Անփուտ Մարմինի Հանդիսաւոր Ընդունելութիւն Եւ Ամփոփում. Աստուծոյ Ծառայ Կարտինալ Գրիգոր Պետրոս Ժե. Աղաճանեան – Ա. – ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
14 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2024 – ԿՐՕՆԱԿԱՆ:
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:
ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՈՒՈՅ ՊԱՐՏՔՆ Է – lousavor-avedis.org
– Գիշերը որքան էլ երկարի, առաւոտը գալու է: – lousavor-avedis.org

Հինգշաբթի, 12 սեպտեմբեր 2024-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին Պէյրութի Նահատակաց հրապարակին վրայ տեղի պիտի ունենայ կարտինալ Աղաճանեանի անփուտ մարմինի հանդիսաւոր ընդունելութեան արարողութիւնը` նախագահութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքին եւ մասնակցութեամբ կրօնական, քաղաքական եւ հասարակական գործիչներու ու Լիբանանի բոլոր համայնքներու ներկայացուցիչներ:
Հանդիսաւոր արարողութեան աւարտին կարտինալ Աղաճանեանի անփուտ մարմինը թափօրով պիտի տեղափոխուի եւ ամփոփուի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ-Սուրբ Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ գտնուող նորակառոյց շիրիմին մէջ:
Աստուծոյ Ծառայ կարտինալ Աղաճանեանի երանացման եւ սրբադասման դատի հանդիսաւոր բացումը կատարուած էր 28 հոկտեմբեր 2022-ին, իսկ 23 փետրուար 2024-ին աւարտած էր անփուտ մարմինի կանոնական հետազօտութիւնը եւ վաւերականութիւնը:
* * *
Կարտինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան, աւազանի անունով` Ղազարոս, ծնած է 18 սեպտեմբեր 1895-ին, Ախալցխա:
Աղաճանեանները բնիկ կարնեցիներ էին եւ 1828-1829-ի ռուս-թրքական պատերազմէն ետք, 1830-ի գարնան սկիզբը, կարնեցի բազմաթիւ ընտանիքներու հետ տեղափոխուած էին Ջաւախք:
Ապագայ կարտինալին ծնողները` Յարութիւն եւ Իսկուհի Աղաճանեանները բարեպաշտ ու աստուածավախ անձեր էին եւ ունէին երեք զաւակ` Պետրոս, Ղազարոս եւ Եղիսաբէթ:
Ախալցխայի կեդրոնը` Աղաճանեաններու տան մօտ, կը գտնուէր Հայ կաթողիկէ Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման եկեղեցին, որ կառուցուած էր 1836-ին, Վենետիկի Մխիթարեան միաբան Եփրեմ վարդապետ Սէթեանի ջանքերով:
Յարութիւն Աղաճանեան մանր առեւտրական գործերով կը զբաղէր եւ Ֆրանսա, Լուրտի սրբավայր ուխտագնացութենէն վերադարձին հետը կը բերէ Սուրբ Աստուածածնի երկու փոքր արձան, որոնցմէ մէկը կը նուիրէ Ախալցխայի ժողովրդապետութեան, միւսը` Ալաստանի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցիին:
Յարութիւն Աղաճանեան կը մահանայ 1900-ին եւ երեք երեխաները կը մնան իրենց մօր` Իսկուհի Սարուխանեան-Աղաճանեանի հոգատարութեան տակ:
Ղազարոս Աղաճանեան նախակրթութիւնը կը ստանայ ծննդավայրի Կարապետեան դպրոցին մէջ: Ուսուցիչները զայն կը բնորոշեն իբրեւ շատ ուշիմ, կենսունակ, զուարթ եւ եկեղեցւոյ նկատմամբ սիրով տոգորուած մանուկ:
Կովկասի Հայ կաթողիկէ առաքելութիւններու հոգեւոր կառավարիչ Սարգիս վարդապետ Տէր Աբրահամեան յաճախ կ՛այցելէր Աղաճանեաններուն տունը, եւ փոքրիկ Ղազարոս միշտ անկէ կը խնդրէր, որ զինք ուսման ուղարկէ, որովհետեւ կը փափաքի վարդապետ ըլլալ:
Իր մէջ զգալով Տիրոջ կանչը` քահանայ դառնալու, Ղազարոս` մօր հաւանութեամբ, Թիֆլիս կը մեկնի եւ ռուս օրթոտոքս եկեղեցիին Աստուածաբանական ճեմարանը կը մտնէ:
Սարգիս վարդապետ 1906-ին յանձնարարական գրութիւն մը կ՛ուղարկէ Հռոմ` Հաւատքի Տարածման ժողովին պատկանող Ուրբանեան վարժարանի տեսչութեան, եւ Ղազարոսի նկատմամբ գովեստի խօսքերէ ետք կը վստահեցնէ, որ թէեւ ան տասնմէկ տարեկան է, բայց կարճ ժամանակէն գերազանց յառաջընթաց կ՛ապահովէ, որովհետեւ չափազանց ընդունակ է եւ խելացի, գիտէ իտալերէն եւ լատիներէն:
Սարգիս վարդապետ Տէր Աբրահամեանի աջակցութեամբ, Ղազարոս 1906 յուլիս 19-ին Ախալցխայէն ճամբայ կ՛ելլէ եւ երկար ուղեւորութենէ ետք հոկտեմբերին Հռոմ հասնելով եւ Ուրբանեան վարժարան կը մտնէ:
Իր ազնիւ ու վեհանձն բնաւորութեամբ Ղազարոս Աղաճանեան դասընկերներուն, ուսուցիչներուն եւ մեծաւորներուն ջերմ համակրանքին կ՛արժանանայ:
Պիոս Ժ. պապ 2 փետրուար 1907-ին ունկնդրութիւն կը շնորհէ Ուրբանեան վարժարանի աշակերտներուն: Պապը աշակերտներէն իւրաքանչիւրին մասին առանձնաբար հետաքրքրուելէ ետք կը հարցնէ, թէ ո՞վ է անոնցմէ ամէնէն փոքրը: Բոլորը միաբերան կը պատասխանեն. «Ղազարոսը»: Ղազարոս այդ պահուն կը փորձէ իր ընկերներուն ետեւը թաքնուիլ: Քահանայապետը զայն իր քով կանչելով գիրկը կ՛առնէ ու կ՛ըսէ. «Ո՞ւր մնացած է քու մայրիկը: … Ա՜հ, փոքրիկ հայորդին օր մը մեծ առաքելութիւն պիտի կատարէ եկեղեցւոյ մէջ»:
Լեւոնեան հայ վարժարանի 25-ամեակին առիթով, 1 նոյեմբեր 1908-ին Պիոս Ժ. պապ հանդիպում կ՛ունենայ հայ եպիսկոպոսներուն, վարդապետներուն եւ Ուրբանեան վարժարանի հայ աշակերտներուն հետ: Խօսքը հայ աշակերտներուն ուղղելով` պապը զուարթախոհ շեշտով մը կը հարցնէ, թէ անոնցմէ քանի՞ն եպիսկոպոս պիտի դառնայ: Ղազարոս սկսաւ ծիծաղիլ: Քահանայապետը ժպտալով կ՛անդրադառնայ, որ Ղազարոս կը սկսի ծիծաղիլ եւ խօսքը անոր ուղղելով կ՛ըսէ. «Դուն կը ծիծաղիս: Շա՛տ լաւ: Ուրեմն կը մաղթեմ, որ ոչ միայն եպիսկոպոս, այլ նեեւ պատրիարք դառնաս»:
Փայլուն յառաջդիմութեամբ աւարտելով վարժարանը, Ղազարոս Աղաճանեան կը հմտանայ փիլիսոփայութեան եւ աստուածաբանութեան մէջ: 1915-ին ան կը ձեռնադրուուի սարկաւագ, իսկ 23 դեկտեմբեր 1917-ին, ձեռամբ Պետրոս արքեպիսկոպոս Գոյունեանի` կուսակրօն քահանայ: Ղազարոս իրեն համար իբրեւ քահանայական անուն կ՛ընտրէ Ֆրանչիսկոս անունը:
Ֆրանչիսկոս վարդապետ այնուհետեւ Լատերանեան համալսարանին մէջ կը հետեւի իրաւագիտութեան դասընթացքներուն:
* * *
1. Նորընծայ քահանայ Ֆրանչիսկոս Աղաճանեան 2. Ֆրանչիսկոս վարդապետ Աղաճանեան 1923-ին 3. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս-պատրիարք կարտինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան
Համաշխարհային Ա. պատերազմի աւարտէն ետք 1919-ին, Ֆրանչիսկոս վարդապետ Աղաճանեան Թիֆլիս ուղարկուեցաւ եւ հայ կաթողիկէ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետը եղաւ: Այնուհետեւ` փոխառաջնորդ եւ 1919-ի վերջաւորութեան ալ առաջնորդ նշանակուեցաւ:
Ֆրանչիսկոս վարդապետ այցելեց հիւսիսային Հայաստանի կաթողիկէ հաւատացեալներուն եւ ցանկութիւն յայտնեց անոնց համար դպրոց հիմնել:




