Սեւրի Դաշնագիրի 104-ամեակ Գ. Հայաստանի Անկախութեան Ամերիկեան Կոմիտէին Եւ Ամերիկացի 375 Երեւելիներուն Խնդրագիրը Նախագահ Վուտրօ Ուիլսընին – ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Tetradrachm of Kingdom of Armenia with bust of Artavasdes II, Late Hellenistic Period, 39–38 BC, Museum of Fine Arts, Boston
Սեւրի Դաշնագիրի 104-ամեակ Գ. Հայաստանի Անկախութեան Ամերիկեան Կոմիտէին Եւ Ամերիկացի 375 Երեւելիներուն Խնդրագիրը Նախագահ Վուտրօ Ուիլսընին` Ի Նպաստ Ամբողջական, Անկախ, Ծովէ Ծով Հայաստանին, Մարտ 1919-ին, Իսկ Այժմու Ամերիկա՞ն…. – ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
14 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2024 – Հայ Դատ՝ Պահանջատիրութիւն, Յուշեր, Աշխարհաքաղաքական, Ընկերային Հասարակական – haroutchekijian.wordpress.com

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ – ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՈՒՈՅ ՊԱՐՏՔՆ Է – lousavor-avedis.org

– Գիշերը որքան էլ երկարի, առաւոտը գալու է: lousavor-avedis.org

Համաշխարհային Ա. Պատերազմի աւարտին, 18 Յունուար 1919-ին, սկսաւ հաշուեյարդարի վեհաժողովը Փարիզի մէջ, ուր յաղթական կողմը՝ «Անթանթը» պարտուող կողմին՝ «Կեդրոնական ուժեր»-ուն՝ Գերմանիա, Թուրքիա եւ այլն, պայմաններ պարտադրեց, վնասուց հատուցում, նոր քարտէսներ եւ այլն: Ահա այս ժողովը սկսելէն երկու ամիս ետք, Ամերիկայի աւագանին եւ ժողովուրդը Հայաստանի վերաբերեալ հետեւեալ դիմումը ներկայացուց նախագահ Ուիլսընին.

Անհրաժեշտ է, որ հայ ժողովուրդը յիշէ եւ յիշեցնէ այժմու Ամերիկայի նախագահին, ժողովուրդին, եկեղեցիներուն, նահանգապետերուն եւ համալսարաններուն՝ մարտ 1919-ին անոնց նախորդներուն արդար խնդրանքն ու զօրակցութիւնը` ՄԻԱՑԵԱԼ, ԱԶԱՏ ՈՒ ԱՆԿԱԽ, ԾՈՎԷ ԾՈՎ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԳՈՅԱՑՈՒՄԻՆ, ՈՐ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԿՐՕՆԱԿԱՆ, ՆԱՀԱՆԳԱՅԻՆ ԵՒ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ ԱՒԱԳԱՆԻԻՆ ԽՆԴՐԱՆՔ- ՊԱՀԱՆՋՆ ԷՐ:

«Հայաստանի անկախութեան Ամերիկայի յանձնախումբին աշխատանքով Նախագահ Վուտրօ Ուիլսընին ուղղուած այս խնդրագիրը ստորագրած են Ամերիկեան եկեղեցւոյ 85 եպիսկոպոսները, Ամերիկայի 48 նահանգներէն 40-ին կառավարիչներն ու ամէնէն հեղինակաւոր 250 քոլեճներու եւ համալսարաններու նախագահները (1):

1. Ուիլսընին ուղղուած 9 էջ խնդրագիր պրակին հրատարակութեան կողքը: 2.  Ամբողջական՝ ծովէ-ծով Հայաստանի քարտէսը, որ պրակին ետեւի կողքն է:

Խնդրագիր պրակին ետեւի կողքին զետեղուած է պատմական իրաւական արժէք ներկայացնող ա՛յն Հայաստանի քարտէսը, որ խնդրանք ներկայացնողները կ՚առաջարկեն: Քարտէսին տակ գրուած է.  «Հայաստանը, որ կը վերայայտնուի քարտէսին վրայ. տարածքը 133,289 քառակուսի մղոն (կամ 345,217 քառակուսի քիլոմեթր*): Հայաստանի սահմանները նոյնքան յստակ եւ ամրագրուած են, որքան Անգլիոյ սահմանները: Պերլինի վեհաժողովը 1878-ին, Մեծ տէրութիւններու դեսպաններու ժողովը Կոստանդնուպոլսոյ մէջ 1895-ին եւ դեսպաններու խորհրդաժողովը Լոնտոնի մէջ 1913-ին, վերահաստատեցին թրքական (Արեւմտեան*) Հայաստանի սահմաններըմասամբ, կամ ամբողջութեամբ։ Վերականգնուած Հայաստանի սահմաններուն մէջ 4-էն 4.5 միլիոն բնակչութեան 3 միլիոնէն աւելին պիտի ըլլան հայերը»:

Մեր մէջ բոլոր անոնք, որոնք առանց գիտնալու այլոց կը վերագրեն, պատմութենէն տեղեակ չեն եւ կը ծիծաղին ծովէ-ծով Հայաստանի գաղափարին, ապա նմանապէս՝ Սեւրի դաշնագիրով ամրագրուած Հայաստանի քարտէսին, ահաւասիկ իրենց ծիծաղին ճի՛շդ հասցէն՝ քարտէսը առաջարկողը Միացեալ Նահանգներու 1919-ի հզօր քաղաքական, կրօնական եւ համալսարանական աւագանին է:

Խնդրագիրին առաջին ճերմակ էջին կեդրոնը, տուփիկի մէջ առնուած, գրուած է Ուիլսընի համոզումներէն հետեւեալ խօսքը. «Ամենէն տկարին շահը նոյնքան սուրբ է, որքան ամենէն զօրաւորին շահը», որ ան՝ 27 սեպտեմբեր 1918-ին, Նիւ Եորքի Մեթրոփոլիթըն օփերային մէջ արտասանած է: Իսկ այժմու Ամերիկա՞ն…

3. «Ամենէն տկարին շահը նոյնքան սուրբ է, որքան ամենէն զօրաւորին շահը», նախագահ Վուտրօ Ուիլսըն 27 սեպտեմբեր 1918-ին, Նիւ Եորքի Մեթրոփոլիթըն օփերային մէջ արտասանած է:

Խնդրագիրին խորագիրն է. «Միացեալ Նահանգներու Ամերիկեան եկեղեցւոյ ութսունհինգ եպիսկոպոսները, միութեան նահանգներուն քառասուն կառավարիչները ու քոլէճներու եւ համալսարաններու երկու հարիւր յիսուն նախագահները ի նպաստ ազատ եւ անկախ՝ Միացեալ Ամբողջական Հայաստանի»:

Խնդրագիրին նախաբանն է. «Պարոն նախագահ, մենք, ստորագրեալներս, Ամերիկեան եկեղեցւոյ եպիսկոպոսներ, միութեան նահանգներու կառավարիչներ եւ ամերիկեան քոլէճներու եւ համալսարաններու նախագահներ, յարգանքով ձեզմէ կը խնդրենք կատարել ձեր առաւելագոյնը, Հայաստանի Անկախութիւնը ապահովելու եւ ապահովագրելու համարներառեալ (Հայկական*) վեց վիլայէթները, Կիլիկիան եւ Տրապիզոնի ծովեզերեայ շրջանները՝ Թրքական (Արեւմտեան*) Հայաստանի մէջ, ինչպէս նաեւ՝ Ռուսական Հայաստանի եւ Պարսկական Հայաստանի մէջ՝ ձեր մեծ ազդեցութիւնը բանեցնելու համար, որպէսզի Խաղաղութեան Համաժողովը կարենայ անհրաժեշտ միջոցներ ձեռնարկել՝ օգնելու Հայաստանին, ստեղծելու անկախ Հանրապետութիւն մը եւ համարժէք փոխհատուցում ստանալ, պատերազմի ընթացքին հայ ժողովուրդին կրած սարսափելի կորուստներուն համար»։

Նախաբանին կը յաջորդէ Միացեալ Նահանգներու այդ 375 երեւելիներուն անունները, տիտղոսներն ու պաշտօնները եւ անոնց ստորագրութիւնը.

4. Հայաստանի անկախութեան Ամերիկայի 71 անդամ յանձնախումբը Ճէյմս Ճերըրտի գլխաւորութեամբ, էջ 3:   5. Խնդրագիրին առաջին էջը էջ 4:

Կ՚արժէ նշել, որ Հայաստանի Անկախութեան Ամերիկայի յանձնախումբին նախագահն էր դեմոկրատ, ազգային պահակագունդի հազարապետ, իրաւաբան, դիւանագէտ եւ Նիւ Եորքի գերագոյն ատեանի դատաւոր՝ Ճէյմս Ճերըրտ (James Watson. Gerard (1867-1951), American Committee for the Independence of Armenia, (ACIA*), որ 1913-1917 Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին եղած է Գերմանիոյ մէջ Ամերիկայի դեսպանը (2):

Իր կարգին՝ Վահան Գարտաշեան (1882-1934), որ Ամերիկայի մէջ Օսմանեան կայսրութեան ընդհանուր հիւպատոսը եղած է, հայերու ցեղասպանութենէն ետք, լծուած է Հայ Դատի աշխատանքներուն եւ մղիչ ուժը դարձած է Հայաստանի Անկախութեան Ամերիկայի յանձնախումբին կազմութեան եւ գոյատեւման, որ 1941-ին վերածուեցաւ այժմու Հայ Դատի յանձնախումբին՝ ANCA (3)(4):

«Յառաջ»-ի 19 Նոյեմբեր 1919-ի համարին մէջ կը նշուի Ճէյմըս Ճերըրտի հետեւեալ կարեւոր եւ պատմական արժէք ներկայացնող կոչը ամերիկեան մամուլին մէջ (6), երբ քեմալական Թուրքիան արեւմուտքէն եւ պոլշեւիկները արեւելքէն ու ներսէն՝ գործակցաբար կը յարձակէին Հայաստանի հանրապետութեան վրայ.

6. Ճէյմըս Ճերըրտ:  7. «Նիւ Եորք Թրիպիւն»-ի 6 Յունիս 1919-ի լրատուութիւնը վերոնշեալ խնդրագիրին մասին, որ կը տեղեկացնէ, նաեւ, որ Նիւ Եորքի նահանգապետ Սմիթը կը գլխաւորէ մնացեալ նահանգապետերը եւ 20 հազար քահանաներ-քարոզիչներ եւ 250 ուսուցիչներ նաեւ հեռագիրով նախագահէն խնդրած են միացեալ-ամբողջական եւ անկախ Հայաստանի գոյացումը (7):  8. Վահան Քարտաշեան:

«Մեծն Բրիտանիան եւ Ֆրանսան Ամերիկայէն նուազ պատասխանատու չեն այն վրդովեցուցիչ ողբերգութեան համար, որ տեղի կ՛ունենայ Հայաստանի մէջ: Շատ մը ամերիկացիներ կը կարծեն, որ Հայաստանի վերաբերեալ մեր հետաքրքրութիւնը մի՛այն մարդասիրական է, հետեւաբար քանի մը տոլար տալով սովամահ հայերէն քանի մը տասնեակներ փրկելով չէ, որ գործը կը վերջանայ: Մինչ իրողութիւնը այն է, որ Ամերիկան եւ դաշնակիցները հայերուն հանդէպ ՄԵԾ ՊԱՐՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԻՆ, ՈՐՈՎՀԵՏԵՒ ԱՌԱՆՑ ՀԱՅԵՐՈՒՆ, ՌՈՒՍԻԱՆ ՉԷՐ ԿՐՆԱՐ ԻՐ ՅԱՋՈՂ ՃԱԿԱՏԱՄԱՐՏԵՐԸ ՄՂԵԼ ԿՈՎԿԱՍԻ ՄԷՋ, ԵՒ ԹՈՒՐՔԵՐԸ ՊԻՏԻ ԿԱՐԵՆԱՅԻՆ ՄԻԱՆԱԼ ԿԱՍՊԻՑ ԾՈՎՈՒ ԵՐԿՈՒ ԿՈՂՄԵՐՈՒՆ ԳՏՆՈՒՈՂ ԹՈՒՐԱՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ: Այսօր մեր ազգային շահը կը պահանջէ, որ օգնենք Հայաստանին»:

«Այնուհետեւ մատնանշելով Հայաստանի դէմ Թուրքիոյ գործիքը դարձած Ազրպէյճանի կռուազան քաղաքականութիւնը եւ այն հանգամանքը, որ Լենինը եւ Թրոցքին դաշնակցած են Թալէաթի եւ Էնվէրի հետ, Ճերըրտ կ՚ըսէ. «Հայկական փոքրիկ հողաշերտն է, որ կը բաժնէ թուրքերն ու թաթարները պոլշեւիկներէն: Հետեւաբար եթէ հայերուն զլանանք այն օժանդակութիւնը, որ տուած ենք գրեթէ բոլոր մեծ ու փոքր ազգերուն, այն ժամանակ պիտի գտնուինք երկու կարելիութեան առջեւ՝ կա՛մ հաշտութիւն պիտի կնքենք թուրքերուն եւ պոլշեւիկներուն հետ եւ այդպիսով վերահաստատենք Թուրքիոյ սարսափելի իշխանութիւնը եւ կա՛մ քաղաքակրթութեան պաշտպանութեան պատնէշ հանդիսացող հայերուն բնաջնջումէն ետք, դաշնակից եւ անոնց գործակից պետութիւններուն կողմէ մեծ բանակներ պիտի ղրկուին Արեւելք՝ կռուելու համար թուրքերուն եւ պոլշեւիկներուն դէմ»:

Աւարտին՝ Ճերըրտ կ՚ըսէ. «Անհրաժեշտ է, որ անմիջապէս 10 հազար զինուոր եւ բաւականաչափ ռազմամթերք ուղարկուի՝ հայկական 30 հազարնոց բանակ մը կազմելու համար: Դրութիւնը կրնանք փրկել, եթէ անմիջապէս գործի լծուինք: Հայերուն գոյութիւնն ու ապագան ձեր պատասխանէն կախեալ է: Անձկութեամբ կը սպասենք»:

Ահաւասիկ 2018-էն, թերեւս նոյնի՛սկ 1994-էն ի վեր, արդի ամերիկեան ապերախտ քաղաքականութիւնը բոլորովին հակառակ դիրքորոշում որդեգրած է եւ քաղաքակրթութեան պաշտպանութեան պատնէշ հանդիսացող հայերուն՝ Արցախն ու Հայաստանը կը զոհէ՝ ի շահ Կասպից ծովու երկու կողմերուն գտնուող փանթուրանականներուն՝ թուրքերուն եւ թաթարներուն:

          Ճէյմըս Ճերըրտի ժամանակ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը տակաւին կը հետեւեր Մոնրօ վարդապետութեան՝ որ գաղութատիրութեան եւ երկրէն դուրս միջամտութեան դէմ էր, սակայն, շուրջ 80 տարիներէ ի վեր, ճիշդ հակառակը՝ «Բոլոր արարածներուն եւ երկիրներուն ոստիկան»-ի դերը ստանձնած է արդէն: Ուստի կ՚ակնկալուի, որ գործադրէ վերեւ նշուած իր բարոյական առաջնորդող կեցուածքը՝ ազգերու հիմնական իրաւունքներուն նկատմամբ եւ ամերիկեան օրէնքի վերածուած նախագահ Ուիլսընի Հայաստանի քարտէսը:

Սակայն միաժամանակ՝ պէտք է վերահաստատել բազմաթիւ անգամ փաստուածը, այն, որ հիմնականին մէջ պէտք է ապաւինիլ սեփական ուժին, առանց ժամավաճառութեան՝ յարատեւօրէն հզօրացնելով մեր իմացութիւնը, գիտութիւնը եւ բանակն ու կարողականութիւնը բոլոր բնագաւառներուն մէջ:

ՆԱԽ՝ ՄԵՆՔ ՄԵԶԻ՛ ՕԳՆԵՆՔ:

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

14 յունուար 2024

haroutchekijian.wordpress.com

* Լուսաբանութիւնները հեղինակին

1. https://babel.hathitrust.org/cgi/pt?id=njp.32101054844442&seq=1

2. https://en.wikipedia.org/wiki/James_W._Gerard

3. https://en.wikipedia.org/wiki/Vahan_Cardashian

4. https://www.aztagdaily.com/archives/548041

5. https://haroutchekijian.wordpress.com/2023/05/15/յառաջ-օրաթերթի-19-նոյեմբեր-1919-ի-համարէն/

6. «Յառաջ» օրաթերթ, Երեւան, Ա. տարի, թիւ 49, 19 Նոյեմբեր 1919, էջ 3:

7. New-York tribune. volume (New York N.Y. ) 1866-1924, June 06 1919 Page 5:

haroutchekijian.wordpress.com/2024/08/19/սեւրի-դաշնագիր-104-ամեակ/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail