Փաշինեան Պէտք Չէր Թուրք Լրագրողները Հարցազրոյցի Համար Երեւան Հրաւիրէր

Cilician Armenia. Royal. Levon I, 1198-1219. Tram (Silver, 22.90 mm, 2.99 g

Փաշինեան Պէտք Չէր Թուրք Լրագրողները Հարցազրոյցի Համար Երեւան Հրաւիրէր

22 ՄԱՐՏ 2025 – ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՍՓԻՒՌՔ:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ – Կարդալ նաեւ՝ ՆԱԽՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾԸ:

ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՈՒՈՅ ՊԱՐՏՔՆ Է – lousavor-avedis.org

– Գիշերը որքան էլ երկարի, առաւոտը գալու է: – lousavor-avedis.org

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նախորդ շաբաթ անգամ մը եւս սխալ գործեց` Թուրքիոյ տասը լրագրողներ Երեւան հրաւիրելով եւ մէկուկէս ժամ զրուցելով անոնց հետ:

Նախքան Փաշինեանի խօսքերուն բուն բովանդակութեան անցնիլը` կը փափաքիմ մատնանշել անոր եւ անոր մամլոյ քարտուղարին յայտարարութիւններուն վերաբերող քանի մը հիմնական հարցեր:

Նախ` մամլոյ քարտուղարը բացայայտեց, որ թուրք լրագրողները Երեւան հրաւիրուած էին Հայաստանի կառավարութեան նիւթական յատկացումով: Ասիկա լրագրողական բարոյագիտութեան խախտում է: Արհեստավարժ լրագրողներուն չեն առաջարկեր, եւ անոնք չեն ընդունիր իրենց ուղեւորութեան եւ կեցութեան համար վճարումները` հարցազրոյցին ընթացքին իրենց անկախութիւնը պահպանելու համար:

Երկրորդ` Փաշինեանին մամլոյ քարտուղարը ըսաւ, որ Հայաստան հրաւիրած է թուրք լրագրողներ` քաղաքական խաւի բոլոր կողմերէ, ներառեալ` իշխանամէտ, ընդդիմադիր եւ անկախ լրատուամիջոցներ: Բոլոր անոնք, որոնք կը հետեւին թրքական լրատուամիջոցներուն, գիտեն, որ Թուրքիոյ մէջ գրեթէ ոչ մէկ ընդդիմադիր լրագրող կայ: Նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան կա՛մ կը վերահսկէ բոլոր ընդդիմադիր լրատուամիջոցներուն, կա՛մ կը փակէ զանոնք եւ կը բանտարկէ այլախոհ լրագրողները: Հայաստան հրաւիրուած լրագրողները եղեր են` T24-էն, Sozcu TV-էն, «Անատոլու» գործակալութենէն, «Հիւրիէթ» օրաթերթէն, թրքական ձայնասփիւռ-պատկերասփիւռէն, Medyascope-էն, NTV-էն, հայկական «Ակօս» թերթէն, «Իհլաս» լրատուական գործակալութենէն եւ CNN Turk-էն: Հրաւիրուած տասը թրքական լրատուամիջոցներէն միայն երկուքը` Sozcu TV-ն եւ «Ակօս»-ը, կրնան նկատուիլ անկախ լրատուամիջոցներ:

Երրորդ` Փաշինեան հպարտօրէն թուրք լրագրողներուն ըսաւ, որ անոնց հետ իր հանդիպումը աննախընթաց իրադարձութիւն էր: Ինչպէս միշտ, անոր յայտարարութիւնները հիմնուած չեն փաստերու վրայ:

Արդարեւ, Երեւանի մէջ թուրք լրագրողներուն հետ հանդիպումը աննախընթաց ՉԷՐ: Նախապէս ալ հայ պաշտօնատարներու եւ թուրք լրագրողներու միջեւ եղած են տարբեր հանդիպումներ: Կը յիշեմ 2001 թուականին տեղի ունեցած հարցազրոյց մը, երբ CNN Turk-ի յայտնի թուրք լրագրող Մեհմետ Ալի Պիրանտը եկած էր Երեւան եւ հարցազրոյց կատարած` նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի հետ: Այդ հարցազրոյցը մեծ բանավէճի պատճառ դարձաւ, քանի որ Պիրանտ խեղաթիւրեց Քոչարեանին ըսածները` սխալ թարգմանելով անոր խօսքերը հայերէնէ թրքերէնի: 2001 թուականին ես գրած էի յօդուած մը` մատնանշելով Պիրանտի խեղաթիւրումները եւ քննադատելով նախագահ Քոչարեանը` քաղաքական զգայուն թեմաներու մասին հարցազրոյց տալու անոր համաձայնութեան համար, եւ անոր համար, որ ան եւ իր խորհրդականները պէտք է գիտնային, որ թուրք լրագրողին կողմէ խեղաթիւրում պիտի կատարուէր: Բացի Պիրանտէն` անցեալին բազմաթիւ թուրք լրագրողներ եկած էին Հայաստան` հայ պաշտօնատարներու հետ հարցազրոյցներ կատարելու համար: Աւելի՛ն. մեծ թիւով հայ եւ թուրք լրագրողներ 2007-2008 թուականներուն այցելած են իրարու երկիրներ` իբրեւ  «Հայաստան-Թուրքիա խմբային լրագրողական նախագիծ»-ի մաս:

Թուրք լրագրողները վատ համբաւի տէր են իրենց հարցազրոյցներու մասնակիցներուն խօսքերը խեղաթիւրելու առումով: Այդ պատճառով վերջին 40 տարիներուն ես մերժած եմ հարցազրոյցներ կատարելու թրքական բոլոր դիմումները:

Չորրորդ` Փաշինեան անճիշդ յայտարարութիւն կատարեց այն մասին, որ Հայաստանի նախորդ իշխանութիւններուն օրօք ուղղակի կապեր չեն եղած հայ եւ թուրք պաշտօնատարներու միջեւ: Ան վկայակոչեց իր հրաւէրը` մասնակցելու նախագահ Էրտողանի երդմնակալութեան արարողութիւն Անգարայի մէջ եւ անոր հետ Նիւ Եորքի մէջ կայացած հանդիպումը: Ան նշեց նաեւ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի Անգարա կատարած այցելութիւններուն մասին: Ան ըսաւ, որ նախապէս հայ եւ թուրք պաշտօնատարները իրարու տեսակէտներու մասին տեղեակ եղած են միայն երրորդ կողմերու միջոցով: Փաշինեան` իբրեւ «համագործակցութեան ճշգրիտ օրինակ», յիշեց վերջերս Հայաստանի կողմէ յանցագործութեան մէջ մեղադրուող երկու թուրքերու արտայանձնումը Թուրքիոյ:

Փաշինեանի պնդումները, թէ իրմէ առաջ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ պաշտօնական շփումներ չեն եղած, ամբողջութեամբ կեղծ են: Ան կ՛ուզէ ստեղծել այն տպաւորութիւնը, որ ոչինչ եղած է մինչեւ 2018 թուականին իր իշխանութեան գալը: Աւելի կանուխ, նախքան  Փաշինեանի վարչապետ դառնալը, երկու երկիրներու պաշտօնատարներուն միջեւ տասնեակ կապեր եղած են: Ահաւասիկ` քանի մը հատը.

1) Արտաքին գործոց նախարար Րաֆֆի Յովհաննէսեան 1992 թուականին գացած է Պոլիս` մասնակցելու Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան համաժողովին:

2) Նախագահի խորհրդական Ժիրայր Լիպարիտեան Անգարա գացած է 1992 թուականին:

3) Նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան 1993 թուականին Փարիզի մէջ հանդիպում ունեցած է ծայրայեղ ազգայնական «Գորշ գայլեր» խմբաւորման հիմնադիր եւ Թուրքիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ալփասլան Թուրքեշի հետ:

4) Նախագահ Տէր Պետրոսեան` արտաքին գործոց նախարար Վահան Փափազեանի եւ նախագահի խորհրդական Ժիրայր Լիպարիտեանի ընկերակցութեամբ, 1993 թուականին մեկնած է Անգարա` մասնակցելու Թուրքիոյ նախագահ Թուրկութ Օզալի յուղարկաւորութեան: Այդ առիթով Տէր Պետրոսեան հանդիպում ունեցած է վարչապետ Սուլէյման Տեմիրելի հետ: Այցելութեան ընթացքին Տէր Պետրոսեան հանդիպում ունեցած է նաեւ Ազրպէյճանի նախագահ Ապուլֆազ Էլչիպէյի հետ:

5) Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլա Կիւլ 2008 թուականին այցելած էր Երեւան` նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ դիտելու Հայաստան-Թուրքիա ֆութպոլի խաղը:

6) Նախագահ Սերժ Սարգսեան 2009 թուականին գացած էր Թուրքիոյ Պուրսա քաղաքը ` Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլա Կիւլի հետ Հայաստան-Թուրքիա պատասխան ֆութպոլի խաղը դիտելու համար:

7) Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանն ու Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուն 2009 թուականին հանդիպած են Ցիւրիխի մէջ` ստորագրելու Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները:

8) Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուն այցելած է Երեւան 2013 թուականին:

9) Արտաքին գործոց նախարար Նալբանդեան 2014 թուականին մեկնած է Անգարա` մասնակցելու նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի երդմնակալութեան արարողութեան:

Ուստի, Փաշինեան կը սխալի` ըսելով, որ նախապէս հայ եւ թուրք պաշտօնատարներ անմիջական կապեր չեն ունեցած եւ յարաբերութիւն հաստատած են միա՛յն երրորդ կողմերու միջոցով:

Իմ յաջորդ յօդուածիս մէջ կը ներկայացնեմ Փաշինեանի յայտարարութիւնները` թուրք լրագրողներուն, որոնք նախորդ շաբաթ այցելած էին Երեւան:

www.TheCaliforniaCourier.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail