը ձգէ»: Մարուքեան բաղդատական մը կատարեց հայերու եւ հրեաներու ցեղասպանութեան միջեւ` նշելով, որ հրեաներու պարագային հողային կամ հայրենիքի հարց չկար, մինչ հայոց պարագային հայրենիքն ալ կորսնցուցին:
Մարուքեան ընդգծեց, որ Սեւրի դաշնագիրի եւ Ուիլսընի Իրաւարար վճիռի յօդուածները չափազանց կարեւոր ու անբեկանելի են: Իսկ Սեւրի դաշնագիրի կարգավիճակին մասին ան յայտնեց, որ անկախ թրքական մերժումներէն, Սեւրի դաշնագիրը մասնակիօրէն գործադրուած է, եւ գործնապէս Օսմանեան կայսրութիւնը մասնատուած է: «Սեւրի սինտրոմը», մղձաւանջը լուրջ մտահոգութիւն կը պատճառէ թուրքերուն»: Շարունակելի:
Շար 2/3
ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
13 Օգոստոս 2024
hatoutchekijian.wordpress.com
1. https://www.facebook.com/aztagdaily/videos/622970325129429/ տեսանիւթ
2. http://www.aztagdaily.com/archives/461160 յօդուած
3. «Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի համահայկական հռչակագիր», նախագահական կայքէջ.
http://www.president.am/hy/press-release/item/2015/01/29/President-Serzh-Sargsyan-visit-
Tsitsernakaberd-Genocide/
ԱԶԴԱԿ, ՀԱՅՐԵՆԻՔ, ՅՈՒՍԱԲԵՐ
haroutchekijian.wordpress.com/2024/08/13/սեւրի-դաշնագիրի-104-ամեակ-հայ-դատի-խորու/